Posts

Showing posts from March, 2026

Ճուլի Պրաուն եւ Հետաքննական Լրագրութեան Ուժը

Image
  Թէ ինչպէս լրագրող մը պարտադրեց, որ «Էփսթայնի գործը » դուրս բերուի արդարադատութեան փականքներու փոշիներու տակէն Հետաքննական լրագրութիւնը գոյութիւն ունի հանրային շահերուն ծառայելու համար , յատկապէս երբ ճշմարտութիւնը արգելափակուած է իշխանութեան, դրամի եւ վախի ազդեցութեան ճիրաններուն մէջ: Անցած քանի մը ամիսներուն այս իրականութիւնը դարձեալ արժանացաւ միջազգային ուշադրութեան, յատկապէս մամլոյ եւ եւ տեղեկատուութեան շրջանակներուն մէջ, տխրահռչակ Ճեֆրի Էփսթայնին վերաբերող միլիոնաւոր նոր փաստաթուղթերու հրապարակումէն ետք: 2008-էն 2018՝ տաս տարի թաղուած մնալէն ետք, Էփսթայնի պատմութիւնը կրկին ջուրի երես բերուեցաւ ամերիկեան հեղինակաւոր The Miami Herald օրաթերթի հետաքննող լրագրող Ճուլի Ք. Պրաունի շնորհիւ. այս մէկ լրագրողին շարունակական լուսաբանումները Էփսթայնի մասին՝ վերաձեւաւորեցին հանրային եւ համաշխարհային ընկալումը ժամանակակից ամերիկեան պատմութեան ամենասոսկալի սկանտալներէն մէկուն վերաբերեալ եւ դուռ բացին այնպիսի զարգացումներու առջեւ, որոնք արդէն իսկ ցնցած են աշխարհի բազմաթիւ մայրաքաղաքներ ե...