Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը


Ինչ-որ խորապէս իմաստալից բան մը կայ կոչումի մը լիակատար նուիրուածութեամբ ապրուած կեանքի մը մէջ, եւ ինչ-որ արտասովոր բան մը, երբ այդ նուիրուածութիւնը կը շարունակուի անխախտ, մինչեւ վերջին շունչը:

Արմենակ Եղիայեան իր կեանքը անցուց որպէս հայոց լեզուի պահապան: Ըրածը վարձատրութեան համար չէր եւ ոչ ալ վասն ճանաչումի, այլ մաքուր սէրէ մղում մը՝ հանդէպ իր ժողովուրդին պատմութիւնը, գրականութիւնը եւ հոգին կրող բառերուն: Երկար ժամանակ աշխատակցելէ ետք մամուլին ու շարք մը դասագիրքեր, ուղեցոյցներ եւ մենագրութիւններ հրապարակելէ ետք, վերջին տարիներուն ան կը ղրկէր լեզուաբանական նամակներ, քանի մը տարբեր խորագիրներու տակ, ընկերներուն, բարեկամներուն, ուսուցիչներու, հայ մամուլի եւ հաստատութիւններու աշխատողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքէին լսել․ անոնք հայոց լեզուին մասին ուշադիր եւ մտածուած նամակներ էին, ամէն մէկը՝ ուսուցումի, պահպանումի եւ առատաձեռնութեան արարք մը։

Տոքթ․ Եղիայեան 12 Նոյեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 5։41-ին, ուղարկեց իր վերջին նամակը՝ 50-րդը «Ի պէտս զարգացելոց մանկանցն Թորգոմայ - Միասնաբար փրկենք հայերէնը» շարքէն։

Նոյն օրը ան մահացաւ:

Սա կը նշանակէ, որ երկրի վրայ իր վերջին ժամերուն Արմենակ Եղիայեան դեռ կ՛ընէր այն, ինչ միշտ ըրած էր` սորվեցնել, կիսուիլ, տալ: Անոր կեանքին այդ ռիթմը երբեք չտատանեցաւ տասնամեակներով: Նոյնիսկ այդքան մերձ մահկանացու կեանքին հրաժեշտ տալուն՝ անոր ձեռքերը, միտքը եւ սիրտը շարժեցան` աւարտելու եւս մէկ դաս եւ աշխարհին ուղարկելու եւս մէկ ուղերձ իր սիրելի լեզուին մասին:

Մօտէն ճանչցայ զինք այն օրերուն, երբ ապաքինման մէջ էր առողջական ծանր խնդիրներէ ետք։ Տոքթոր Եղիայեան դադար չունեցաւ: Ան չնահանջեց: Ան գրեց մինչեւ գրելու որեւէ բան չմնաց: «Որոշեցի ատամնաբուժութիւն սորվիլ, որպէսզի հայոց լեզուի ազատ ու անկախ ուսուցիչ ըլլամ», ըսաւ օր մը։

Տոքթոր Եղիայեան ուսուցիչն է, որ չի սպասեր հանգստեան կոչուելուն եւ գիտնականը, որ չէ հետաքրքրուած ճանաչումով։ Անոր վերջին արարքը երկրին վրայ էր նոյն բանը, որ սահմանեց իր կեանքը` ազատօրէն եւ հաւատարմօրէն հայոց լեզուն խնամել ամէն մէկուն համար, որ կը փափաքէր սորվիլ:

12 Նոյեմբերին նամակատուփ ժամանած իր նամակը ապացոյց մըն է, որ որոշ կոչումներ չեն լքուիր նոյնիսկ յաւերժութեան շեմին:

Արմենակ Եղիայեանի գործը սէրն էր՝ առատօրէն դրսեւորուած: Ան շատերու սորվեցուց, թէ ինչ կը նշանակէ ապրիլ նպատակասլաց կեանքով եւ մնալ հաստատ՝ նուիրումին մէջ։

Comments

Ամենաընթերցուածք

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք