Posts

Showing posts from December, 2025

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Image
Գրեց ՝  Էտուարտ Թաշճեա ն Վերջերս, Փղոսկրեայ Ափունքի մայրաքաղաք Ապիճանի կեդրոնական փողոցներէն մէկը կոչուեցաւ ծնունդով լիբանանահայ, Ափրիկեան եւ Եւրոպական ցամաքամասերուն մէջ վարսայարդարի տարածուն համբաւ մը ստեղծած Կարօ Հացպանեանի անունով: Սա ափրիկեան այդ երկրի կառավարութեան կողմէ շնորհուած հազուագիւտ եւ խորիմաստ մեծարում մըն է, որ պաշտօնապէս կը վաւերացնէ պարոն Հացպանեանի տասնամեակներու ներդրումը երկրի մշակութային կեանքին մէջ։ Առիթը ունեցայ քանի մը անգամ հանդիպելու պարոն Հացպանեանին հետ, Պուրճ Համուտի իր ծնողական բնակարանին մէջ, զրուցելու համար իր գործունէութեան եւ անցած կեանքի ճանապարհին մասին, զոր արտակարգ որակելը կը թուի քիչ։ Նախ եւ առաջ, Կարօ Հացպանեանի կեանքը ցոյց կու տայ, թէ տաղանդին միացած հաստատակամութիւնը, կարգապահութիւնը եւ աշխատանքին նկատմամբ կիրքը որքան հեռու կրնան տանիլ մարդը` իրագործումներու աստիճաններն ի վեր: Պուրճ Համուտի խճողուած փողոցներէն՝ Կիլիկիա թաղամասէն մինչեւ Ապիճանի գեղեցկութեան սրահները եւ Փարիզի փառատօներու դահլիճները, պարոն Հացպանեանին պատմութիւնը կը...

Դատաստանի ենթարկուող լրագրողը եւ հայերը Թուրքիոյ մէջ․Ի՞նչ կրնանք ընել

Image
3 Դեկտեմբեր 2025-ին սկսաւ թրքական Bianet լրատուական կայքի աշխատակից Թուղչէ Եըլմազի դատավարութիւնը, ու նոյն օրն իսկ յետաձգուեցաւ մօտ հինգ ամիսով․ ան կը մեղադրուի Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով՝ թուրք ազգը եւ պետութիւնը վիրաւորելու մէջ: Մեղադրանքը կը բխի լրագրողին՝ մօտ մէկուկէս տարի առաջ հայ երիտասարդներու հետ կատարած հարցազրոյցէն, ուր արծարծուած էին Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած խնդիրներ: Եըլմազ քրէական հետապնդման կ՛ենթարկուի գրութեան մը համար, որ պարզապէս կ՛արտացոլացնէ հայ երիտասարդներուն ապրումները Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալուն մասին: Անոր դէմ յարուցուած դատը մէկ լրագրողի դէմ պարագայական հալածանք մը չէ, այլ մտածուած եւ ռազմավարական յարձակումի մը մէկ քայլը Թուրքիոյ մէջ մամուլի ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն դէմ ու հերթական դրուագը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսող ձայները լռեցնելու պետական ահաբեկչական քաղաքականութեան։ Բոլորը գիտեն, որ երեւոյթը նոր չէ, սակայն կը սիրէ կրկնուիլ․ դեռ մէկ տարի առաջ, Թուրքիոյ լրատուամիջոցները կարգաւորող մարմինը (RTUK) վերջնականապ...