Լիբանան՝ Կրակներու Մէջ Դարձեալ
Գրառումներ՝ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Աղմուկին Տակ
27 Փետրուար․
Բանակցութիւններու յանկարծակի դադրեցումով՝ այսօր Իրան եւ ԱՄՆ մեծ քայլով մը հեռացան պալիսթիք հրթիռներու եւ հիւլէական ծրագիրներու շուրջ համաձայնութեան մը գալու` խնդրի խաղաղ կարգաւորման տարբերակէն: Աստուած պահէ զաշխարհ եւ արդարները` անոր մէջ: Ամէն:
28 Փետրուար․
Ցաւօք, երէկուայ վատ կանխազգացումս այսօր իրականացաւ: Շատ բան ցոյց կու տար որ Իսրայէլ-ամերիկեան յարձակումը Իրանի վրայ մօտալուտ է: Եւ Ամերիկայի ներքին քաղաքական խնդիրներուն ազդեցութիւնը Թրամփի որոշումին վրայ` դարձաւ աւելի ակնյայտ: Ամերիկայի մէջ յաղթեց "պատերազմի կուսակցութիւնը": Թերեւս զայն կարելի է կոչել նաեւ Էփսթինի կուսակցութիւն:
2 Մարտ․
Լիբանանի կառավարութիւնը քիչ առաջ յայտարարեց, որ Հըզպոլլայի` անվտանգային բնոյթի եւ զինուորական բոլոր տեսակի գործողութիւնները կը դասուին օրէնքէ դուրս եւ ենթակայ են օրինական հետապնդումի:
Յայտարարութեան նշանակութիւնը հասկնալու համար` պէտք է նկատի առնել, որ մինչեւ քանի մը տարի առաջ, եւ քանի մը տասնեամեակներէ իր վեր, լիբանանեան իրարայաջորդ եւ տարբեր կառավարութիւններու հռչակագիրներով, Լիբանանեան Դիմադրութիւնը (յանձին Հըզպոլլայի) ընդունուած էր որպէս "լիբանանեան ուժային դոկտրինի" պաշտօնական բաղադրիչ` "Ժողովուրդ-Բանակ-Դիմադրութիւն Միասնութեան" բանաձեւով:
Լիբանան պաշտօնապէս կը գտնուի 180° շրջադարձային իրավիճակ մուտքի դրան մէջ:
․․․․
Զանազան գործօններու հետ միասին, Լիբանանի մէջ քաղաքական շիիականութեան ազդեցութիւնը տասնեամեակներէ իր վեր խարսխուած էր երկու մեծ կազմակերպութիւններու` Հըզպոլլայի եւ Ամալ շարժումի համակեցութեան եւ համադրութեան վրայ: "Շիիական երկմիասնութիւնը" հանդէս կու գար ու կը գործէր գրեթէ միակարծիք` ներքին թէ արտաքին գրեթէ բոլոր կարեւոր խնդիրներուն մէջ։ Ամալի առաջնորդ, խորհրդարանի երկարամեայ նախագահ Ն. Պըրրի կը կատարէր զոյգի ներկայացուցիչի եւ/կամ բանբերի եւ/կամ միջնորդի դերը` Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
Քիչ առաջ շրջան ըրին լուրեր, որ Պըրրի կը պատրաստուի յետս կոչել Հըզպոլլայի վայելած քաղաքական հովանին` իր կողմէ:
Եթէ նման բան պատահի, Լիբանանի մէջ իրավիճակի փոփոխութիւնը կրնայ ինքզինք զգացնել շատ աւելի արագ, քան կրնար նախատեսել Լիբանանեան կառավարութեան առտուայ յայտարարութիւնը` Հըզպոլայի զինուած գործունէութիւնը օրէնքէ դուրս հռչակելու մասին:
Աստուած պահապան` արդարներուն:
․․․․
Կը սպասուի բուռն գիշեր մը․․․Իսրայէլ յայտարարեց ռմբակոծման թիրախները. 30-է աւելի բնակավայրեր Հարաւի մէջ ու բազմաթիւ շէնք-շինութիւններ մայրաքաղաքի հարաւային արուարձաններուն մէջ: Թիրախներու շարքին է Մանար TVկայանի շէնքը:
Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հեռացած են իրենց տուներէն:
3 Մարտ․
Ամերիկայի մէջ անցած շաբթուայ աշխատանքային վերջին օրերուն, սակարանային գործառնութեանց հարթակներուն վրայ կրկնուեցաւ այն, ինչ որ պատահած էր առցանց խաղադրոյքներու հարթակներուն վրայ` Վենեզուելլայի նախագահ Մատուրոյի առեւանգման ժամանակ.
Իրանի վրայ յարձակումէն քիչ առաջ, ամերիկեան սակարաններուն մէջ արձանագրուեցան բաժնետոմսերու խիստ կասկածելի առքուվաճառքի մեծ գործողութիւններ. արդիւնքով, ինչ որ մարդիկ շահեցան տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ` ընկերութիւններու բաժնետոմսերու արժէքին մէջ մեծ փոփոխութիւններուն բերումով` յայտնապէս` քիչ ետք սկսած պատերազմին ազդեցութեան տակ:
Ամերիկեան ոստիկանութիւնը հիմա քննութիւն բացած է հաւանական յանցագործ ցանցերու գոյութեան մասին. Կ՛ենթադրուի, որ կան մարդիկ, որոնք կը հետեւին քոնկրեսմէներու առքուվաճառքի գործողութիւններուն, կը կրկնօրինակեն այդ գործողութիւնները (կը գնեն կամ կը ծախեն` ինչպէս քոնկրէսի անդամները), ու...կը շահին:
Միամիտ խելքս կ՛ըսէ` փոխանակ տակաւին չստուգուած ցանցերու ետեւէն ինալու, ոստիկանութիւնը ինչու՞ ուղղակի չ՛այցելեր քոնկրէսականներուն, հարցնելու համար` «սըր, ինչու հենց ա'յս պահուն գնեցիր կամ ծախեցիր այսինչ կամ այնինչ ընկերութեան բաժնետոմսերդ: Արդեօք բան մը չէի՞ր գիտեր, օրինակ, պատերազմի սկսելուն եւ ե՛րբ սկսելուն մասին»։
5 Մարտ․
Այս պահուս, ամբողջ բնակչութիւնը կը տարհանուի Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն եւ մօտակայ շրջաններէն։ Խօսքը հարիւր հազարաւոր մարդոց մասին է, որոնք, բացի փոքր մասէ մը, չունին պատսպարուելու տեղ։ Տարհանումը սկսաւ իսրայէլեան բանակի տարածած սպառնալիքէն ետք, այն մասին, որ յարձակումներ պիտի կատարէ այդ ամբողջ տարածքին մէջ։ Պէյրութի փողոցները արդէն իսկ լեցուած էին Հարաւէն տարհանուածներով, քանզի այսօրուան սպառնալիքին նախորդած էր սպառնալիքը` Լիթանի գետէն հարաւ ինկած ամբողջ տարածքին վերաբերեալ: Կը տիրէ ինքնաշարժներու համատարած խճողում բոլոր առաջնային եւ երկրորդական երթուղիներուն վրայ: Շատեր կը հեռանան հետիոտն:
․․․․
Շատերու նախատեսութեամբ, կը սպասուի, որ Իսրայէլ շուտով Լիբանանի մէջ սկսի զինուորական գործողութիւն մը, որ ըլլայ մեծագոյնը` 1982-էն ի վեր։
Ըստ էութեան, հրէական պետութիւնը կը նպատակադրէ նախատեսուող գործողութեամբ հիմնովին փոխել ուժերու եւ ազդեցութեանց պատկերը երկրին մէջ, եւ չբաւարարուիլ իր ապահովութեան վերաբերող անմիջական արդիւնքներով։
Այսինքն, հնարաւոր է որ արդէն կը գտնուինք Նոր Միջին Արեւելքի կազմաւորման գործընթացին մէջ` մեր մասով:
Հայոց պարագային, նման գործընթացներ նախ եւ առաջ նշանաւորուած են արտագաղթի արագացումով. 20րդ դարուն մէջ` սկսած 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք բռնի տեղահանութեամբ, ու շարունակուած` Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Սուրիոյ հայկական համայնքներու անկումով:
6 Մարտ․
Լիբանան. մինչ այս պահը, իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով զոհուեցան 127 քաղաքայիններ, վիրաւորուած է մօտ 700 մարդ:
7 Մարտ․
Լիբանան. պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, առ այս պահը, իսրայէլեան յարձակումներուն զոհ գացած են 294 քաղաքացիներ, վիրաւորուած են 1023 քաղաքացիներ (համեմատութեան համար` Իրանի մէջ քաղաքային զոհերը կը հաշուեն մօտ 1180 մարդ): Պետական մարմիններուն մօտ արձանագրուած են աւելի քան 120 հազար տեղահանուածներ. իրական թիւը շատ աւելին է:
Իսրայէլեան բանակը սպառնաց այս գիշեր կրկին ծանրօրէն ռմբակոծել Պէյրութի հարաւային արուարձանները:
8 Մարտ
Վերջին 24 ժամուան ընթացքին 100 անզէն մարդ զոհուեցաւ:
9 Մարտ
Այն, որ Ծոցի շրջանային պատերազմի աւարտէն ետք Լիբանան կրնայ մուտք գործել նոր-քաոսային իրավիճակ` քիչերուն համար միայն կասկածելի է: Մեծամասնութիւնս խիստ յոռետես ենք վաղուայ օրուան վրայ. "Կառուցողական քաոսի" տեսութիւնը նկատի չ'առներ, թէ ով եւ ինչքան կը վնասէ սովորական մարդոցմէ "գործընթացի" մը մէջ, ուր աւերը, մահը եւ տնտեսական-ընկերային ու այլ կարգի բոլոր դժուարութիւնները երաշխաւորուած են, իսկ կառուցումը` միայն խոստացուած:
10 Մարտ
UNHCR-ի տուեալներով, ներկայիս մօտ 700 հազար լիբանանցիներ տեղահանուած են իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով եւ պատսպարուած են տարբեր վայրերու մէջ: Պատսպարումի պայմանները շատ խառն են. մինչ ոմանք տեղաւորուած են դպրոցներու կամ վարձով տուներու մէջ, անդին, օրինակ, Պէյրութի Ռամլեթպայտա ծովեզերեայ շրջանին մէջ հազարաւորներ կը գիշերեն վրաններու տակ:
11 Մարտ
"Տեղահանուածներու խնդիրը" դանդաղ աշխատող ռումբ է լիբանանեան բազմախնդրահիւս ընկերութեան եւ քաղաքականութեան բարձին տակ: Արդէն արձանագրուած են բազմաթիւ տհաճ եւ սպառնալի պատահարներ տեղահանուածներուն եւ տեղահանընկալ շրջաններու բնակիչներու միջեւ:
․․․․
Իրան-ԱՄՆ այս պատրազմը պատմութիւն պիտի մտնէ որպէս "Էփսթինի պատերազմ"։
․․․․
Առ 11 Մարտ 2026, իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով Լիբանանի մէջ զոհուած են 570 քաղաքային մարդիկ, որոնց մէջ մօտ 100 մանուկներ: 700 հազար մարդ հեռացած է բնակավայրերէն։ Աւերածութիւնները շատ մեծ են Պէյրութի, Հարաւի եւ Պեքայի մէջ:
․․․․
Թրամփի համար պատերազմը դադրեցնելը հաշուելու խնդիր է. հաշուելու` թէ իր ego-ն մինչեւ որ կէտը կրնայ դիմանալ ձախողութիւններու ցաւին: "Ելքը` Պատերազմէն" պիտի որոշուի այդպէ՜ս, թէեւ "յաղթանակի" մասին հռչակագիրը կը գրուի այլ բառերով: Ուաշինկթընի աղբիւրներուն համաձայն, Սպիտակ տան գրիչները արդէն իսկ սկսած են աշխատիլ շարադրութեան վրայ։ Թերեւս մէկ բան կը պակսի աւարտելու համար - B-52H ռմբարկոծիչին գործարկու՞մը Իրանի վրայ։
․․․․
Այս պահուն տեղի կ'ունենան անցած օրերուն համեմատ աննախընթաց մեծութեան փոխադարձ հրթիռակոծումներ Հըզպոլլայի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ: Հըզպոլլա մէկ համազարկով արձակեց 100 հրթիռներ դէպի հիւսիսային Իսրայէլ: Նոյն պահուն տեղի ունեցաւ մեծ յարձակում` Իրանէն:
․․․․
Իրան եւ Հըզպոլլա կատարեցին պատերազմին մէջ առաջին համակարգուած հրթիռակոծումը դէպի Իսրայէլ:
Գիշերը եւ յառաջիկայ օրերուն պէտք է սպասել escalation. Իսրայէլի ցամաքային լայնածաւալ ներխուժումը կը թուի ըլլալ մօտալուտ:
12 Մարտ
Բժշկական անձնակազմի 15 աշխատակիցներ սպանուեցան իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով անցած 10 օրուան ընթացքին Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ: 45 ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Իսրայէլեան օդուժը բազմիցս կրկնակի ռմբակոծեց միեւնոյն թիրախները կարճ ժամանակի տարբերութեամբ, պատճառ դառնալով, որ զոհուին օգնութեան փութացած քաղաքացիներ եւ Կարմիր Խաչի կամաւորներ:
․․․․
- իսրայէլեան սպառնալիքի տակ նոր տարհանումներ` Զահրանի գետի հարաւէն դէպի Սայտա եւ աւելի Հիւսիս:
- Ռմբակոծումներ սկսան Պէյրութի կեդրոնին շուրջ (Պաշուրա, Ռինկ, Զոքաք Պլաթ...)
- Բազմաթիւ ծանր յարձակումներ Պեքայի եւ Հարաւի մէջ:
- Ռազմական օդանաւերու ցած թռիչքներ Պէյրութի եւ շրջակայ բնակավայրերուն վերեւ:
- բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:
․․․․
Իրանի դէմ յարձակումին առաջին օրը 175 մանուկներ սպանուեցան իրանեան աղջկանց դպրոցի մը վրայ ինկած մեծ հրթիռի մը պատճառով:
ԱՄՆ նախագահ Թրամփ երկու օր ետք մեղքը բարդեց իրանեան բանակին վրայ. "դիտմամբ ըրին", ըսաւ ան: Առանց հասկնալու ըսածին անհեթեթութիւնը, աւելցուց - "իրանցիք եւս թոմահոք հրթիռներ ունին":
Երէկ ԱՄՆ բանակը ընդունեց սեփական մեղքը, հաղորդելով, որ "սխալմամբ" (իրենց բառն է) ռմբակոծած է դպրոցը, զայն շփոթելով զինուորական կեդրոնի մը հետ:
Անշուշտ, սա Թրամփի առաջին սուտը չէ: Յաջորդող օրերուն կը բացայայտուին այլ սուտեր: Միեւնոյնն է` բացայայտումները չեն կրնար վերադարձնել կեանքը 175 մանուկներուն եւ ոչ ալ մեղմել անոնց ծնողներուն ցաւը: Սակայն ինչու Ամերիկան զերծ պիտի մնայ պատասխանատուութիւն կրելէ այս ոճիրին համար: Երկրորդ հարցս - երբեւէ լսած կա՞ք որ իրանեան բանակը մանուկ մը սպանած ըլլայ Ամերիկայի կամ Եւրոպայի մէջ կամ որեւէ այլ տեղ։ Այ՛ս ալ նկատի ունեցէք երկու ռեժիմներու համեմատութեան մէջ։
13 Մարտ․
Նոր հարցախոյզ. Ամերիկացի հնարաւոր քուէարկողներու մեծ մասը կը խորհի, որ Թրամփ Իրանի հետ պատերազմ սկսաւ ծածկելու համար Էփսթայնի սքանտալը:
․․․․
«Հարցում - Ինչու Թրամփ գնաց պատերազմի` երբ տկար է ներքին գետնի վրայ:
Պատասխան.- Ճիշդ անոր համար` որ տկար է ներքին գետնի վրայ:»

Comments
Post a Comment