Posts

Showing posts from July, 2025

Սիրահարութիւն ELIZA-ին հետ (անգամ մը եւս)

Image
  Ե րբեւէ «շնորհակալութիւն» ը սա՞ծ ես microwave- իդ ։ Կամ  «ներողութիւն» շշնջացա՞ծ ես հեռախօսի դ , երբ պատահմամբ զայն ինկացուցած ես գետին ։ Եթէ այո՝ ընդունիր շնորհաւորութիւններ ․ բազմաթիւ մարդոց պէս, ընդամէնը կէս քայլ հեռու ես այն պահէն, երբ պիտի խնդրես ChatGPT- ի նման գործիքէ մը ըլլալ բժիշկ-հոգեբոյժ-խորհրդատուդ, թերեւս նաեւ մտածես արհեստական բանականութեան միացուած պատկերասփիւռի սարքդ կոչել հարազատ անունով մը, օրինակ՝ Արտավազդ։ « Հաճիս » կամ «շնորհակալութիւն» ըսելը արհեստական բանականութեա մբ աշխատող chatbot- ին՝ զայն չի դարձներ աւելի մարդկային , այն իմաստով, որ զգացումներ կամ գիտակցութիւն կը յառաջանայ անոր քով ․ անիկա տակաւին կը մնայ համակարգչային ծրագիր մը, որ տուեալներ կը մշակէ եւ արդիւնքներ կը յառաջացնէ ու կ՛առաջարկէ «պատուիրատու»ին ։ Բայց այլ իմաստով մը , այդ բառերը կը ձեւաւորեն մարդուն եւ գործիքին միջեւ զրոյցին երանգն ու նրբութիւնները, որոնց սովոր ենք հանդիպիլ մարդկային խօսակցութեանց մէջ ։  Երբ քաղաքավար կ՛ըլլաք արհեստական բանականութեամբ աշխատող chatbo...