Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

 Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ․ Ամերիկացի Լրագրող Քրէյկ Անկըր Կը Պնդէ՝ «Այո՛»


Համաշխարհային մամուլը հեղեղուած է նիւթերով, որոնք կը խօսին Տանըլտ Թրամփի՝ խորհրդային-ռուսական գործակալ մը (Russian asset) ըլլալու մասին։

Հետախուզական գործի մէջ, «գործակալ»ները այն անձերն են, որոնք կը գտնուին կազմակերպութիւններու կամ երկիրներու մէջ, որոնք այլ երկրի մը կամ կազմակերպութեան մը կողմէ կ՛ենթարկուին լրտեսութեան եւ որոնք տեղեկութիւններ կը տրամադրեն լրտեսի մը, որ կը գործէ յօգուտ լրտեսող երկրին կամ կազմակերպութեան։

Գործակալները տարբեր կարգերու կը բաժնուին։ Տանըլտ Թրամփի՝ ռուսական գործակալ մը ըլլալու թեզը պաշտպանողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հաւատացած է, որ ան անձ մըն է, որ մնացած է հսկայական պարտքերու տակ, որոնցմէ ազատելու համար մտած է ռուսերու թեւին տակ, հաւանաբար ենթարկուած է նաեւ շանթաժի եւ ստիպուած է կատարելու իր դերը, միաժամանակ լուծելով նիւթական հարստութեան հետ կապուած անձնական բազմաթիւ խնդիրներ։

Ամերիկացի լրագրող Քրէյկ Անկըր անվերապահօրէն համոզուած է, որ Տանըլտ Թրամփ ռուսական գործակալ մըն է՝ կամակատար, վերահսկուած կամ ուղղորդուող անձ: Ունկըր բնաւ չէ առնչուած դեղին մամուլին կամ դաւադրական տեսութիւններու աշխարհին հակառակը, յարգուած լրագրող մըն է, աշխատակցած է բազմաթիւ հեղինակաւոր թերթերու, գրած է արժէքաւոր քանի մը գիրքեր:

Այս հրապարակումին մէջ պիտի ներկայացնեմ Քրէյկ Անկըրի հետազօտութիւններուն ամփոփումը՝ միայն Թրամփի եւ ռուսերու միջեւ ֆինանսա-տնտեսական կապերուն վերաբերեալ։ Պիտի չներկայացնեմ Թրամփի եւ Փութինի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Անկըրի դիտարկումները, որոնք, իրենց հերթին, կը տրամադրեն բազմաթիւ տուեալներ՝ Թրամփի՝ ռուսական գործակալ մը ըլլալու թէզին ի պաշտպանութիւն։

Ահաւասիկ, ուրեմն, ռուսական գործարար եւ գործարար-յանցագործ աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ Թրամփի կապերուն մասին չոր փաստեր, ըստ Քրէյկ Անկըրի կատարած հետազօտուեանց  

Թրամփ առաջին անգամ ռուսերուն կողմէ «բռնուած» է 1980-ական թուականներուն, խորհրդային կարգերու ժամանակ: 1984-ին, ռուսական մաֆիան սկսած է Թրամփի անշարժ գոյքը օգտագործել դրամ լուալու համար, եւ այդ գործողութիւնը շարունակուած է տասնամեակներ: 1987-ին, ՄԱԿ-ի մօտ Խորհրդային Միութեան դեսպանը ՝ Եուրի Տուպինին, կազմակերպած է Թրամփի եւ անոր այն ժամանակուան կնոջ՝ Իվանայի, ուղեւորութիւնը դէպի Մոսկուա՝ գործարար հեռանկարներ քննարկելու համար, հոգալով ճամբորդութեան եւ կեցութեան բոլոր ծախսերը: Ուղեւորութենէն ընդամէնը եօթը շաբաթ անց, Թրամփ ամբողջ էջով գովազդներ տպած է ամերիկեան ամենահեղինակաւոր թերթերու՝ Boston Globe-ի, New York Times-ի եւ Washington Post-ի մէջ, որոնք ըստ էութեան կոչ կ'ուղղէին լուծարել յետպատերազմեան Արեւմտեան քաղաքական դաշինքը: Թրամփի եւ Ռուսիոյ կապը սկսած է ռուսական մաֆիայի դրամի լուացման գործընթացով, սակայն վերածուած է աւելի մեծ բանի մը, որ արդէն կը վերաբերի քաղաքական յարաբերութիւններուն՝ Փութինի վերահսկողութեան տակ։

1984-ին, Տաւիթ Պոկաթին, որ ռուս մաֆիոզ մըն էր եւ պենզինի ապօրինի առեւտրական մը, ինչպէս նաեւ Սեմիոն Մոկիլեւիչի՝ ռուսական մաֆիայի պարագլուխին մտերիմը, հանդիպած է Թրամփին հետ Trump Tower-ին մէջ, երբ շէնքը նոր բացուած էր: Պոկաթին այդ հանդիպման ընթացքին գնած է հինգ բնակարաններ Թրամփէն: Այդ բնակարանները յետոյ բռնագանձուած են ամերիկեան կառավարութեան կողմէ, որ յայտարարած է, թէ գնումները կատարուած են ռուսական մաֆիայի դրամի լուացման նպատակներով (New York Times, Ապրիլ 30, 1992):

Ֆելիքս Սաթեր՝ ռուսական ծագումով նախկին մաֆիոզ մը եւ Bayrock Group LLC-ի նախկին գործադիր տնօրէնը, գրասենեակ մը ունեցած է Trump Tower-ի 24-րդ յարկին վրայ: Ան նախ բանտարկուած է Ամերիկայի մէջ յանցագործ գործունէութեան՝ արժեթղթային խարդախութեան համար եւ յետոյ դարձած է կառավարութեան «գործակիցը»՝ աշխատելով FBI-ի եւ հետախուզական այլ մարմիններու համար: Ան մեծցած է Մայքլ Քոհենի հետ Քոհեն Թրամփի նախկին փաստաբանն է, որուն ընտանիքին կը պատկանէր El Caribe-ին՝ Պրուքլինի մէջ ռուսական մաֆիայի յայտնի հաւաքավայր մը: Քոհեն ուքրաինացի օլիկարխներու  հետ սերտ կապեր ունեցած է իր կնոջ եւ եղբօր կնոջ ընտանիքներուն միջոցով: Ֆելիքս Սաթերի հայրը եւս կապուած էր ռուսական մաֆիայի հետ: Այս բոլորը աւելի քան 30 տարուան պատմութիւն ունի:

Աթլանթիք Սիթիի իր բախտախաղի կեդրոններուն սնանկացումին բերումով՝ Թրամփ յայտնուեցաւ 4 միլիառ տոլարի պարտքի մէջ: Ո՛չ մէկ ամերիկեան դրամատուն համաձայն էր վարկեր տրամադրել անոր: Այդ ժամանակ սկսած է օտարերկրեայ դրամի հոսքը Bayrock-ի միջոցով: Bayrock-ը ղեկավարուած է երկու ներդրողներու կողմէ. Թեֆիք Արիֆը՝ Ղազախստանէն նախկին խորհրդային պաշտօնեայ մը, որ անսահմանափակ դրամական աղբիւրներ ունէր նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ եւ վերոնշեալ Ֆելիքս Սաթերը: Bayrock-ը 2005-ին գործակցած է Թրամփի հետ եւ մեծ գումարներ ներդրած է Թրամփի պիզնըս կազմակերպութիւններուն մէջ՝ օրինակական զանազան ձեւակերպումներով:

Սեմիոն Մոկիլեւիչը ռուսական մաֆիայի ուղեղն էր: Անոր գործակատարները տասնամեակներ շարունակ Թրամփի անշարժ գոյքը օգտագործած են դրամ լուալու համար: Այս կը նշանակէ, որ ռուսական մաֆիայի ներկայացուցիչները տարիներ շարունակ մեծագոյն դեր խաղցած են Թրամփի հարստութիւն դիզելուն մէջ, ինչպէս նաեւ «բաժնետէր» եղած են անոր մէջ։ Կարկառուն մաֆիոզներէն շատեր բնակարաններ ունեցած են Trump Tower-ին եւ այլ շէնքերու կամ հողամասերու մէջ եւ գործեր կառավարած են Թրամփին պատկանող պիզնըս կեդրոններուն մէջ ունեցած իրենց գրասենեակներէն։

Պէտք է նշել շատ կարեւոր հանգամանք մը, որ շատ յաճախ կ՛անտեսուի. Ռուսական մաֆիան Ռուսիոյ հետախուզութեան անբաժանելի մէկ մասն է: Ուրեմն, այն փաստը, որ յայտնի մաֆիոզները գործողութիւններ իրականացուցած են Միացեալ Նահանգներու նախագահի գլխաւոր կեցավայրին՝ Trump Tower-ին մէջ, կը պարտադրէ լուրջ հետեւութիւններ:

Քրէյկ Անկըր իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին կը յայտնէ հետեւեալը. «Սկզբնաղբիւր մը ըսաւ ինծի, որ այս բոլորը կապուած էր Սեմիոն Մոկիլեւիչի հետ, որուն մասին ես երբեք չէի լսած: Ես անմիջապէս փնտռեցի Նիւ Եորքի կալուածներու սեփականատէրերուն ցուցակները եւ ստուգեցի Թրամփի բոլոր կալուածները: Ամէն անգամ, երբ ռուսական անուն մը կը գտնէի, կը փնտռէի զայն համացանցով՝ Մոկիլեւիչի հետ կապուածութիւն մը հաստատելու համար: Սպասելի էր, որ շատ փորձեր ապարդիւն պիտի ըլլային, բայց գրեթէ ամէն մէկ անձ, զոր ես փնտռեցի, ռուսական մաֆիայի անդամ դուրս եկաւ: Ապշեցուցիչ կերպով բազմաթիւ մաֆիոզներ կային Թրամփի կալուածներուն մէջ՝ այնպէս, որ զուգադիպութիւն մը չէր կրնար ըլլալ»:

Այնքան շատ ռուսեր Թրամփի շինարարական ծրագիրներուն մէջ բնակարաններ գնեցին Ֆլորիտայի մէջ, որ շրջանը սկսաւ կոչուիլ «Փոքր Մոսկուա»։ Թրամփի երկու հիւրանոցներուն շինարարները ռուսեր էին, որոնք սերտ կապեր ունէին ռուսական մաֆիային հետ։ ԱՄՆ-ի մէջ այդ մաֆիայի հանգուցեալ ղեկավարը՝ Վյաչեսլաւ Քիրիլլովիչ Իվանքով, կը բնակէր Թրամփ Թաուըրին մէջ։

Trump World Tower-ի վերաբերեալ Bloomberg-ի հետաքննութեան (16 Մարտ, 2017) համաձայն, «2004-ին, 76-էն 83-րդ յարկերու վաճառուած բնակարաններուն մէկ երրորդը առնչութիւն ունէին ծագումով Ռուսիայէն եւ անոր դրացի երկիրներէն մարդոց հետ»։

Յուլիս 2008-ին, տնտեսական ճգնաժամի ամենավատ փուլին, Տանըլտ Թրամփ 95 միլիոն տոլարով վաճառեց Փալմ Պիչի մէջ գտնուող իր շքեղ առանձնատունը ռուս օլիկարխ Տմիթրի Ռիպոլովլեւի։ Թրամփ զայն գնած էր չորս տարի առաջ՝ 41.35 միլիոն տոլարով։ Վաճառքին գինը մօտ 54 միլիոն տոլարով աւելի բարձր էր, քան Թրամփի վճարած գումարը։ Այս ալ այն ժամանակ, երբ անշարժ գոյքի շուկան ծանր անկում կ՛արձանագրէր․․․

2013-ին, FBI-ի աշխատակիցները բացայայտեցին ռուսական մաֆիայի գերգաղտնի, բարձր խաղադրոյքներով անօրինական բախտախաղի ցանցը Trump Tower-ին մէջ ։ Բացի թղթախաղերէն, անոնք կը ղեկավարէին անօրինական betting կայքեր եւ «կը լուային» տարեկան աւելի քան 100 միլիոն տոլար։ Թրամփի ազգականներէն մէկուն բնակարանը, ըստ տեղեկութիւններու, ծառայած է իբրեւ կեդրոն՝ «դրամի լուացման» ցանցի մը համար, որ կապուած էր վերոնշեալ Սեմիոն Մոկիլեւիչի հետ։

Ռուտի Ճուլիանի, երբ դաշնակցային դատախազ էր, մեծ հռչակ ձեռք բերաւ իտալական մաֆիան հետապնդելով, բայց իր պաշտօնավարման ընթացքին ռուսական մաֆիան շարունակեց զարգանալ։ Ան առնչուած էր Թրամփի եւ ռուս օլիկարխներու գործերուն։ 1990-ին, Ճուլիանի Նիւ Եորքի տնտեսական զարգացման խորհուրդին մէջ նշանակեց Սեմյոն Քիսլինը, որուն մասին FBI-ը տեղեկութիւններ ունէր, որ կապեր ունէր ռուսական մաֆիային հետ։ «Իտալական մաֆիան ոչնչացնելու համար վերնագիրներու արժանանալը քաղաքականօրէն Ճուլիանիի համար խելացի քայլ մըն էր», դիտել կու տայ լրագրող Քրէյկ Անկըր։

Ուաշինկթընի մէջ բազմաթիւ Հանրապետական կուսակցականներ ներքաշուած են Թրամփի այս գործերուն մէջ։ Ռուսական մեծ գումարներ հոսած են դէպի Հանրապետական կուսակցութիւն, յաճախ՝ օրէնքի սահմաններուն մէջ։ Ամերիկեան Զէնքի Ազգային Միութիւնը (NRA) Ռուսիայէն ստացած է մինչեւ 70 միլիոն տոլար, որ յետոյ փոխանցուած է Հանրապետական կուսակցութեան։ Ծերակոյտի Հանրապետական Ընտրական Յանձնախումբը, Միթչ ՄըքՔոնըլի գլխաւորութեամբ, միլիոններ ստացած է Լէոնարտ Պլավաթնիկէն։ 1990-ականներուն, ռուսերը սկսած են գումարներ ուղարկել Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարներուն, ինչպէս՝ Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Թոմ Տելէյին։ Քրեյկ Անկըր կը պնդէ, որ Հանրապետական ղեկավարութեան մեծ մասը ռուսական գումարներով «բռնուած» է։

9-11 Սեպտեմբեր 2008-ին, Մանհաթընի մէջ կազմակերպուած Cityscape USA-ի խորհրդաժողովին ընթացքին, Թրամփի որդին՝ Թրամփ Կրտսերը բացայայտօրէն յայտարարեց ռուսական գումարներու ներհոսքին մասին, ըսելով. «Երբ խօսքը կը վերաբերի ԱՄՆ մուտք գործող բարձրակարգ արտադրութիւններուն, ռուսերը կը կազմեն մեր asset-ներուն անհամաչափօրէն մեծ հատուած մը»։

2014-ին, Էրիք Թրամփ՝ Թրամփի որդին, մարզական լրագրող Ճէյմզ Տոտսընին յայտնեց, որ Թրամփի կազմակերպութիւնը յաջողած էր տնտեսական ճգնաժամին ժամանակ ընդլայնիլ, որովհետեւ «Մենք չենք ապաւինիր ամերիկեան դրամատուներուն։ Ունինք բոլոր անհրաժեշտ ֆինանսաւորումները Ռուսիայէն»։

Քրեյկ Անկըր տեղ չի ձգեր այլ եզրայանգումիԹրամփ պարտքերու մէջ էր, եւ ռուսերը յաջողեցան զինք «մշակել» որպէս «ակամայ գործակալ»։

Մարտ 2025

(հրատարակուած է Պայքար շաբաթաթերթին մէջ)

Comments

Ամենաընթերցուածք

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք