Տարածաշրջանը՝ Իսրայէլ-Ամերիկեան Մուրճ-ու-Սալի Միջեւ


Գրառումներ՝ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Աղմուկին Տակ

13 Մարտ․

Մօտ երկու տարի առաջ, խումբ մը իսրայէլացի զինուորներ տեսախցիկի առջեւ բռնաբարեցին պաղեստինցի տղամարդ մը, բանտին մէջ։ Զոհը ծանր դրութեան մէջ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Գործ յարուցուեցաւ 10 զինուորի դէմ։ Ապա թիւը իջաւ 5-ի։ Քանի մը օր առաջ, երկրի դատախազութիւնը կարճեց գործը` «ապացոյցներու անբաւարար ըլլալու պատճառով»։

Նեթանիահու ողջունեց դատախազութեան որոշումը։ Քննութեան մէջ յայտնուած զինուորները ըսին, որ հակընդէմ դատ պիտի բանան` իրենց բարի համբաւը խնդրոյ առարկայ դարձուցած մարդոց դէմ։ Պաղեստինցի բանտարկեալներու պաշտպան կազմակերպութիւնը ըսաւ, որ անակնկալի չէ եկած որոշումին առիթով, քանզի բռնութիւնը հաստատութենական է իսրայէլեան բանտերուն մէջ։

Այսպիսով, հաղորդեցինք լուրեր` Միջին Արեւելքի միակ ժողովրդավար երկիրը համարուող Իսրայէլի առօրեայէն․․․

*

Այսօր Չարենցի ծննդեան օրն է։ Բանաստեղծութիւնս այդ առիթով է․

Անգերեզման

«Կ'ունենա՞ս, արդեօք, գերեզման մը հոս`այս հողին վրայ,

ուր գան ձեռք ձեռքի

աղջիկ ու տղայ -

սիրոյ առաջին համբոյրը իրենց

նուիրելու քեզ, Եղիշէ Չարե՛նց։»


Մահուան պռունկին,

սառն ու սեւ փողը՝

Հանճարիդ քունքին,

(«ո՜վ զարմանք, Չարենց»)

կեանքի կորուստին համար չե՛ն,

որ արցունքներդ հիմա առատ

կը վազեն..

Աչքերով քու` աշխարհը կու լայ,

փառքին համար քու, որ քիչ ետք,

անտէր,

պիտի փռուի արիւնոտ տիղմերուն վրայ..


«Կ՛ունենա՞մ, արդեօք, գերեզման մը ես

այս հողին վրայ,

ուր վատ, դաւաճան,

վհատ կորուսեալ`

որպէս վերջին ապաւէն 

մօտս այցի գան,

ու մեղքերն իրենց

շիրիմիս վրայ 

արնոտ աչքերով երկար լան,

ու խնդրեն, Չարենց,

որ ներես իրենց...միայն թէ` ներես…»։


16 Մարտ․

Իսրայէլ պաշտօնապէս անցաւ Լիբանանի Հարաւին մէջ այրած հողի քաղաքականութեան: Կառավարութիւնը հաղորդեց, որ բանակին հրահանգած է քանդել Հարաւի մէջ սահմանային բնակավայրերու քաղաքային բոլոր ենթակառուցուածքները:

*

Իսրէայէլի պաշտպանութեան նախարարը այսօր պաշտօնական ընդունելութեան արժանացուց այն 5 զինուորականները, որոնք երկու տարի առաջ տեսախցիկի առջեւ բռնաբարած էին արաբ տղամարդ մը բանտին մէջ, ու քաղաքական ճնշումի տակ` ազատուած էին քրէական հետապնդումէ քանի մը օր առաջ: Նախարարը զօրակցութիւն յայտնեց զինուորականներուն եւ մաղթեց, որ վերադառնան զինուորական ծառայութեան:

Կան անասուն (շուն, էշ...) բռնաբարողներ, որոնք արդարօրէն պատիժ կը կրեն այլ երկիրներու մէջ: Թերեւս նաեւ Իսրայէլի մէջ:


17 Մարտ․

ԱՄՆ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կեդրոնին տնօրէնը հրաժարական տուաւ քիչ առաջ, որովհետեւ, ինչպէս ինք ըսաւ, չի կրնար մասնակից մնալ Իրանի դէմ անարդար եւ անօրէն պատերազմին: Այս բարձրաստիճան պաշտօնեան յայտարարեց՝

- Իրանը սպառնալիք չէր ներկայացներ Ամերիկային,

- Թրամփ պատերազմը սկսաւ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ իսրայէլեան լոպիի ճնշումին տակ:

Ինչպէս որ պատերազմին դէմ խստօրէն խօսող լրագրող Թաքըր Քարլսընին դէմ կ'ուզեն գործ սարքել, հաւանաբար հանգիստ չեն ձգեր նաեւ այս մարդը Ամերիկայի մէջ:

*

Երեսուն տարի է որ Նեթանիահու power-point-ով դասախօսութիւններ կու տայ աշխարհին, Իրանի` մօտալուտ կորիզային զէնք ունենալու անխուսափելիութեան մասին: "Վեց ամիս մնաց...մնաց երեք ամիս...յաջորդ տարի..." ` ամէն անգամ հնչեցնելով տարբեր ժամկէտներ, ըստ քաղաքական միջավայրի ջերմաստիճանին:

Քիչ առաջ Թրամփ միացաւ այս թեզին` այլ ժամկէտ մը նշելով. "Իրանին մնացած էր երկու շաբաթ...."։ Ու թեզը պաշտպանեց, որպէս պատերազմի արդարացում:

Մէկդի կը թողում իրեն նախորդած ` ԱՄՆ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կեդրոնի տնօրէնին յայտարարութիւնը այսօր, ուր կ'ըսուէր, որ Իրան սպառնալիք մը չէր ներկայացներ ԱՄՆ-ի համար, որպէսզի անոր դէմ պատերազմ սկսուէր: Հաշուենք, որ անգամ կորիզային զէնք ունենալու պարագային, այդ մարդը հաւատացած էր որ Իրան սպառնալիք չէր ներկայացներ, կամ որ թերագնահատած էր վտանգը։ Հաշուենք այդպէս ու անցնինք առաջ -

Իրան չէր կրնար ունենալ կորիզային զէնք եւ չէր կրնար պատրաստուիլ` ունենալու, որովհետեւ երկրի հոգեւոր առաջնորդը` նոյնինքն Ալի Խամենէին, պետութեան արգիլած էր զարգացնել, ձեռք բերել կամ օգտագործել կորիզային զէնք` կրօնական "ֆաթուայով" մը. իսկ ֆաթուան կը համարուի սրբօրէն գործադրելի "հրաման" մը իսլամական աւանդութեան համաձայն։ Խամենէի ֆաթուան գաղտնի հրաման մը չէր. անիկա պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ 2003-ին, յաչս եւ ի լուր ամբողջ աշխարհին։ 

Եկէք մտածենք ուրեմն` ինչու՞ ԱՄՆ սպանեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդը, եւ այսօր, նախագահ Թրամփի բերնով, կ'ուզէ արդարացնել այդ երկրին դէմ պատերազմը բանով մը, որ արգիլուած էր անոր ունենալ` նո՛յն առաջնորդին հրամանով...

Ինչպիսի՛ աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք , ուր թիւ մէկ պետութեան ղեկավարը կրնայ այսքան անբարոյ ըլլալ` խաղալով հարիւր միլիոնաւոր մարդոց կեանքին հետ ու թքած` բոլորին վրայ։

*

Արեւմտեան բազմաթիւ դիտորդներու համաձայն, իրանեան ամենաազդեցիկ ղեկավար Ալի Լարիճանիի սպանութիւնը իսրայէլեան բանակին կողմէ պիտի ծառայէ Իրանի դէմ պատերազմի աւելի երկար շարունակուելուն:

Սպանութեան նախորդած էին տեղեկութիւններ, թէ գաղտնի շփումներ տեղի կ'ունենան Իրանի եւ ԱՄՆ միջեւ` պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ: 

Թող Թրամփ դեռ գանգատի` թէ Իրանի մէջ յայտնի չէ, թէ ով ով է` որպէսզի կարենայ հետը բանակցիլ...


18 Մարտ

Կարծեմ` միակ նախկին նախագահը որ կուզէ խօսիլ Թրամփի հետ` Թրամփն է:

*

Ես դէմ եմ Իրանի կրօնապետական, ֆաշիստական ռեժիմին ԵՒ ԱՄՆ ու Իսրայէլի յարձակումներուն։

Դէմ եմ այն ռեժիմին, որ կանոնաւորապէս կը ճնշէ կիները եւ այլախոհութիւնը։ Կը բանտարկէ, կը խոշտանգէ եւ կը սպանէ կին մը, Մահսա Ամինիի պէս, հիժապը անպարկեշտ կերպով հագած ըլլալուն համար։ Դէմ եմ այն ռեժիմին, որ բռնութեամբ կը ճնշէ քաղաքացիներուն բողոքը՝ սպանելով հազարներ փողոցներու մէջ։

Համամիտ եմ Ժիժեքին հետ՝ եթե այս ռեժիմը տապալի այս պատերազմին «շնորհիւ», այդ «փոփոխութիւնը» եղած պիտի ըլլայ ճակատագրականօրէն սխալ ճանապարհով: Եթէ միա՛յն միջազգային իրաւունքի ընդամէնը մէ՛կ չափանիշով մօտենանք պատերազմին՝ ապա անիկա ի սպառ կը ջնջէ պետութիւններու ինքնիշխանութեան գաղափարը՝ որպէս աշխարհի կայունութեան գործօն։ 

Իրանի ռեժիմին եւ Թրամփի ԱՄՆ-ին միջեւ ընտրութիւնը շինծու է . երկուքն ալ կը պատկանին նոյն դասին՝ շահագործողական, անբարոյ եւ վայրենի։

Թրամփ Մարտ 6-ին CNN-ի հետ զրոյցին ատեն ըսաւ, որ Իրանի ղեկավարությունը «չեզոքացուած է», եւ որ ինք կը փնտրէ նոր ղեկավարութիւն մը, որ լաւ կը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին, «նոյնիսկ եթէ նորը դարձեալ կրօնական առաջնորդ է, իսկ պետութիւնը՝ ժողովրդավարական պետութիւն չէ..»։ Այսքանը բաւարար է հասկնալու համար թէ Ամերիկայի համար ինչքան առաջնահերթ կամ էական է ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը Իրանի մէջ, եւ թէ ինչքան լուրջ է անոնց պաշտպանութիւնը որպէս պատերազմի արդարացում ներկայացնելը։ 

*

ԱՄՆ նախագահ Թրամփ այսօր կրկին արտայայտուեցաւ Իրանի քարիւղի մթերանոցները եւ քարիւղի արտադրութեան համակարգերը չվնասելու կարեւորութեան մասին:

Առաջին անգամ այս խնդիրը ծագեցաւ, երբ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց կարեւոր նշանակութեան մթերանոցներ Թեհրանի մօտ: Թրամփ անմիջապէս արձագանգեց. բնաւ չէր հաւնած այդ բանը, եւ յայտնապէս, պատահածը չէր համապատասխաներ պատերազմի ամերիկեան "նպատակներուն": Միտք բանին այն էր, որ այդ քարիւղը "մերն" է, պէտք չէ փչացնել: Այսինքն, անգամ մը եւս երեւան եկաւ իր օգտապաշտական նկարագիրը: Ան ցոյց տուաւ խոր մտահոգութիւն եւ ափսոսանք` կապուած քարիւղին հետ...սակայն մէկը չլսեցիժ ափսոսանքի կամ ցաւի արտայայտութիւն մը Թրամփէն` կապուած մահուան հետ իրանցի մանկահասակ 180 աշակերտներուն, որոնք սպանուեցան իրենց դպրոցին մէջ, ամերիկեան հրթիռի մը պայթիւնով, պատերազմի առաջին օրը, սխալմամբ` ըստ ամերիկեան բանակի եզրակացութեան: Ոչ մէկ բառ....

Մանկահասակներու նկատմամբ նախագահ Թրամփի բռնութիւնը կամ անոնց տառապանքին հանդէպ անտարբերութիւնը հաւանաբար կու գայ շատ հինէն` Ճեֆրի Էփսթինի հետ ընկերութեան օրերէն:

20 Մարտ

Ամերիկեան կառավարութիւնը 17 Մարտին գրանցեց aliens.gov կայքէջը:

Կը կարծուի, որ կայքէջը պիտի ծառայէ հանրայնացնելու մինչ այժմ գաղտնի պահուած կառավարական փաստաթուղթերը այլմոլորակայիններու մասին: 

․gov հասցէներ գրանցելու մենաշնորհը կը պատկանի կառավարութեան: Բոլոր հասցէները, որոնք կ'աւարտին .gov-ով` կը պատկանին կառավարութեան: 

Կայքէջը տակաւին չի գործեր, բայց միլիոնաւորներ արդէն անհամբեր կը սպասեն....

Իսրայէլ/ամերիկ- իրանեան պատերազմի այս օրերուն, երբ սուր խնդիրներ սկսած են գլուխ բարձրացնել Թրամփի վարչակազմին համար զանազան հարթութիւններու վրայ, կը կարծեմ, որ Թրամփի կառավարութեան համար խիստ կարեւոր են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք ատակ են հանրութեան հրամցնելու sensation-ներ` պատերազմի եւ քաղաքականութեան լուրերէն հեռու: Չէ՞ք կարծեր: Նպատակներէն մէկն ալ նաեւ «գողնալն» է կարեւոր մաս մը հանրային հետաքրքրութեան՝ հանդէպ «Էփսթինի ֆայլերու» լուրերուն, որոնք հետզհետէ աւելի յստակութեամբ կը խօսին Թրամփի յանցագործութիւններուն մասին (մանկապղծութիւն եւ այլն) ։


Վարդան Թաշճեան

Պէյրութ, Լիբանան
















Comments

Ամենաընթերցուածք

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը