Posts

Showing posts from April, 2026

Տարածաշրջանը՝ Իսրայէլ-Ամերիկեան Մուրճ-ու-Սալի Միջեւ

Գրառումներ՝ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Աղմուկին Տակ 13 Մարտ․ Մօտ երկու տարի առաջ, խումբ մը իսրայէլացի զինուորներ տեսախցիկի առջեւ բռնաբարեցին պաղեստինցի տղամարդ մը, բանտին մէջ։ Զոհը ծանր դրութեան մէջ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Գործ յարուցուեցաւ 10 զինուորի դէմ։ Ապա թիւը իջաւ 5-ի։ Քանի մը օր առաջ, երկրի դատախազութիւնը կարճեց գործը` «ապացոյցներու անբաւարար ըլլալու պատճառով»։ Նեթանիահու ողջունեց դատախազութեան որոշումը։ Քննութեան մէջ յայտնուած զինուորները ըսին, որ հակընդէմ դատ պիտի բանան` իրենց բարի համբաւը խնդրոյ առարկայ դարձուցած մարդոց դէմ։ Պաղեստինցի բանտարկեալներու պաշտպան կազմակերպութիւնը ըսաւ, որ անակնկալի չէ եկած որոշումին առիթով, քանզի բռնութիւնը հաստատութենական է իսրայէլեան բանտերուն մէջ։ Այսպիսով, հաղորդեցինք լուրեր` Միջին Արեւելքի միակ ժողովրդավար երկիրը համարուող Իսրայէլի առօրեայէն․․․ * Այսօր Չարենցի ծննդեան օրն է։ Բանաստեղծութիւնս այդ առիթով է․ Անգերեզման «Կ'ունենա՞ս, արդեօք, գերեզման մը հոս`այս հողին վրայ, ուր գան ձեռք ձեռքի աղջիկ ու տղայ - սիրոյ առաջին համբոյրը իրենց նուիրելո...

Լիբանան՝ Կրակներու Մէջ Դարձեալ

Image
 Գրառումներ՝ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Աղմուկին Տակ 27 Փետրուար․ Բանակցութիւններու յանկարծակի դադրեցումով՝ այսօր Իրան եւ ԱՄՆ մեծ քայլով մը հեռացան պալիսթիք հրթիռներու եւ հիւլէական ծրագիրներու շուրջ համաձայնութեան մը գալու` խնդրի խաղաղ կարգաւորման տարբերակէն: Աստուած պահէ զաշխարհ եւ արդարները` անոր մէջ: Ամէն: 28 Փետրուար․ Ցաւօք, երէկուայ վատ կանխազգացումս այսօր իրականացաւ: Շատ բան ցոյց կու տար որ Իսրայէլ-ամերիկեան յարձակումը Իրանի վրայ մօտալուտ է: Եւ Ամերիկայի ներքին քաղաքական խնդիրներուն ազդեցութիւնը Թրամփի որոշումին վրայ` դարձաւ աւելի ակնյայտ: Ամերիկայի մէջ յաղթեց "պատերազմի կուսակցութիւնը": Թերեւս զայն կարելի է կոչել նաեւ Էփսթինի կուսակցութիւն: 2 Մարտ․ Լիբանանի կառավարութիւնը քիչ առաջ յայտարարեց, որ Հըզպոլլայի` անվտանգային բնոյթի եւ զինուորական բոլոր տեսակի գործողութիւնները կը դասուին օրէնքէ դուրս եւ ենթակայ են օրինական հետապնդումի: Յայտարարութեան նշանակութիւնը հասկնալու համար` պէտք է նկատի առնել, որ մինչեւ քանի մը տարի առաջ, եւ քանի մը տասնեամեակներէ իր վեր, լիբանանեան իրարա...