Posts

Showing posts with the label Թրամփ

Թրամփ․ մանուկը՝ թագաւորի տեսքին մէջ

Image
Երկար ժամանակէ ի վեր կը հետեւիմ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի գործունէութեան, հանրային վարքին եւ ճառախօսութեան, եւ կ՛ուզեմ կիսուիլ իր մասին քանի մը դիտարկումներ ով, որոնք կը համարեմ գրեթէ անվիճելի՝ յատկապէս իմ կողմէս յարգուած շարք մը մտածողներու վերլուծութիւններուն հետ համադրաբար։ Բ առացիօրէն ամէն անգամ, երբ Թրամփ կը խօսի որեւէ մէկու ն , այլ անձի մը կամ երկրի մը հետ պատահող բանի մը մասին՝ ան նկատի ունի ինքզինք։ Թրամփի ուղեղը չի ճանչնար որեւէ այլ անձ կամ առարկայ՝ որպէս իր սեփական անձէն անջատ գոյութիւն ունեցող իրականութիւն։ Ուստի, երբ Թրամփ կ’ըսէ՝ «զիս կը մտահոգէ, որ ինչ որ մարդիկ կը հետապնդեն Պիլ Քլինթընը Էփշթէյնի խնդրով », ատիկա ամբողջութեամբ պայմանաւորուած է այն գիտակցութեամբ, որ եթէ Քլինթոն Էփշթէյնի խնդրով վկայութեան համար ներկայանայ Քոնկրես, ապա անոր հարցաքննութիւնը դուռ պիտի բանայ ԻՐ հարցաքննութեան։ Եւ թերեւս Թրամփ իրապէս մտահոգուելու պատճառներ ունի, քանզի գիտէ, որ դեմոկրատ քոնկրեսականները առիթը պիտի չփախցնեն հարցաքննելու Պիլը այն մասին, թէ ի՛նչ գիտէ Էփշթէյնի գործերուն Թրա...

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Image
 Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ․ Ամերիկացի Լրագրող Քրէյկ Անկըր Կը Պնդէ՝ «Այո՛» Համաշխարհային մամուլը հեղեղուած է նիւթերով, որոնք կը խօսին Տանըլտ Թրամփի՝ խորհրդային-ռուսական գործակալ մը (Russian asset) ըլլալու մասին։ Հետախուզական գործի մէջ, «գործակալ»ները այն անձերն են, որոնք կը գտնուին կազմակերպութիւններու կամ երկիրներու մէջ, որոնք այլ երկրի մը կամ կազմակերպութեան մը կողմէ կ՛ենթարկուին լրտեսութեան եւ որոնք տեղեկութիւններ կը տրամադրեն լրտեսի մը, որ կը գործէ յօգուտ լրտեսող երկրին կամ կազմակերպութեան։ Գործակալները տարբեր կարգերու կը բաժնուին ։ Տանըլտ Թրամփի՝ ռուսական գործակալ մը ըլլալու թեզը պաշտպանողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հաւատացած է, որ ան անձ մըն է, որ մնացած է հսկայական պարտքերու տակ, որոնցմէ ազատելու համար մտած է ռուսերու թեւին տակ, հաւանաբար ենթարկուած է նաեւ շանթաժի եւ ստիպուած է կատարելու իր դերը , միաժամանակ լուծելով նիւթական հարստութեան հետ կապուած անձնական բազմաթիւ խնդիրներ ։ Ամերիկացի լրագրող Քրէ յ կ Ա նկըր անվերապահօրէն համոզուած է, որ Տանըլտ Թրամփ ռուսական ...