«Լեզուն՝ լինելութեան բնակարան».
Հայերէնի կրթութեան վերաիմաստաւորումը սփիւռքի մէջ
Արդի փիլիսոփայութեան մէջ լեզուն այլեւս չի դիտուիր միայն որպէս
հաղորդակցութեան միջոց։ Փոխարէնը, ինչպէս գերմանացի փիլիսոփայ Մարթին Հայտեկէր
յայտնած է իր անչափ յայտնի ձեւակերպումով՝ «լեզուն լինելութեան բնակարանն է»։
Այս մօտեցումը կը նշանակէ, որ մարդկային լինելութիւնը լեզուէն անկախ տեղի ունեցող
բան մը չէ, այլ լեզուին միջոցով է, որ աշխարհը կը բացայայտուի մեզի։
Աշխարհով
մէկ ցրուած հայկական սփիւռքի կրթական
համայնքներուն
համար այս փիլիսոփայական
ընկալումը ունի գոյաբանական կշիռ մը։ Անորմով, հայերէնը
կը դադրի պարզապէս շաբաթօրեայ դպրոցներու ընթացքին կամ նոյնիսկ
ամենօրեայ վարժարաններուն մէջ դասաւանդուող ընթացիկ առարկայ
մը ըլլալէն՝ ի միջի այլոց. ան կը դառնայ հայ
ինքնութեան հիմնական ճարտարապետութիւնը, «բնակարանը»՝
ուր կը բնակի՝ «կ՛ըլլայ» ազգի ոգին։
Հայտեկէրի
փիլիսոփայութիւնը կ՛ենթադրէ, որ մենք նախ չենք մտածեր, որպէսզի ապա
գտնենք բառեր՝ արտայայտուելու համար, այլ՝ մտածումը հնարաւոր կը դառնայ միայն
այն պատճառով, որ լեզուն կը բանայ հասկնալու հորիզոնը։ Մեկնելով այս միտքէն, սփիւռքի
հայկական դպրոցներուն դժուար մարտահրաւէրը ստեղծելն
է լեզուի ուսումնական ծրագիրներ, որոնց հիմնական նպատակը ըլլայ անցնիլ
զուտ գործիական գրագիտութենէն դէպի այս գոյաբանական բացայայտումը։ Երբ Լոս
Անճելըսի, Փարիզի կամ Պէյրութի մէջ գտնուող մանուկը կը սորվի հայոց այբուբենը, ան
պարզապէս լեզուական նոր կանոնակարգ մը ձեռք չի բերեր,
այլեւ կը բանայ պատուհան մը դէպի աշխարհը ընկալելու իւրօրինակ
ձեւ մը։
Եթէ
լեզուն այն վայրն է, ուր մենք «կ՛ըլլանք», ապա լեզուական աղքատութիւնը
լինելութեան աղքատութիւն մըն է։ Երբ դպրոցները չեն
յաջողիր տալ հայոց լեզուի խոր, հնչեղ տիրապետումը, ապա անոնք
պարզապէս չեն ձախողիր կրթական փորձի մը մէջ․ անոնք կը պատճառեն
«լինելութեան աղքատութիւն» մը յաջորդ սերունդին
համար։ Հետեւաբար, ժամանակակից հայկական ուսումնական ծրագիրին
առջեւ մարտահրաւէրն է՝ ապահովել, որ աշակերտը լեզուին
«տիրապետէ» ոչ միայն որպէս հաղորդակցութեան գործիք, այլեւ թոյլ տալ, որ ան բնակի եւ ըլլայ
անոր մէջ որպէս տուն,
ուր իր հայկական ինքնութիւնը կրնայ ծաղկիլ։ Նաեւ այսպէս
կրնանք ընկալել Մուշեղ Իշխանի յայտնի բանաստեղծական յայտարարութիւնը՝ «Հայ լեզուն տունն է հայուն»։
Հայտեկէր
զգուշացուց, որ արդի դարաշրջանին վտանգը կը գտնուի «լեզուի աղաւաղման» մէջ․ խօսքը
ոչ բառապաշարին, ոչ ալ քերականութեան կը վերաբերի։
Լեզուի աղաւաղումը զայն վերածելն է գործիական,
հաշուողական միջոցի մը, որ կը կորսնցնէ
ճշմարտութիւնը բացայայտելու իր ուժը։ Այդ վտանգը առկայ է
սփիւռքեան հայկական
կրթական միջավայրին մէջ, ուր կայ գայթակղութիւն մը պարզեցնելու հայկական
ուսումնական ծրագիրները մինչեւ զուտ գործիական
մակարդակ՝ դասաւանդելով միայն այնքան «գոյատեւումի»
կամ «պատուոյ» հայերէն մը,
որքան անհրաժեշտ է մայրերուն կամ հայրերուն հետ խօսելու կամ ամավերջի հանդէսներուն ելոյթներ ունենալու համար։ Սակայն հոգեբանական, ջղաբանական գիտութիւնները նոյնպէս
կը յուշեն, որ երբ լեզուն կը կորսնցնէ իր խորութիւնը, անձը կ՛օտարանայ ինքն
իրմէ եւ աշխարհէն։
Ասոր
հակազդելու համար, հայերէնի ամուր ուսումնական ծրագիր մը պէտք է դուրս
գայ «հաշուարկային» եւ «օգտապաշտական» շրջանակներէն։ Ան պէտք է ներառնէ
պատմութիւնը, դիցաբանութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը, որպէսզի լեզուն
բացայայտէ հայկական փորձառութեան իսկականութիւնը։ Ուսումնական ծրագիր մը պէտք է
նախագծուած ըլլայ այնպէս, որ լեզուն չընկալուի որպէս արտաքին բեռ մը,
այլ որպէս առաջնորդ դէպի ներքին համայնապատկեր մը, որուն
ուսումնասիրութեան կը հրաւիրուի ուսանողը։
Բազմաթիւ մասնագէտներ կը շեշտեն, որ բանաստեղծները լինելութեան տան ամենաճշմարիտ պահապաններն են,
որովհետեւ բանաստեղծական լեզուն կ՛ընէ աւելին, քան պարզ
նկարագրութիւնը.
ան կը բացայայտէ իրերը եւ կը վերականգնէ զանոնք իրենց նախնական ու խոր
էութեամբ։ Այս մօտեցումը ունի էական հետեւանքներ
հայերէնի դասագիրքերու մշակման համար։ Սփիւռքի մէջ դասագիրքերը պէտք չէ
ըլլան քերականական կանոններու եւ գործնական
երկխօսութիւններու չոր ժողովածուներ։ Անոնք պէտք է ներծծուած ըլլան հայերէնի բան-ա-ստեղծական
ուժով։
Աշակերտները ծանօթացնելով Նարեկացիի, Թումանեանի, Թէքէեանի
եւ ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւններուն՝ դասագիրքերը կ՛օգնեն հայոց
լեզուին «բացայայտելու» աշխարհը իր
ամենաիսկական ձեւով, «յաչս» լեզուն կրողներուն, այլ ոչ թէ «չնչին»
առօրեայ գործածութեամբ։ Նման թեքսթեր կը ծառայեն որպէս
կառուցուող «բնակարանի» հիմնաքարեր ուսանողի մտքին մէջ։
Հայ գրական աւանդոյթի գեղեցկութիւնն ու խորութիւնը նախընտրող դասագիրքը կ՛օգնէ
ուսանողին խուսափելու ժամանակակից դարաշրջանը բնորոշող «գործիական աղաւաղումէն»։
Յաջորդը՝ իրենց մասին մտածելու կու գան լեզուի դասաւանդման մեթոտները։
Եթէ
մենք «կ՛ըլլանք» լեզուին մէջ, ինչպէս կ՛ապրինք տան մէջ, ապա դասաւանդման մեթոտները
պէտք է հեռանան կոշտ ու մեքենական՝ «գոց» սորվելու կերպերէն
դէպի խորասուզում եւ խոր լսողութիւն։ Կրկին Հայտեկէրի բնորոշումով, մարդկային փորձը հասկնալու իւրաքանչիւր
փորձ՝ առանց լեզուի խոր լսողութեան, դատապարտուած է ձախողութեան։
Դասարանին
մէջ ուսուցիչները պէտք է ստեղծեն միջավայր մը, ուր աշակերտները լեզուն կ՛ընկալեն
որպէս կենսատարածք։ Ասիկա կը ներառնէ միջ-գործունեայ
մեթոտներ, որոնք կը խրախուսեն աշակերտները մտածել հայերէնով, այլ ոչ թէ միտքերը
թարգմանելու գերիշխող տեղական լեզուէն։ Դասարանը որպէս «լինելութեան բնակարանի»
միքրօմիջավայր դիտարկելով՝
մանկավարժները կրնան օգնել աշակերտներուն հասկնալու, որ լեզուն իրենց մտքերուն
«դիմակը»
չէ, այլ հենց այն դաշտը, ուր իրենց մտածողութիւնը հնարաւոր կը դառնայ։
Հայտեկէրի նման մտածողներուն տեսակէտը հսկայական պատասխանատուութիւն մը
կը դնէ հայերէնի ուսուցիչներու ուսերուն։ Եթէ լեզուն պահպանողը կը պահպանէ
լինելութիւնը, ապա հայ ուսուցիչը ազգի լինելութեան պահապանն է։ Ասիկա կը
պահանջէ, որ ուսուցիչին որակաւորումները շատ աւելի լայն ըլլան, քան
միայն լեզուական սահունութիւնը։
Հայերէնի ուսուցիչը մշակութային փիլիսոփայ է
եւ գրական ուղեցոյց։
Ան պէտք է գիտնայ, որ մանուկին բայեր սորվեցնելով՝
հնարաւորութիւն կու տայ անոր «գործելու» հայկական աշխարհին մէջ. գոյականներ
սորվելով՝ ան «կը
բացայայտէ» հայկական իրականութիւնը։ Հետեւաբար, որակաւորումները պէտք
է ներառնեն
հայ բանասիրութեան, պատմութեան եւ արուեստի խոր գիտելիքներ, որովհետեւ
ասոնք այն գործիքներն են, որոնք անհրաժեշտ են «բնակարանը»
պաշտպանելու
արհեստագիտութեան ներխուժումէն եւ գործա-հաշուողականութեան հետեւող աղաւաղումէն։
Սփիւռքի
հայկական դպրոցներուն համար առաքելութիւնը անչափ դժուար է։ Ինչպէս Հայտեկէր կ՛ըսէ՝
«ով որ կը պահէ լեզուն, կը պահէ լինելութիւնը.
եւ ով որ կ՛ապականէ զայն, կը քանդէ այն բնակարանը,
ուր բոլորս կ՛ապրինք»։
Հետեւաբար, հայ ծագումով մանուկներուն հայերէն
սորվեցնելը մշակութային հոպի մը կամ ժառանգութեան հանդէպ յարգանքի տուրք մը չէ.
անիկա աշխարհին մէջ գոյութեան եզակի ձեւի մը
պահպանումն է։
Հայերէնը
որպէս «լինելութեան բնակարան» դիտարկելով՝ դպրոցները կրնան գործադրել կրթութեան
աւելի ամբողջական, խոր մօտեցում մը։ «Օգտակար»
հասկացութիւնը չբացարձականացնող ուսումնական ծրագիրի մը,
բանաստեղծականը ընդունող դասագիրքերու եւ պահապաններու դերով հանդէս եկող
ուսուցիչներու միջոցով սփիւռքը կրնայ ապահովել, որ հայ «բնակարանը» մնայ
կենսունակ՝ բնակեցուած տարածք գալիք սերունդներուն համար։ Լեզուն կորսնցնելը
կը նշանակէ կորսնցնել հայու պէս մտածելու եւ գոյատեւելու կարողութիւնը, իսկ լեզուն
փրկելը կը նշանակէ փրկել լեզուն ստեղծած աշխարհը։
27 Յունուար 2026
Պէյրութ, Լիբանան
Հրատարակուած է Պայքար շաբաթաթերթին մէջ, 8 Փետրուար 2026

Comments
Post a Comment