Այո՝ ազգային եկեղեցական ժողովին, ոչ՝ «համակարգող խորհուրդ»ին
Վասն Պետութեան, Ազգին եւ Հայրենիքին
Ծանօթ․ Յօդուածը ընդլայնուած տարբերակն է ՖՊ-ի մէջ Յունիս 2025-ի
սկիզբը կատարածս մէկ գրութեան։
Սկսիմ լրատուական հաղորդումներով․
վերջին
շաբաթներուն, Հայաստանի
վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակայնօրէն մեղադրեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին
Բ-ը կուսակրօնութեան ուխտը խախտելու եւ զաւակ ունենալու մէջ։ Փաշինեան պնդեց, որ սա
«փաստ» է եւ եթէ Գարեգին Բ․ փորձէ հերքել, ինք պատրաստ է ապացուցել
իր պնդումը «համապատասխան
ձեւաչափով»։ Ան շեշտեց, որ ըստ Հայ Առաքելական
Եկեղեցւոյ կանոնակարգին, նման խախտումի
պարագային Գարեգին Բ․ չէր կրնար ըլլալ եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս
կամ ընտրուիլ Կաթողիկոս, եւ պահանջեց, որ վերջինս լքէ Վեհարանը։
Փաշինեան շարունակեց գրգռութիւնը
եւ քանի
մը անգամ հրապարակաւ կրկնեց, որ Մայր Աթոռին կողմէ իր բարձրացուցած հարցին նկատմամբ «լռելը նշանակում է համաձայնուել»։ Ան իր հետեւորդներուն կոչ ըրաւ
համախմբուիլ «Վեհարանը սիրով եւ քրիստոնէաբար ազատելու եւ որեւէ իրապէս սրբազան հոգեւորականի
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրելու օրակարգի շուրջ»։
Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պետք է ունենայ նոր Կաթողիկոս, որուն «բարեվարքութիւնը կաթողիկոսական ընտրութիւններից առաջ ստուգուած եւ հաստատուած կլինի»։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետությունը պէտք է վճռորոշ ձայն ունենայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան հարցին մէջ։ Այս նպատակով վարչապետը նախաձեռնած է «համակարգող խորհուրդ» մը, որ պէտք է զբաղի նոր կաթողիկոսի ընտրության գործընթացի կազմակերպումով։ Այս նախաձեռնութեան կազմին կամ գործունէութեան մեխանիզմին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած առ 11 Յունիս 2025։
(Կը ծագին կարեւոր հարցեր․ ինչպ՛էս կարելի է այսքան լուրջ խնդրի մը վերաբերիլ այսքան անպատասխանատու կերպով: Ինչպէ՞ս Գարեգին Բ․ պիտի հանեն Վեհարանէն: Ինչպէ՛ս պիտի "ետ կանչեն" Վեհափառը։ Ինչպէ՞ս պիտի ընտրել տան նորը: Միմիայն Հայաստանի մարզպետներուն հաւաքած պատգամաւորներո՞վ՝ կրկնելով ԼՏՊ-ի եւ Վազգէն Սարգսեանի գործադրած տխուր ո՞ճը։ Տեղի պատգամաւորներուն վրայ քանի մը հոգի արտասահմանէն աւելցնելը բան մը պիտի չփոխէ զաւթումի էութենէն։ Արդեն իսկ "ազգընտիր" կոչուածը իրականութեան մէջ բաւական կեղծ բան մըն է․ այս ձեւով լրիվ անիմաստ կը դառնայ ան։ Այդպէս՝ ի՞նչ կրնայ մնալ Էջմիածինէն ու կաթողիկոսէն․ Հայաստանի ղեկավարին համար Պատարագ մատուցո՞ղ մը։ Այդպէս՝ Եկեղեցին լրիւ կը կորսուի։)
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գերագոյն
Հոգեւոր Խորհուրդը խիստ յայտարարութեամբ մը դատապարտեց
վարչապետին «արշաւը Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ», անոր յայտարարութիւնը անուանելով «հայհոյախառն, անվայել խոսոյթներով եւ զուրկ բարեկրթութեան
տարրական նորմերից»։ Էջմիածինը պնդեց, որ վարչապետի գործողութիւնները կը խախտեն եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սահմանադրական
սկզբունքը եւ որ եկեղեցւոյ ներքին հարցերը չեն մտներ կառավարութեան իրաւասութեան մէջ։ ԳՀԽ յայտարարութիւնը ինք եւս զերծ չմնաց գրգռիչ
բառերէն․եկեղեցականները սպառնացին դիմել «հակադարձման գործողութիւններու»։ Արաբական Էմիրութիւններէն իր վերադարձին, Գարեգին
Բ․ Զուարթնոց օդակայանին մէջ իր կատարած հակիրճ յայտարարութեան
մէջ իր հերթին վստահութիւն յայտնեց, որ «պիտի կարողանանք յաղթահարել այս դժուարութիւնը։
Այս զարգացումները
տեղի կ՛ունենան կառավարական եւ եկեղեցական յարաբերություններու լարուածութեան խորապատկերին մէջ․ յարաբերությունները
սրեցան 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ, երբ Գարեգին Բ․ «հայրաբար յորդորեց» վարչապետը,
հրապարակաւ, հրաժարական տալու, եւ ապա, երբ
Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպսկ․ Գալստանեան նախաձեռնեց Փաշինեանի՝ իշխանութենէ հեռացման «Սրբազան
շարժում»ը, որ առաջին օրերուն ներգրաւեց քանի մը տասնեակ հազար քաղաքացիներ, սակայն
շուտով մարեցաւ։
Այստեղ, կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ
բերել այս զարգացումներուն վերաբերող շարք մը երեւոյթներ, առանց խնդրի ամբողջական վերլուծութիւնը
կատարած ըլլալու յաւակնութեան։
Մեղադրանքի պահով, Գարեգին Բ.ի
մասին Նիկոլին ակնարկներուն մէջ նորութիւն չկայ: Ամէն ինչ այնքան հին է, որ չեմ ալ յիշեր, թէ հեռու որ մէկ թուականէն է, որ
կը խօսուի Գարեգին Բ․-ի աղջիկ զաւակ մը ունենալու մասին։ Նոր չէ, որ մամուլին մէջ կը
հրապարակուին զաւկին անունը, ծննդեան վկայականին մանրամասնութիւնները, մասնագիտութիւնը, աշխատանքին վայրը եւ անձնական լուսանկարը։
Աւելին, Փաշինեանի ըսածը տոկոսային
առումով չնչին մասն է այն մեղադրանքներուն, որ բարձրաձայնուած են ընդդէմ Գարեգին Բ.ին
իր ընտրութեան օրէն: Փաշինեան տեղեակ էր այդ բոլորին լրագրող եղած օրերէն: Կարծեմ՝
ան այդ ժամանակ ալ եկեղեցւոյ հետեւորդ էր։ Բայց լուռ։ Հիմա ան դուրս կու գայ լռութենէն, սակայն մեծ փոփոխութիւնը
այն է, որ հիմա Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ամբաստանողն ու հեռացումը
նախաձեռնողը ՀՀ վարչապետն է․ ըստ էութեան, պետութեան գլուխը։
Կ՛ուզեմ հատուածաբար մէջբերել հայ
լրագրութեան աւագ սերունդի ամենավաւերական դէմքերէն Հենրիկ Պիպոյեանի մեկնաբանութիւնը
այս առիթով․
«Ղեկավար պետական պաշտոնյան իրավունք չունի
հրապարակավ մասնավոր կարծիք հայտնելու։ Դա հանգիստ կարելի է համարել պաշտոնական դիրքի
չարաշահում։ Որովհետև նրա խոսքերն
ընկալվում են որպես պետության քաղաքականություն ու հրահանգ՝ պետական մարմիններին։
Քաղաքացիական
պետության մեջ եկեղեցին պետությունից անջատ է, ու քաղաքացիական իշխանությունը չպիտի
խառնվի եկեղեցու գործերին, եթե խոսքը պետության օրենքը խախտելուն չի վերաբերում։
Կուսակրոնությունը
եկեղեցական կարգ է, ո՛չ թե պետական օրենք։ Հետևաբար՝ այդ մասին պետության ղեկավարի
ասած ցանկացած խոսք միայն մասնավոր կարծիք կարող է լինել, ինչի իրավունքը նա չունի։
Իսկ պետության
ղեկավարը պիտի ցանկացած առիթ օգտագործի միավորելու, ոչ թե պառակտելու համար, վեճերը
մարելու, ոչ թե վեճեր հրահրելու համար։ Նա պարտավոր է ցանկացած գնով՝ անգամ սեփական
համոզմունքներն անտեսելով, պահպանել այն պետությունը, որի ամբողջականությունն ու բարօրությունն
իրան է վստահվել»։
Այո, վարչապետի պաշտօնին մէջ, Փաշինեան իրաւունք չունի կաթողիկոսի մը
հեռացումը եւ նորի մը ընտրութիւնը նախաձեռնելու։ Եկեղեցւոյ հետեւորդի իր կարգավիճակը երկրորդական է առաջնայինին` վարչապետի պաշտօնին համեմատ։ Պատերազմ յայտարարելով Գարեգին Բ․ի դէմ, խնդրով մը, որ որեւէ առընչութիւն չունի պետական օրէնքներուն
հետ, ան ինքզինք կը դնէ պետական մասշտաբով կարգազանցի վիճակին մէջ: Սակայն միամտութիւն է սպասելը, որ ՀՀ իրաւապահ մարմինները որեւէ գործողութիւն
կը ձեռնարկեն անոր դէմ։
Միւս կողմէ, Փաշինեանի ըրածը կարգազանցութիւն
է եկեղեցւոյ շրջագիծին մէջ: Ի՞նչ կը նշանակէ
«համակարգող խորհուրդ»․ նման բան գոյութիւն չունի Հայ եկեղեցւոյ մէջ, առաւել եւս՝ որպէս
կաթողիկոս հեռացնելու կամ նոր մը ընտրելու մեխանիզմ։ Այս բոլորը անօրինական է եւ դատապարտելի
է։ Եկեղեցական կարգը հետեւորդներուն ցոյց կու տայ տարբեր ձեւեր` եկեղեցւոյ
խնդիրները բարձրացնելու։ Փաշինեան այդ մէկը չ՛ըներ։
Յուսամ, որ Գարեգին Բ․, «հակադարձման
գործողութիւններու» տրամաբանութեամբ, խնդիրը չի հասցներ Փաշինեանը պաշտօնապէս նզովելուն։
Այդ ոչինչով պիտի օգնէ այս տագնապը լուծելուն։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Գարեգին Բ.ին...ինչպէս ըսի` ոչ մէկ նորութիւն։
Նախ` մեղադրանքներու մասով։ Մոսկուայի
թեմի 25 տարուան առաջնորդ Տիրան արքեպիսկոպոս Կիւրեղեան, օրինակ, Գարեգին Բ.ի օրինազանցութիւններուն
մասին խօսած է անոր ընտրութեան առաջին օրերէն։ Ան եղաւ միակ եպիսկոպոսը, որ 1999-ին
մինչեւ վերջ հակառակեցաւ Գարեգին Ներսիսեանի թեկնածութեան։ Մնացածները ենթարկուեցան
Վազգէն Սարգսեանի մականի շարժումներուն։ Ատոր համար ալ, Գարեգին Բ․ կարգալոյծ հռչակեց զինք, ինչպէս այն
աւելի քան 100 եկեղեցականները, որոնք խնդիրներ ունեցան հետը։
Սակայն Տիրան արք․ միակը չէ։ Նոյնիսկ Վեհափառին գաւազանակիր
ծառայած վարդապետը շարքին է այն բազմաթիւ եկեղեցականներուն, որոնք չեն դադրիր սուր
քննադատելէ Գարեգին Բ․ը մինչեւ այսօր, նշելով անոր անհամապատասխանութիւնը կաթողիկոսի
պաշտօնին՝ ոչ միայն Նիկոլի ակնարկած պահով։ Ժամանակին, Նուրհան պատրիարքը հրապարակային
նոյն բանը ըսաւ։ Իսկ միւս եպիսկոպոսնե՞րը. կամ մեղսակից են Գարեգին Բ.ին եւ կամ ալ
մեկուսացուած են, որովհետեւ Գարեգին Բ․ լաւ գտած
է մեկուսացումի ձեւը. ան բովանդակութենէ պարպած է եկեղեցական ժողովները։ Աւելին՝
25 տարուան մէջ նոյնիսկ մէկ անգամ չէ հրաւիրած Էջմիածինի բարձրագոյն` Ազգային եկեղեցական ժողովը։ Ահա ձեզի Հայ եկեղեցւոյ ժողովրդական նկարագիրին հանդէպ արհամարհանք,
այն ալ` ծայրագոյն եւ ամենայն հայոց։
Քաղաքական մասով` կը կարծեմ, որ սխալը Բագրատ սրբազանի
կեցուածքին մէջ չէր։ Ի վերջոյ, ձեւականութիւնն
ալ յարգուեցաւ, եւ սրբազանը իր քաղաքական շարժման ընթացքին «սառեցուեցաւ» Տաւուշի թեմի
առաջնորդի պաշտօնէն։ Գայթակղեցնողը Գարեգին Բ.ի պահմտոցին էր սրբազանի ետին,
ինչ որ խնդրոյ առարկայ դարձուց վարկն ու դերակատարութիւնը ամբողջ եկեղեցւոյ։ Ի՞նչը
խանգարեց Վեհափառին փողոց իջնել, եթէ իրօք «մահու-
կենաց խնդիր» կար «հայրենիքը փրկելու», ինչպէս կ՛ըսէին Բագրատ սրբազան եւ այլ եպիսկոպոսներ
այդ օրերուն։ Յանուն հայրենիքի փրկութեան այլ քահանաներ
զէնք ի ձեռին ինկած են մարտի դաշտին վրայ։ Վեհափառը
մոռցա՞ւ,
որ ինքն ալ քահանայ մըն է, իսկ կաթողիկոսը՝ ընդամէնը պաշտօն մը։ Այդ բոլորին հետեւանքը այն է, որ ՔՊ ԱԺ պատգամաւորներու բերնով
արդէն կը հնչէ մեղադրանք՝ Գարեգին Բ․ի՝ օտար
պետական շահերու սպասարկող մը ըլլալուն մասին։ Ոմանք նաեւ կը նշեն այդ օտար պետութեան
անունը․ Ռուսիա։ Սա աննախադէպ երեւոյթ է ՀՀ պատմութեան մէջ, եւ կրնայ ստեղծել բազմաթիւ
հարցականներ հայկական պետութեան եւ արտաքին աշխարհի յարաբերութիւններուն մէջ։
Անդրադառնամ եկեղեցւոյ
հետեւորդներու բողոքներուն։ Անոնք կու
գան հինէն։ Սերժ Սարգսեանի ռեժիմի անկումէն
ետք, դարձան աւելի տեսանելի եւ լսելի։ Գոնէ պէտք է յիշենք «Նոր Հայաստան - Նոր Հայրապետ» շարժումը, Տէր Կորիւն քահանայի բարեկարգչական
շարժումը Հայաստանի մէջ եւ այլն։ Ի՞նչ եղաւ անոնց հետ. Գարեգին Բ անտեսեց զիրենք, ու
բոլորը մէկ եղած՝ մեկուսացուցին զանոնք։ Բոլորին մէջ` նաեւ Փաշինեան, որ արդէն վարչապետ էր ու կրնար օգնել շարժումի
թափ առնելուն։ Որովհետեւ, կը կրկնեմ, ինք շատոնց գիտէ այն ամէն ինչը որուն մասին հիմա
կը խօսի։ Ու, իր ըսելով, պիտի որ «եկեղեցւոյ
հետեւորդ» եղած ըլլար
նաեւ նոր վարչապետ ընտրուած օրերէն։ Իր ըսելով` սրտցաւ։
Ինչո՞ւ ձայն չհանեց այն ժամանակ։ Ինչո՞ւ կը խօսի հիմա։ Խստօրէն դատապարտելի է Փաշինեանի հերթական այս զգեստափոխութիւնը․ մէկ օրէն միւսը, ան յանկարծ
մտաւ քաղաքական ու քարոզչական պահարանէն
նոր հանուած «եկեղեցւոյ
հետեւորդի» հագուստին
մէջ՝ որպէս արդարացում կամ հիմնաւորում իր յայտարարութիւններուն։
Թայմինկի
խնդի՞ր է։ Կը կարծեմ՝ այո,
եւ կապուած է 2026-ի ընտրութիւններու ՔՊ-ական «մարտավարութեան» հետ։
Այստեղ չմոռնամ նշել
Գարեգին Բ․ի քննադատները Հայաստանէն դուրս՝ եկեղեցւոյ աշխարհական
անդամներու շարքերէն։ Բառացիօրէն տարիներէ ի վեր շաբաթ չ՛անցնիր, որ օրինակ Ամերիկայի
USA Armenian Life - Հայ Կեանք շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Չափարեան իր թերթի
էջերէն եւ իր վարած պատկերասփիւռի յայտագիրէն սուր քննադատութիւններ չուղղէ Գարեգին
Բ․ի եւ անոր
հետեւորդ բարձրաստիճան կրօնաւորներու դէմ՝ ներկայացնելով բազում փաստեր օրինազանցութիւններու
եւ կամայականութեանց մասին, զորս անոնք կը գործեն աշխարհի տարբեր թեմական կազմակերպութիւններու
մէջ։ Զինք կը լսեն ու կը գնահատեն տասնեակ հազարաւոր հետեւորդներ YouTube-ի վրայ, սակայն
ոչ մէկ պաշտօնական կամ համարժէք արձագանգ պատկան իշխանութիւններէն կամ ժողովներէն։
Գարեգին Բ․ի եպիսկոպոսները
գէշ սորված են իրմէ՝ "ինչպէս
կը մանենք՝ այդպէս ալ կրնանք կտրել"։
Հիմա, խնդիրը եկեղեցւոյ շուրջ է, այնքան ատեն, որ կառավարութեան շուրջ խնդիրներու լուծումը
ըստ երեւոյթին ձգուած է յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն: Ընդդիմութիւնը անշուշտ
կը ջանայ հարցը չհասցնել ընտրութիւններուն; Վարչապետի «իմփիչմընթի» գործընթացը թերեւս մէկ արտայայտութիւնն
է այդ ջանքին: Ինչքան լուրջ՝ շուտով կ՛երեւայ։
Երրորդ
ուղղութիւնը, անշուշտ, բողոքաւորներու
ու զայրացած ամբոխի յեղափոխութիւնն է: Կամ չորրորդը՝ Նիկոլի անակնկալ հրաժարականը, ինչ որ պատճառով:
Հետաքրքրականօրէն, այդ բոլոր ընտրանքները առկայ են նաեւ Եկեղեցւոյ առջեւ։ Լաւագոյն ընտրանքին համար պայման է, որ եկեղեցական հայրերը
չպահուըտին մատի ետեւ եւ ցուցաբերեն արիութիւն։ Այս անգամ, խելօքներուն վիճակուած է
ընդունիլ մարտահրաւէրը եւ հորը չձգել խենթի մը կողմէ այնտեղ նետուած քարը։ Գարեգին
Բ․-էն դժգոհ եպիսկոպոսները կրնան քաղաքավարի "իմփիչմընթ"
յայտնել Վեհափառին եւ ընթացք տալ եթէ ոչ նոր, ապա աթոռակից կաթողիկոսի
մը ընտրութեան՝ ազգային եկեղեցական ժողովի մը կողմէ, համախոհական մթնոլորտի մը մէջ՝ միջին լուծումներու շուրջ։
Անձը պաշտպանելը այլեւս օգուտ մը չունի։ Կառուցողական, ոչ՝ դիմակայական, քայլով մը,
Եկեղեցին պարտաւոր է չեզոքացնել Փաշինեանի «համակարգող խորհուրդի» էֆֆէքթը, որ կրնայ
չափազանց ծանր հետեւանքներ ունենալ բոլորիս՝ ազգին, եկեղեցւոյ եւ պետութեան համար:
11 Յունիս 2025
Յ․Գ․
15 Յունիսին հրապարակուեցաւ
Պոլսոյ Սահակ Պատրիարքին յայտարարութիւնը տագնապին մասին։ Կարեւորագոյն միտքերուն մէջ,
անիկա կը հնչէ մեծապէս տարբեր՝ Էջմիածնի պաշտօնական կեցուածքէն, եւ առ այդ՝
արժանի է առանձին ուշադրութեան։ Մասնաւորաբար, Սահակ պատրիարք կ՛ակնարկէ 2026 թուականին արդէն իսկ նախատեսուած եկեղեցական ժողովի մը, որ կրնայ վերածուիլ Ազգային եկեղեցականի եւ հետեւաբար, կրնայ նաեւ ստանալ ընտրական բնոյթ։Տեսնել այստեղ՝ https://www.facebook.com/TRHayBad/posts/pfbid02ai1B58SwfFrpQKNnF5QnoUkZNp8Ff7CxAeMJp9qJGS1CVRB5MGkZ4kS6AY2MipJ4l

Comments
Post a Comment