Ռոպին Շարմայի «Առաւօտեան Ժամը Հինգի Ակումբը»
«Օրուան առաջին մասին շատ հոգ տարէք, եւ օրուան մնացեալ մասը ինքնիրեն կը հոգացուի: Տէր կեցէք ձեր առաւօտուան, որպէսզի հիմնաւորապէս բարելաւէք ձեր կեանքը» Ռոպին Շարմա Մեզմէ շատերուն համար, առաւօտեան ժամը հինգին արթննալը խիստ անհրապոյր կը թուի: Մեզմէ շատերը կը նախընտրեն առաւօտները աւելի երկար անկողինին մէջ մնալ. մենք չենք սիրեր ստիպել մենք զմեզ աւելի կանուխ արթննալ «քան պէտք է»: Բայց ի՞նչ կ'ըսէք, եթէ իմանաք, որ առաւօտեան ժամը 5-ին արթննալը յաջողութեան բանալին է: Ռոպին Շարմա իր «Առաւօտեան Ժամը Հինգի Ակումբը» գիրքին մէջ պատմութիւն մը կը գործածէ ցոյց տալու համար իր համոզումը, թէ կանուխ արթննալը արդիւնաւէտութեան եւ յաջողութեան բանալին է: Պատմութիւնը կը վերաբերի միլիառատիրոջ մը, որ որոշած էր խորհրդատու ըլլալ դժուարութիւններ ունեցող արուեստագէտի մը եւ ձեռնարկատիրոջ մը: Առաջին բանը որ ան կ'որոշէ սորվեցնել արուեստագէտին, առտուան վրայ «յաղթանակ» տանելու կարեւորութիւնն է: Ինչպէ՞ս «կը յաղթենք» առաւօտը, պիտի հարցնէք: Առաջին գաղափարը «Յաղթանակի ժամն» է : Առաւօտեան ժամը 5...