Posts

Showing posts with the label ուժ

Կանխատեսումներու համակարգերը․ ոչ թէ գիտելիք՝ այլ իշխանութեան գործիք

Image
Ապագան գուշակելը երբեք չէ եղած պարզ գիտութիւն կամ անմեղ մարգարէութիւն. այն միշտ ալ եղած է քաղաքականութեան եւ ուժի դրսեւորման կարեւորագոյն ասպարէզ մը։ Երբ վերջին ամիսներուն քաղաքագէտները կը փորձէին կանխատեսել Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները, անոնց նպատակը ոչ թէ սոսկ իրականութիւնը նկարագրելն էր, այլ ընտրողներու վարքագիծը կանխորոշելն ու որոշակի ուղղութեամբ առաջնորդելը։ Նոյնն է պարագան Տ ոնալտ Թրամփի՝ Իրանի վրայ հաւանական յարձակման վերաբերեալ տարածուած կանխատեսումներուն։ Այդ գուշակութիւնները յաճախ ոչ թէ ռազմական ստոյգ տուեալներու վրայ հիմնուած էին, այլ կը նպատակադրէին ստեղծել վախի մթնոլորտ, որմով հնարաւոր կը դառնար շուկաներն ու քաղաքական դիրքորոշումները ձեռնածութեան (manipulation) ենթարկել։ Այս տարուան Փետրուարին, վեց անանուն հաշիւներ 1.2 միլիոն տոլար շահեցան «կանխատեսման շուկաներուն» մէջ՝ գրաւ դնելով Իրանի դէմ յարձակման վրայ: Այս քսակները ֆինանսաւորուած էին յարձակումէն ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ: Վերջերս ձերբակալուեցաւ ամերիկացի ծովային մը, որ նախքան Վենեզուելլայի նախա...