2025-ը դեռ 1984-ը չէ՛


Կ’ապրինք դարու մը մէջ, ուր ճշմարտութիւնը ենթակայ է սաստիկ յարձակումներու: Իրականութեան համար մղուող պայքարը այլեւս կառավարութիւններու միջեւ չէ միայն, այլ տեղի կ’ունենայ հասարակութիւններէն ներս, ընկերային կայքերու տարածքին, նոյնիսկ մեր ընտանիքներուն մէջ: Այս պայքարը ոչ ոք կրնայ անտեսել կամ զայն մեր փոխարէն մղելը ուրիշին պատուիրակել: Ապատեղեկատուութեան ուժերը աննահանջ են. անոնք կը ձգտին քանդել ժողովրդավարութեան հիմքերը ամբողջ աշխարհի տարածքին ու կ’աշխատին քաղաքացիներէն խլել ու ջնջել հիմնաւորուած որոշումներ կայացնելու անոնց իրաւունքը:

Պատմութեան ընթացքին, տեղեկատուութեան վերահսկումը եղած է բռնակալներու ռազմավարութեան մէկ մասը: 20-րդ դարուն, Խորհրդային Միութեան եւ նացի Գերմանիոյ նման բռնապետական վարչակարգերը քարոզչութեան միջոցաւ կը խաբէին իրենց քաղաքացիները՝ նորովի գրելով պատմութիւնը եւ ճնշելով անհանգստացնող ճշմարտութիւնները: Այսօր բռնատէրերը կը շարունակեն գործածել նոյն եղանակները, սակայն նոր գործիքներով․ անոնք կը գործարկեն թուային ապատեղեկատուութիւն, արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած կեղծ պնդումներ եւ ալկորիթմներ, որոնց նպատակն է շահագործել մարդոց զայրոյթն ու վախերը: Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հունգարիոյ եւ Թուրքիոյ նման երկիրներու մէջ, պատումի (narrative-ի) վերահսկումը կը նշանակէ ժողովուրդի վերահսկում: Սակայն, նոյն ռազմավարութիւնը կը կիրարկուի նաեւ ժողովրդավար երկիրներու մէջ, ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, ուր այս առումով գոյները խտացան յատկապէս Տոնալտ Թրամփի ժամանակաշրջանին։ Մարտի կէսերուն, ընկերային ցանցերով տարածուեցաւ ձայնագրութիւն մը, ուր մարդու կողմէ արհեստական ուսուցումով, Նիկոլ Փաշինեանի ձայնը կրկնօրինակած մեքենան «կ’արտայայտէր» թրքահաճոյ գաղափարներ։ Ապատեղեկատուական այս յարձակումը տեղի կ’ունենար այն օրերուն, երբ Հայաստանի ու աշխարհի հայութիւնը կը գտնուէր յուզումներու եւ կրքոտ քննարկումներու մէջ Ազրպէյճանի հետ «խաղաղութեան համաձայնագիրին» շուրջ։ Ովքե՞ր նման բաներ կ’ընեն եւ ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդեն։ Այսպիսի հարցումները առաջինը հասցէագրուած կ’ըլլան անվտանգութեան մարմիններուն, սակայն կեղծիքի մասին իրազեկումը, անոր ազդեցութեան չէզոքացումը ընկերութեան մէջ՝ իւրաքանչիւրիս պարտքն է ու պարտականութիւնը։

Ժամանակակից ապատեղեկատուութեան ամենէն նենգ մարտավարութիւնը այն է, որ ան ոչ միայն կը տարածէ սուտեր, այլեւ կ’ուզէ ոչնչացնել «ճշմարտութիւն» հասկացութիւնը: Երբ ամէն ինչ կը դրուի հարցականի տակ, երբ փաստերը կը դառնան քաղաքական նախընտրութեան հարց, երբ իրականութիւնը ինքզինք կը գտնէ անվերջ քննարկման մէջ, մարդիկ աւելի դիւրութեամբ կը դառնան վերահսկելի: Ճորճ Օրուէլի 1984 գիրքին մէջ, Կուսակցութիւնը (Party) ոչ միայն կ’ուզէ, որ իր քաղաքացիները կրկնեն սուտերը, այլեւ կ’ուզէ, որ անոնք ամբողջովին կորսնցնեն ճշմարտութիւնը ճանչնալու կարողութիւնը: Ինծի համար, գիրքին ամենէն սարսափելի տեսարանը ոչ թէ Ուինսթըն Սմիթի մարմնական խոշտանգումն է, այլ անոր վայրկեան մը տատանումը, երբ ան կը հասկնայ, թէ ձեռքին մէջ ունի Կուսակցութեան սուտերուն ապացոյցը, բայց ի վերջոյ փաստաթուղթը կը դնէ «Յիշողութեան անցք»-ին մէջ՝ հնազանդելով իրականութեան ոչնչացման: 1984-ին մէջ, «Յիշողութեան անցք»ը մոռացութեան եւ ուրացումի անցքն էր։

Նոյնը կ’ընէ ապատեղեկատուութիւնը այսօր: Ան կը ստեղծէ այնքան աղմուկ, այնքան հակասական պատումներ, որ մարդիկ կը հրաժարին որոնելէ ճշմարտութիւնը: Ան գիտելիքը կը փոխարինէ շնականութեամբ, տրամաբանութիւնը՝ զառանցանքով եւ ի վերջոյ, ժողովրդավարութիւնը՝ բռնապետութեամբ: Սա միայն երկրիդ արտաքին թշնամիներուն մարտավարութիւնը չէ՝ ընդդէմ ազգային շահերուդ: Զայն կը գործածեն նաեւ երկրիդ քաղաքական գործիչներն ու շարժումները, որոնք ժողովրդավարութիւնը կ’ընդունին ոչ թէ իբրեւ պաշտպանութեան կարօտ համակարգ մը, այլ իբրեւ խոչընդոտ, զոր պէտք է կործանել: Անշուշտ, անոր կը դիմուի հարուածելու համար իշխանութեան ձգտող մրցակիցներ եւ կատարելու համար արտաքին պատուէրներ՝ աշխարհաքաղաքական աւելի լայն պայքարներու մէջ։

Ա. Մ. Ն.ի մէջ, ոմանք հաւանաբար կը յուսային, թէ Քափիթոլիումի 2020 թուականի յունուարեան յարձակումէն եւ դաւադրական բազում տեսութիւններու մերկացումէն ետք, ալիքները պիտի փոխուին եւ կարելի պիտի ըլլայ անցեալին գիրկը անվերադարձ ուղարկել այն, ինչ շատեր որակեցին վատթարագոյնը՝ երկրի ամբողջ պատմութեան մէջ: Սակայն պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ բռնապետական շարժումները չեն անհետանար. անոնք կը վերախմբուին, կը յարմարին ու կը վերադառնան: 2024-ին այդ էր որ պատահեցաւ Ամերիկայի մէջ։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ ալ ապատեղեկատուութիւն տարածողները չեն պահուըտիր. անոնք հրապարակաւ կը յայտարարեն պատմութիւնը լուծարելու, հաստատութիւնները քանդելու եւ իրենց օրակարգին չհամապատասխանող բոլոր ճշմարտութիւնները ջնջելու իրենց մտադրութիւնները: Տակաւին քանի մը օր առաջ էր, որ Ա. Մ. Ն.ի Կառավարման արդիւնաւէտութեան բաժանմունքի ղեկավար Իլոն Մասք կ’ըսէր, թէ Հիթլերն ու Սթալինը չէին միլիոններ ջարդողը, այլ պետական հատուածի պաշտօնեաները։

Ի՞նչ կրնանք ընել: Պէտք է գիտակցինք, որ այս պայքարը միայն կառավարութիւններունը չէ՛: Արտաքին ապատեղեկատուները սորված են օգտուիլ երկիրներու օրենսդրական բացերէն՝ իրենց սուտերը ներքին լրատուամիջոցներով տարածելու համար: Սա կը նշանակէ, որ պարտաւորութիւնները կարեւոր չափով վերապահուած են մեզի՝ քաղաքացիներուն, լրագրողներուն, ուսուցիչներուն, մտաւորականներուն, հանրային մտածողներուն: Իւրաքանչիւր անգամ որ սուտը չենք հերքեր, ամէն անգամ որ կը թոյլատրենք սուտի տարածումը իբրեւ «այլ կարծիք», կորսնցուցած կ’ըլլանք ճշմարտութեան պայքարին մէկ մասը:

Ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարը միայն սուտերը հերքելը չէ. ան նաեւ ճշմարտութիւնը հաստատելն է: Ան կը պահանջէ հաւատարիմ ըլլալ վաւերական լրագրութեան ու տեղեկատուութեան, ինքնակրթուիլ եւ ուրիշներուն փոխանցել լրատուական գրագիտութիւնը։ Ւսկ ամենէն կարեւորը շնականութեան եւ անտարբերութեան տեղ չտալն է: Վոլթէր ըսած է. «Այն մարդիկ, որոնք կրնան ձեզ ստիպել անհեթեթութիւններ ընդունիլ, կրնան ձեզ ստիպել կատարել ջարդեր»։ Վոլթէր մեզ կը նախազգուշացնէ այն մեծագոյն վտանգին մասին, որուն կ’ենթարկուինք այսօր. սուտերու տարածումը եթէ չկասեցուի, կրնայ յանգեցնել բռնութեան, ճնշումներու, հաշուեյարդարներու, սպանդներու, գաղթերու եւ ժողովրդավարութեան ոչնչացման:

Բայց հաւատքը կենդանի է: Եթէ ճշմարտութիւնը կարեւոր չըլլար, ապատեղեկատուութիւնը գոյութիւն չէր ունենար: Այն փաստը, որ Օրուէլի 1984 գիրքը վերջին քանի մը տարիներուն կրկին դարձաւ ամենաշատ վաճառուողը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, կը նշանակէ, թէ մարդիկ տակաւին կը փնտռեն ճշմարտութիւնը եւ կ’ուզեն զայն հասկնալ: 

Ապատեղեկատուութեան կատաղի տարածումը կը նշանակէ, որ իրականութիւնը ամբողջովին չէ վերահսկուած տակաւին, որ ապատեղեկատուութիւն տարածողները տակաւին չեն յաղթած:
Կը գտնուինք վճռորոշ ժամանակի մէջ: Ապագան կանխորոշուած չէ. զայն կը ձեւաւորեն անոր համար պայքարելու պատրաստ մարդիկ: Հարցը այս է՝ պիտի պայքարի՞նք: Պիտի մերժե՞նք իրականութիւնը վերաշարադրելու փորձերը: Պիտի մարտահրաւէր նետե՞նք սուտերուն՝ անկախ անոնց ծագումէն:

Համոզումս է, որ պէ՛տք է պայքարինք, որովհետեւ նոյնիսկ 40 տարի ետք, տակաւին չենք հասած 1984-ին: 2025-ը դեռ 1984-ը չէ՛։

Պէյրութ, 19 մարտ 2025
(հրատարակուած է keghart.org-ի մէջ)

Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք