Նուէրներով ստրուկներ կը պատրաստեն, մտրակներով՝ շուներ


Գրախօսութիւն Տէյվիտ Կրէյպըրի «Պարտք. Առաջին 5000 տարիները» գիրքին

Տէյվիտ Կրէյպըրի 2007-ին հրատարակուած «Պարտք. Առաջին 5000 տարիները» (Debt: The First 5,000 Years) գիրքը ընդարձակ եւ համապարփակ աշխատասիրութիւն մըն է, մարտահրաւէր՝ պարտքի եւ դրամի աւանդական ըմբռնումներուն։ Հեղինակը կ’ուսումնասիրէ այս հասկացութիւններուն կողմէ մարդկային ընկերութիւններու ձեւաւորումը հազարամեակներու ընթացքին: Գիրքը արագօրէն գրաւեց ակադեմական շրջանակներու ուշադրութիւնը՝ դառնալով հանրային քննարկումներու առարկայ յատկապէս մարդաբաններու, տնտեսագէտներու եւ քաղաքագէտներու միջեւ:

Կրէյպըրի կեդրոնական դրոյթը

Մարդաբան եւ քաղաքական գործիչ Տէյվիտ Կրէյպըր այս գիրքով նպատակադրած էր հերքել դրամի եւ պարտքի ծագման ու անոնց գործառնութեան շուրջ տարածուած առասպելները, որոնք ծնած էին, յատկապէս, ազատական մտածողներու գործերէն՝ Ճոն Լոք, Թոմաս Հոպզ եւ այլք։ Դրամը փոխանակման (barter) համակարգէն բնականօրէն ծնած ըլլալու ընդունուած տեսակէտին հակառակ, Կրէյպըր կը պնդէ, որ վարկային եւ պարտքային համակարգերը նախորդած են դրամին, եւ որ անոնք վճռական դեր խաղցած են մարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ:

Կրէյպըրի կեդրոնական դրոյթն է՝ պարտքը ոչ միայն տնտեսական/ ֆինանսական, այլեւ՝ խորապէս ընկերային ու բարոյական երեւոյթ է: Ան կը հետազօտէ, թէ ինչպէս պատմութեան ընթացքին պարտքի գաղափարը օգտագործուած է արդարացնելու անհաւասարութիւնը, իշխանութիւնը եւ բռնութիւնը: Կրէյպըր կը ներկայացնէ տնտեսական պատմութեան արմատականօրէն տարբեր ընկալում մը, ուր բարոյական եւ ընկերային պարտաւորութիւնները նոյնքան կարեւոր են, որքան շուկայական կամ նիւթական փոխանակումները:

Հիմնական գաղափարները

  1. Փոխանակման առասպելը եւ դրամի ծագումը

Կրէյպըր կասկածի տակ կ’առնէ դասական տնտեսագիտութեան տեսակէտը, թէ դրամը յառաջացած է փոխանակման համակարգերէն։ Ըստ դասական տեսակէտի՝ փոխանակումը եղած է անարդիւնաւէտ, ինչ որ բերած է դրամի ստեղծման։ Վերջինս պէտք է լուծէր փոխանակման դրութեան հետ կապուած խնդիրները։ Սակայն Կրէյպըր կը պնդէ, որ պատմական տուեալները չեն հաստատեր փոխանակման տնտեսութիւններու համատարած գոյութիւնը զանազան քաղաքակրթութիւններու մէջ։

Փոխարէնը, ան կը նշէ, որ հին ընկերութիւններու տնտեսութիւնը աւելի շատ հիմնուած էր փոխադարձ պարտաւորութիւններու եւ պարտքի վրայ։ Բազմաթիւ հին ընկերութիւններու մէջ մարդիկ հաշուի կը նստէին, թէ ո՛վ որո՛ւն ինչ կը պարտի, եւ այդ ընկերային պարտաւորութիւնները աւելի կարեւոր դեր ունէին տնտեսութեան մէջ, քան մետաղադրամները կամ այլ նիւթական արժէքներ։

Կրէյպըր կը պատմէ․ «Մարդուն մէկը օր մը երբ որսորդական ապարդիւն արշաւէ մը ետք անօթի վերադարձաւ քարայր-տուն, տեսաւ, որ յաջողած որսորդներէն մէկը քանի մը հարիւր փաունտ միս բերած է եւ ձգած է իրեն համար։ Ան խոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ, սակայն որսորդը վրդովմունքով կ’առարկէ` ըսելով «Մեր երկրին մէջ մենք մեզ մարդ կը կոչենք։ Եւ քանի որ մարդ ենք, իրարու կ’oգնենք։ Մենք չենք սիրեր, որ մէկը շնորհակալութիւն յայտնէ այդ պատճառով։ Ինչ որ ես այսօր ստացայ, վաղը կրնաս դուն ստանալ։ Մեր կողմերը կ’ըսեն՝ նուէրներով ստրուկներ կը պատրաստեն, մտրակներով՝ շուներ»։

Կրէյպըր կը ներկայացնէ Միջագետքի օրինակը․ հազարաւոր տարի առաջ հոն գոյութիւն ունեցած են պարտա-վարկային բարդ համակարգեր, շատ աւելի կանուխ, քան առաջին մետաղադրամները։ Պարտքերը կ’արձանագրուէին կաւէ տախտակներու վրայ։ Թէեւ վարկերը կը հաշուարկուէին գարիի կամ արծաթի համապատասխան արժէքով, սակայն այդ միջոցները հիմնականին մէջ հաշուարկման միաւորներ էին եւ ոչ թէ շրջանառութեան մէջ դրուած արժոյթ։ «Արժոյթի մէկ միաւորի արժէքը առարկայի արժէքին չափանիշը չէ, այլ՝ մարդու վստահութեան չափանիշը դէպի այլ մարդիկ», կ’ընդգծէ հեղինակը։

  1. Պարտքը որպէս բարոյական եւ ընկերային կառուցուածք

Ըստ Կրէյպըրի՝ պարտքը ոչ միայն տնտեսական յարաբերութիւն մըն է, այլ նաեւ բարոյական եւ ընկերային պարտաւորութիւն։ Պատմութեան ընթացքին պարտքի գաղափարը յաճախ գործածուած է ընկերային աստիճանակարգերը (hierarchy-ները) ամրապնդելու եւ շահագործումը արդարացնելու համար։

Ան կը վերլուծէ, թէ ինչպէս պարտքը ներկայացուած է որպէս բարոյական պարտաւորութիւն մը, որ կապուած է մեղքի եւ պատասխանատուութեան գաղափարներուն հետ։ Այդ բարոյական շրջանակը գործածուած է ուժեղներուն կողմէ՝ թոյլերը ճնշելու համար։ Պարտքի միջոցով արդարացուած են ստրկութիւնը, ճորտատիրական իրաւունքը եւ մարդոց՝ իրենց ազատութիւնը զիջելու պարտաւորութիւնը՝ պարտքերը մարելու համար։

Հնագոյն ընկերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցած է «պարտքային ստրկութիւն», երբ անվճարունակ պարտապանները կը դառնային պարտատէրերուն սեփականութիւնը։ Յաճախ ամբողջ ընտանիքներ կը ստրկացուէին կամ պարտքի դիմաց կ’աշխատէին, ինչ որ ստեղծած է մշտական աղքատութիւն եւ կախուածութիւն՝ սերունդէ սերունդ։

Կրէյպըր նաեւ կը քննարկէ կրօնի դերը։ Բազմաթիւ կրօններ զգուշացուցած են պարտքի վտանգներէն եւ առաջարկած պարտքի պարբերական ներման ձեւեր՝ ընկերային ճգնաժամերը կանխելու համար։ Ան կը յիշեցնէ Հին Կտակարանի «յոբելեան» անունով ծանօթ տարուան գաղափարը, երբ ամէն 50 տարին անգամ մը պարտքերը զերոյացուած են՝ կանխելու համար հարուստներուն կողմէ աղքատներուն մշտական ստրկացումը։

«Մեծ ու ամօթալի իրողութիւն մը դրոշմուած է բոլոր այն ջանքերուն վրայ, որոնք ձգտած են շուկան ներկայացնելու որպէս մարդկային ազատութեան գերագոյն ձեւը, մինչդեռ պատմական իրողութիւն է, որ շուկաները իրենց սկիզբն առած են գողութենէ», կը հաստատէ Կրէյպըր։

  1. Պարտքին բռնութիւնը եւ պետութեան դերը

Կրէյպըր կը պնդէ, որ պետութիւնը միշտ կարեւոր դեր խաղցած է պարտքերը պարտադրելուն մէջ, յաճախ՝ բռնութեան կամ անոր սպառնալիքին միջոցով։ Պետութիւնը, ըլլալով բռնութիւն կիրառելու իրաւասու միակ մարմինը, յաճախ եղած է պարտատէրերու շահերը պաշտպանող գլխաւոր ուժը։

Ան կը վերլուծէ Հռոմէական կայսրութեան օրինակը, ուր պետութիւնը յաճախ միջամտած է՝ պաշտպանելու հարուստ պարտատէրերուն շահերը։ Օրինակ բերելով Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ Հնդկաստանի նուաճումը, Կրէյպըր կը քննարկէ, թէ ինչպէս եւրոպական գաղութային ուժերը պարտքը գործածած են որպէս վերահսկողութեան եւ շահագործման գործիք։ Բրիտանիա վարկեր տրամադրած է «Արեւելահնդկական ընկերութեան», որ ռազմական ուժով հարստութիւն կը կորզէր Հնդկաստանէն՝ այդ վարկերը մարելու համար։ Այս պարտքային եւ շահագործման շրջանը մեծ դեր ունեցած է համաշխարհային դրամատիրական համակարգի ձեւաւորման մէջ։

«Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ բռնութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները արդարացնելու, զանոնք բարոյական դարձնելու լաւագոյն միջոցը զանոնք պարտքի լեզուով վերաշարադրելն է, որովհետեւ այդպէս՝ անմիջապէս կը թուի, թէ զոհն է սխալականը», կը նշէ Կրէյպըր։

  1. Պարտքին դերը ժամանակակից ընկերութեան մէջ

Գիրքի վերջին բաժինին մէջ Կրէյպըր կը քննէ, թէ ինչպէս պարտքը կը շարունակէ ձեւաւորել ընկերային եւ տնտեսական արդի յարաբերութիւնները։ Ան կը պնդէ, որ համաշխարհային ֆինանսական համակարգը հիմնուած է պարտքի վրայ, որ խոր ազդեցութիւն ունի թէ՛ անհատներու, թէ՛ ամբողջ ազգերու վրայ։

Կրէյպըր կը քննարկէ 2008-ի ամերիկեան ֆինանսական ճգնաժամը՝ շեշտելով, որ ան ոչ միայն տնտեսական, այլեւ բարոյական ձախողում մըն էր։ Ճգնաժամին պարտքի բեռը դրուեցաւ ընկերութեան ամենախոցելի խաւերուն վրայ, մինչդեռ հարուստները փրկուեցան պետութիւններուն միջամտութեամբ։

Հեղինակը կ’անդրադառնայ ԱՄՆ-ին մէջ ուսանողական պարտքի աճին, որպէս պարտքային ստրկութեան ժամանակակից օրինակ։ Ան կը նշէ, որ ուսանողական վարկերու բեռը կը ստեղծէ սերունդ մը, որ արգելափակուած է պարտքի ճիրաններուն մէջ եւ չի կրնար լիարժէք մասնակցիլ տնտեսութեան կամ ընկերային կեանքին։ «Կը պարզուի, որ «բոլորս» պարտաւոր չենք մեր պարտքերը վճարելու։ Միայն ոմանք պարտաւոր են», դիտել կու տայ Կրէյպըր։

Եզրակացութիւն

«Պարտք. Առաջին 5000 տարիները» գիրքը կասկածի տակ կը դնէ տնտեսագիտութեան, բարոյականութեան եւ իշխանութեան մասին աւանդական պատկերացումները։ Կրէյպըրի աշխատանքը ցոյց կու տայ, որ պարտքը պարզապէս տնտեսական հասկացութիւն չէ, այլեւ ընկերային եւ բարոյական գործիք մը, որ յաճախ գործածուած է վերահսկողութեան համար։ Ան իր ընթերցողներուն կը յորդորէ վերանայիլ պարտքին դերը թէ՛ իրենց անձնական կեանքին եւ թէ՛ տնտեսական եւ ընկերային աւելի լայն համակարգերուն մէջ։

Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք