ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿԸ․ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ( մաս առաջին)
Իգնատիոս Մալոյեան․ երանացումէն սրբադասում
2025 թուականի Հոկտեմբեր 19-ին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, համայն կաթոլիկ աշխարհը եւ հայ ազգը պիտի դառնան ականատեսը հոգեւոր ու պատմական մեծ կարեւորութիւն ունեցող իրադարձութեան մը․ Երանելի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեան պիտի սրբադասուի որպէս համայն կաթոլիկ եկեղեցւոյ սուրբ։
Այս իրադարձութիւնը կ՚ամբողջացնէ հաւատքի մէջ խորապէս արմատաւորուած ճանապարհորդութիւն մը՝ կնքուած նահատակութեամբ ու սերունդներու նուիրումով, որոնք ականատեսը եղած են ժողովուրդի մը տառապանքին ու հովիւի մը սրբութեան, որ նախընտրեց մահը՝ Քրիստոսէն հրաժարուելու փոխարէն։
Երանացման ուղին
Մալոյեանի սրբութեան ուղին սկսաւ Եկեղեցւոյ կողմէ անոր նահատակութեան պաշտօնական ճանաչումով, իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ։
Ծնած՝ Մարտին, 1869-ին, աւազանի անունով՝ Շուքրալլա եւ ձեռնադրուած իբրեւ քահանա՝ Իգնատիոս անունով, Մալոյեան Մարտինի Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս կարգուեցաւ 1911-ին։ 1915 թուականի Յունիսին, Մեծ Եղեռնի մութ օրերուն, ան ձերբակալուեցաւ, խոշտանգուեցաւ ու մահապատիժի ենթարկուեցաւ Իթթիհատական իշխանութիւններուն կողմէ՝ երբ մերժեց իսլամութիւնը ընդունիլ եւ նախընտրեց հաւատարիմ մնալ Քրիստոսին ու իր հօտին։
Սրբադասման իր ճանապարհը հասաւ նոր բարձրութեան 2001 թուականի Հոկտեմբեր 7-ին, երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան քահանայապետը անոր մահը ճանչցաւ իբրեւ «in odium fidei»՝ «հաւատքին դէմ ատելութեամբ գործուած սպանութիւն», որմէ ետք զայն հռչակեց Երանելի։ Այս քայլը զինք պաշտօնապէս դասեց սրբադասման ճանապարհին վրայ։
Սրբադասման ընթացքը
Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, սրբադասումը կը ներառնէ երկու հիմնական հանգրուան՝ երանացում եւ ապա սրբադասում։ Երանացումը կը թոյլատրէ տեղական մակարդակի պաշտամունք, մինչ սրբադասումը կը հաստատէ համընդհանուր մեծարանք եւ անձը կը դասէ Եկեղեցւոյ սուրբերուն շարքին։
Սովորաբար, Վատիկան կը պահանջէ յետմահու պատահած հրաշք մը՝ իբրեւ հաստատում ենթակայ անձի սրբութեան եւ Աստուծոյ նախընտրութեան։ Սակայն, նահատակներու պարագային, այս պահանջը կրնայ չեղեալ համարուիլ Պապին կողմէ, քանի որ նահատակութիւնը ինքնին կը համարուի Քրիստոսի վկայութեան ամենաբարձր արտայայտութիւնը։
Մալոյեանի երանացումէն ետք, անոր նկատմամբ նուիրուածութիւնը աճեցաւ, յատկապէս հայերու եւ Միջին Արեւելքի կաթողիկէներու շրջանակին մէջ։ Անոր պատկերը զարդարեց եկեղեցիներու խորանները, անոր պատմութիւնը պատմուեցաւ պատարագներու, երիտասարդական հաւաքներու եւ աղօթքի խմբակներու ընթացքին ու դպրոցներու մէջ։ Ուխտաւորներ այցելեցին անոր յուշարձանը Լիբանանի Զըմմառ գիւղին մէջ, իսկ եկեղեցական ղեկավարներ կոչ ուղղեցին անոր լիարժէք սրբադասման։
Վատիկանի վաւերացումը
Թէեւ Վատիկանը պաշտօնապէս չէ հրապարակած այն բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնք առաջնորդեցին սրբադասման որոշումին, բազմաթիւ տուեալներ կը հաստատեն, որ Զըմմառի Հայ կաթողիկէ միաբանութեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ տարուած է հետեւողական աշխատանք այդ նպատակին համար․ Հռոմ ներկայացուած են բազմաթիւ դիմումներ ու տեղեկագիրներ, որոնք կը շեշտէին Մալոյեանի նահատակութիւնը եւ հաւատացեալներու կողմէ անոր պաշտամունքին աճը։
2024 թուականի վերջաւորութեան, Վատիկանի Սուրբերու գործերու ժողովը աւարտեց իր ուսումնասիրութիւնը, եւ Ֆրանցիսկոս Պապը հաստատեց սրբադասումը՝ առանց հրաշքի անհրաժեշտութեան, ինչ որ ընդունելի է նահատակներու պարագային։ Այս որոշումը կ՚արտացոլացնէ ոչ միայն Մալոյեանի անձնական սրբութիւնը, այլ նաեւ Վատիկանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անթիւ հայ քրիստոնեաներու հոգեւոր զոհաբերութեան շարունակական ճանաչումը։
Սուրբ աթոռը հրապարակեց որոշումը 2025 թուականի սկիզբը, եւ սրբադասման արարողութեան օրը նշանակուեցաւ 19 Հոկտեմբերը, որ այդպիսով պիտի դառնայ նշանաւոր օր մը կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատարագային տօնացոյցին մէջ։
Համաշխարհային հնչեղութիւն
Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը իր խորքով կը գերազանցէ հայ ազգային շրջագիծը։ Անիկա կը հանդիսանայ համաշխարհային քրիստոնէութեան վերաբերող նշանակալի իրադարձութիւն մը։ Մալոյեանը կը վերածուի նահատակութեան համընդհանուր խորհրդանիշի՝ ժամանակակից դարաշրջանին մէջ։
Անոր սրբադասումը նաեւ կը հանդիսանայ այն աննախընթաց պարագան, ուր Կաթոլիկ եկեղեցին կը սրբադասէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ մը, ընդգծելով առկայութիւնը պատմական վէրքի մը, որ տակաւին չէ բուժուած։
Հայ ժողովուրդին համար՝ սրբադասումը վերահաստատում մըն է նահատակներու հոգեւոր ժառանգութեան ու քրիստոնէական ինքնութեան նկատմամբ հաւատարմութեան։ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ համար՝ ան կը խորացնէ հաւատքի միասնութիւնը՝ տարբեր մշակոյթներու ու աշխարհամասերու միջեւ։ Աշխարհին համար՝ ան կը դառնայ յիշեցում մը, թէ հաւատքն ու խղճմտանքը կրնան յաղթել նոյնիսկ մահուան՝ ամենադաժան տառապանքի ճամբուն վրայ։
Ի՞նչ սպասել 2025 թուականի Հոկտեմբեր 19-ին
Սրբադասման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ՝ Լեւոն 14-րդ Սրբազան քահանայապետին գլխաւորութեամբ։ Պատուիրակութիւններ պիտի ժամանեն Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ հայկական սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներէն, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Սրբադասումէն ետք, Սուրբ Իգնատիոսի անունը պիտի ներառնուի պատարագային համընդհանուր տօնացոյցին մէջ։ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին ամէն տարի պիտի նշէ անոր տօնը 11 Յունիսին՝ անոր նահատակութեան օրը, յատուկ պատարագներով։
Մալոյեանի սրբադասումով, եկեղեցին չի գովաբաներ միայն մարդ մը, այլ վեր կը բերէ վկայութիւն մը․ քաջութեան, հաւատքին եւ բարեգործութեան վկայութիւնը։ Ան ուշադրութեան կեդրոնին կը յանձնէ մարդ մը, որ «ոչ» ըսաւ բռնութեան, եւ «այո»՝ Քրիստոսին։ Մարդ մը, որուն պատմութիւնը շարունակ կը լուսաւորէ աշխարհ մը, որ տակաւին կը տառապի հալածանքներէ ու ցեղասպանութիւններէ։
Երբ կը պատրաստուինք նշելու այս մեծ օրը, արժէ խորհիլ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սրբութիւնը մեր ժամանակին մէջ։ Սուրբ Իգնատիոսի մէջ կը հանդիպինք հովիւի մը, որ պատրաստ եղաւ զոհելու իր կեանքը իր հօտին համար։ Ան մարդ մըն է, որ մերժեց ատելութիւնը, ներեց իր թշնամիները եւ հաւատաց յարութեան՝ ոչ միայն իր անձին, այլ համայն մարդկութեան համար։
Շարունակելի

Comments
Post a Comment