Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք



Լիբանանեան արմատական շիա-իսլամական Հըզպոլլա կուսակցութիւնը, որ ունի զինեալ դիմադրութեան՝ աշխարհի չափանիշներով անհամեմատելի հսկայական փորձ մը ու կը հաշուէ տասնեակ հազարաւոր նահատակներ՝ «Երուսաղէմի ազատագրութեան ճամբուն վրայ», անցած քառասուն տարին, նաւարկելով հազարամեայ աւանդոյթին հակառակ, ի վերջոյ վարժեցուց Լիբանանի մէջ իր մէկ միլիոնանոց ժողովուրդը, որ դադրին շիականութեան ամենանուիրական հեղինակութիւններէն Հասանի եւ Հիւսէյնի նահատակութեան՝ Քարպալայի ճակատամարտին յիշատակը նշել ինքնավնասումի` դանակներով ու մետաղեայ շղթաներով սեփական մարմինը արիւնոտելու ծէսերով:

Նախապէս, Քարպալայի ջարդը եւ իմամներու խողխողումին առթած ցաւը խորհրդանշող յիշատակումի այդ տեսարանները բաւականին սահմռկեցուցիչ էին: Երիտասարդ, ծեր թէ մանկահասակ մարդոց վրայէն արիւնը կը հոսէր Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն, Պաալպէի, Նապաթիէի եւ  շիիական հոծ բնակութեամբ այլ բնակավայրերու փողոցներուն մէջ: Հայրեր ածելիով կ՛արիւնէին իրենց մանկահասակ զաւակներուն գլուխները։ Իրաքեան քաղաքներու մէջ այս տեսարանները կը կրկնուին տակաւին։ Այդպէս, հաւատացեալները կը մտնէին ցաւն ու մահը վերապրելու՝ թրանսի նմանող վիճակի մը մէջ։ Ներկայիս, Լիբանանի մէջ ծէսէն մնացած է սեփական կուրծքը կամ գլուխը ծեծելը, տեղ-տեղ` ուժգին, տեղ-տեղ ալ` խորհրդանշական, թեթեւ հպումներով:  

Քրիստոնէական աշխարհին մէջ, միւս կողմէ, այլեւս այնքան ալ խանդավառ ընդունելութեան չեն արժանանար դէպի Գողգոթա՝ Քրիստոսի Խաչի ճանապարհի չարչարանքները եւ նոյնինքն խաչելութիւնը նմանակող ռէալիստական տեսարանները, որոնք կը բեմադրուէին բազմաթիւ համայնքներու մէջ` Սպանիայէն ու Իտալիայէն մինչեւ Ֆիլիփիններ եւ այլուր. ըստ այդ արարողութեան, Աւագ Ուրբաթին կամաւոր հաւատացեալ մը յանձն կ՚առնէր մեծ խաչ մը ուսին բարձրանալ խորհրդանշական գողգողթայ մը, ճամբու ընթացքին քարկոծուելով, խարազանուելով ու անարգուելով իր համագիւղացիներէն, որոնք կը կատարէին ռապպիներու կողմէ հրահրուած հրեաներու դերը, ի վերջոյ խաչուելու համար մուրճերու իրական հարուածներով՝ առ ի յիշատակում Քրիստոսի նահատակութեան:

Անդրադառնալով այս տարուան աւանդական ջահերթին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրեակին (եւ որ կը կատարուի իւրաքանչիւր տարուայ Ապրիլին՝ մօտ երեք տասնամեակներէ ի վեր) ու բացատրելով անոր իմաստը, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան ըսաւ «Թեև հայկական պետության մայրաքաղաքում անգամ ամենաերկար ճանապարհը ոտքով անցնելը որևէ կերպ համեմատելի չէ Դեր Զորի գաղթի ճանապարհի, կամ Արցախի բռնի տեղահանության հետ, սակայն խորհուրդն այն է, որ այդ ճանապարհն անցնողները՝ դուրս գալով սեփական հարմարավետության գոտուց, տարբեր՝ հաճախ անբարենպաստ եղանակային պայմաններում, անձրևի, երբեն ձյան տակ անցնելով դեպի Ծիծեռնակաբերդ տանող ճանապարհը, կարող են պատկերացնել, թե ինչերի միջով են ստիպված եղել անցնել մեր հայրենակիցները»։ Ջահերթի առնուազն մէկ նպատակի այս սահմանումը ունկնբախօրէն կ՛արձագանգէ "Քարպալային"՝ շատ մօտիկ,  եւ որոշակի առումով, "Խաչի ճանապարհի" քրիստոնէական "արարողութեան"։

Պատգամաւորը իր այս խօսքին մէջ կը դրսեւորէ հոգեբանական առումով վնասակար եւ բարոյապէս խնդրահարոյց պահուածք մը։ Սա գիտակցուած կամ չգիտակցուած փորձ է համեմատելու կամաւոր երթը ու զանգուածային ողբերգութիւնը, ինչ որ կը ստեղծէ բարոյական լրջագոյն հարցեր։ Ըսենք՝ ջահերթի ընթացքին մասնակիցները ծեծի ենթարկելը, այն օրինակով որ վկայուած է ցեղասպանութեան պատմութենէն՝ տարագրութեան ընթացքին մեր ազգակիցներուն հետ պատահածներուն վերաբերեալ, արդեօք պիտի կրնար աւելի՞ օգնել երիտասարդներուն «պատկերացնել, թե ինչերի միջով են ստիպված եղել անցնել մեր հայրենակիցները»։

Այս պատգամաւորը կը ներկայացնէ ՀՀ ընդդիմադիր ճամբարը, որ իշխանութիւնները կը մեղադրէ Արցախի կորուստը թոյլ տալու, ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային պայքարը տկարացնելու եւ Թուրքիոյ հետ կապերը վերականգնելու մէջ, կը մեղադրէ զանոնք՝ ոչ-հայ, թուրք ըլլալու մէջ։

Այս համաթեքսթին մէջ, երբ պատգամաւորը կ’ըսէ՝ «կարող ենք պատկերացնել, թե ինչեր են եղել», ան ի գործ կը դնէ զգացական եւ բարոյական նոյնականացման հնարքը ան պարզապէս կը յուշէ, որ այն որ ջահերթին չի քալեր` ան չի ցաւիր, կարծես անտարբեր է, հետեւաբար՝ ոչ լիարժէք հայ է կամ նոյնիսկ մեղսակից՝ իշխանութիւններուն։

Սա դասական ու պարզագոյն զգացական մանիփիւլէյշըն է հոգեբանական ճնշման շեշտադրումով՝ մեղքայնացում, որ կը գործէ հիմնականօրէն ժառանգուած ցաւը քաղաքական ինքնութեան վերածելով։ Նման մօտեցումը յատկապէս վտանգաւոր է հայաստանցի երիտասարդներուն համար, որոնք պատմական վիշտին հետ՝ կ՛ապրին նոր ճնշումների տակ (Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած հարազատներու եւ ընկերներու կորստեան ցաւը, երկրի անվտանգային խնդիրներուն յառաջացուցած խոր մտահոգութիւնները, ընկերային ու տնտեսական դժուարութիւնները եւ այլն ):

Յարգարժան պատգամաւորը կը միաձուլէ ազգային ինքնութիւնը եւ ժառանգական ցաւը։ Աւելին՝ խօսքին մէջ կը տեսնենք ցաւի ծիսականացում՝ նուազագոյնը տարին մէկ զայն կրկնելու եւ վերապրելու հրաւէր։ Սա յիշողութիւն չէ՝ բուժման համար։ Սա յիշողութիւն է՝ քաղաքական մարտավարութեան կամ մարդիկ հաւաքելու նպատակով։

Հայ պատգամաւորի յայտարարութիւնը՝ թէեւ բանաձեւուած զգուշութեամբ, ընդհանուր ցաւի քաղաքական շահարկում մըն է, եւ աւելի՛ն՝ խորհրդանշական գործողութիւններու մասնակցութիւնը կը վերածէ բարոյական պարտադրանքի։

Յայտարարութիւնը, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, մանիբուլաթիւ է՝ ոչ թէ որովհետեւ կը ստէ, այլ որովհետեւ պատմական ճշմարտութիւնը կը վերածէ ինչ-որ գործողութիւն յառաջ մղելու զգացական լծակի։ Նման խօսքեր կրնան խորացնել ազգային բաժանումները, ժառանգուած ցաւը վերածել յուզական պարտադրանքի եւ յիշողութիւնը՝ քաղաքական հաւատարմութեան քննութեան։

Այսպիսով, Ցեղասպանութեան և Արցախի յիշողութիւնը կը դառնան քաղաքական պայքարի գործիք, այլ ոչ թէ ազգային վերապրումի կամ համերաշխութեան ազդակ։

Սակայն այս երեւոյթը եզակի չէ Հայաստանի համար։ Պատմութիւնը լեցուն է օրինակներով, ուր կառավարութիւններ, կուսակցութիւններ, շարժումներ կամ կազմակերպութիւններ փորձած են համաժողովրդական ցաւը եւ պատմական վէրքերը «յարմարցնել» իրենք իրենց հայեցակարգերուն՝ իշխանութիւնը ամրապնդելու, որոշ քաղաքականութիւններ արդարացնելու կամ հանրային ինքնութեան վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու համար։ Ամենագէշ պարագային, այս արարքները յիշողութիւնը կը դարձնեն տոկմա, իսկ ցաւը՝ քաղաքական արժէք։

 

Գերմանիան Առաջին Աշխարհամարտէն Ետք եւ Նացիականութեան Վերելքը

Առաջին Աշխարհամարտէն ետք Գերմանիան դէմ յանդիման կանգնեցաւ ազգային ստորացման՝ Վերսայլի դաշնագիրով։ Պարտութիւնը, տնտեսական քայքայումը եւ «դաւաճանութեան» զգացումը Ատոլֆ Հիթլերը եւ Նացի կուսակցութիւնը ապահովեցին անհրաժեշտ «զինամթերքով»։ «Կռնակէն դաշունահարուածի» յայտնի առասպելը կամ այն, որ Գերմանիան ներսէն «ծախուած» էր, դարձաւ գործիք Հիթլերի ձեռքին եւ համաժողովրդական վիրաւորանքը ուղղորդեց հրեաներուն, համայնավարներուն եւ այլոց դէմ։

Սա դասական օրինակ մըն է այն բանին, թէ ինչպես ցաւը, քաղաքականացման ենթարկուելով, կրնայ վերածուիլ ցեղասպանութեան արդարացման։ Երիտթուրքերը դիմեցին գրեթէ նման հնարքի մը՝ իրենց ժողովուրդը գործածելու համար հայ ժողովուրդին դէմ Ցեղասպանութեան նախորդած տարիներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու համեմատաբար յառաջդիմած ընկերային-տնտեսական վիճակին հանդէպ թուրք բնակչութեան նախանձը եւ Իսլամական խալիֆայութեան անշքացման մէջ իբր հայերու պատասխանատուութիւնը էական դեռ խաղցաւ թուրք հաւաքականութիւնը գործիք դարձնելու ջարդերուն եւ տեղահանութեան։ Առանց այդ գործիքին, Իթթիհատական կառավարութեան համար անհնար պիտի ըլլար իրականացնելու հայասպանութիւնը։

Գերմանիոյ պարագային, այն, ինչ որ սկսաւ որպէս ազգային կորուստի յիշողութիւն, վերածուեցաւ ինքնութեան վրայ հիմնուած վրեժխնդրութեան, որ արդարացուց պատերազմը, բռնապետութիւնը եւ զանգուածային սպանութիւնները։ Նացիական Գերմանիոյ մէջ, Ա Աշխարհամարտին կրած կորուստներու ցաւը եւ վիրաւորանքը ոչ միայն կը յիշուէր, այլեւ ծիսական ձեւով կը վերարտադրուէր հանրահաւաքներով, քարոզչական ժապաւէններով ու արարողութիւններով, որոնք կը պահանջէին զգացական հնազանդութիւն եւ գաղափարական հաւատարմութիւն։

Ամերիկա Սեպտեմբեր 11-ի Ահաբեկչութիւնը եւ Հնազանդութեան Մշակոյթը

2001 թուականի Սեպտեմբեր 11-ի յարձակումներէն ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հասարակութիւնը ինկաւ համընդհանուր ազգային վիշտի եւ վախի մէջ։ Թէեւ սկզբնական օրերուն ամերիկացիներուն համերաշխութիւնը իբրեւ բուժիչ ուժ յայտնուեցաւ, Պուշի կառավարութիւնը շուտով սկսաւ այդ վիշտը փոխարկել քաղաքական համախոհութեան՝ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի պատերազմներուն համար։

«Կամ մեր հետ ես, կամ ահաբեկիչներուն» տրամաբանութիւնը դարձաւ բարոյական քննութիւն՝ ոչնչացնելով տարբեր կարծիքներ։ Իրաքի պատերազմին ընդդիմացողները ներկայացուեցան որպէս ոչ-հայրենասէր կամ նոյնիսկ՝ ահաբեկիչներու համակիր։ Այստեղ եւս, ցաւը օգտագործուեցաւ հաւատարմութիւն կամ որդեգրուած քաղաքականութեան ենթարկուածութիւն պարտադրելու համար։ 9/11-ի յիշատակը յաճախակի սկսաւ շահարկուիլ՝ արդարացնելու համար վերահսկողութեան, հետապնդումներու, խոշտանգումներու եւ անվերջ պատերազմի քայլերը։ Յիշենք, որ ԱՄՆ-ի մէջ քաղաքացիներու վերահսկողութեան կարեւոր տեսչութիւնը՝ Homeland Security-ն եւ Կուանթանամոյի անօրինական արգելավայրը, որոնք ստեղծուեցան 9/11-էն անմիջապէս ետք, կը գործեն մինչեւ այսօր եւ ըստ էութեան նոր թափով՝ Թրամփի իշխանութեան տակ։

Հոգեբանական առումով հետեւանքը աղետալի էր։ Մխիթարութիւն փնտռող ԱՄՆ հասարակութիւնը ստացաւ աներկբայութիւն՝ պատահածին բարդութիւնը հասկնալու փոխարէն, եւ վրէժ՝ փոխարէն արդարութեան։ Արդիւնքը եղաւ վիշտի «պարպումին» փոխարէն անոր վերածումը կաղապարուած-քարացած անվտանգութեան մշտական հաստատութեան կամ ճարտարապետութեան՝ այն, ինչ որ շատեր կը կոչեն «անվտանգային պետութիւն»։ Այլ տեղեր, անիկա կը կոչուի «ոստիկանական պետութիւն» կամ «գաղափարախօսական պետութիւն»։

Իսրայէլ եւ Հոլոքոսթը իբրեւ Քաղաքական Քննութիւն

Իսրայէլի մէջ Հոլոքոսթը ունի խոր եւ անջնջելի տեղ մը ազգային գիտակցութեան մէջ՝ եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, ինչպէս է մեր պարագային։ Բայց բազմաթիւ իսրայէլացի քաղաքացիներ ու գիտնականներ կը պնդեն, թէ յաճախ պետութիւնը այդ յիշողութիւնը կը շահարկէ՝ յատկապէս Պաղեստինեան հարցին շուրջ բանավէճը սահմանափակելու համար։

Այդպէս՝ Ցեղասպանութեան ցաւը կը վերածուի ոչ միայն ազգային ինքնութեան, այլ նաեւ՝ քննադատութենէն պաշտպանուելու վահանի։ Երբ յիշողութիւնը կը գործածուի այս ձեւով, Հոլոքոսթը այլեւս ընդհանրական յուշ մը չի մնար, այլ կը դառնայ ներքին ընդդիմութիւնը լռեցնելու գործիք։ Կառավարութիւններու ցեղապաշտ (արաբատեաց) եւ վայրագ քայլերը քննադատելը կը դիտուին որպէս ցաւի անտեսում կամ դաւաճանութիւն՝ պատմութեան։

Սա չի նշանակեր, թէ ցաւը անիրաւացի է. ան խոր է ու ճշմարիտ։ Բայց սրբացնելով ցաւը այն աստիճան, որ ան դառնայ քաղաքականօրէն անքննելի, քաղաքական խումբեր հասարակութիւնը կը կանգնեցնեն մեծ վտանգներու դիմաց՝ վերը նշեցի արդէն, թէ ինչպիսիք։

Ռուանտան Ցեղասպանութենէն ետք Միասնութիւն, Թէ՞ Բռնութիւն

1994-ի միջազգայնօրէն ճանչցուած ցեղասպանութենէն ետք, Ռուանտան ներկայացաւ իբրեւ միութեան եւ հաշտեցման խորհրդանիշ՝ Փօլ Քակամէի կուսակցութեան ղեկավարութեամբ։ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը հաստատութենական բնոյթ ստացաւ դպրոցներու, յուշարձաններու եւ արարողութիւններու միջոցով։ Սակայն, դիտորդներ նշած են, որ կառավարութիւնը յաճախ գործածեց այդ յիշողութիւնը՝ վերահսկելու քաղաքական խոսոյթը երկրին մէջ։

Ռուանտայի մէջ իշխանութեան քննադատութիւնը յաճախ դիտուեցաւ որպէս «պառակտումի» կամ նոյնիսկ՝ ցեղասպանական գաղափարախօսութեան տարածում։ Այս պարագային, յիշողութիւնը դարձաւ բռնապետութեան պահպանման գործիք, ուր ընդհանրական ցաւը արդարացում կը շնորհէ քաղաքական այլախոհութիւնը լռեցնելուն։

Բարոյական եւ Հոգեբանական Գինը

Այս բոլոր պարագաներուն մէջ հասարակաց երեւոյթը ընդհանուր խոցն է, որ երբ կը քաղաքականացուի, այլեւս չի բուժեր, այլ կը ծառայէ իշխանութեան կամ այլ խումբերու նպատակներուն։

Հոգեբանական առումով, այս պարտադրուած հաւատարմութիւնը, որ կը յառաջանայ համատեղ յիշողութենէն, ծանր բեռ մը կը դնէ նոր սերունդներուն վրայ։ Անոնք ոչ միայն պէտք է սգան այն, ինչ իրենք չեն ապրած, այլ պէտք է ապացուցեն իրենց հաւատարմութիւնը տարբեր ձեւերով, ներառեալ՝ ծիսական արարողութիւններու մասնակցութեամբ։ Սա կը խոչընդոտէ իսկական վիշտը եւ ազգային ինքնութիւնը կը վերածէ պարտադիր ցաւի մշտական կրկնութեան։

Ցաւի քաղաքական շահագործումը կը խախտէ յիշողութեան բարոյական սրբութիւնը։ Ան սրբութիւնը կը դարձնէ ռազմավարութիւն։ Գերման-ամերիկացի պատմաբան եւ քաղաքական տեսաբան Hannah Arendt զգուշացուցած էր այս վտանգէն, երբ խօսած էր «չարի անեզր ազդեցութեան» մասին, երբ չարը կը ծագի ոչ թէ հրէշային դիտաւորութիւններէն, այլ երբ կը նորմալացնէ վնասակար գործերը՝ բարի նպատակներու անունով։

Զգոյշ Քալենք․․․ Յիշողութեան Հետ

Ամէն հասարակութիւն ունի իր վէրքերը։ Բայց երբ քաղաքական ուժերը այդ վէրքերը կը գործածեն ոչ թէ բուժելու, այլ՝ պարտադրելու, բացառելու կամ զանգուած հաւաքագրելու նպատակով, պէտք է զգուշանանք։ Յիշողութիւնը պէտք է մնայ խղճի գործ, ոչ թէ պարտադրուած հաւատարմութիւն։ Ան պէտք է հրաւիրէ մտածումի, ոչ թէ պահանջէ հնազանդութիւն։ Այն պահուն, երբ վէրքը կը դառնայ պատկանելիութեան քննութիւն, անոր բարոյական ուժը կը քանդուի։

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանի ձեռքին՝ ջահը, այս իմաստով, վերածուած է զգացական պարտադրանքի խորհրդանիշի։ Զինք կը նշեմ, որովհետեւ հրապարակայնօրէն ինքն էր, որ ցանկացաւ բացատրութիւն մը տալ այս տարուան ջահերթին մասին, անոր մէջ դիտել տալով մեր նախնիներու մահուան, վախերու եւ բազմատեսակ դաժանութեանց փորձառութիւնը վերապրելու․․․օգուտը․ «Ճանապարհն անցնողները՝ դուրս գալով սեփական հարմարավետության գոտուց, տարբեր՝ հաճախ անբարենպաստ եղանակային պայմաններում, անձրևի, երբեն ձյան տակ անցնելով դեպի Ծիծեռնակաբերդ տանող ճանապարհը, կարող են պատկերացնել, թե ինչերի միջով են ստիպված եղել անցնել մեր հայրենակիցները»։ Որպէսզի յետոյ ինան հոգեբուժներու դռնե՞րը։

Եթէ իրապէս կը փափաքինք յարգել պատմութեան զոհերը, պէտք է ապահովենք, որ յիշողութիւնը մնայ արդարութեան հրաւէր, ոչ թէ հնազանդութեան պահանջ։

Արդեօ՞ք հնազանդութեան պահանջն ու պարտադրանքը, տարբեր կողմերէ ցաւը ինքնութեան վերածելու քաղաքականութիւնն ու գործողութիւնները պատճառներէն չեն, որ Հայաստանի թէ սփիւռքի տարածքին, բազմաթիւ հայ երիտասարդներ խորշին այն բազմաթիւ բաներէն, որոնք իրենց կը ներկայանան որպէս «հայկական»։

3 Մայիս 2025

Պէյրութ, Լիբանան

 

Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Մենք առանձին չենք