Ծնողական մարտավարութիւններ` հայերէնի ուսուցման համար




Ահաւասիկ տեսարան մը, որ տեղի կ՛ունենայ ու կը կրկնուի հայ ընտանիքներու մէջ աշխարհի ամբողջ տարածքին. ծնողք կամ մեծ հայր ու մայրեր կը խօսին իրենց զաւկին կամ թոռան հետ մայրենի լեզուով՝ հայերէն, զաւակները կամ թոռները կատարեալ կը հասկնան իւրաքանչիւր բառ, ապա, կը պատասխանեն՝ անջանադիր վստահութեամբ, անգլերէնով կամ այլ «մեծամասնական» լեզուով մը, ինչպէս են ֆրանսերէնը, արաբերէնը, սպաներէնը կամ ռուսերէնը՝ համապատասխան երկիրներուն կամ միջավայրերուն մէջ։

Այս իրադրութիւնը կրնայ խոր հիասթափութեան եւ անհանգստութեան աղբիւր ըլլալ այն ծնողներուն համար, որոնք կը փորձեն փոխանցել իրենց ազգային ժառանգութեան մէկ մասը մեծցող սերունդին։ Սակայն այս մարտահրաւէրը անձնական ձախողում մը չէ. անիկա համատարած եւ բարդ խնդիր մըն է՝ Երեւանէն մինչեւ Մոսկուա եւ Նիւ Եորք։

Այս յօդուածով պիտի ներկայացնեմ Արեւմտեան կիսագունդէն հայ ծնողներու եւ երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներու միջեւ առցանց քննարկումէ մը ստացուած կարեւորագոյն եզրակացութիւնները, թէ ինչո՞ւ տեղի կ՛ունենայ այդ եւ ի՞նչն է, որ իրականութեան մէջ կրնայ գործնական ըլլալ՝ «կատարեալ» հայախօսութեան հասցնող ճանապարհ մը գտնելու մտադրութեան մէջ։

Քննարկումին ընթացքին ամենակրկնուած խորհուրդներէն մէկն այն էր, որ ծնողք պարզապէս հրաժարին պատասխանելէ, երբ զաւակը կը խօսի անգլերէն։ Տրամաբանութիւնը պարզ է. «ձեւացուցէք, թէ չէք հասկնար զիրենք․ ստեղծեցէք «անհրաժեշտութիւն»՝ հայերէնը գործածելու, եւ անոնք, ի վերջոյ, պիտի փոխեն լեզուն»։

Մինչ որոշ ծնողներ վստահեցուցին այս խիստ մեթոտի յաջող ըլլալը, քննարկումէն ի յայտ եղաւ զօրաւոր հակափաստարկ մը։ Բազմաթիւ մասնակիցներ զգուշացուցին, որ այս «կոշտ սիրոյ» մօտեցումը կրնայ մեծապէս հակառակ արդիւնքը տալ՝ վնասելով ծնող-զաւակ կապին, ստեղծելով խոր դժգոհութիւն եւ ստիպելով զաւակը լեզուն կապել անտեսուած ըլլալու կամ չլսուած ըլլալու բացասական զգացողութիւններու հետ։ Մինչ նշեալ մեթոտին նպատակը կամուրջ կառուցելն է, ռիսքը զայն ամբողջութեամբ այրելն է, դիտել տուին անոնք։ Հետեւաբար, թաքուն կուտակուող հոգեկան վնասին հնարաւորութիւնը կարեւոր գործօն մըն է, որ պէտք է կշռադատել։

Ելքերէն մէկը երիտասարդ մօր մը խորհուրդն էր, զոր կրնամ ձեւակերպել այսպէս․ «Լռութեան փոխարէն գործածեցէք խրախուսական վերահասցէաւորումը։ Երբ ձեր զաւակը կը պատասխանէ անգլերէնով, արձագանգեցէք մայրենիով եւ նրբութեամբ ըսէք անոր այն արտայայտութիւնը, որ անհրաժեշտ է։ Օրինակ՝ «Օh, you want water? Can you say: «մամա, ինծի ջուր կու տա՞ս, հաճիս»։ Սա կը պաշտպանէ հաղորդակցութիւնը՝ միաժամանակ «մատուցելով» թիրախային լեզուն՝ հայերէնը, պահպանելով կապը՝ առանց բախում ստեղծելու։

Երբ զաւակը անընդհատ լռութիւն կը պահպանէ հայերէնի «շուրջ», դիւրին է այդ լռութիւնը մեկնաբանել որպէս հետաքրքրութեան պակաս։ Սակայն աւելի նրբերանգային ճշմարտութիւնը այն է, որ զաւակներու լռութիւնը կրնայ բխիլ զօրաւոր հոգեբանական արգելքէ մը, որն է՝ սխալ թոյլ տալու վախը։

Երկրորդ սերունդի քանի մը ներկայացուցիչներ յիշեցին, որ խոր անհանգստութիւն եւ ինքնավստահութեան պակաս կը զգային հայերէնախօս միջավայրերուն մէջ։ Սա միայն քերականութեան չի վերաբերիր. օրինակ, մէկ աղջկայ համար, ատիկա «պակաս խելացի երեւալու» վախն էր։ Իրենց իմացական շնորհքներուն համար տեւաբար գովաբանուած զաւակները կրնան անհանգստանալ, որ իրենց ինքնութիւնը որպէս «խելացի զաւակ» վտանգի տակ է, երբ անոնք կը սայթաքին իրենց տկար հայերէնով։ Երբ զաւակները կը խառնեն քերականութեան եւ բառապաշարի կանոնները, անիկա կրնայ յանգիլ ուրիշներու կողմէ ծաղրուելուն եւ այդ լեզուէն խուսափելու ցանկութեան։

«Մի՛ ընդհատէք ձեր զաւակներուն նախադասութիւնները ուղղումներով եւ մի՛ դարձնէք զանոնք մեծ պատմութիւն։ Պարզապէս պատասխանեցէք եւ շարունակեցէք»․ սա ծնողի մը խորհուրդն էր։ «Ընդհատելու փոխարէն, կրնաք նրբութեամբ մոտելաւորել ճիշդ ձեւակերպումը ձեր սեփական պատասխանին մէջ»։ Սա դարձեալ կը պաշտպանէ հաղորդակցութիւնը եւ կը զօրացնէ վստահութիւնը։

Ամենաուսանելի միտքերէն մէկը արտայայտուեցաւ երկրորդ սերունդի քանի մը ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք նշեցին կարեւոր տարբերութիւն մը, զոր ծնողները յաճախ կ'անտեսեն. լսելը եւ հասկնալը կրաւորական հմտութիւններ են, մինչդեռ խօսիլն ու գրելը՝ ներգործական։ Պարզուեցաւ, որ հայերէն սորվողներէն շատերը կրնան կարդալ տակաւին շատ աւելի շուտ, քան կրնան տարրական խօսակցութիւն մը վարել։

Զաւակ մը կրնայ կատարելապէս հասկնալ, թէ ի՛նչ կ'ըսուի իրեն հայերէնով, բայց ան կրնայ բառացիօրէն անկարող ըլլալ նախադասութիւններ կազմել ինքնուրոյն։ Պատանի մը նոյնիսկ վկայեց. «ես կը հասկնայի հայերէն, բայց չէի կրնար ըսել նոյնիսկ տարրական բաներ, ինչպէս՝ «ի՞նչպէս ես» կամ «այո», «ոչ», «երէկ»։ Պարզուեցաւ, որ խնդիրը կամքի պակասը չէր, այլ ներգործուն վարժութեան պակասը։

Ի՞նչ ընել․ «Օրական 10 վայրկեան վերաբերեցէք ձեր զաւակին որպէս նուիրուած հայերէն սորվողի մը։ Անոր հետ պարզապէս խօսելու փոխարէն, ներգործուն եղանակով մարզեցէք զիրենք, բացատրելով նախադասութիւններու հիմնական եւ ամենատարրական կառուցուածքները։ Գործածեցէք ֆլէշ-քարթեր բառապաշարի համար կամ խաղացէք զանազան լեզուական խաղեր՝ ներգործուն յիշողութեան զարգացման համար»։ Ասոնք վարժութիւններ են, որոնք կը բնութագրուին «ցած ճնշումով»։

Մինչ «կոշտ սիրոյ» մօտեցումը կը վտանգէ ծնող-զաւակ անմիջական կապը, ուժի աւելի երկարատեւ եւ մեծ չափաբաժիններով արշաւը կը կրէ աւելի մեծ եւ երկարաժամկէտ ռիսք՝ ստիպելով զաւակ մը ընդմիշտ մերժելու մշակոյթն ու լեզուն։

Քննարկումին մասնակիցներէն մէկը պատմեց իր բարեկամին մասին, որ մանկութենէն պարտադրուած ըլլալով խօսիլ հայերէն, հիմա՝ 30-ը անցնելէն ետք, «կարմիր կը տեսնէ»՝ նոյնիսկ անցողակի լսելով հայերէնը։ Սա ծայրայեղ հակառակ ազդեցութիւնն է ծնողական ջանքին․ մշակոյթը պահպանելու փորձին մէջ՝ ծնողները կրնան պատնէշներ կառուցել, երբեմն՝ ընդմիշտ։

Հետեւաբար, պէտք է կեդրոնանալ հրաւէրի, այլ ոչ թէ պարտաւորութեան վրայ։ Մշակութային գործունէութիւնն ու լեզուի գործածութիւնը պէտք է  դիտարկել որպէս հնարաւորութիւններ, այլ ոչ թէ որպէս պարտականութիւններ։ Եթէ զաւակները կը դիմադրեն, ծնողները կրնան կատարել «մարտավարական նահանջ» եւ աւելի ուշ փորձել այլ, աւելի «ցած ճնշման» մօտեցում մը։ Նպատակը դուռը բաց պահելն է, այլ ոչ թէ անձը անոր մէջէն ներս հրելը։

Վերջապէս հասանք ամենաթնճուկային կէտին․կարելի՞ է արդեօք հայերէնը սորվիլ արդիականութեան «ապրումով» մը եւ ներկայացնել զայն որպէս կարիք՝ զաւակին տեսանկիւնէն։ Կարելի՞ է լեզուն դարձնել համապատասխան եւ անհրաժեշտ՝ զաւակի աշխարհին մէջ։ Տեսականօրէն, հաւանաբար սա ամենահիմնական խնդիրն է, որովհետեւ որեւէ բան սորվելու մղումը պէտք է բխի սորվողի սեփական կեանքէն, այլ ոչ թէ միայն երկրորդ-երրորդ անձերու, ներառեալ՝ ծնողներու, ցանկութենէն։ Քննարկումը ընդգծեց ասոր հասնելու երկու հիմնական եղանակ։

1․Կար գերակշռող այն կարծիքը, որ ամենաարդիւնաւէտ մեթոտը զաւակներու հայերէն սորվեցնելու՝ զգալի ժամանակ անցընելն է, օրինակ, ամառնային արձակուրդներուն, Հայաստանի մէջ, բանակում-ճամբարներու դրութեան օգտագործումով՝ ներառեալ։ Սա հայերէն սորվողին համար կը ստեղծէ բնական, անհերքելի կարիք՝ աքթիվօրէն գործածելու իր կրաւորական գիտելիքները՝ ընկերներ ձեռք բերելու կամ պարզապէս պաղպաղակ ապսպրելու համար։

2․ Ինչպէս նշեց լեզուի ուսուցման մէջ մասնագիտացած ուսուցիչ մը, պատանիները հիմնականին մէջ կը խանդավառուին  «իմաստալից, հաճելիութեան վրայ հիմնուած հասակակիցներու հետ գործողութիւններով»։ Այսինքն, պէտք է մեր հայերէն սորվող զաւակները կապենք իրենց տարիքի եւ հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հայորդիներու հետ, որոնք կը խօսին հայերէն։ Սա կրնայ կատարուիլ առցանց նամակագրութեամբ, վիտէօ-խաղերով եւ այլն։ «Երբ հայերէն խօսիլը կը դառնայ բարեկամութեան եւ զուարճանքի բանալի, motivation-ը կը դառնայ ներքին եւ զօրեղ․անիկա շատ աւելի ազդեցիկ է, քան ծնողի մը սահմանած որեւէ կանոն»։

Ծնողներու կողմէ հայերէնի «ժառանգատուութեան» կեդրոնական լարուածութիւնը արդիւնք սպասելու եւ զաւակին հետ կապը պահպանելու միջեւ է։ Ժառանգատուութեան նպատակը տան մէջ հայերէն խօսելու շուրջ պայքարին մէջ յաղթելը չէ։ Այն զաւակին նուէր տալն է։ Կը խորհիմ, որ ամենայաջող մօտեցումները կը կեդրոնանան դրական ազդեցութեան եւ հնարաւորութիւններու ստեղծման վրայ, այլ ոչ թէ կոշտ կանոններ պարտադրելուն վրայ, որոնք կրնան ընդմիշտ փակել դռները։

Այլ բան ի՞նչ կարելի է ընել, եթէ նպատակը ձեր զաւկին անմիջապէս սահուն հայերէն խօսիլը չէ, այլ լեզուին եւ մշակոյթին դռները լայն բաց պահելը, որպէսզի անոնց միջով անցնի, երբ պատրաստ ըլլայ։

Պայքար շաբաթաթերթ, 18 Յունուար 2026, Պէյրութ - Պոսթոն

Comments

Ամենաընթերցուածք

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը