Ֆէյսպուքեան Գրառումներ

26 Դեկտեմբեր 2018 - Սփիւռք

Ընդհանրապէս Սփիւռքի մասին կը խօսուի որպէս "կողմ":

"Յարաբերութիւն", "գործակցութիւն" բառերուն գործածութիւնը այդ ցոյց կու տայ:

Այսինքն, իրականութիւնը ընկալուած եւ ընդունուած է այնպէս, որ գոյութիւն ունին երկու կողմեր, այս պարագային - Հայաստան եւ սփիւռք, որոնք իրարու հետ կը յարաբերին, կը գործակցին եւ կրնան նաեւ տարակարծիք ըլլալ (նոյնիսկ):

Ովքեր որ կը հաւատան իրերու այս դրութեան, պէտք է ընդունին ուրեմն որ կողմերուն միջեւ մեծ անհաւասարութիւն մը կայ. այն, որ մէկ կողմը - Հայաստանը ունի հանրութիւն եւ զայն ներկայացնող մարմիններ, մինչդեռ սփիւռքը, ունենալով հանրութիւն, չունի երկրորդը - զինք ներկայացնող մարմիններ:

Հետեւաբար, ովքեր որ իրապէս շահագրգռուած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններով ( եւ որպէսզի տարակարծութիւններն ալ որեւէ իմաստ ունենան), պէտք է շահագրգռուած ըլլան ստեղծելու սփիւռքեան ներկայացուցչական մարմիններ:

 
Shared with Publi

20 Մայիս 2021 - Սփիւռք

Հայկական արտասահման. շատեր կը պնդեն, որ հայկական արտասահմանի աւանդական կառոյցներուն մէջ (եկեղեցի, կուսակցութիւններ, միութիւններ) շատ քիչ մարդ իր տեղն է: Ես ամենեւին համաձայն չեմ այս պնդումին: Իմ կարծիքովս, այդ կառոյցներուն մէջ մեծ մասամբ մարդիկ իրենց տեղն են, սակայն դուրս են` ժամանակէն:


May 20, 2021 - Լեզու

ի հեճուկս (հայոց) լեզուի մաքրաձեռնիկներուն. լեզուներու բառապաշարը կը հարստանայ նաեւ փորձարարութեամբ: Եթէ չնկատեցիք, մաքրաձեռնիկ-ը` ինքը փորձարարութիւն մըն է. ճիշդ թէ սխալ` լեզուաթիթիզները չեն որոշողը, որովհետեւ անգամ խնդիր չկայ` ճիշդի ու սխալի ընտրութեան:

նկարչական գործ մըԿայծակ

նկարչական գործ մըՍիրուն Թռչուն

21 Մայիս 2024 - humor

Գաղտնիք չէ, որ primate-ները խելացի են։ Բազմաթիւ մարդիկ նոյնիսկ զանոնք կը համարեն մեր զարմիկները, որոնց հետ մենք կը կիսենք մեր DNA-ի 96%-99%-ը:

Գիտնականները primate-ներու հետ, ինչպիսիք կապիկներն են, ժեսթերու լեզուով կը շփուին 1960-ականներէն սկսեալ: Այս ամբողջ ընթացքին կապիկներու վերաբերեալ հաստատուած են բազմաթիւ հետաքրքրական փաստեր, որոնցմէ ամենաուշագրաւը, ըստ ինծի, այն է, որ կապիկները երբեք հարցումներ չեն հարցներ:

21 Մայիս 2021 - humor

Ռոբերտ Քոչարեանը Փաշինեանի իշխանութեան հասնելուն համար անուղղակիօրէն մեղադրեց իր ժամանակուայ կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանին:

21 Մայիս 2021 - Հանրութիւն / Social Media

Հանրայնօրէն արտայայտուող մարդը կրնայ երկու լուրջ սխալներու մէջ իյնալ, ի շարս բազմաթիւ ուրիշներու - 1. ջանալ միշտ ըլլալ քաղաքականօրէն correct եւ 2. չկարենալ ինքզինք զսպել` չըլլալու ընկերայնօրէն incorrect:


21 Մայիս 2024 - photo/ընկերութիւն/Պուրճ Համուտ
Հանրային տարածութիւնները կ'արտայայտեն (եւ կ'ամրապնդեն) մշակոյթը:

Պուրճ Համուտ, Արաքս փողոցի մուտքին



18 Մայիս 2024 - մտածում
Ամէն մեծ {կերպարանա}փո(փո)խութիւն կը սկսի պատրանքի մը փլուզումով:


21 Մայիս 2013 - Դիտարկում
Համաշխարհայնացում. հայեր չինացիներու միջոցով Ռուսիոյ մէջ կեղծուած ֆրանսական Շանել կօշիկներ կ'արտադրեն։



21 Մայիս 2013 -Բառախաղ
բարձ ի բարձունս



21 Մայիս 2012 - Լուսանկար
9 Մայիս 9. մեր թաղեր

Bourj Hammoud, Cilicia Neighborhood


21 Մայիս 2012 - Լուսանկար
գլխակորոյս



21 Մայիս 2012 - Լուսանկար
Կայանատեղի "Տիքթաթոր"․ կարգապահութեան սուր կարիք կայ Պէյրութի մէջ, հասարակական մեծ պահանջ:


25 Մայիս 2024 - Լուսանկար / Bourj Hammoud

Հանրային տարածութիւնները կ'արտայայտեն (եւ կ'ամրապնդեն) մշակոյթը (3)

25 Մայիս 2024 - Լուսանկար / Bourj Hammoud

Հանրային տարածութիւնները (ինչպէս մայթերն են) կ'արտայայտեն (եւ կ'ամրապնդեն) միջավայրին մշակոյթը (2): Անոնք, բնականաբար, ցոյց կու տան նաեւ իշխանութիւններու կառավարման մակարդակը։

26 Մայիս 2019 - Արցախ / Հայաստան - մտածում
Իրական հայաստանի մը հերթական կորուստին մասին

Այնպէս չէ, որ Հայաստաններ չենք կորսնցուցած: Ամենավերջին մեր կորսնցուցած Հայաստանները Վանն ու Մուշն էին, Կարինն ու Ուրֆան, Կարսն ու Իգդիրը եւ Նախիջեւանը: Հիմա ալ Արցախը դրած ենք կրակի բերան... Այնպէս կը վարուինք, որ կարծես այն շատ է մեզի համար: Եթէ չմիաւորուինք, տանուլ պիտի տանք այդ եւս: Այսինքն պիտի կորսնցնենք Հայաստան մը եւս: Ի՞նչն է մեզ կառավարողը - պայքարը մինչեւ վերջին Հայաստա՞նը։

26 Մայիս 2021 - մտածում

Մանկավարժութիւնը շատ կարեւոր ուսմունք- մասնագիտութիւն է. ինչու՞ մարդավարժութիւն մասնագիտութիւնը չկայ: Հոն չե՞նք հասած դեռ:
26 Մայիս 2021 - մտածում

Հայկական հեռանկար. ԵԹԷ Ռուսաստանի հետ "միացումը" այլընտրանք չունի, ապա գոնէ աշխատեցէք, որ Երեւանը երկրորդ, երրորդ մայրաքաղաքի կարգավիճակ ձեռք բերէ կայսրութեան մէջ, արա-բոլորտեսակի-իմքայլականներ: Թէ չէ ամէն մարդ չէ որ ձեզի պէս կրնայ բաւարարուիլ նստատեղի մը գրաւելով ռուսական երկաթուղիի, բազաներու, ատոմակայանի,  գազպրոմի, ելեկտրացանցերու ու շանգրիլաներու Անդրկովկասեան Գլխաւոր ու Միացեալ Դիսպեչերանոցին մէջ:


Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք