Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»


Աւետելով Միջին Արեւելքի մէջ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու նոր շրջանի մը մասին 

Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ (USJ) պաշտօնապէս բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոն»ը՝ 27 Հոկտեմբեր 2025-ին համալսարանի պատմական Bibliotheque Orientale-ին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: 

Բարերար Փիթըր Հրեշտակեանի նիւթական ներդումին շնորհիւ ամբիոնը կը պատուէ անոր հանգուցեալ հայրը` յայտնի գործարար Արա Հրեշտակեանը, որ «աշխարհին ուշադիր մտաւորական» մըն էր, ինչպէս զայն բնութագրեց բարերարը՝ իր արտասանած խօսքին մէջ։

Նախաձեռնութիւնը կը վերակենդանացնէ USJ-ի մէջ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու երկար տասնամեակներէ ի վեր դադրած աւանդոյթը` ամբիոնի նախագահ նշանակելով յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, իսկ գործադիր տնօրէն` պատմաբան դոկտ․ Վահէ Թաշճեանը:

Դոկտ․ Թաշճեան ծնունդով լիբանանահայ պատմաբան է, որ մասնագիտացած է Օսմանեան կայսրութեան հայերու, Միջին Արեւելքի մէջ գաղթականութեան եւ Կիլիկիոյ, Սուրիոյ ու Լիբանանի ֆրանսական գրաւման երեւոյթներու հետազօտման մէջ: Ան իր դոկտորականը պաշտպանած է Ecole des Hautes Etudes en Sciences Sociales-ի մէջ (Փարիզ): Հիմնադրած է ու համատեղ կը ղեկավարէ «Յուշամատեան» հետազօտական ծրագիրը, որ միտուած է վերականգնելու օսմանեան Հայաստանի մէջ ապրած հայերու յիշողութիւնները։ Վահէ Թաշճեան հրատարակած է շարք մը արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ Օսմանեան կայսրութեան շրջանի հայութեան կեանքին մասին եւ կազմակերպած է բազմաթիւ գիտական- մշակութային միջոցառումներ հայկական զանազան համայնքներու մէջ։

Բացման արարողութիւնը կարեւոր պահ մըն էր Սէն Ժոզէֆ համալսարանին եւ համայն հայկական սփիւռքին համար` ներկայացնելով մշակոյթի պահպանման եւ ակադեմական վերածնունդի ազդեցիկ գործողութիւն մը Պէյրութի մէջ, որ կը շարունակէ կրել հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը ըլլալու իր հանգամանքը՝ կրթական, մշակութային, կրօնական եւ համայնքային զանազան գործունէութեանց իր հարուստ անցեալով եւ ներկայով: 

Արարողութեան ելոյթ ունեցողները ամբիոնի ստեղծումը բնութագրեցին որպէս «հաւատարմութեան եւ յոյսի գործողութիւն» եւ կենսականօրէն կարեւոր «կամուրջ մը մշակոյթներու եւ սերունդներու միջեւ», որ կ՛ապահովէ, որ հայկական ժառանգութիւնը զարգանայ որպէս «կենդանի եւ տինամիք մշակութային գիտակցութիւն», այլ ոչ թէ քարացած յիշողութիւն: Ամբիոնի նախագահ Արսինէ Խանճեան նշեց «լոյսի, յիշողութեան եւ նորարարութեան տարածքի» ստեղծումը լիբանանահայ համայնքին եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը ցանկան ուսումնասիրել անոր հարուստ պատմութիւնը եւ ներդրում կատարել անոր ներկային մէջ։

Արա Հրեշտակեան ամբիոնը կը ներկայացնէ USJ-ի մէջ հայագիտութեան դադրած աւանդոյթին նպատակամղուած վերադարձը: Համալսարանին՝ հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն հետ առնչութիւնը սկսած է գրեթէ մէկ դար առաջ: Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու սկզբնական ամբիոնը հիմնադրուած է 1938 թուականին Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Յովհաննէս Մըսըրեանի կողմէ, եւ կը հանդիսանար համալսարանի հեղինակաւոր Արեւելեան ֆակուլտետի անկիւնաքարը: Անոր ակադեմական գործունէութիւնը դադրեցաւ 1970-ականներու կէսերուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով: Ինչպէս նշեց համալսարանի նախագահ Սալիմ Տաքքաշ, վերջին տասնամեակներուն ընթացքին կատարուած են ամբիոնը վերակենդանացնելու քանի մը անյաջող փորձեր, ինչ որ այս բացումը կը դարձնէ երկար սպասուած պատմական նուաճում մը: Ամբիոնի գործունէութեան հիմնական կռուաններէն մէկը կը հանդիսանայ Արեւելեան գրադարանը՝ շնորհիւ իր բացառիկ նշանակութեան աղբիւրներուն․ այնտեղ կը պահուին աւելի քան 20,000 հայկական գիրքեր եւ պարբերականներու հաւաքածոներ :

Մօտ 150 հիւրերու մասնակցութեամբ կայացած բացման արարողութիւնը վարեց Արեւելեան գրադարանի տնօրէն դոկտ․ Ժոզեֆ Ռուսթոմ։ Ելոյթներ ունեցան ամբիոնի հիմնադրութեան առընչուած հիմնական դէմքերը:

USJ-ի նախագահ փրոֆ․ Սալիմ Տաքքաշ բացումը որակեց որպէս անցեալի ջանքերու յաջող գագաթնակէտ եւ համալսարանի առաքելութեան վերահաստատում` խթանելու մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւնը «արեւելեան բազմազանութեան» մէջ: Ան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Փիթըր Հրեշտակեանին իր «առատաձեռնութեան եւ տեսլապաշտութեան» համար եւ գովաբանեց հիմնադիր անձնակազմը այս պատմական նախագիծը կեանքի կոչելուն համար:

Պարոն Փիթըր Հրեշտակեան նկատել տուաւ, որ իր ընտանիքին կապը USJ-ի հետ ունի աւելի քան մէկ դարու պատմութիւն` սկսած իր մեծ հօրմէ` տոքթ․ Օհաննէս Հրեշտակեանէն, որ աւարտած է համալսարանի բժշկական ֆակուլտետը 1911 թուականին: Այս բազմասերունդ ժառանգութիւնը խոր կշիռ կը հաղորդում Փիթըր Հրեշտակեանի բարեգործական նուիրատուութեան: Պարոն Հրեշտակեանի յարգանքի տուրքը հօրը` մտաւոր հետաքրքրասիրութեամբ բնորոշուած մարդուն, կ՛արտայայտուի ամբիոնի առաքելութեան մէջ` պահպանելու լիբանանահայ համայնքի ժառանգութիւնը եւ նպաստելու անոր գնահատման ու ծանօթացման ամենատարբեր պարունակներու մէջ:

Արսինէ Խանճեան պատմեց, որ մանկութեան ունեցած է USJ-ի մէջ ուսանելու մեծ երազանք մը, որ խափանուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, որ զինք ուղարկած է դէպի «անսպասելի սփիւռք մը»՝ արեւմուտք: Ան ըսաւ, որ իր վերադարձը որպէս ամբիոնի նախագահ, կը փակէ անձնական կեանքի շրջանակը: Խանճեան ուրուագծեց իր տեսլականը ամբիոնին համար` որպէս ներառական տարածք մը, որ կ՛ընդգրկէ հայկական յիշողութիւնը եւ կը միաւորէ ուսանողները, արուեստագէտները եւ հետազօտողները` զանցելով աւանդական ակադեմական սահմանները` մշակոյթին հետ որպէս կենդանի ուժ շփուելու համար:

Գործադիր տնօրէն դոկտ․ Վահէ Թաշճեան մանրամասնօրէն ներկայացուց ամբիոնի բազմաշերտ եւ բազմակողմանի գիտական եւ թուային տեսլականը: Ան հաստատեց, որ աշխատանքի կարեւոր մասը պիտի հիմնուի Արեւելեան գրադարանի առկայ հիանալի հաւաքածոյի վրայ` ապագայամէտ մօտեցումով, հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով հայկական ժառանգութիւնը հաւաքելու, պահպանելու եւ համաշխարհային լսարանին հետ կիսելու նպատակով նորարարական թուային նախագիծերու մշակման վրայ:

Դոկտ․ Թաշճեան յայտնեց, որ ամբիոնի առաջնային նախագիծերն ու հիմնական գործունէութիւնը պիտի ներառեն.

• Համարկում՝ Պեռլինի մէջ 15 տարիէ ի վեր գործող «Յուշամատեան» նախագիծին հետ, որ օսմանցի հայերու կեանքի եւ մշակոյթի վերականգնման նուիրուած միջազգային ճանաչում ունեցող թուային նախագիծ է: Ամբիոնը պիտի դառնայ «Յուշամատեան» նախագիծի հաստատութենական նոր տունը, իսկ երկարաժամկէտ նպատակն է նախագիծի գործունէութիւնը Պեռլինէն ամբողջութեամբ տեղափոխել Պէյրութ:

• Նոր թուային արխիւ. պիտի ստեղծուի նոր եւ ծաւալուն կայք մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Լիբանանի հայ համայնքի պատմութեան, յիշողութեան եւ ժառանգութեան: Հարթակը պիտի հրապարակուի արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, եւ առկայ է արդէն անոր ապագայ ընդլայնումի տեսլականը, որուն մէջ կեդրոնական տեղ ունի Միջին Արեւելքի հայկական բոլոր համայնքներու պատմութեան ներառումը:

• Ընտանեկան եւ համայնքային աղբիւրներէ պատրաստուած արխիւներ. յատուկ շեշտադրում պիտի նուիրուի ընտանեկան արխիւներուն, այդ շարքին` լուսանկարներու, նամակներու, յուշագրութիւններու եւ անձնական իրերու հաւաքագրման եւ թուայնացման վրայ: Այս նախաձեռնութիւնը հաւասարապէս կարեւորութիւն պիտի տայ ընկերային բոլոր խումբերու պատմութիւններուն ու պիտի գնահատուին բոլորին անձնական պատմութիւնները` անուանի դերակատարներէն ու բարձրակարգ մտաւորականներէն մինչեւ «Ատանայէն եկած կօշկակարը», ինչպէս ըսաւ դոկտ. Թաշճեան:

• Ակադեմական եւ հանրային ծրագիրներ. Ամբիոնը պիտի կազմակերպէ միջազգային համագումարներ, հրատարակութիւններ, սեմինարներ եւ ցուցահանդէսներ, որոնք նախատեսուած են հայագիտական ուսումնասիրութիւնները մասնագէտներու, երիտասարդութեան եւ ոչ հայ հանրութեան համար հասանելի դարձնելուն` խթանելով լայն եւ ներառական երկխօսութիւն:

Արա Հրեշտակեան ամբիոնը այսպիսով կ'առանձնանայ թուային գիտութիւններու, հանրային ներգրաւուածութեան եւ համայնքային աղբիւրներէ պատրաստուած պատմութեան վրայ իր կեդրոնացումով: Անոր առաքելութիւնը պիտի տարածուի աւանդական ակադեմական շրջանակներէն այն կողմ` ստեղծելով մատչելի եւ փոխգործուն աղբիւրներ համաշխարհային լսարանին համար, դիրքաւորուելով որպէս յառաջադէմ մտածողութեամբ յառաջատար՝ հայկական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան եւ թուային պահպանման գործին մէջ:

(Հրատարակուած է Պայքար շաբաթաթերթին մէջ, 9 Նոյեմբեր 2025-ին)




Comments

  1. Way back, my mother was also a graduate of the St. Joseph Armenian studies. I am glad that is has become and endowment chair

    ReplyDelete

Post a Comment

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք