Պէտք է դադրինք «մեքենայ աստուծոյ» հաւատալէն
Մենք կ՚ապրինք խոր հմայութեան ժամանակաշրջան մը, սակայն նորագոյն կախարդանքները, որոնք գրաւած են մարդոց մտքերը, խաբէութիւն ներ են՝ բոլոր աճպարարութիւններուն պէս։ Մեր գրպաններուն եւ գրասեղաններուն վրայ կան համակարգիչներ, անոնց ետին՝ տուեալներու շտեմարաններ եւ այլ գործիքներ, որոնք ճարտարօրէն կը ներկայացուին իբրեւ ինքնավար ու ամենակարող էութիւններ։ Քանի մը երկար տարի կ՛ընէ արդէն, որ կը վարժեցնեն մեզ «արհեստական բանականութեան» մասին խօսելու այնպէս, կարծես ան գոյութիւն ունենար, կամ ըլլար բան մը, որ ունի միտք, կամք եւ մարդոցմէ անկախ ճակատագիր։ Այս ընկալումը նախ եւ առաջ խաթարուած լեզուի մը արդիւնքն է եւ բառերու կամայական օգտագործումով ծնած ճարտարապետութեան մը արտայայտութիւնը ։ Ընտրելով գիտակցութիւն եւ ինքնիւրոյնութիւն ենթադրող բառեր՝ արհեստագիտական ընկերութիւնները գործիքը վերածած են կուռքի։ Անոնք մեքենական դրութիւններուն տուած են մարդկային յատկանիշներ եւ անոնց շուրջ ստեղծած են խորհրդաւորութեան մթնոլորտ մը ։ Այսօր միլիառաւոր մարդիկ կը շնչեն այդ մթնոլորտով, որ ծանր պիտի նստի բոլորի...