Posts

Showing posts with the label հայերէն

«Լեզուն՝ լինելութեան բնակարան».

Image
  Հայերէնի կրթութեան վերաիմաստաւորումը սփիւռքի մէջ Արդի փիլիսոփայութեան մէջ լեզուն այլեւս չի դիտուիր միայն որպէս հաղորդակցութեան միջոց։ Փոխարէնը, ինչպէս գերմանացի փիլիսոփայ Մարթին Հայտեկէր յայտնած է իր անչափ յայտնի ձեւակերպումով՝ «լեզուն լինելութեան բնակարանն է» ։ Այս մօտեցումը կը նշանակէ, որ մարդկային լինելութիւնը լեզուէն անկախ տեղի ունեցող բան մը չէ, այլ լեզուին միջոցով է, որ աշխարհը կը բացայայտուի մեզի։ Աշխարհով մէկ ցրուած հայկական սփիւռքի կրթական համայնքներուն համար այս փիլիսոփայական ընկալումը ունի գոյաբանական կշիռ մը ։ Անորմով, հայերէնը կը դադրի պարզապէս շաբաթօրեայ դպրոցներու ընթացքին կամ նոյնիսկ ամենօրեայ վարժարաններուն մէջ դասաւանդուող ընթացիկ առարկայ մը ըլլալէն ՝ ի միջի այլոց . ան կը դառնայ հայ ինքնութեան հիմնական ճարտարապետութիւնը , « բնակարանը »՝ ուր կը բնակի ՝ «կ՛ըլլայ» ազգի ոգին։ Հայտեկէրի փիլիսոփայութիւնը կ՛ենթադրէ, որ մենք նախ չենք մտածեր, որպէսզի ապա գտնենք բառեր՝ արտայայտուելու համար, այլ՝ մտածումը հնարաւոր կը դառնայ միայն այն պատճառով, որ լեզուն կը բա...

Ծնողական մարտավարութիւններ` հայերէնի ուսուցման համար

Image
Ահաւասիկ տեսարան մը , որ տեղի կ՛ունենայ ու կը կրկնու ի հայ ընտանիքներու մէջ աշխարհի ամբողջ տարածքին . ծնողք կամ մեծ հայր ու մայրեր կը խօսին իրենց զաւկին կամ թոռան հետ մայրենի լեզուով ՝ հայերէն , զաւակները կամ թոռները կատարեալ կը հասկնան իւրաքանչիւր բառ, ապա , կը պատասխանեն՝ անջանադիր վստահութեամբ, անգլերէնով կամ այլ «մեծամասնական» լեզուով մը, ինչպէս են ֆրանսերէնը, արաբերէնը, սպաներէնը կամ ռուսերէնը՝ համապատասխան երկիրներուն կամ միջավայրերուն մէջ ։ Այս իրադրութիւնը կրնայ խոր հիասթափութեան եւ անհանգստութեան աղբիւր ըլլալ այն ծնողներուն համար, որոնք կը փորձեն փոխանցել իրենց ազգային ժառանգութեան մէկ մասը մեծցող սերունդին ։ Սակայն այս մարտահրաւէրը անձնական ձախողում մը չէ. անիկա համատարած եւ բարդ խնդիր մըն է ՝ Երեւանէն մինչեւ Մոսկուա եւ Նիւ Եորք։ Այս յօդուածով պիտի ներկայացնեմ Արեւմտեան կիսագունդէն հայ ծնողներու եւ երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներու միջեւ առցանց քննարկումէ մը ստացուած կարեւորագոյն եզրակացութիւնները, թէ ինչո՞ւ տեղի կ՛ ունենայ այդ եւ ի՞նչն է, որ իրականութեան մէջ կ րն...