Posts

Կիզակէտին

MAÎTRE GARO HASBANIAN : L'ICÔNE DE LA COIFFURE MONDIALE ET IVOIRIENNE ,LA LÉGENDE VIVANTE

Image
French | English I. 1978 : La révélation au Hilton de Paris En 1978 se tient le Festival Mondial de la Coiffure, sous la haute égide du CAT & CMC. Pour Maître Garo Hasbanian, c'est le baptême du feu. Il s'inscrit à son premier concours international individuel, catégorie coiffure artistique. Le défi est de taille : exécuter une création complète en quinze minutes chrono. Le théâtre de l'exploit : le prestigieux Hôtel Hilton à Paris. Face à l'élite mondiale, le jeune ivoirien d'origine s'impose. Il décroche la troisième place mondiale. La France se classe deuxième, les États-Unis, représentés par un maître afro-américain d'exception, s'adjugent le trophée. Pour son exploit, GARO HASBANIAN reçoit le Lauréat de Paris et un diplôme de participation. Une première porte s'ouvre. II . Le destin s'en mêle : de Beyrouth à Abidjan Son talent ne passe pas inaperçu. Dans l'assistance, un homme l'observe : M. Elie Mserah, Président du CAT du Lib...

Պէտք է դադրինք «մեքենայ աստուծոյ» հաւատալէն

Image
  Մենք կ՚ապրինք խոր հմայութեան ժամանակաշրջան մը, սակայն նորագոյն կախարդանքները, որոնք գրաւած են մարդոց մտքերը, խաբէութիւն ներ են՝ բոլոր աճպարարութիւններուն պէս։ Մեր գրպաններուն եւ գրասեղաններուն վրայ կան համակարգիչներ, անոնց ետին՝ տուեալներու շտեմարաններ եւ այլ գործիքներ, որոնք ճարտարօրէն կը ներկայացուին իբրեւ ինքնավար ու ամենակարող էութիւններ։ Քանի մը երկար տարի կ՛ընէ արդէն, որ կը վարժեցնեն մեզ «արհեստական բանականութեան» մասին խօսելու այնպէս, կարծես ան գոյութիւն ունենար, կամ ըլլար բան մը, որ ունի միտք, կամք եւ մարդոցմէ անկախ ճակատագիր։ Այս ընկալումը նախ եւ առաջ խաթարուած լեզուի մը արդիւնքն է եւ բառերու կամայական օգտագործումով ծնած ճարտարապետութեան մը արտայայտութիւնը ։ Ընտրելով գիտակցութիւն եւ ինքնիւրոյնութիւն ենթադրող բառեր՝ արհեստագիտական ընկերութիւնները գործիքը վերածած են կուռքի։ Անոնք մեքենական դրութիւններուն տուած են մարդկային յատկանիշներ եւ անոնց շուրջ ստեղծած են խորհրդաւորութեան մթնոլորտ մը ։ Այսօր միլիառաւոր մարդիկ կը շնչեն այդ մթնոլորտով, որ ծանր պիտի նստի բոլորի...

Հոկտեմբեր 7. Կանխամտածուած Անտեսումէն Մինչեւ Ցեղասպանութիւն

Image
Ամէն անգամ, երբ համաշխարհային քաղաքականութիւնն ու լրատուամիջոցները կը վերադառնան Իսրայէլի մէջ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-ի իրադարձութիւններուն, պաշտօնական ու քարոզչական մեքենաները համատեղ կերպով կը լարուին նոյն պարզունակ, կիսատ ու կեղծ վարկածը տարածելու համար։ Մարդոցմէ կը պահանջուի հաւատալ, թէ պատմութիւնը սկսաւ եւ աւարտեցաւ այդ մէկ օրով, երբ «անհիմն ու անսպասելի բռնութեան» ալիք մը յանկարծակիի բերաւ անմեղ, խաղաղասէր ու անպաշտպան պետութիւն մը։ Այս պաշտօնական պատումի կողմնակիցները մեծ ջանք եր կը թափեն արգիլելու կամ արժեզրկելու համար որեւէ հայեացք դէպի այն, ինչ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 7-էն առաջ, ինչպէս նաեւ կը մերժեն որեւէ խորքային ու իրատեսական վերլուծութիւն այն ամէն ինչին, որ պատահեցաւ այդ թուականէն ետք։ Սակայն ճշմարտութիւնը վերականգնելու եւ քաղաքական իրականութիւնը հասկնալու համար անհրաժեշտ է ընդունիլ անժխտելի պատմական կանխադրոյթ մը. Հոկտեմբեր 7-էն առաջ տեղի ունեցած ամէն ինչ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ պատահեցաւ այդ օրը, իսկ Հոկտեմբեր 7-էն ետք պատահած ամէն ինչ կը բացայայտէ իսրայէլեան կառավարութի...

Հայաստանի ԱԲ Էքոհամակարգը 2026-ին. Յառաջխաղացքի եւ Մարտահրաւէրներու Ընդհանուր Պատկեր մը

Image
  Համաշխարհային արհեստագիտական մրցավազքի բուռն զարգացումներու այս հանգրուանին, երբ Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) այլեւս պարզ նորոյթ մը չէ, այլ պետութիւններու ազգային ինքնիշխանութեան եւ տնտեսական գոյատեւման կենսական առանցքը, Հայաստան կը գտնուի վճռորոշ խաչմերուկի մը վրայ։ YerevaNN գիտահետազօտական կեդրոնի «Հայաստանի ԱԲ Էքոհամակարգը 2026» զեկոյցը , որ հրապարակուեցաւ այս տարուան Սեպտեմբերին, կը հանդիսանա յ այն հեղինակաւոր աղբիւրներէն մէկը, որուն տուեալները թոյլ կու տան հասկնալու Հայաստանի արհեստագիտական վերելքի ն իրական պատկերը։ Այս աշխատասիրութեան մէջ ընդգծուած է հիմնական եւ յստակ դրոյթ մը. Հայաստանը օժտուած է փոքր, բայց բովանդակալից էքոհամակարգով մը, որ թէեւ կ'արձանագրէ տպաւորիչ յառաջխաղացք, սակայն տակաւին կը բախի հասունութեան լուրջ խնդիրներու։ Անոր առջեւ ծառացած է ռազմավարական հրամայականը՝ առկայ քանակական աճը վերածել որակական յեղափոխութեան, ապահովելու համար հայրենի գիտական մտքի մրցունակութիւնը միջազգային բեմահարթակներու վրայ։ Ոլորտի զարգացման յետագիծը ըմբռնելու համար ...

Երկաթէ Դգալը

Image
 

Արժանապատւութիւն․ մարդու եւ ընկերութեան գոյատեւումին յենարանը

Image
Միքելանճելոյի հանրայայտ գործին մէջ, Ադամը թոյլ, անօգնական արարած մը չէ, այլ կենսունակ եւ լիովին կազմաւորուած մարդը։ Հաւասար ըլլալով Աստուծոյ իր չափերով եւ մարմնական տեսքով, ան ուղիղ կը նայի Արարիչի աչքերուն՝ բանականութեան շնորհիւ։ Ափ մը հող՝չէ՝ կը փոխանցէ անսահման ներուժի, հանգիստ ինքնավստահութեան եւ մարդկային արժանապատւութեան զգացում ․ գաղափար մը, զոր շեշտած են բազմաթիւ արուեստաբաններ Միքելանճելոյի գործի մեկնաբանութեանց մէջ։ Վերածնունդի մարդոց համար, վերջնական մարդկայնութիւնը այն է, երբ հոգին կը ձգտի վեր՝ դէպի Աստուած։ Միքելանճելոյի համար դէպի Աստուած դառնալը կը նշանակէ դառնալ մարդ։ Մարդկային արժանապատւութիւնը Աստուծոյ դիմելու ազատութիւնն ու կարողութիւնն է։