Հոկտեմբեր 7. Կանխամտածուած Անտեսումէն Մինչեւ Ցեղասպանութիւն
Ամէն անգամ, երբ համաշխարհային քաղաքականութիւնն ու լրատուամիջոցները կը վերադառնան Իսրայէլի մէջ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-ի իրադարձութիւններուն, պաշտօնական ու քարոզչական մեքենաները համատեղ կերպով կը լարուին նոյն պարզունակ, կիսատ ու կեղծ վարկածը տարածելու համար։ Մարդոցմէ կը պահանջուի հաւատալ, թէ պատմութիւնը սկսաւ եւ աւարտեցաւ այդ մէկ օրով, երբ «անհիմն ու անսպասելի բռնութեան» ալիք մը յանկարծակիի բերաւ անմեղ, խաղաղասէր ու անպաշտպան պետութիւն մը։ Այս պաշտօնական պատումի կողմնակիցները մեծ ջանք եր կը թափեն արգիլելու կամ արժեզրկելու համար որեւէ հայեացք դէպի այն, ինչ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 7-էն առաջ, ինչպէս նաեւ կը մերժեն որեւէ խորքային ու իրատեսական վերլուծութիւն այն ամէն ինչին, որ պատահեցաւ այդ թուականէն ետք։ Սակայն ճշմարտութիւնը վերականգնելու եւ քաղաքական իրականութիւնը հասկնալու համար անհրաժեշտ է ընդունիլ անժխտելի պատմական կանխադրոյթ մը. Հոկտեմբեր 7-էն առաջ տեղի ունեցած ամէն ինչ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ պատահեցաւ այդ օրը, իսկ Հոկտեմբեր 7-էն ետք պատահած ամէն ինչ կը բացայայտէ իսրայէլեան կառավարութի...