Posts

Showing posts with the label ԱԲ

Սիրահարութիւն ELIZA-ին հետ (անգամ մը եւս)

Image
  Ե րբեւէ «շնորհակալութիւն» ը սա՞ծ ես microwave- իդ ։ Կամ  «ներողութիւն» շշնջացա՞ծ ես հեռախօսի դ , երբ պատահմամբ զայն ինկացուցած ես գետին ։ Եթէ այո՝ ընդունիր շնորհաւորութիւններ ․ բազմաթիւ մարդոց պէս, ընդամէնը կէս քայլ հեռու ես այն պահէն, երբ պիտի խնդրես ChatGPT- ի նման գործիքէ մը ըլլալ բժիշկ-հոգեբոյժ-խորհրդատուդ, թերեւս նաեւ մտածես արհեստական բանականութեան միացուած պատկերասփիւռի սարքդ կոչել հարազատ անունով մը, օրինակ՝ Արտավազդ։ « Հաճիս » կամ «շնորհակալութիւն» ըսելը արհեստական բանականութեա մբ աշխատող chatbot- ին՝ զայն չի դարձներ աւելի մարդկային , այն իմաստով, որ զգացումներ կամ գիտակցութիւն կը յառաջանայ անոր քով ․ անիկա տակաւին կը մնայ համակարգչային ծրագիր մը, որ տուեալներ կը մշակէ եւ արդիւնքներ կը յառաջացնէ ու կ՛առաջարկէ «պատուիրատու»ին ։ Բայց այլ իմաստով մը , այդ բառերը կը ձեւաւորեն մարդուն եւ գործիքին միջեւ զրոյցին երանգն ու նրբութիւնները, որոնց սովոր ենք հանդիպիլ մարդկային խօսակցութեանց մէջ ։  Երբ քաղաքավար կ՛ըլլաք արհեստական բանականութեամբ աշխատող chatbo...

2025-ը դեռ 1984-ը չէ՛

Image
Կ’ապրինք դարու մը մէջ, ուր ճշմարտութիւնը ենթակայ է սաստիկ յարձակումներու: Իրականութեան համար մղուող պայքարը այլեւս կառավարութիւններու միջեւ չէ միայն, այլ տեղի կ’ունենայ հասարակութիւններէն ներս, ընկերային կայքերու տարածքին, նոյնիսկ մեր ընտանիքներուն մէջ: Այս պայքարը ոչ ոք կրնայ անտեսել կամ զայն մեր փոխարէն մղելը ուրիշին պատուիրակել: Ապատեղեկատուութեան ուժերը աննահանջ են. անոնք կը ձգտին քանդել ժողովրդավարութեան հիմքերը ամբողջ աշխարհի տարածքին ու կ’աշխատին քաղաքացիներէն խլել ու ջնջել հիմնաւորուած որոշումներ կայացնելու անոնց իրաւունքը: Պատմութեան ընթացքին, տեղեկատուութեան վերահսկումը եղած է բռնակալներու ռազմավարութեան մէկ մասը: 20-րդ դարուն, Խորհրդային Միութեան եւ նացի Գերմանիոյ նման բռնապետական վարչակարգերը քարոզչութեան միջոցաւ կը խաբէին իրենց քաղաքացիները՝ նորովի գրելով պատմութիւնը եւ ճնշելով անհանգստացնող ճշմարտութիւնները: Այսօր բռնատէրերը կը շարունակեն գործածել նոյն եղանակները, սակայն նոր գործիքներով․ անոնք կը գործարկեն թուային ապատեղեկատուութիւն, արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած կե...