Լիբանան․ Պատերազմ եւ ինքնութիւն


13 Ապրիլ 2025-ը կը նշէ 50-ամեակը Պէյրութի արուարձաններէն մէկուն մէջ պատահած արիւնոտ դէպքին` Փաղանգաւոր կուսակցութեան զինեալներու կողմէ պաղեստինցի եւ դաշնակից զինեալներ տեղափոխող օթօպիւսի գնդակոծութեան, որ ընդունուած է համարել սկիզբը Լիբանանի քաղաքացիական երկրորդ պատերազմին (1975-1990):

Պատերազմի փորձառութիւնը ապրեցայ զանազան պարունակներու մէջ:

Մանուկ էի, երբ հայրս մեզ փախցուց հօրաքրոջս մօտ` Անթիլիաս, որ ապահով շրջան մըն էր այդ օրերուն, մինչ Պուրճ Համուտի Նոր Կիլիկիա թաղի մեր բնակարանին շատ մօտիկ Նապաա թաղամասին շուրջ բուռն կռիւներ սկսած էին հակամարտող ուժերու՝ քրիստոնէական միլիսներու եւ պաղեստինցի ֆետայիներուն միջեւ:

Կը յիշեմ՝ առիթով մը ճամբան կտրեցինք արձակազէնի կրակոցներուն տակ. հայրս բոլորիս հրամայեց գլուխները վար պահել ինքնաշարժին մէջ, եւ ինքը նոյնպէս գլուխը դէպի առաջ ծռած վիճակով, բայց ղեկը` ձեռքին, սեղմեց պենզինի ոտնակը մինչեւ վերջ: Հաւանաբար արագութիւնը փրկեց մեզ, կամ արձակազէնն էր տակաւին անփորձ. գնդակները սուլոցով անցան մեր քովէն, առանց վնաս պատճառելու։ Հետագային պիտի լսէինք սահմռկեցուցիչ պատմութիւններ արձակազէններուն մասին, որոնք քաղաքացիական պատերազմի ամենավատահամբաւ դերակատարներն եղան․ թէ ինչպէս կը վճարուին «գլխու վրայ»՝ ըստ առանց տարիքի կամ սեռի խտրութեան սպանած մարդոց թիւին կամ թէ ինչպէս վարժեցուած են կրակելու կենդանի շունչ ունեցող որեւէ բանի վրայ՝ շուն, կատու կամ այլ, զգօն պահելու համար սպանելու յանձնառութիւնը, ամրացնելու խղճի բացակայութիւնը։

Ութը տարեկանիս սկսայ սիկարէթ եւ պիստակեղէն վաճառել մեր թաղին մէջ՝ օգնելու համար ընտանիքի ապրուստը հոգալուն (դպրոցները պարտադիր արձակուրդի մէջ էին): Այդ տարին, հրթիռը ինկաւ մեր շէնքին դիմաց․ բեկորները ջարդեցին մեր դրացի Լէյլային առջեւի ակռաները, մինչ մենք բոլորս՝ վեց հոգիով, ապաստանած էինք շէնքի 5-6 քառակուսի մեթր տարածութեամբ պահեստասենեակին մէջ։

1976-ի ամառնային օր մը, երբ ինքնաշարժով Ճիպէյլ (Պիպլոս) կ’երթայինք պտուղ-բանջարեղէն բերելու՝ արհեստով դերձակ հօրս պայմաններուն բերումով նախաձեռնած նոր գործին՝ կանաչեղէնի առեւտուրին համար, տեսանք, թէ ինչպէս փաղանգաւոր զինեալները հարայ-հրոցով եւ ինքնաձիգները վեր պարզած՝ իրենց մարտակառքին ետեւը մէկ ոտքէն կապած մարդ մը «կը քշեն»։ Հետեւեցանք իրենց։ Երբ հասան Ճիպէյլի մօտիկ մէկ կամուրջը, զինեալները իջան կառքէն, քակեցին պարանը մարդուն ոտքէն ու քանի մը հոգիով շալկելով՝ զայն գլտորեցին կամուրջէն վար՝ ձորակին մէջ։ «Սպասեցէ՛ք, ուրիշներ ալ պիտի բերենք», ըսաւ զինեալներէն մէկը։

(…) Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, 1988-1990 տարիները հաւանաբար եղան ամենածանրները երկրի քրիստոնէաբնակ շրջաններուն համար: Նախ, խառն պայմաններու մէջ Պաապտայի նախագահական պալատ հասած զօրավար Միշել Աուն «ազատագրութեան պատերազմ» յայտարարեց Սուրիոյ դէմ, ապա ձեռնարկեց զինուորական գործողութիւն մը՝ քրիստոնէական մեծագոյն միլիսը՝ «Լիբանանեան ուժեր»ը լուծարելու նպատակով։

1989-ի Մարտ ամսուան վերջին օրերուն էր. ահազանգ ստացանք, որ Պուրճ Համուտին անմիջապէս փակած Տորայի շրջանի կազի հսկայական շտեմարանները, որոնք ռմբակոծուած էին քանի մը օր առաջ ու կ’այրէին, մօտ են պայթելու:

Աղէտ մը կը սպասուէր, բայց հաւանաբար շատ քիչերը կը կռահէին, թէ ինչ կրնար ըլլալ անոր տարողութիւնը:

Գիշերով սկսանք տարհանել շտեմարաններուն մօտիկ ապրող հայ բնակչութիւնը: Առաւօտեան, մօտ ժամը վեցին, սովորութեանս հակառակ, տուն վերադարձայ հանգստանալու: Ընդհանրապէս կը գիշերէի (եթէ գիշերել ըլլար) ծառայութեանս վայրը` այն շէնքը, որ յետոյ կոչուեցաւ Շաղզոյեան կեդրոն (այդ երկու տարին եղայ այդ շէնքին բնակիչը` Պուրճ Համուտի ապահովութեան կամաւոր ծառայութեան մէջ, Լիբանանի Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններու տրամադրութեան տակ)։

Հազիւ քանի մը ժամ քնացեր էի երբ աչքերս բացի ուժգին դղրդոցէն: Տնեցիք սարսափած էին, կարծելով թէ ռումբը ինկեր է մեր ու կողքի շէնքին միջեւ, մինչ ես հասկցեր էի, թէ պատահածը ինչ է. պայթումը Տորայի մէջ էր` ոչ հեռու մեր տունէն: Հանգստացուցի տնեցիները եւ ուղղուեցայ ծառայութեանս վայրը: Տեսայ այն վիճակը, ինչ որ կը տեսնէք հետեւեալ նկարին մէջ.

 կազի մէկ շտեմարանին հսկայ մասը (քանի մը թոն մետաղ), պայթումի ալիքի ազդեցութեան տակ, օդով կտրելով շուրջ մէկ քիլոմեթր, ինկած էր մեր ծառայութեան կեդրոնին առջեւ՝ քանդելէ ետք շէնքին վերի երկու յարկերուն մէկ մասը: Բարեբախտաբար` ոչ մէկ զոհ: Կը մտածէինք, թէ ինչ կրնար պատահիլ, եթէ մետաղեայ այդ ծանր զանգուածը ինկած ըլլար ընդամէնը քանի մը մեթր անդին` բազմաթիւ բնակիչներ ունեցող տան վրայ (շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ազդակ» օրաթերթի աշխատակից պարոն Ժաք Յակոբեանին՝ լուսանկարը տրամադրելուն համար):

(…)

 Կը նայիմ այս փոքրիկ, մաշած թուղթին ու կը մտածեմ` սա աւելին է քան այն ինչ մնացեր է իմ լիբանանեան առաջին անձնագիրէս: Երբ աչքիս ինկաւ, թուաց ինծի, թէ անկենդան բան մը չէ, այլ կը խլրտայ ինքնութեան եւ գոյատեւման մասին պատմութիւններով, որոնք հասարակաց են հարիւրհազարաւոր լիբանանցիներու կեանքին ու ճակատագիրին մէջ: Ճմռթուածքը, գունաթափ թանաքը եւ պատռուած եզրերը կարծես արձագանգն են անձնական ու ընդհանրական պատմութեան մը, որ չարչարուեցաւ պատերազմով, քանդումով, վախերով, տեղահանումով, մահերով եւ վերապրումով։

Ծնողքս առաջին անձնագիրս բերել տուաւ 1974 թուականին, շատ հաւանաբար Հայաստան ճամբորդութեանս նախօրեակին եւ այդ նպատակին համար։ Հիմա, անձնագրիս մնացորդը աչքիս կ’երեւի որպէս վկայութիւն մը ժամանակի մը մասին, երբ Լիբանանի մէջ ինքնութեան գաղափարը կը վիճարկուէր ամէն կողմէ։ Ծնած էի 1967 թուականին՝ փոթորիկէն քիչ առաջ։ Քաղաքացիական պատերազմը բռնկեցաւ երբ դեռ նոր կը ձեւաւորուէին ինքնութեանս ու պատկանելութեանս գաղափարները։ Ինծի եւ իմ սերունդիս համար քաղաքացիական ինքնութիւնը ոչ միայն տարտամ բան մըն էր, այլ մշտապէս կը վերստեղծուէր մեր շուրջ, կը ջնջուէր, կամ կտոր-կտոր կը մասնատուէր հակասութիւններու մէջ:

Լիբանանի քաղաքացիական ինքնութեան ճգնաժամը հաւանաբար առկայ էր անկախութեան առաջին իսկ օրէն։ Ի՞նչ է ազգ մը, եթէ ոչ հաւաքական պատում մը, զոր մարդիկ կ’ուզեն միասին գրել` հաւատալով համակեցութեան։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի, երբ այդ պատումը յօդս կը ցնդի հատուածականութեամբ, օտար շահերով ու միջամտութիւններով, անհաւասարութեամբ կամ ոճիրներով, որոնցմէ շատեր գործուեցան «անձնագիրի վրայ», ինչպէս սովոր էինք լսել այդ օրերուն, այն անձնագիրին, որ պէտք է, առնուազն, ըլլար խորհրդանշան մը քաղաքացիական միասնութեան, բայց որ դարձաւ մահուան անցագիր: Քրիստոնեան մորթեց իսլամը ու իսլամը` քրիստոնեան, ըստ ձեռքը անցած մարդու կրած անձնագիրին մէջ կրօնական պատկանելիութեան մասին նշումին: Հայերը նուազագոյն վնասներով դուրս եկան «անձնագիրի վրայ» կատարուած նախճիրէն։ Անոնք, ճանչցուած որպէս չէզոք կողմ, կրնային յուսալ անվնաս անցնիլ մահուան անցարգելներէն` պաշտօնապէս «արման» նշումը ունենալով իրենց անձնագիրներուն մէջ։

Հետեւաբար, անձնագրիս այս մնացորդը պարզապէս փաստաթուղթ մը չէ։ Ան փշրուած հայելիի կտոր մըն է։ Եւ ես զայն պահեցի ու պիտի պահեմ։ Այդ պահպանումը յիշողութեան արարք մըն է, ըսելու համար, որ ես հոս էի, հիմա ալ հոս եմ, ու ․․․ կը յիշեմ:

28 Ապրիլ 2025

(հրատարակաուած է keghart.org-ի մէջ)

Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք