Թրամփ․ մանուկը՝ թագաւորի տեսքին մէջ
Երկար ժամանակէ ի վեր կը հետեւիմ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի գործունէութեան, հանրային վարքին եւ ճառախօսութեան, եւ կ՛ուզեմ կիսուիլ իր մասին քանի մը դիտարկումներով, որոնք կը համարեմ գրեթէ անվիճելի՝ յատկապէս իմ կողմէս յարգուած շարք մը մտածողներու վերլուծութիւններուն հետ համադրաբար։
Բառացիօրէն ամէն անգամ, երբ Թրամփ կը խօսի որեւէ մէկուն, այլ անձի մը կամ երկրի մը հետ պատահող բանի մը մասին՝ ան նկատի ունի ինքզինք։
Թրամփի ուղեղը չի ճանչնար որեւէ այլ անձ կամ
առարկայ՝ որպէս իր սեփական անձէն անջատ գոյութիւն ունեցող իրականութիւն։ Ուստի,
երբ Թրամփ կ’ըսէ՝ «զիս կը մտահոգէ, որ ինչ որ մարդիկ կը հետապնդեն Պիլ Քլինթընը Էփշթէյնի խնդրով», ատիկա ամբողջութեամբ պայմանաւորուած է այն
գիտակցութեամբ, որ եթէ Քլինթոն Էփշթէյնի խնդրով վկայութեան համար ներկայանայ Քոնկրես, ապա անոր հարցաքննութիւնը դուռ պիտի բանայ ԻՐ
հարցաքննութեան։ Եւ թերեւս Թրամփ իրապէս մտահոգուելու պատճառներ ունի, քանզի գիտէ, որ դեմոկրատ քոնկրեսականները առիթը պիտի չփախցնեն
հարցաքննելու Պիլը այն մասին, թէ ի՛նչ գիտէ Էփշթէյնի գործերուն Թրամփի ներգրաւուածութեան մասին, եւ այդ բոլորը
աւելցնելու ծանօթ
եւ ահաւոր պատմութիւններու արձանագրութեանց։
Իրականութեան
մէջ, Թրամփ բարդ մարդ մը չէ եւ շատ հեռու է առեղծուած մը ըլլալէն։
Թրամփ կիսա-գրագէտ, զգացական առումով թերզարգացած, մտաւորապէս
տկար անձ մըն է, որ չի հասկնար ուրիշ մարդիկը որպէս մարդիկ․ ան բառացիօրէն չի
կրնար մտաւոր
մշակումի եւ մարսողութեան ենթարկել իրմէ
դուրս գտնուող մարդոց մտքերը, զգացումները կամ գոյութիւնը։ Չի կրնար, որովեհետեւ չ՛ուզեր «ճաշակել»
կամ «համտեսել» ուրիշներու գոյութիւնն իսկ։
Ասիկա չեմ ըսեր որպէս վիրաւորանք։ Երբեմն
բարեկամներս, որոնց շարքին՝ Թրամփի կողմնակիցներ, չեն հասկնար, որ ես չեմ կրնար վիրաւորեր այդ անձը, առաւել եւս՝ ատել, այլ պարզապէս կը փորձեմ հասկնալ անոր մտքի գործունէութեան փաստացի,
ապացուցելի ձեւը։
Տոնալտ Թրամփի համար՝ մարդիկ իրական չեն։ Մեզմէ շատեր անտրամաբանական կը
զայրանան, երբ մեր համակարգիչը կը դադրի աշխատելէ, որովհետեւ կը զգանք, թէ «իրաւունք ունինք», որ այդ ոչ
մարդկային, անկենդան առարկան աշխատի այնպէս, ինչպէս մենք կ’ուզենք։ Թրամփ նոյն ձեւով կը
վերաբերի մարդոց, անոնց որոշումներուն եւ իրադարձութիւններուն։ Ան չի կրնար
ընդունիլ, որ կրնայ գոյութիւն ունենալ բան
մը, որ ամբողջովին իր վերահսկողութեան տակ չէ։
Թրամփի համար անտանելի տանջանք մըն է, երբ կը վիրաւորեն զինք կամ կը հակառակին իրեն։ Ոչ թէ որովհետեւ ատիկա
«ապստամբութիւն» մըն է իր ու իր իմաստութեան եւ առաջնորդութեան դէմ, այլ որովհետեւ անիկա ջուրի երես կը հանէ այն իրականութիւնը, թէ գոյութիւն ունին ուրիշ՝ իրմէ զատ այլ
մարդիկ։ Եւ սա, կը կարծեմ, այն բանն է, զոր չի կրնար հանդուրժել․ աւելին՝ չի կրնար հանդուրժել, որ սա բան մըն է, որուն մասին ինք ստիպուած
պէտք է ըլլայ մտածել։ Նման բան երբեք պէտք չէ պատահի։
Թրամփի համար նոյնիսկ այն մշուշոտ գիտակցումը,
թէ ուրիշ մարդիկ կրնան իսկապէս մարդիկ ըլլալ, կը նմանի սովորական մարդու մը
սարսափին՝ երբ կը մտածէ, թէ տիեզերական աղէտ մը կրնայ հաւանական
ըլլալ։ Թրամփի
համար այլ մարդոց գոյութիւնը եւ պարզ մարդոց համար տիեզերական աղետին իրական
հաւանականութիւնը անտանելի ճշմարտութիւններ են եւ այնքան դուրս են
ուղեղի ըմբռնումէն, որ նոյնիսկ անոնց մասին շշուկով խօսակցութիւնը կաm ակնթարթային մտածումը կը
խելագարեցնեն։ Թրամփ ի վիճակի չէ կրելու այլոց
գոյութեան «բեռը» իր կեանքին մէջ։
Իսկ ի՛նչ է կարեկցանքը իրեն համար․ Թրամփ մշուշոտ կերպով կը գիտակցի անոր գոյութեան, չի հասկնար
զայն,
հետեւաբար՝ կ’ատէ զայն եւ կ’ընէ ամէն ինչ՝
ամէն գնով խուսափելու համար անորմէ։
Ահա թէ ինչո՛ւ ան կը վարձէր մարմնավաճառներ, Ահա թէ ինչո՛ւ ներքաշուած է սեռական տարբեր ոտնձգութիւններու եւ բռնաբարութեան մեղադրանքներու մէջ եւ թէ ինչո՛ւ անոր դէմ միշտ հնչած են ծանր
յանցագործութիւններու պնդումներ՝ ֆինանսական խարդախութիւններէն եւ յանցաւոր
խմբաւորումներու հետ տնտեսական կապերէն սկսեալ
մինչեւ պետական յեղաշրջման փորձերը։ Թրամփի համար ուրիշները
առարկաներ են, որոնց նկատմամբ, կամ աւելի դիպուկ՝ «վրայ», ինք իրաւունքներ ունի․ եւ
որքան աւելի իշխանութիւն գործադրէ անոնց վրայ ու ստիպէ զանոնք գործել այնպէս,
ինչպէս ինք կ’ուզէ՝ այնքան աւելի կը վերահաստատէ ու կը պաշտպանէ իր
աշխարհայեացքը, թէ իրմէ բացի ոչ ոք գոյութիւն ունի։
Մարդիկ կը նշեն, թէ Թրամփ կը տառապի նարսիսիզմէ։ Ասիկա հաւանաբար ճիշդ է, բայց այդ գիտական
հասկացութիւնը լիովին չի փոխանցեր այն, ինչ կը փորձեմ ըսել անոր մասին։
Ես ընդհանրապէս կը
խուսափիմ մասնագիտական, այս պարագային՝ բժշկա-հոգեգիտական բառերէն, որովհետեւ նման
եզրերու գործածութիւնը յաճախ կը ծառայէ դիւրին պիտակաւորումներու։ Անոնք, որոնք խորապէս ծանօթ չեն այդ եզրին, զայն կ՛ընկալեն
որպէս պարզ վիրաւորանք։ Սակայն պարզ ըլլալու համար՝ պէտք է ըսել, որ Թրամփ գրեթէ անկասկածօրէն հիւանդագին նարսիսիստ մըն է։ Առանց վիրաւորանքի։ Սակայն
միայն նարսիսիզմը չէ, որ զինք իւրայատուկ
կը դարձնէ։ Ակնյայտ է, որ անոր քով առկայ են լուրջ ճանաչողական սահմանափակումներ, որոնք մեծապէս կը
նուազեցնեն անոր կարողութիւնը հասկնալու այնպիսի պարզ ու մարդկային հասկացութիւններ,
ինչպիսին է, դարձեալ, կարեկցանքը։
Պէտք է ընդունիլ,
որ նարսիսիստները կամ ընկերատեացները կրնան
զանազան բարձր մտաւոր կարողութիւններ ունենալ եւ ցուցաբերերել ռազմավարական մտածողութիւն։ Սակայն Թրամփի
պարագային խնդիրը միայն կարեկցանքի բացակայութիւնը չէ, այլ նաեւ անոր մտաւոր սահմանափակութիւնը՝
նոյնիսկ անոր գոյութիւնը ճանչնալու համար ընդհանրապէս մարդոց մէջ։
Կարեկցանքը բարդ ճանաչողական գործընթաց մըն է,
որ կը պահանջէ մտաւոր «տարածք» եւ ուժ։ Թրամփ պարզապէս չունի այդ։ Եւ ասիկա աւելին է քան նարցիսիզմը։ Սա այն է, որ կը փորձեմ ընդգծել․ Թրամփ պարզապէս
թերաճ անձ մըն է․ անմեղ բառով մը՝ ան
երեխայ մըն է։
Ասիկա զինք չի դարձներ պակաս վտանգաւոր։
Ընդհակառակը, ան վտանգաւոր է, որովհետեւ իր մանկական բնոյթը զինք գրաւիչ կը դարձնէ
զգացական թուլութիւն ունեցող մարդոց համար։
Բայց ասիկա նաեւ պատճառ մըն է, որ ան ձախողի գրեթէ
ամէն բանի մէջ, բացի ընտրուելէն։ Անոր եզակի
կարողութիւնն է արձագանգ գտնել խոր զգացական խոցելիութիւն ունեցող զանգուածներուն մէջ։ Իսկ անկէ դուրս, անոր վարչակազմերը
գրեթէ միշտ արագ կը փլուզուին։ Որովհետեւ Տոնալտ Թրամփ ունի շատ սահմանափակ մտաւոր կարողութիւններ։
Մարդիկ դժուարութեամբ կ’ընդունին այս պարզ
ճշմարտութիւնը, որովհետեւ իրենց աշխարհայեացքը կ’արգիլէ հաւատալ, թէ մէկը կրնայ ըլլալ
միլիարատէր եւ նախագահ՝ միաժամանակ ունենալով սահմանափակ մտաւոր կարողութիւններ։
Բայց կրնայ։ Եւ պատմութիւնը լեցուն է
օրինակներով, ուր ակնյայտօրէն անպատրաստ եւ մտաւորապէս սահմանափակ մարդիկ բարձրացած
են իշխանութեան ամենաբարձր դիրքերուն։
24 Փետրուար 2026

Comments
Post a Comment