Posts

Showing posts from January, 2026

Քահանաները Ռոմանթիք Սիրոյ Իրաւունք Ունին

Image
Բ ոլորին համար յստակ է արդէն , որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վարած եկեղեցական օրակարգը, իր բոլոր փուլերով եւ դրսեւորումներով, քաղաքական է, այլ ոչ բարեփոխական, ձեւաւորուած գլխաւորաբար Հայաստանի շուրջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներով կամ, ինչ-որ տեղ, ՔՊ կուսակցութեան ու Եկեղեցւոյ միջեւ իշխանութեան համար մղուող պայքարով՝ այս տարուան Յունիսին կայանալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ ։ Գարեգին Բ ․ի դէմ Փաշինեանի պայքարը , անշուշտ, կրնայ նաեւ անձնական երանգ կամ նոյնիսկ հիմնապատճառ մը ունենալ, սակայն այդ եւս ոչինչ կը փոխէ իրականութենէն։ Բարձրաստիճան հայ եկեղեցականներու դէմ՝ կուսակրօնութեան երդումը խախտելու վերաբերեալ հնչեցուցած շարունակական մեղադրանքներու ծիրին մէջ, Փաշինեան կատարած է յայտարարութիւն մը, ըստ որուն «կուսակրօն հոգեւորականները չեն կարող ունենալ անձնական կեանք»։ Իմաստը պարզորոշ էր. հոգեւորականներուն արտօնուած չէ այն, ինչ որ կրնայ ամենաթանկագինը ըլլալ ուրիշներու՝ «անձերուս» համար։ Ես չեմ ընդունիր Փաշինեանը որպէս եկեղեցական բարեփոխումներու արժանաւոր ձայն...

Ծնողական մարտավարութիւններ` հայերէնի ուսուցման համար

Image
Ահաւասիկ տեսարան մը , որ տեղի կ՛ունենայ ու կը կրկնու ի հայ ընտանիքներու մէջ աշխարհի ամբողջ տարածքին . ծնողք կամ մեծ հայր ու մայրեր կը խօսին իրենց զաւկին կամ թոռան հետ մայրենի լեզուով ՝ հայերէն , զաւակները կամ թոռները կատարեալ կը հասկնան իւրաքանչիւր բառ, ապա , կը պատասխանեն՝ անջանադիր վստահութեամբ, անգլերէնով կամ այլ «մեծամասնական» լեզուով մը, ինչպէս են ֆրանսերէնը, արաբերէնը, սպաներէնը կամ ռուսերէնը՝ համապատասխան երկիրներուն կամ միջավայրերուն մէջ ։ Այս իրադրութիւնը կրնայ խոր հիասթափութեան եւ անհանգստութեան աղբիւր ըլլալ այն ծնողներուն համար, որոնք կը փորձեն փոխանցել իրենց ազգային ժառանգութեան մէկ մասը մեծցող սերունդին ։ Սակայն այս մարտահրաւէրը անձնական ձախողում մը չէ. անիկա համատարած եւ բարդ խնդիր մըն է ՝ Երեւանէն մինչեւ Մոսկուա եւ Նիւ Եորք։ Այս յօդուածով պիտի ներկայացնեմ Արեւմտեան կիսագունդէն հայ ծնողներու եւ երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներու միջեւ առցանց քննարկումէ մը ստացուած կարեւորագոյն եզրակացութիւնները, թէ ինչո՞ւ տեղի կ՛ ունենայ այդ եւ ի՞նչն է, որ իրականութեան մէջ կ րն...