Ճուլի Պրաուն եւ Հետաքննական Լրագրութեան Ուժը
Թէ ինչպէս լրագրող մը պարտադրեց, որ «Էփսթայնի գործը» դուրս բերուի արդարադատութեան փականքներու փոշիներու տակէն
Հետաքննական
լրագրութիւնը գոյութիւն ունի հանրային շահերուն ծառայելու համար, յատկապէս
երբ ճշմարտութիւնը արգելափակուած է իշխանութեան, դրամի եւ վախի ազդեցութեան ճիրաններուն
մէջ: Անցած քանի մը ամիսներուն այս իրականութիւնը դարձեալ արժանացաւ միջազգային ուշադրութեան,
յատկապէս մամլոյ եւ եւ տեղեկատուութեան շրջանակներուն մէջ, տխրահռչակ Ճեֆրի Էփսթայնին
վերաբերող միլիոնաւոր նոր փաստաթուղթերու հրապարակումէն ետք:
2008-էն 2018՝ տաս տարի թաղուած մնալէն ետք, Էփսթայնի պատմութիւնը
կրկին ջուրի երես բերուեցաւ ամերիկեան հեղինակաւոր The Miami Herald օրաթերթի հետաքննող լրագրող Ճուլի
Ք. Պրաունի շնորհիւ. այս մէկ լրագրողին շարունակական լուսաբանումները Էփսթայնի մասին՝
վերաձեւաւորեցին հանրային եւ համաշխարհային ընկալումը ժամանակակից ամերիկեան պատմութեան
ամենասոսկալի սկանտալներէն մէկուն վերաբերեալ եւ դուռ բացին այնպիսի զարգացումներու
առջեւ, որոնք արդէն իսկ ցնցած են աշխարհի բազմաթիւ մայրաքաղաքներ եւ մեծագոյն կազմակերպութիւններ։
Անոնք կրնան յանգիլ ամենաչսպասուած իրադարձութիւններու՝ բուն Ամերիկայի մէջ։
Ինչպէս արդէն ծանօթ է շատերուն, ԱՄՆ
քաղաքացի Ճեֆրի Էփսթայն համաշխարհային չափերով սեռային թրաֆիքինկի կազմակերպիչ մըն
էր, միլիառատէրերու ֆինանսական խորհրդատու մը, բազմաթիւ երկիրներու մէջ աներեւակայելիօրէն
լայն եւ ազդեցիկ կապեր ունեցող անձ մը, խարդախ մը եւ դատապարտուած
մանկապիղծ մը։
Էփսթայն իր առաջին լուրջ՝ սակայն
նաեւ խնդրայառոյց եւ չափազանց «ներողամիտ» արդիւնքով բախումը ամերիկեան օրէնքին հետ
ունեցաւ 2008 թուականին։ Ոստիկանութեան կողմէ որպէս պոռնկութիւն կազմակերպող անձ ձերբակալուելէն
ետք, ան յաջողեցաւ իրաւապահ մարմիններուն հետ կնքել համաձայնութիւն մը, զոր կարելի
է փոխաբերաբար համարել «թեթեւ ճմճիկ մը՝ թաթիկին» կամ «sweetheart deal», ինչպէս կ՛ըսեն
ամերիկացիք։ Հակառակ 53 էջնոց մեղադրականին, որ մանրամասնօրէն կը նկարագրէր տասնեակ
անչափահասներու սեռային թրաֆիքինկը մեղադրեալին կողմէ, ան յաջողեցաւ խուսափիլ դաշնային
քրէական հետապնդումէ՝ շնորհիւ խիստ արտասովոր համաձայնութեան մը, որ ծանօթ է «Չհետապնդման
համաձայնագիր» (Non-Prosecution Agreement) անունով։
Էփսթայնի գործին հետաքննութիւնը սկսած
էր դեռ 2005-2006 թուականներուն՝ Ֆլորիտա նահանգին մէջ Փալմ Պիչի տեղական ոստիկանութեան
կողմէ, սակայն 2007-ին, Ալեքսանտր Աքոսթայի գլխաւորած դատախազութիւնը գաղտնի բանակցեցաւ
Էփսթայնի փաստաբաններուն հետ, որուն արդիւնքով, ան մեղաւոր ճանչցուեցաւ միայն նահանգային,
եւ ոչ՝ դաշնային, մակարդակի վրայ, եւ ընդամէնը երկրորդական մեղադրանքներով:
Այս համաձայնագիրը մշակուած էր փրկելու
համար Էփսթայնը ամենածանր մեղադրանքներէն։ Եւ իրապէս, ան դատապարտուեցաւ ընդամէնը 18
ամսուան բանտարկութեան, այն ալ՝ «աշխատանքային արձակման» իրաւունքով, որ կ՛արտօնէր
իրեն շաբաթը վեց օր, օրական 12 ժամ անցընել իր սեփական գրասենեակին մէջ: Աւելին, դաշնային
դատախազութիւնը համաձայնեցաւ անձեռնմխելիութիւն շնորհել նաեւ անոր չորս օգնականներուն
եւ «հաւանական բոլոր յանցակիցներուն», իսկ գործարքը ապօրինաբար գաղտնի պահուեցաւ զոհերէն՝
խախտելով «Յանցագործութեան զոհերու իրաւունքներու մասին» օրէնքը: Այս բոլորին վրայ՝
վճիռին գործադրութիւնը աւարտեցաւ ժամանակէն շուտ՝ 13-րդ ամսուն։ Այս գայթակղեցուցիչ
համաձայնութիւնը դարձաւ բուռն վիճաբանութեան առարկայ մինչեւ 2019 թուականին Էփսթայնի
երկրորդ ձերբակալութիւնը՝ այս անգամ դաշնային ոստիկանութեան կողմէ։ Մեղադրեալը արգելափակուեցաւ
Նիւ Եորքի դաշնային հսկողութեամբ բանտի մը մէջ, սակայն շատ չանցած, եւ մինչ կը սպասէր
դատավարութեան, գտնուեցաւ մահացած՝ իր առանձնախուցին մէջ։ Մահուան պաշտօնական բացատրութիւնն
էր՝ անձնասպանութիւն։
Էփսթայնի երկրորդ ձերբակալութիւնը հաւանաբար տեղի չ՛ունենար, եթէ
մէկ անձ վճռած չըլլար ճշմարտութիւնը հետապնդել մինչեւ վերջ։ Ճուլի Ք. Պրաուն`
Miami Herald-ի հետաքննող լրագրողը եղաւ այդ անձը։ 2018 թուականին, Պրաունի շարունակական
լրագրութիւնը փուլ բերաւ «sweetheart deal»ին շուրջ
հիւսուած լռութիւնը եւ բոլորվին նոր կեանք հաղորդեց մոռացուած գործին:
Պրաունի աշխատանքը մէկ յօդուածի կամ անցողիկ ակնարկի սահմաններուն
մէջ չաւարտեցաւ: Անոր «Արդարադատութեան աղաւաղումը» յօդուածաշարքը տարիներ տեւած հետաքննութիւն մըն
էր, որ մղուեցաւ յարատեւութեամբ, զոհերու եւ հանրութեան հանդէպ կարեկցանքով
եւ արդարութեան նկատմամբ խորունկ նուիրումով: Անոր հրապարակումները կը պահանջէին փաստաթուղթերու
մանրակրկիտ վերլուծութիւն, իրաւական ուսումնասիրութիւններ եւ մարդկային փոխ-վստահութիւն:
Այն ժամանակ, երբ Էփսթայնի գործը մեծ մասամբ կորսնցուցած էր իր հրատապութիւնը հանրութեան
աչքին, ան որոշեց վերանայիլ զայն՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ շատեր կը կարծէին, թէ
այդ գործը փակուած է, անձեռնմխելի կամ չափազանց վտանգաւոր՝ վիճարկելու համար:
Պրաուն հարցազրոյցներ
կատարեց Էփսթայնի բռնութեան զոհ գացած աւելի քան 60 անձերու հետ, որոնցմէ
շատերը նախապէս երբեք հրապարակաւ չէին խօսած: Այս հարցազրոյցները կատարեց զգուշութեամբ
եւ արհեստավարժութեամբ՝ հաշուի առնելով զոհերուն ապրած հոգեկան ցնցումը եւ անձնական
վտանգները:
Պրաունի առջեւ ցցուած դժուարութիւնները նշանակալից էին, քանի որ
գործը կը ներառէր քաղաքականութեան, գործարարութեան եւ արուեստի ազդեցիկ դէմքեր: Գործին
վերաբացումը կը նշանակէր հետապնդել ոչ միայն Էփսթայնի, այլեւ դատախազներու եւ իրաւական
համակարգի պատասխանատուութիւնը եւ ձախողումները: Հակառակ իրաւական եւ անձնական ուժեղ
ճնշումներուն, Պրաուն շարունակեց իր հետաքննութիւնը քաջութեամբ: Ան եւ իր խմբագիրները
դիմագրաւեցին սպառնալիքներ, բայց պաշտպանեցին իրենց լրագրութիւնը, ինչ որ կ'արտացոլացնէ
հետաքննական լրագրութեան ամենաբարձր չափանիշները՝ ճշգրտութիւնը եւ հաշուետուողականութիւնը: Որպէս
հետաքննող լրագրող՝ Ճուլի Ք. Պրաուն մարմնաւորեց մասնագիտութեան հիմնական յատկանիշներէն
մէկը՝ կասկածի տակ դնել պաշտօնական պատմութիւնները
եւ ձայն տալ անոնց, որոնք անտեսուած են կամ մատնուած են լռութեան:
Պրաունի հետաքննութեան ազդեցութիւնը խորն էր. անոր 2018 թուականի
յօդուածներու շարքը յառաջացուց միջազգային վրդովմունք եւ յանգեցուց նախկին համաձայնագիրի
պաշտօնական վերանայման: Այս ուշադրութեան արդիւնքով, 2019 թուականին Էփսթայն կրկին
ձերբակալուեցաւ սեռային թրաֆիքինկի մեղադրանքով: Յատկապէս այս երկրորդ
ձերբակալութիւնն էր, որ պարտադրեց, որ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ ստորագրէ օրինագիծ
մը, 19 Նոյեմբեր 2025-ին, Էփսթայնին վերաբերող
քննչական եւ դատական փաստաթուղթերու գաղտնազերծման մասին: Օրինագիծը պարտաւորեցուց
Արդարադատութեան նախարարութիւնը հրապարակելու մօտ 3.5 միլիոն նիւթ, այդ շարքին` հազարաւոր
տեսանիւթեր եւ նկարներ, որոնք բոլորովին նոր հայեցակէտեր ապահովեցին Էփսթայնի ոճրային
գործունէութեան վերաբերեալ։
2025 Դեկտեմբերէ 2026 Փետրուար՝ Էփսթայինին վերաբերող փաստաթուղթերուն
գաղտնազերծումը անմիջականօրէն իր ազդեցութիւնը ունեցաւ գործարարութեան, գիտութեան,
կրթութեան, արուեստի եւ քաղաքականութեան մէջ բարձր դիրքեր գրաւող մօտ 40 անձերու վրայ՝
Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անորմէ դուրս։ Քրէական հետաքննութիւններ յարուցուեցան այնպիսի
բարձրաստիճան անձերու դէմ, ինչպիսիք են Նորվեկիայի նախկին վարչապետը եւ նորվեկիացի
յայտնի դիւանագէտ Թէրի Ռոտ Լարսընը։ Անգլիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ թագուհիին երկրորդ
զաւակը՝ նախապէս իշխանի կոչում կրող Էնտրիւն, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար եւ դեսպան
Մենտըլսընը։ Նշանաւոր ընկերութիւններու
եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, նախկին նախարարներ եւ հեղինակաւոր
համալսարաններու դասախօսներ ներկայացուցին հրաժարականներ՝ մանկապիղծին հետ կասկածելի
կամ խնդրայառոյց յարաբերութիւններ ունեցած ըլլալուն համար։ Պիլ Կէյթսի եւ Նոամ Չոմսքիի
նման համաշխարհային ճանաչումի արժանացած մարդիկ հեղինակազրկուեցան համաշխարհային հանրութեան
աչքին՝ Էփսփայնի հետ մտերիմ կապերուն բերումով։ Աննախընթաց քայլով մը, Քոնկրեսի հանրապետական
յանձնախումբը վկայութեան կանչեց ԱՄՆ նախկին նախագահ մը՝ Պիլ Քլինթընը, խօսելու համար
Էփսթեյնի գործունէութեան մասին իր ունեցած տեղեկութիւններուն անոր։ Անոր նախորդած էր
նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթոնի հարցաքննութիւնը։ Հիլըրի կը պահանջէ, որ Թրամփ եւս հարցաքննուի։
Նոյնքան կարեւոր է, որ Պրաունի լրագրութիւնը ուժեղացուց վերապրողները.
շատերուն համար լսելի ըլլալը ինքնին արդարադատութեան ձեւ մըն էր: Ճուլի Ք. Պրաունի
լրագրողական խումբը 2019 թուականին արժանացաւ հետաքննական
լրագրութեան Փուլիցըրեան մրցանակին, ինչպէս նաեւ Ճորճ Փոլքի եւ Կոլտսմիթի
հեղինակաւոր պարգեւներուն: Այս մրցանակները կ'ընդգծեն հետաքննական լրագրութեան կարեւոր
դերը ժողովրդավարական հասարակութիւններուն մէջ:
Պրաունի աշխատանքը հզօր յիշեցում մըն է, որ նոյնիսկ երբ հզօր մարդիկ
եւ հաստատութիւններ կը դիմադրեն, ճշմարտութիւնը
տակաւին կրնայ բացայայտուիլ ուշադիր լրագրութեան միջոցով: Ան ցոյց
տուաւ, որ լրագրութիւնը, իր լաւագոյն դրսեւորումով, հանրային ծառայութիւն մըն է: Այս
ճանաչումը նաեւ յարգանքի տուրք մըն է աշխարհի բոլոր այն հետաքննող լրագրողներուն, որոնք կը հաւատան, որ
ճշմարտութիւնը կարեւոր է, նոյնիսկ երբ անիկա անհանգստաւէտ է, իսկ գինը՝ սուղ, ինչպէս երբեմն՝ սեփական կեանքը:
Վարդան Թաշճեան
Պէյրութ, Լիբանան
Հրատարակուած է Պայքար շաբաթաթերթին մէջ
8 Մարտ 2026


Comments
Post a Comment