Հենրի Քիսինճըր․ «Աշխարհակարգը. Խորհրդածութիւններ Պետութիւններու Բնոյթին եւ Պատմութեան Ընթացքին Մասին»

 


Երբ Հենրի Քիսինճըր իր «Աշխարհակարգը. Խորհրդածութիւններ Ազգերու Բնոյթին եւ Պատմութեան Ընթացքին Մասին» գիրքը հրատարակեց 2014-ին, քիչերը կրնային կանխատեսել, թէ ինչպէս իր վերլուծութիւնները պիտի դառնան այսքան ժամանակակից՝ անցած տարիներու փոթորկալի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Անոր ուսումնասիրութիւնը՝ համաշխարհային կարգերու փխրունութեան եւ աւելի բազմաբեւեռ աշխարհին մէջ հաւասարակշռութիւն հաստատելու ջանքերուն շուրջ, այսօր տեղին կը թուի՝ մեծ տագնապներ առթող մթնոլորտի մը մէջ: 

Ռուսիոյ կողմէ Ուքրաինա ներխուժումէն մինչեւ Արցախի բռնի հայաթափումն ու Հայաստանի նկատմամբ Ալիեւի յարձակապաշտութիւնը, ու մինչեւ Տանըլտ Թրամփի խնդրայառոյց օրակարգերը, ինչպէս՝ Կրինլանտին յաւակնիլը, Փանամայի ջրանցքը կրկին Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան տակ բերելու միտումը, կամ նոյնիսկ անհեթեթ գաղափարը Գանատան որպէս Միացեալ Նահանգներու 51-րդ նահանգը դիտարկելու—այս իրադարձութիւնները կը շեշտեն մեծ պետութիւններու մրցակցութեան եւ տարածքային ծաւալապաշտութեան վերածնունդը, որոնք լուրջ մարտահրաւէրներ են ոչ միայն ՄԱԿ-ի ստեղծումով ձեւորուած յետ-պատերազմեան, այլ անգամ յետ-պաղ պատերազմեան կարգերուն։ 

Միջին Արեւելքը, այս ընթացքին, կը շարունակէ մնալ հակամարտութեան եւ միտումներու եռացող կաթսայ մը: Կազայի եւ Լիբանանի մէջ աւերիչ պատերազմները, Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւնը, զուգորդուած Բենիամին Նեթանիահուի յամառ ջանքերով՝ վերաձեւաւորելու տարածաշրջանի ուժային տինամիզմը, կը փաստեն տարածաշրջանի մշտական անկայունութիւնը՝ այն նոյն տարածաշրջանը, որմով Քիսինճըր անձամբ կը զբաղէր իր դիւանագիտական ծառայութեան օրերուն: 

Ամերիկացի նշանաւոր դիւանագէտ, պետական գործիչ եւ քաղաքագէտ Հենրի Քիսինճըրի «Աշխարհակարգը. Խորհրդածութիւններ Պետութիւններու Բնոյթին եւ Պատմութեան Ընթացքին Մասին» (“World Order: Reflections on the Character of Nations and the Course of History”) կոթողական աշխատասիրութիւնը կը համարուի արդի քաղաքագիտութեան ամենակարեւոր գործերէն մէկը, գրուած 20-րդ դարու դիւանագիտութեան ամենայայտնի դէմքերէն մէկուն կողմէ, որուն տեսաբանական մտքի ազդեցութիւնը զգալի է մինչեւ այսօր, յատկապէս ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ։

Ինչպէս շատերը գիտեն, Քիսինճըր (1923 – 2023) ծառայած է որպէս Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար 1973-էն մինչեւ 1977 եւ Ազգային անվտանգութեան խորհրդական 1969-էն մինչեւ 1975, թէ՛ Ռիչըրտ Նիքսընի եւ թէ՛ Ճերալտ Ֆորտի նախագահական վարչակազմերուն մէջ։ Ան արժանացած է հակասական ընդունելութեան. ոմանք զինք պատկերած են որպէս ռազմավարական հանճար մը, որ կը մտածէր ու կը գործէր բացառապէս օգտապաշտական ձեւով, մինչ ուրիշներ անոր արտաքին քաղաքականութեան որոշումները ներկայացուցած են որպէս անբարոյական եւ երկարաժամկէտ առումով խորապէս վնասակար։ Բոլոր պարագաներուն, անհերքելի կը մնայ այն փաստը, որ Քիսինճըր անշփոթելի դրոշմ մը ձգած է Ամերիկայի եւ աշխարհի յարաբերութիւններուն ձեւաւորման եւ նախագահներու որոշումներուն վրայ, սկսեալ անցեալ դարու 70-ական թուականներէն մինչեւ իր մահը, գործուն դիւանագէտի թէ քաղաքական մտածողի իր դերերով։

Քիսինճըրի «Աշխարհակարգը» գիրքը ճիգ պահանջող ընթերցանութիւն մըն է, իր խտութեան բերումով անիկա խորաթափանց ուսումնասիրութիւն մըն է, որ կը հետազօտէ միջազգային յարաբերութիւններու տեսութիւնները պատմութեան ընթացքին եւ տարբեր քաղաքակրթութիւններու մէջ։ Այս գիրքով կը ճամբորդենք Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ասիոյ եւ, իհարկէ, Ամերիկայի քաղաքական համայնապատկերի տարբեր դրսեւորումներուն ընդմէջէն, քննելով թէ իւրաքանչիւր տարածաշրջան ինչպէս մօտեցած է աշխարհի կարգին, ինչ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման եկած է եւ թէ ինչպէս անոնց տեսակէտները կը ձեւաւորեն 21-րդ դարու աշխարհը։

Քիսինճըր կը սկսի հիմնական հարցադրումով մը. ի՞նչ է աշխարհի կարգը, եւ արդեօք իսկապէս համաշխարհային կարգ մը երբեւիցէ գոյութիւն ունեցա՞ծ է։ Ան կը նշէ որ ներկայ միջազգային քաղաքականութեան համակարգը, որ յաճախ կը կոչուի «կանոններու վրայ հիմնուած կարգ», ծնունդ առած է 1648-ի Ուեսթֆալիայի խաղաղութեան համաձայնագիրէն, որ հանդիսացաւ եւրոպական լուծում մը՝ եւրոպական խնդիրներուն համար։ Այս համակարգը, որ հիմնուած է ինքնիշխան պետութիւններու գաղափարին, պետութիւններու՝ իրար գործերուն չմիջամտելու սկզբունքին եւ ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ, դարեր շարունակ ծառայեց որպէս համաշխարհային յարաբերութիւններու հիմնական շրջանակ։ Սակայն, անոր հիմնական սկզբունքները այժմ կը վիճարկուին։

Քիսինճըր նախ կը հետազօտէ եւրոպական կարգին զարգացումը, ընդգծելով անոր իւրայատկութիւնը։ Ի տարբերութիւն այլ քաղաքակրթութիւններու, որոնք բարձրացան եւ անկում ապրեցան որպէս կայսրութիւններ, Եւրոպան ընդգրկեց քաղաքական եւ կրօնական բազմակարծութիւնը Հռոմի անկումէն ետք։ Ասիկա անպայման որ բարոյական ընտրութիւն մը չէր, այլ կ՛արտացոլացնէր Եւրոպայի մէջ որեւէ ուժի՝ բոլորին վրայ առանձինը տիրապետելու անկարողութիւնը։ Ուեսթֆալիայի համաձայնագիրը օրինականացուց այս բազմաբեւեռութիւնը, ծնունդ տալով ժամանակակից պետական համակարգին եւ ազգային շահի գաղափարին։

Այս համակարգը, սակայն, մշտապէս փորձութեան ենթարկուեցաւ մէկ կողմէ փառասէր առաջնորդներու եւ միւս կողմէ յեղափոխականներու կողմէ, ինչպէս Լուի ԺԴ թագաւորը եւ Ռոպէսփիեռի խմբակը Ֆրանսայի մէջ յաջորդաբար, ցոյց տալով կարգին եւ ազատութեան միջեւ ներքին լարուածութիւնը։ Վիեննայի համագումարը (1814–1815), Նափոլէոնեան պատերազմներէն ետք, ստեղծեց համակարգ մը, որ հաւասարակշռեց օրինականութիւնը եւ ուժը, միաժամանակ ներառելով հզօր ուժի մը վերածուած Ռուսիան եւրոպական կարգին մէջ։

Ազգայնականութեան վերելքը եւ Խրիմի պատերազմը (1854-56) խախտեցին այս հաւասարակշռութիւնը, յանգեցնելով Պիսմարքի կողմէ Գերմանիոյ միաւորման եւ ռէալ-փոլիթիքի քաղաքականութեան անցնելուն։ Այս նոր գերմանատիրական կարգը աւելի կոշտ էր եւ նուազ յարմարուող, որ ի վերջոյ հանգեցուց Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ողբերգութեան։

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին յաջորդած կարգը, որ մարմնաւորուած էր Վերսայի Դաշնագրով, առաջնահերթութիւն տուաւ օրինականութեան՝ գլխաւորաբար Ազգերու Լիկայի միջոցով, բայց անտեսեց ուժերու հաւասարակշռութիւնը, զայն խոցելի դարձնելով դաշնագիրի վերատեսութիւնը ցանկացող ուժերուն կողմէ, որոնցմէ ամենամեծը նուաստացումի ենթարկուած Գերմանիան էր։ Երկու մեծ պատերազմներուն միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը ցոյց տուաւ Վերսայեան մօտեցման ձախողումները, որոնցմէ ամենաաղետալին գերմանական ֆաշիզմին ծնունդն էր, որ ի վերջոյ կայծ տուաւ յաջորդ համաշխարհային պատերազմին։

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին յաջորդած Եւրոպան, ամերիկեան ղեկավարութեան ներքոյ, ընդգրկեց նոր մօտեցում մը. համարկում հաստատութիւններու միջոցով, ինչպէս Եւրոպական Միութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ն, նպատակ ունենալով անդրանցնիլ պետական համակարգը, որ եղած էր եւրոպական նախորդ կարգերուն հինական առանձնայատկութիւնը։

Քիսինճըր այնուհետեւ իր ուշադրութիւնը կը փոխադրէ Միջին Արեւելք, տարածաշրջան մը, որ բնութագրուած է աշխարհի կարգին հանդէպ իր իւրայատուկ մօտեցումով։ Պատմականօրէն, Միջին Արեւելքը տիրապետուած էր կայսրութիւններու կողմէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք կը նկատէր քաղաքակրթութեան կեդրոնը։ Իսլամի վերելքը ներկայացուց նոր համընդհանրական տեսլական մը (Տար ալ-Իսլամ), որուն նպատակն էր միաւորել աշխարհը մէկ հաւատքի ներքոյ։ Օսմանեան Կայսրութիւնը շարունակեց այս տեսլականը, բախելով Եւրոպայի բազմաբեւեռ համակարգին։

Օսմանեան Կայսրութեան փլուզումը եւ հետագային Ուեսթֆալեան պետական համակարգին պարտադրումը Միջին Արեւելքի վրայ ստեղծեցին ներքին լարուածութիւններ։ Աշխարհիկ ազգ-պետութիւններու վերելքը, յաճախ առաջնորդուած զինուորական ղեկավարներու կողմէ, այնտեղի ժողովուրդներուն առաջարկեց ճամբայ մը դէպի արդիականութիւն, բայց իսլամական ժառանգութիւնը վերահաստատեց ինքզինք շարժումներու միջոցով, ինչպէս Իսլամական Եղբայրութիւնը (հիմնադրուած՝ 1928-ին) ։ 2010-ականներու սկիզբը ծայր առած «Արաբական Գարունը», որ սկզբնապէս տօնուեցաւ որպէս ժողովրդավարական զարթօնք, բացայայտեց եւ ընդգծեց այս աշխարհիկ պետութիւններուն փխրունութիւնը եւ իսլամական շարժումներուն ուժը։

Պաղեստինեան հարցը, ըստ Քիսինճըրի, ամենացայտուն կերպով կը մարմնաւորէ աշխարհի կարգերուն միջեւ բախումը։ Իսրայէլ, Ուեսթֆալեան պետութիւն մը, կը փնտռէ ճանաչում եւ անվտանգութիւն։ Արաբական աշխարհին մէջ շատեր, ազդուած իսլամական կարգի տեսակէտէն, Իսրայէլը կը տեսնեն որպէս անօրինական միաւոր։ Միեւնոյն ժամանակ, Սէուտական Արաբիան՝ Արեւմուտքի կարեւոր դաշնակից մը, կը նաւարկէ բարդ ուղիով մը՝ հաւասարակշռելով Արեւմուտքի հետ իր դաշինքը, իր կրօնական մաքրամաքրութիւնը՝ որպէս Մեքքայի պահապան եւ արմատական իսլամականութեան ներքին ու արտաքին սպառնալիքները։ Միւս կողմէ, Սուրիոյ եւ Իրաքի նման պետութիւններու մէջ ստեղծուած կացութիւնը ցոյց կու տայ պետականութեան անկումը դաւանական եւ ցեղային հակամարտութիւններու դիմաց։

Քիսինճըր այնուհետեւ կը քննէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի բարդ յարաբերութիւնները։ Իրանը, որ ազգ-պետութիւն մըն է բազմադարեան պատմութեամբ, զարգացած պետականութեամբ եւ կայսերական աւանդութիւններով, 1979-ի յեղափոխութենէն ետք որդեգրած է արմատական իսլամականութիւնը, մարտահրաւէր նետելով գոյութիւն ունեցող աշխարհի կարգին, միաժամանակ գործելով անոր մէջ։ Իրանի միջուկային ծրագիրը կը սաստկացնէ այս լարուածութիւնը, ներկայացնելով ոչ միայն թեքնիք մարտահրաւէր մը, այլ նաեւ հիմնական տարաձայնութիւն մը միջազգային յարաբերութիւններու բնոյթին մասին։

Քիսինճըր կ'անցնի Ասիա, որ խիստ բազմազանութեամբ յատկանշուող տարածաշրջան մըն է իր տարբեր ազգային պատմութիւններուն, մշակոյթներուն եւ աշխարհի քաղաքական կարգին հանդէպ տարբեր մօտեցումներուն բերումով։ Ան կը համեմատէ Ասիոյ պատմականօրէն աստիճանակարգային (hierarchical) համակարգերը Եւրոպայի ուժերու հաւասարակշռութեան հետ։ Ան կը վերլուծէ Ճափոնի արագ արդիականացումը եւ անոր անցումը մեկուսացումէն դէպի կայսրութիւն, ընդգծելով անոր յարմարելու կարողութիւնը եւ իւրայատուկ ազգային ոգին։

 Քիսինճըր նաեւ կը քննէ Հնդկաստանի պատմական փորձառութիւնը, անոր մշակութային դիմադրողականութեան ուժը ներխուժումներու դիմաց եւ անկախութենէն ետք չէզոքութեան որդեգրումը՝ ռազմավարութիւն մը, որ կը համադրէ բարոյական հասկացութիւնները ազգային շահի խելամիտ հետապնդման հետ։

Քիսինճըր կը քննարկէ հակամարտութեան կամ գործակցութեան հնարաւորութիւնը Ասիոյ մէջ, կեդրոնանալով Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի յարաբերութեան վրայ։ Ան կը քննէ Չինաստանի պատմական ինքնակեդրոն աշխարհի կարգը, անոր բախումը Արեւմուտքին հետ եւ վերջին տասնամեակներուն Ուեսթֆալեան մօտեցման որդեգրումը, միեւնոյն ատեն ցանկալով պահպանել իր պատմական կեդրոնականութեան յատկանիշները։ Ան կը շեշտէ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութեան կարեւորութիւնը համաշխարհային կայունութեան համար եւ մեծ ուժերու յարաբերութիւններու նոր տեսակի անհրաժեշտութիւնը՝ աղէտալի հակամարտութիւններէ խուսափելու համար։

Քիսինճըր այնուհետեւ կը դառնայ դէպի Միացեալ Նահանգներ, հետազօտելով անոր երկդիմի յարաբերութիւնը աշխարհի կարգին հետ։ Ամերիկան, կ'ըսէ ան, պատմականօրէն ինքզինք տեսած է որպէս բացառիկ պետութիւն, ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն տարածելու առաքելութեամբ մը, սակայն անոր մօտեցումներուն մէջ առկայ է մեծ լարուածութիւն մը, որ կը ծագի համամարդկային սկզբունքներուն եւ ուժային քաղաքականութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու դժուարութենէն։ Այլ խօսքով, ան դիտել կու տայ ռազմավարական շահերու եւ բարոյական սկզբունքներու պաշտպանութեան միջեւ լարուածութիւնը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ։

Քիսինճըր առանձին գլուխ մը կը նուիրէ արհեստագիտութեան ազդեցութեան աշխարհի կարգի վրայ։ Ան կը հետազօտէ միջուկային զէնքերու առկայութեան հակասականութիւնը եւ անոնց տարածման մարտահրաւէրը, ինչպէս նաեւ սայպըր- արհեստագիտութեան յայտնութիւնը որպէս հակամարտութեան նոր ոլորտ։ Ան կը պնդէ որ արհեստագիտական զարգացման արագ ընթացքը կը պահանջէ միջազգային յարաբերութիւններու նոր մօտեցում մը, ուր անհրաժեշտ է վերանորոգուած շեշտ մը դնել ռազմավարական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան վրայ՝ նոյնիսկ հակառակորդներու միջեւ։

Վերջապէս, Քիսինճըր կ'անդրադառնայ մարդկային գործօնին։ Ան մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան համատարածութիւնը թէեւ կ'առաջարկէ աննախադէպ հասանելիութիւն տեղեկութիւններու, սակայն այն կրնայ նուազեցնել ռազմավարական մտածողութիւնը եւ առաջնորդութեան կարողութիւնը մարդոց մէջ։ Թուային դարաշրջանին մէջ մարդոց մշտական կապակցուածութիւնը եւ այլ պահանջներու մեծացումը, կը պնդէ ան, կրնան քայքայել գաղտնիութիւնը եւ արգելակել պետական գործիչ դառնալու համար պահանջուող անձնաւորութիւններու զարգացումը, ինչ որ կ՛արտայայտուի ամբոխավար ղեկավարներու արձանագրած քաղաքական յաջողութիւններով զանազան երկիրներու մէջ։

 Ուրեմն, ո՞րն է գլխաւոր եզրակացութիւնը։ Քիսինճըր կը պնդէ որ կայուն աշխարհակարգ մը կը պահանջէ հաւասարակշռութիւն ուժի եւ օրինականութեան, իրապաշտութեան եւ իտէալիզմի միջեւ։ Ան համոզուած է, որ Միացեալ Նահանգները, իր իւրայատուկ պատմութեամբ եւ համաշխարհային դերակատարութամբ, էական դեր մը ունի խաղալիք այս կարգը ձեւաւորելուն մէջ, բայց առանձինը չի կրնար ընել այդ ։

 Նոր աշխարհակարգ մը պէտք է ներառէ բոլոր գլխաւոր ուժերու համատեղ ջանք մը՝ ստեղծելու տարածաշրջանային կարգեր եւ կապելու զանոնք իրարու, ճանչնալով մշակոյթներու եւ պատմական փորձառութիւններու բազմազանութիւնը։ Ասիկա կը պահանջէ Ուեսթֆալեան համակարգի արդիականացում մը, որ հաշուի կ'առնէ համաշխարհայնացուած, փոխկապակցուած աշխարհի մը իրականութիւնները։ Ան կը շեշտէ որ նոր աշխարհակարգ մը աւարտուն արտադրանք մը չի կրնար ըլլալ, այլ շարունակական գործընթաց մը, որ կը պահանջէ մշտական յարմարեցում, բանակցութիւն եւ նպատակի յստակ գիտակցութիւն։

Որպէս պարզեցուած փոխաբերութիւն՝ մտածեցէք աշխարհի կարգին մասին որպէս անիկա ըլլար բարդ պար մը տարբեր գործընկերներու միջեւ տարբեր ոճերով, կ՛ըսէ ամերիկացի այս պետական գործիչը եւ քաղաքական մտածողը։ Կայ Եւրոպան, որ որդեգրած է համարկումը, բայց կ'անտեսէ ուժը, Միջին Արեւելքը՝ ճեղքուած աւանդոյթի եւ արդիականութեան միջեւ, Ասիան, որ կը զարգանայ Ուեսթֆալեան եռանդով բայց որուն կը պակսի համատեղ տեսլականը, եւ Ամերիկան, որ կը շարունակէ պայքարիլ իր իտէալիզմը հաւասարակշռելու բարդ աշխարհի պահանջներուն հետ։ Անշուշտ, Թրամփիզմը կը նախանշէ շատ աւելի բարդ զարգացումներ։

Յաջող պարի մը - եւ կայուն աշխարհակարգի մը - բանալին այն է, որ իւրաքանչիւր գործընկեր հասկնայ իր սեփական քայլերը, ուշադիր ըլլայ միւսներուն հանդէպ եւ գտնէ ռիթմ մը, որ թոյլ կու տայ բոլորին շարժիլ միասին՝ առանց իրարու բախելու։

 

Պէյրութ, 27 յունուար 2025

Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք