Կանխատեսումներու համակարգերը․ ոչ թէ գիտելիք՝ այլ իշխանութեան գործիք



Ապագան գուշակելը երբեք չէ եղած պարզ գիտութիւն կամ անմեղ մարգարէութիւն. այն միշտ ալ եղած է քաղաքականութեան եւ ուժի դրսեւորման կարեւորագոյն ասպարէզ մը։ Երբ վերջին ամիսներուն քաղաքագէտները կը փորձէին կանխատեսել Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները, անոնց նպատակը ոչ թէ սոսկ իրականութիւնը նկարագրելն էր, այլ ընտրողներու վարքագիծը կանխորոշելն ու որոշակի ուղղութեամբ առաջնորդելը։ Նոյնն է պարագան Տոնալտ Թրամփի՝ Իրանի վրայ հաւանական յարձակման վերաբերեալ տարածուած կանխատեսումներուն։ Այդ գուշակութիւնները յաճախ ոչ թէ ռազմական ստոյգ տուեալներու վրայ հիմնուած էին, այլ կը նպատակադրէին ստեղծել վախի մթնոլորտ, որմով հնարաւոր կը դառնար շուկաներն ու քաղաքական դիրքորոշումները ձեռնածութեան (manipulation) ենթարկել։ Այս տարուան Փետրուարին, վեց անանուն հաշիւներ 1.2 միլիոն տոլար շահեցան «կանխատեսման շուկաներուն» մէջ՝ գրաւ դնելով Իրանի դէմ յարձակման վրայ: Այս քսակները ֆինանսաւորուած էին յարձակումէն ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ: Վերջերս ձերբակալուեցաւ ամերիկացի ծովային մը, որ նախքան Վենեզուելլայի նախագահ Մատուրոն առեւանգելու գործողութեան մեկնիլը, 40 հազար տոլար գրաւ դրաւ այդ գործողութեան իրականացման հաւանականութեան ի նպաստ եւ շահեցաւ 400 հազար ամերիկեան տոլար։ Այս օրինակները անշուշտ անեկդոտի աստիճանի դէպքեր են համեմատաբար կանխատեսումներու համաշխարհային տնտեսութեան, որ կը գործէ ի շահ դրամի եւ ուժի մենատէրերուն։ Սակայն մենք դարձեալ պետք է հարց տանք․ նման բաներ գիտելի՞ք են, թէ՞ insider-ական տեղեկութեամբ համեմուած իշխանութեան խաղեր: Երբ գուշակութիւնը կը դառնայ դրամական շահոյթի եւ քաղաքական սադրանքի գործիք, ապագան կը դադրի հաւանականութիւն ըլլալէ. այն կը դառնայ ապրանք, զոր կրնաս գնել եւ վաճառել:

Արդիականութիւնը յաճախ կը փորձէ ստրկացնել մարդկային գիտակցութիւնը՝ ապագան ներկայացնելով իբրեւ կանխորոշուած եւ անխուսափելի իրողութիւն։ Երբ գիտութիւնը կամ արհեստական բանականութիւնը կը ստանձնեն ապագայի կանխատեսման դերը, անոնք հանդէս կու գան իբրեւ նորօրեայ արքունի աստղագուշակներ։ Այս ամէնը ինծի կը յիշեցնէ Լուի ԺԱ. թագաւորի ծանօթ պատմութիւնը: Պալատական աստղագուշակը կանխատեսած էր թագաւորի սիրուհիին մահը շաբաթ մը առաջ: Երբ կինը մեռաւ, թագաւորը սարսափեցաւ եւ որոշեց սպաննել գուշակը՝ մտածելով, որ ան կամ մարդասպան է, կամ ալ չափազանց վտանգաւոր ուժի տէր կախարդ մը: Ծառաներուն հրամայեց, որ իր նշանով գուշակը պատուհանէն վար նետեն: Բայց երբ Լուին հարցուց. «Այդքան խելացի ես, ըսէ նայինք, դուն ե՞րբ պիտի մեռնիս», աստղագուշակը, առանց շփոթելու, պատասխանեց. «Ձերդ Մեծութենէն երեք օր առաջ»: Թագաւորը, բնականաբար, երբեք չտուաւ պատուհանէն նետելու նշանը: Այս պատմութեան մէջ աստղագուշակը ոչ թէ աստղերուն մէջ տեսաւ ճշմարտութիւնը, այլ հասկցաւ իշխանութեան հոգեբանութիւնը: Ան իր կանխատեսումը օգտագործեց որպէս կեանքի ապահովագրութիւն:

Այսօր մեր «աստղագուշակները» Սիլիքոնեան Հովիտի տնօրէններն են, իսկ մեր նոր մոգը՝ Արհեստական բանականութիւնը (AI): Մեզի կըսեն, թէ մեքենաները կրնան գուշակել մեր վարքագիծը, մեր առողջութիւնը, մեր ապագայ յանցագործութիւնները: Բայց կայ հիմնական տարբերութիւն մը իրերու եւ մարդոց միջեւ: Եթէ կանխատեսես, որ վաղը անձրեւ պիտի գայ, ամպերը չեն տպաւորուիր քու խօսքերէդ եւ իրենց ընթացքը չեն փոխեր: Օդերեւութաբանական կանխատեսումը չի փոխեր օդը: Բայց մարդկային կանխատեսումները ունին մագնիսական ուժ: Անոնք իրենց կողմ կը քաշեն իրականութիւնը: Անոնք ոչ թէ փաստեր են, այլ այն, ինչ փիլիսոփաները կը կոչեն «խօսքային արարքներ» (speech acts)՝ թաքնուած հրամաններ:

Երբ թեքնոլոճիի հսկաները կը յայտարարեն, թէ «ապագային բոլորս պիտի օգտագործենք այսինչ ծրագիրը, ատիկա անխուսափելի է», անոնք չեն գուշակեր, այլ մեզի կը հրամայեն գնել այդ արտադրանքը, որպէսզի իրենց գրպանները լեցուին: Իսկ մենք, վախնալով ետ մնալէ, կը վազենք ու կը գնենք՝ կատարելով անոնց մարգարէութիւնը: Ասիկա գիտութիւն չէ, ատիկա հնազանդութիւն է: «Անխուսափելի» բառը միշտ ալ եղած է բռնապետներու եւ շահագործողներու ամենասիրած բառը. այն կը փակէ ամէն տեսակ երկխօսութիւն:
Աւելին, այս թուային գուշակութիւնները կը ստեղծեն քաֆքայական աշխարհ մը, ուր արդարութիւնը կը մեռնի: Եթէ դրամատունը մերժէ քու վարկի դիմումդ, որովհետեւ յստակ պահանջ մը չես լրացուցած, դուն կրնաս բողոքարկել, որովհետեւ ատիկա անցեալի փաստ է: Բայց եթէ մեքենան մերժէ քեզ՝ հիմնուելով այն «կանխատեսման» վրայ, որ դուն ապագային կրնաս սնանկանալ, դուն ինչպէ՞ս կրնաս հերքել ապագան: Ապագան փաստ չէ, այն անստուգելի է: Այսպիսով, կանխատեսումը կը դառնայ կատարեալ ծածկոյթ՝ անարդարութիւնը թաքցնելու համար:

Լարի Էլիսըն, որ չէ վարանած նոյնիսկ իր ղեկավարած ընկերութիւնը կոչել Oracle (բախտագուշակը՝ հին յոյներուն մէջ), կը կանխատեսէ յառաջացումը հսկողութեան պետութեան մը, ուր քաղաքացիները միշտ լաւ պիտի վարուին, որովհետեւ գիտեն, որ իրենց ամէն քայլը կը դիտուի: Առանց յանցանքի աշխարհի այս պատրանքը իրականութեան մէջ կը բերէ ամենամեծ յանցանքը՝ բացարձակ հեղինակատիրութիւնը:
Այս ամէնը այսօր կը հասնի իր գագաթնակէտին, երբ ինքնիրականացող մարգարէութիւնները Արհեստական բանականութեան միջոցով կը ստանան գերբնական հզօրութիւն: Այդ պատճառով է, որ հիմա աւելի քան երբեք հրատապ է խորհիլ կանխատեսումներու էութեան մասին: Այնպիսի պարագաներու մէջ, ուր արդարութիւնը կենսական է, մենք պէտք է նախընտրենք թափանցիկ ու բողոքարկելի չափանիշներ, այլ ոչ թէ կանխատեսողական վիճակագրական նմուշներու համադրումներ:
Ամփոփելով այս միտքերը՝ տեսնենք, թէ ուր կը հասնինք: Առաջին՝ կանխատեսումները երբեք փաստեր չեն, այլ խօսքային արարքներ. անոնք ոչ թէ գիտելիքի, այլ իշխանութեան գործիքներ են: Երկրորդ՝ անոնք դուռ կը բանան ձեռնածութիւններու (manipulation-ներու) առջեւ։

Երրորդ՝ անոնք կը ստեղծեն ու կը քողարկեն անարդարութիւնը: Այսօրուան գլխաւոր պատգամը այն է, որ կանխատեսումները իշխանութեան զէնքեր են, բայց անոնք կը գործեն միայն այն ատեն, երբ մենք կը հաւատանք անոնց: Եթէ Սոֆոկլեսի նշանաւոր հերոսը՝ Էտիփը ծիծաղելով անցնէր այն մարգարէութեան վրայ, թէ ինք պիտի սպաննէ հայրը եւ ամուսնանայ մօր հետ, փոխանակ սարսափահար ըլլալու, ան երբեք չէր հեռանար իր տունէն եւ չէր երթար Թեպէ, ուր հանդիպեցաւ իր ճակատագիրին: Անոր վախը եղաւ այն շարժիչ ուժը, որ իրականացուց գուշակութիւնը: Մենք կը դիմենք մարգարէներուն, որովհետեւ կը վախնանք անորոշութենէն: Բայց անորոշութիւնը իրականութեան մէջ բարի լուր է: Անիկա կը նշանակէ, որ ապագան դեռ գրուած չէ, այլ մերն է՝ զայն գրելու համար: Մենք կրնանք դիմագրաւել այդ դատարկ էջը ստեղծագործութեամբ, հետաքրքրութեամբ եւ արկածախնդրութեան հաճոյքով:

Ապագան կանխատեսելու ջանքերը միշտ ալ ձեռք-ձեռքի կը քալեն զայն վերահսկելու ջանքերուն հետ: Ուստի, զգուշացէ՛ք մարգարէներէն եւ մարգարէութիւններէն: Միայն այն ատեն, երբ կ՚ընդունինք, որ չենք գիտեր, թէ ապագան ինչ կը պահէ մեր ընթացքին համար, եւ կը գործենք ըստ այդմ, մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ կ՚ապրինք ազատ ընկերութեան մէջ: Մի՛ խոնարհիք մարդոց կանխատեսումներուն առջեւ, գիտցէ՛ք, որ անոնք փաստեր չեն:
Եղէ՛ք Ճօ Ֆրէյզըրի նման: Երբ Մուհամմետ Ալի կանխատեսեց իր սեփական յաղթանակը 1971-ի ծանր կշիռքի բռնցքամարտի ախոյեանութեան մրցումին, Ֆրէյզըր ատիկա ընդունեց իբրեւ սադրանք: Ան դուրս եկավ ռինկ եւ յաղթեց մինչ այդ անպարտելի համարուող մեծն Ալիին՝ դառնալով դարու մարտի հերոսը: Ուստի, յաջորդ անգամ, երբ ընկերային աշխարհի մասին մռայլ կանխատեսում մը լսէք, մի՛ յուսահատիք: Գտէ՛ք ձեր մէջի Ճօ Ֆրէյզըրը: Ընդվզեցէ՛ք բռնապետական կանխատեսումներուն դէմ: Եկէ՛ք ըլլանք բաւականաչափ քաջ՝ պատկերացնելու եւ պայքարելու աւելի լաւ աշխարհի մը համար: Թերեւս այդ ժամանակ բոլորս միասին կրնանք ապագան պայծառ դարձնել:

Կարեւորը զոհը փրկելն է: Այսօրուան թուային մարգարէները կը կանխատեսեն մեր ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան մահը: Մեր պարտականութիւնը ոչ թէ անոնց հաշուարկներուն հաւատալն է, այլ այդ ապագան խափանելը: Հին Հռոմի մէջ օրէնքով արգիլուած էր կայսրին մահը գուշակել, որովհետեւ գիտէին, որ այդպիսի գուշակութիւնները միշտ ալ դաւադրութեամբ կը վերջանային:

Մենք պէտք չէ հրաժարինք եղանակի կանխատեսումի ծառայութիւններէն, բայց պէտք է հասկնանք, որ մարդը օդերեւութաբանական երեւոյթ չէ: Մարդը ազատ կամքի տէր է, որ կրնայ եւ պէ՛տք է ընդվզի իրեն պարտադրուած «հաւանականութիւններուն» դէմ: Ապագան գրուած չէ ո՛չ աստղերուն մէջ, եւ ո՛չ ալ Սիլիքոնեան Հովիտի ալկորիթմներուն մէջ: Ապագան այն է, ինչ մենք կը որոշենք ընել այսօր՝ մերժելով հնազանդութեան մարգարէութիւնները:

Հրատարակուած է Պայքար շաբաթաթերթին մէջ (14 Յունիս 2026)

Comments

Ամենաընթերցուածք

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը