Դատաստանի ենթարկուող լրագրողը եւ հայերը Թուրքիոյ մէջ․Ի՞նչ կրնանք ընել

3 Դեկտեմբեր 2025-ին սկսաւ թրքական Bianet լրատուական կայքի աշխատակից Թուղչէ Եըլմազի դատավարութիւնը, ու նոյն օրն իսկ յետաձգուեցաւ մօտ հինգ ամիսով․ ան կը մեղադրուի Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով՝ թուրք ազգը եւ պետութիւնը վիրաւորելու մէջ: Մեղադրանքը կը բխի լրագրողին՝ մօտ մէկուկէս տարի առաջ հայ երիտասարդներու հետ կատարած հարցազրոյցէն, ուր արծարծուած էին Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած խնդիրներ:

Եըլմազ քրէական հետապնդման կ՛ենթարկուի գրութեան մը համար, որ պարզապէս կ՛արտացոլացնէ հայ երիտասարդներուն ապրումները Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալուն մասին: Անոր դէմ յարուցուած դատը մէկ լրագրողի դէմ պարագայական հալածանք մը չէ, այլ մտածուած եւ ռազմավարական յարձակումի մը մէկ քայլը Թուրքիոյ մէջ մամուլի ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն դէմ ու հերթական դրուագը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսող ձայները լռեցնելու պետական ահաբեկչական քաղաքականութեան։

Բոլորը գիտեն, որ երեւոյթը նոր չէ, սակայն կը սիրէ կրկնուիլ․ դեռ մէկ տարի առաջ, Թուրքիոյ լրատուամիջոցները կարգաւորող մարմինը (RTUK) վերջնականապէս արտօնազրկեց 30-ամեայ Açık Radyo անկախ ռատիոկայանը, որ նոյն տարուան Ապրիլին փակուած էր, քանի որ հարցազրոյցի մը ընթացքին հիւրերէն մէկը օգտագործած էր «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը։ 

Եըլմազի խնդիրին նախապատմութիւնը հետեւեալն է․2024 թուականի Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, «Bianet» լրատուական կայքին մէջ հրապարակուեցաւ Թուղչէ Եըլմազի «Հայ երիտասարդները կը խօսին. 109-ամեայ սուգ» յօդուածը: Յօդուածին նպատակն էր անդրադառնալ Թուրքիոյ մէջ երիտասարդ հայ մը ըլլալու ժամանակակից փորձառութեան` ձայն տալով սերունդի մը, որուն պատմութիւնները յաճախ կը մնան անլուր: Յօդուածը կը ներկայացնէր երկու երիտասարդներու` 27-ամեայ Արէնի եւ 27-ամեայ Զեփիւռի վկայութիւնները, որոնք պետութեան կողմէ անմիջապէս որակուեցան որպէս յանցաւոր բովանդակութիւն:

Արէն իր վկայութեան մէջ կը պատմէր, թէ ինչպէս ստիպուած եղած է թաքցնել իր հայկական ինքնութիւնը մանկութեան շրջանին, օրինակ` երբ մայրը կը խնդրէր հանրային վայրերուն մէջ իրեն «աննէ» կանչել՝ «մամա»ով դիմելու փոխարէն: Ան կը նկարագրէր իր սարսափելի փորձառութիւնը զինուորական ծառայութեան ընթացքին, մասնաւորապէ յիշելով Ապրիլի 24-ի մը իր հրամանատարին հետ ունեցած դիմակայումը եւ վերջինիս սարսռեցնող խօսքերը. «մենք որեւէ մէկը չենք սպանած․եթէ սպանէինք, դուն այստեղ չէիր ըլլար»:

Զեփիւռ իր հերթին կը ներկայացնէր իր ընտանիքին ժառանգութիւնը` զայն կապելով 1915-ի Մուսա լերան պատմական դիմադրութեան եւ 1938 թուականին Տերսիմէն հայերու եւ ալեվիներու բռնագաղթէն եւ սպանութիւններէն փոխանցուած միջսերնդային հոգեխոցին:

Այս յուզիչ վկայութիւններուն համար հարթակ տրամադրելով` Եըլմազ կը կատարէր հիմնարար լրագրողական պարտք մը`լրատուական ծառայութիւն, զոր թրքական պետութիւնը շտապեց անմիջապէս քրէականացնել:

Եըլմազի լրագրողական աշխատանքը վերածուեցաւ քրէական գործի` պետութեան կողմէ կիրարկուող դասական մեթոտաբանութեամբ: Իրադարձութիւններուն յաջորդականութիւնը պետական հովանաւորութեամբ իրականացուող ահաբեկման դասագրքային օրինակ մըն է:

Այսպէս՝ հետաքննութիւնը սկսաւ Թուրքիոյ Նախագահի հաղորդակցութեան կեդրոնին (CİMER) ներկայացուած անանուն բողոքի մը հիման վրայ, ուր կը պնդուէր, թէ յօդուածը «հանրային ատելութիւն եւ թշնամանք կը հրահրէ» եւ որ «Bianet»-ը կը զբաղի «ահաբեկչութեան գովերգումով»: Ասոր յաջորդեց լրագրողին ձերբակալութիւնը. 3 Յունիսին Եըլմազ ձերբակալուեցաւ սովորական փաստաթուղթերու ստուգման ժամանակ, երբ դէմքի ճանաչման ելեկտրոնային համակարգը զինք նոյնականացուց «յանցագործ»ի մը հետ: Ան մէկ գիշեր պահուեցաւ կալանքի տակ` առանց իմանալու պատճառը․ սկիզբը տարին զինք սխալ դատարան մը, եւ միայն ճիշդ դատարան տանելու ճամբուն վրայ էր, որ ան իրազեկուեցաւ իր դէմ յարուցուած դատին մասին: Զինք պաշտօնապէս մեղադրեցին Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով` «թուրք ազգը եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը վիրաւորել»ուն համար: Այնուհետեւ, ան ազատ արձակուեցաւ՝ շարունակելով մնալ դատական հետապնդումի առարակայ։

3 Դեկտեմբերի նիստը յետաձգուեցաւ դատախազութեան պահանջով։ Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է 2026 թուականի Ապրիլ 21-ին: Այս երկարաձգումը պատահական չէ. ան ինքնին պատիժի միջոց մըն է` դատական ոտնձգութեան դասական մարտավարութիւն մը, որ նպատակ ունի ֆինանսապէս եւ հոգեբանօրէն հիւծել լրագրողները:

Դատախազին տուած իր ցուցմունքին մէջ Եըլմազ յստակօրէն պաշտպանեց իր լրագրողական աշխատանքը: «Իմ ռեբորդաժս որեւէ կապ չունի քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին հետ: Իմ մասնագիտական պարտականութիւններս կատարելը իմ սահմանադրական իրաւունքս է: Ես այս նիւթը պատրաստած եմ այդ իրաւունքներու շրջանակին մէջ: Յօդուածը բաղկացած է բացառապէս այն մարդոց արտայայտութիւններէն, որոնց հետ ես հարցազրոյցը կատարած եմ: Ես թուրք ազգը կամ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը վիրաւորելու որեւէ մտադրութիւն չեմ ունեցած: Ես կը մերժեմ մեղադրանքները»։ Ան նախազգուշացուց, որ զինք դատապարտելը «սարսափեցնող ուղերձ մը կը յղէ մամուլին»: Այդ ուղերձը երկակի է. նախ` փոքրամասնութիւններու, յատկապէս հայոց պատմութեան հարցերը լուսաբանելը կը մնայ «կարմիր գիծ», եւ երկրորդ` նոյնիսկ Հայաստանի հետ դիւանագիտական ենթադրեալ մերձեցման այս շրջանին, պատմական երկխօսութիւնը ճնշելու պետութեան ներքին քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ:

Դատական այս գործը, որ յարուցուած է Հայոց ցեղասպանութեան թեման շօշափող հարցազրոյցի մը առիթով, ուղղակիօրէն կ՛առնչուի Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներու փորձառութիւններուն եւ յոյզերուն: Եըլմազի դատավարութիւնը, ըստ էութեան, կը հաստատէ եւ կ՛արտացոլացնէ այն մարտահրաւէրներն ու վախերը, զորս արդէն իսկ նկարագրած էին այն երկու հայ երիտասարդները՝ Եըլմազի հարցազրոյցներուն հիւրերը, իրենց խօսքերուն մէջ:

Հայերը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգները Թուրքիոյ մէջ կը մեծնան մշտապէս զգալով պատմութեան ճնշումը իրենց վրայ, ինչպէս նաեւ պարտադրանք մը՝ թաքցնելու իրենց ինքնութիւնը: Հարցազրոյցին մէջ, Արէն կը նշէր, որ Թուրքիոյ մէջ հայ երիտասարդ ըլլալը կը պահանջէ, որ մարդ սորվի «կեանք փրկող մարտավարութիւններ», ինչպիսիք են անունը գաղտնի պահելը, անհրաժեշտութեան պարագային՝ լեզուն փոխելը եւ անընդհատ «ըլլալ զգաստ»՝ «կացութեան համապատասխան դիրքեր ընդունելու» համար: Ան կ՛ըսէ, որ 2011 թուականի Ապրիլ 24-ին զինուորական ծառայութեան ընթացքին հայազգի Սեւակ Պալըքչիին մահը «մեծ վախ ներշնչեց մեզի», ու կը պատմէ, թէ ինչպէս ստիպուած էր պահել իր ինքնութիւնը զինուորական ծառայութեան ընթացքին` յատկապէս Ապրիլ ամսուան մէջ, երբ կը մօտենար Ցեղասպանութեան յիշատակումի օրը:

Արէն եւ Զեփիւռ կը հաստատէին, որ իրենց համար Ապրիլի 24-ը կը նշանակէ «անհանգստութիւն եւ մտահոգութիւն», եւ ան կը ներկայանայ որպէս «անվերջ սուգ մը», որ կը տեւէ ահաւասիկ 109 տարի: Թէեւ երիտասարդները կ՛ընդգծէին, որ իրենք տակաւին կրնան դուրս գալ եւ ըսել, որ «մենք դեռ այստեղ ենք մեր մարմինով, ինքնութեամբ, լեզուով եւ մշակոյթով», անոնք կ՛աւելցնէին, որ «մեր վիշտը եւ սուգը բազմամարդ կերպով ապրիլը եւ արդարութեան մեր պահանջքը արտայայտելը տակաւին արգիլուած է»։ Եըլմազի դատավարութիւնը այսպիսով ուղղակիօրէն կը հարուածէ սգալու եւ արդարութեան պահանջք արտայայտելու այդ իրաւունքը․ հայերուն համար, իրենց ցաւին մասին բացայայտ խօսիլը կը մնայ վտանգաւոր գործողութիւն մը Թուրքիոյ մէջ:

Միւս կողմէ, դատավարութեան ժամանակ Եըլմազ ինք իր դատը համեմատեց Հրանտ Տինքի դատական գործին հետ։ Տինք նոյնպէս դատուած էր 301-րդ յօդուածով եւ ապա սպանուած օր ցերեկով՝ իր աշխատավայրին առջեւ, իբր ազգայնական մղումներէ տարուած երիտասարդի մը ձեռքով, որուն ետին թրքական ապահովական ծառայութիւններու ներկայութիւնը պարզօրէն շօշափելի պիտի դառնար հետագային՝ բազմաթիւ նշաններով։ Հետեւաբար, Եըլմազի դատը Թուրքիոյ հայերուն մօտ պիտի ամրապնդէ այն զգացումը, որ հայ համայնքին դէմ հալածանքին վերջ չկայ։ Երբ լրագրող մը կը դատուի «հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելու համար, ատիկա յստակ ու կրկնուող ազդանշան մըն է ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն, որ իրենց առընչեալ համընդհանուր ճշմարտութիւնը այդ երկրին մէջ կը մնայ քրէականացուած:

Եըլմազի դատավարութիւնը Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հայ ժառանգներուն համար կրնայ ըլլալ ոչ միայն լրագրողի իրաւունքներու հարց, այլեւ իրենց իսկ ապահովութեան, ինքնութեան եւ սուգի մասին խօսելու իրաւունքի պայքարին անմիջական արտացոլացումը Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիայէն դուրս ապրող հայերը կրնան գործօն դեր ունենալ՝ միջազգային ուշադրութիւն հրաւիրելով այս գործին նկատմամբ, լսելի դարձնելով իրենց ձայնը՝ ընկերային ցանցերու, դիւանագիտական ճնշումի եւ հասարակական իրազեկութեան միջոցաւ։

21 Ապրիլ 2026-ին Թուղչէ Եըլմազ դարձեալ պիտի կայնի դատարանին առջեւ։ Կրնա՞նք մենք կանգնիլ անոր, Արէնի եւ Զեփիւռի կողքին։ Բաւարար ժամանակ կայ մտածելու, ծրագրելու եւ գործելու համար՝ մէկ դատավարութենէ ալ անդին։


Comments

Ամենաընթերցուածք

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը