Posts

Showing posts with the label դրամատիրութիւն

Նուէրներով ստրուկներ կը պատրաստեն, մտրակներով՝ շուներ

Image
Գրախօսութիւն Տէյվիտ Կրէյպըրի «Պարտք. Առաջին 5000 տարիները» գիրքին Տէյվիտ Կրէյպըրի 2007-ին հրատարակուած «Պարտք. Առաջին 5000 տարիները» (Debt: The First 5,000 Years) գիրքը ընդարձակ եւ համապարփակ աշխատասիրութիւն մըն է, մարտահրաւէր՝ պարտքի եւ դրամի աւանդական ըմբռնումներուն։ Հեղինակը կ’ուսումնասիրէ այս հասկացութիւններուն կողմէ մարդկային ընկերութիւններու ձեւաւորումը հազարամեակներու ընթացքին: Գիրքը արագօրէն գրաւեց ակադեմական շրջանակներու ուշադրութիւնը՝ դառնալով հանրային քննարկումներու առարկայ յատկապէս մարդաբաններու, տնտեսագէտներու եւ քաղաքագէտներու միջեւ: Կրէյպըրի կեդրոնական դրոյթը Մարդաբան եւ քաղաքական գործիչ Տէյվիտ Կրէյպըր այս գիրքով նպատակադրած էր հերքել դրամի եւ պարտքի ծագման ու անոնց գործառնութեան շուրջ տարածուած առասպելները, որոնք ծնած էին, յատկապէս, ազատական մտածողներու գործերէն՝ Ճոն Լոք, Թոմաս Հոպզ եւ այլք։ Դրամը փոխանակման (barter) համակարգէն բնականօրէն ծնած ըլլալու ընդունուած տեսակէտին հակառակ, Կրէյպըր կը պնդէ, որ վարկային եւ պարտքային համակարգերը նախորդած են դրամին, եւ որ անոնք վճռա...