Հոկտեմբեր 7. Կանխամտածուած Անտեսումէն Մինչեւ Ցեղասպանութիւն
Ամէն անգամ, երբ համաշխարհային քաղաքականութիւնն ու լրատուամիջոցները կը վերադառնան Իսրայէլի մէջ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-ի իրադարձութիւններուն, պաշտօնական ու քարոզչական մեքենաները համատեղ կերպով կը լարուին նոյն պարզունակ, կիսատ ու կեղծ վարկածը տարածելու համար։ Մարդոցմէ կը պահանջուի հաւատալ, թէ պատմութիւնը սկսաւ եւ աւարտեցաւ այդ մէկ օրով, երբ «անհիմն ու անսպասելի բռնութեան» ալիք մը յանկարծակիի բերաւ անմեղ, խաղաղասէր ու անպաշտպան պետութիւն մը։ Այս պաշտօնական պատումի կողմնակիցները մեծ ջանքեր կը թափեն արգիլելու կամ արժեզրկելու համար որեւէ հայեացք դէպի այն, ինչ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 7-էն առաջ, ինչպէս նաեւ կը մերժեն որեւէ խորքային ու իրատեսական վերլուծութիւն այն ամէն ինչին, որ պատահեցաւ այդ թուականէն ետք։ Սակայն ճշմարտութիւնը վերականգնելու եւ քաղաքական իրականութիւնը հասկնալու համար անհրաժեշտ է ընդունիլ անժխտելի պատմական կանխադրոյթ մը. Հոկտեմբեր 7-էն առաջ տեղի ունեցած ամէն ինչ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ պատահեցաւ այդ օրը, իսկ Հոկտեմբեր 7-էն ետք պատահած ամէն ինչ կը բացայայտէ իսրայէլեան կառավարութիւններու իսկական, սատիստական ու անմարդկային էութիւնը, որուն տակ պաղեստինցիները ստիպուած են ապրիլ տասնամեակներ շարունակ։
Բացօթեայ Բանտն ու Տասնամեակներու Ճնշումը
Պաշտօնական քարոզչութիւնը կը փափաքի, որ համաշխարհային հասարակական
կարծիքը Հոկտեմբեր 7-ի իրադարձութիւնները դիտէ որպէս «անհիմն յարձակում»՝ Իսրայէլը
ներկայացնելով որպէս անմեղ գառնուկ մը, որ հարկադրուած էր պատասխանել ռազմական ուժով ։ Սակայն անհնար է ջնջել պատմական
փաստերը ։Հոկտեմբեր 7-ին նախորդող տասնամեակները լեցուն էին սպանութիւններով, բռնաճնշումներով,
հողազրկումով եւ անմարդկային վերաբերմունքով։ Մարդկային իրաւանց միջազգային առաջատար
փորձագէտներն ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները տարիներ շարունակ Կազայի գօտին նկարագրած
են որպէս հսկայական համակեդրոնացման ճամբար կամ բացօթեայ բանտ։
Հոկտեմբեր 7-ին նախորդող ամիսներուն իսրայէլեան ուժերը պարբերաբար,
սովորական դարձած եղանակով ու լրիւ անպատժելիութեամբ կը սպաննէին պաղեստինցի երեխաներ
եւ անզէն քաղաքացիներ։ Այս բոլորը մոռացութեան տալու եւ պատմութեան սկիզբը Հոկտեմբեր
7-ով սահմանափակելու փորձերը ոչ այլ ինչ են, եթէ ոչ քաղաքական եւ բարոյական կեղծիք։
Աշխարհը աստիճանաբար կը սկսի հասկնալ, որ Հոկտեմբեր 7-ը անապատի մէջ յանկարծ ծնած պատահար
մը չէր, այլ տասնամեակներու ընթացքին ցանուած բռնութեան, ճնշման եւ զրկանքի դառն պտուղն
էր․ Իսրայէլ պարզապէս
կը հնձէր այն, ինչ երկար տարիներ ցանած էր։
Անտեսուած Նախազգուշացումներ եւ Կանխամտածուած Լռութիւն
Երբ աւելի մօտէն ու առանց կանխակալութեան կը դիտարկենք Հոկտեմբեր
7-ի բուն օրը, ի յայտ կու գան շարք մը անյարմար հարցումներ, զորս պաշտօնական Թէլ Աւիւը ամէն գնով
կը փորձէ լռեցնել։ Իսրայէլի կառավարութիւնը մինչ այժմ կը մերժէ համապարփակ, անկախ եւ
թափանցիկ ուսումնասիրութիւն կատարել այն խնդրին շուրջ, թէ ինչպէս հետախուզութիւնը,
բանակը եւ անվտանգութեան բազմաթիւ մարմինները այդքան «համատարած անակնկալի» մատնուեցան։
Նեթանիահու յամառօրէն կը մերժէ նախկին բարձրաստիճան զինուորական սպաներու պահանջը՝
պատասխանատւութեան կանչելու այս ահռելի ձախողութեան պատասխանատուները։
Սակայն բաց տեղեկատուական աղբիւրներն ու վաւերագրուած փաստերը կը
հաստատեն լրիւ այլ, ցնցող իրականութիւն մը։ Հոկտեմբեր 7-ի յարձակումը անակնկալ չէր
կառավարութեան եւ վարչապետին համար։ 2023-ի Սեպտեմբեր 26-ին՝ դէպքերէն ճիշդ 11 օր առաջ,
Եգիպտոսի հետախուզութեան պետը գաղտնի վայրէջք կատարեց Թէլ Աւիւի Պէն Կուրիոն օդակայանը։
Այցելութիւնը կայծակնային էր, իսկ հիւրը կը
շտապէր խիստ․ ինքնաթիռը գետնի վրայ մնաց ընդամէնը 67 վայրկեան
եւ արագ վերադարձաւ Գահիրէ։ Եգիպտական
հետախուզութեան ղեկավարը իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն յստակօրէն հաղորդեց,
որ Համաս Կազայի մէջ կը պատրաստուի մեծագոյն յարձակման մը, եւ աղէտը կանխելու հնարաւորութիւնը
օր օրի կը նուազի։ Ան առաջարկեց տնտեսական զիջումներ ընել բախումէն խուսափելու համար
եւ ազդարարեց, որ եթէ քաղաքականութիւնը չփոխուի, «Կազան պիտի պայթի ձեր երեսին»։ Գոյութիւն
չունի որեւէ տրամաբանական վարկած կամ աշխարհ, ուր Իսրայէլի վարչապետը տեղեակ եղած չըլլար
Եգիպտոսի հետախուզութեան պետի այս արտակարգ այցին եւ նախազգուշացման բովանդակութեան
մասին, դիտել տուաւ իսրայէլացի քաղաքական մեկնաբան մը, վերջերս։
Ասիկա միակ ազդանշանը չէր։ Հոկտեմբեր 7-էն շուրջ 10 օր առաջ, Միացեալ
Արաբական Էմիրութիւններու նախագահը 45 վայրկեան տեւողութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ
Նեթանիահուի հետ՝ յստակօրէն զգուշացնելով, որ Սինուար Կազայէն մեծ գործողութիւն մը
կը ծրագրէ Իսրայէլի դէմ։ Բոլոր նախազգուշացումները սպասուելիք իրադարձութիւնը կը նկարագրէին
որպէս «աննախադէպ, բռնի, վտանգաւոր եւ ահաւոր գործողութիւն»։ Իսրայէլի կառավարութիւնն
ու անձամբ վարչապետը քաջատեղեակ էին այս իրական, յստակ ու անմիջական նախազգուշացումներուն,
սակայն ոչ մէկ կանխարգելիչ կամ պաշտպանական միջոցառում ձեռնարկուեցաւ։ Նախազգուշացումները
իրական էին, իսկ գործողութիւններ՝ չեղան։
Մութ Հարցականները․ «Հանիպալի»
Հրահանգը
Այս փաստերու լոյսին տակ, Հոկտեմբեր 7-ի իրադարձութիւնները կը ստանան
բոլորովին այլ, սարսռազդու չափում։ Ի յայտ կու գան բազմաթիւ հարցումներ․ օրինակ, յարձակումին
նախորդող օրերուն միջազգային սակարաններուն մէջ արձանագրուեցան անակնկալ եւ կասկածելի
առքուվաճառքի գործարքներ, որոնք կը մատնանշեն որոշակի անձերու շրջանակներուն մէջ կանխաւ տեղեկացուածութիւն
եւ ֆինանսական շահարկումներ։ Նոյնքան ահռելի ու անյարմար են հարցումները «Հանիպալի
հրահանգի» (Hannibal directive) կիրարկման վերաբերեալ։ Հոկտեմբեր 7-ի իրադարձութիւններու ամենամութ ու քողարկուած
էջերէն մէկը այս «հրահանգին» վերակենդանացումն էր իսրայէլեան բանակի բարձրագոյն
հրամանատարութեան կողմէ։ ՄԱԿ-ի անկախ քննիչ յանձնախումբի
պաշտօնական զեկոյցները եւ իսրայէլեան «Հաարէց» պարբերականի հետաքննութիւնները հաստատեցին,
որ իսրայէլեան բանակին յստակ հրաման տրուած էր կանխելու որեւէ ռազմագերիի կամ քաղաքացիի
գերեվարումը դէպի Կազա՝ «բոլոր հնարաւոր միջոցներով»։ Այս հրամանին գործադրութիւնը
արտայայտուեցաւ նուազագոյնը իսրայէլեան երեք զօրանոցներու մէջ, ուր հրամայուեցաւ հարուածել
Կազա ուղղուող բոլոր ինքնաշարժները՝ գիտնալով հանդերձ, որ անոնց մէջ կան իսրայէլացի
պատանդներ։ ՄԱԿ-ի զեկոյցը փաստեց, որ առնուազն 14 իսրայէլացի քաղաքայիններ ու զինուորներ դիտաւորեալ կերպով սպաննուեցան սեփական
բանակի մարտական մեքենաներու եւ ուղղաթիռներու կրակէն, նուազագոյնը երկու քիպուցներու մէջ
եւ շուրջ, ինչ որ կը բացայայտէ վարչակարգին պատրաստակամութիւնը՝
զոհաբերելու սեփական քաղաքացիները քաղաքական եւ ռազմական հաշուարկներու համար։
Փաստերու հսկայական կուտակումը կը տանի մէկ հիմնական, սարսափելի եզրակացութեան․ Իսրայէլի
բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը կանխամտածուած կերպով թոյլ տուաւ, որ յարձակումը ընթանայ
առանց պաշտպանութեան։ Այս կանխամտածուած անգործութիւնը անհրաժեշտ էր որպէսզի ստեղծուէր
բարոյական եւ քաղաքական այն արդարացումը, որմով կարելի պիտի ըլլար իրականացնել ցեղասպանական
հողային զաւթումն ու Կազայի ամբողջական բնաջնջումը, որ մինչ այսօր կը շարունակուի մեր աչքերուն առջեւ՝ հակառակ ամերիկեան միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարներուն։ Անակնկալի եկած ըլլալու վերաբերեալ Նեթանիահուի չքմեղանքներն
ու արդարացումները ստապատիր են, կեղծ եւ պատմական պատասխանատւութենէ փախչելու էժանագին
փորձեր։
Կազա․ Դարու Ոճիրն
ու Ցեղասպանութեան Իրականութիւնը
Հոկտեմբեր 7-ին հետեւանքով
սպանուեցան մօտ 1200 իսրայէլացիներ։ Սակայն անկէ ետք տեղի ունեցածը բացայայտեց դարու
մեծագոյն ոճիրն ու այն սատիստական վարչակարգը, որուն տակ պաղեստինցիները կ՛ապրէին։
Իսրայէլեան բանակը իրականացուց զանգուածային սպանդ, որ պաշտօնապէս որակուեցաւ որպէս
ցեղասպանութիւն մարդկային իրաւանց միջազգային բոլոր հեղինակաւոր հաստատութիւններուն կողմէ։ Պետութիւններ հաստատեցին բնորոշումը յայտարարութիւններով ու
բանաձեւերով, որոնք երբեմն արտայայտութիւններ գտան նաեւ գործողութիւններու մէջ։ Ձերբակալութեան
հրամանագիր արձակուեցաւ Նեթանիահուի դէմ՝ պատերազմի ոճիրներու քննութեանց շրջանակին
մէջ։
Իսրայէլեան ուժերը սպանեցին եւ վիրաւորեցին աւելի քան 100 հազար պաղեստինցի, որոնց
մեծագոյն մասը անզէն քաղաքայիններ էին, ընդհանուրին
շուրջ 70 առ հարիւրը՝ կիներ եւ երեխաներ։ Կազայի գօտին
ենթարկուեցաւ այրած հողի քաղաքականութեան․ բնակարաններու
եւ շէնքերու աւելի քան 80%-ը ամբողջովին քանդուեցաւ կամ վնասուեցաւ։ Հիւանդանոցները եւ առողջապահութեան, ջուրի, ելեկտրականութեան,
դպրոցներու եւ ճանապարհային համակարգերը լիակատար աւերուեցան։ Հազարաւոր քաղաքայիններ, յատկապէս երեխաներ, մահացան դիտաւորեալ,
կազմակերպուած սովի հետեւանքով։ Կազան վերածուեցաւ բնակութեան համար լրիւ անպիտան,
քարուքանդ տարածքի։ Մոլորակի վրայ գոյութիւն չունի մարդկային իրաւանց որեւէ յարգուած
կառոյց, որ հերքէ ցեղասպանութեան փաստը։
Այս աւերածութիւններէն ետք, ամերիկեան քաղաքական եւ ֆինանսական շրջանակներ սկսան հրապարակել
Կազայի «վերակառուցման» ծրագիրներ, որոնք որեւէ առնչութիւն չունին տեղաբնիկ պաղեստինցի
ժողովուրդին եւ անոր իրաւունքներուն հետ։ Այդ ծրագիրները ի յայտ բերին կայսերապաշտական եւ կալուածատիրական
դաւադրութեան ամենատգեղ դէմքը։ Տոնալտ Թրամփի
եւ անոր փեսային՝ Ճարետ Քուշնէրի հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ Կազայի Միջերկրականեան
ծովափը բնութագրուեցաւ որպէս «չափազանց արժէքաւոր ծովափնեայ կալուած» (waterfront
property)։ Անոնք առաջարկեցին
պաղեստինցի բնակչութիւնը «մաքրել» եւ տեղահան ընել դէպի Նեկեւի անապատ կամ Եգիպտոս։
Թրամփի «Board of Peace» ծրագիրով եւ Տավոսի համաշխարհային
ֆորումին ներկայացուած 25 միլիառ տոլարնոց «Master Plan»-ով, Կազան կը նախատեսուի վերածել
շքեղ երկնաքերներով եւ զբօսաշրջային կեդրոններով
«Մերձաւոր Արեւելքի Ռիվյերա»ին՝ օտար ներդրողներու
համար։ Այս տնտեսական «փայլուն» ծրագիրը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ բնիկ ժողովուրդի հայրենազրկման
եւ ցեղասպանութեան արդիւնքները կալուածատիրական շահոյթի վերածելու անմարդկային փորձ։
Ճշմարտութիւնը կը պահանջէ դիտել ամբողջական պատկերը՝ Հոկտեմբեր
7-էն առաջ, Հոկտեմբեր 7-ին եւ Հոկտեմբեր 7-էն ետք։ Միայն այդ ամբողջականութեան մէջ է, որ կը բացայայտուի
Իսրայէլի կողմէ կանխամտածուած ոճիրին եւ պատմութիւնը
խեղաթիւրելու փորձերուն ողջ իրականութիւնը։
Հրատարակուած է ՌԱԿ Պայքար շաբաթաթերթին մէջ, 11 հոկտեմբեր 2026, էջ 5 Պէյրութ-Պոսթըն

Comments
Post a Comment