Թրամփի Քաղաքականութիւնը. Բաժնել Եւրոպան՝ Միաւորելու Համար Ամերիկան
Նախագահական առաջին քարոզարշաւէն ի վեր, Տոնալտ Թրամփի արտաքին քաղաքականութիւնը՝ մասնաւորաբար Եւրոպայի նկատմամբ, բնորոշուած է հակադրութիւններով, անկանխատեսելիութեամբ եւ աւանդական դաշնակցութիւններն ու դաշնակիցները արժեզրկող ու վարկազրկող քայլերով:
Մինչ բազմաթիւ
քննադատներ կը պնդեն, թէ անոր մօտեցումը արդիւնք է անփութութեան, գոռոզամտութեան կամ
ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ ծանօթ՝
մեկուսացման վարքագիծին,
իմ կարծիքովս, այն աւելի շուտ ու աւելի շատ կը ցուցանէ հաշուուած դիրքաւորում մը.
Թրամփի վարքագիծը Եւրոպայի նկատմամբ ոչ միայն Ամերիկայի ետ քաշուիլն է համաշխարհային առաջնորդութենէն (isolationism), այլեւ՝ աշխարհի կարեւոր այդ մասին մէջ
հակա-ամերիկեան տրամադրութիւններ ստեղծելու ջանք մը, որպէսզի Ամերիկայի ներսը միաւորուի
«աշխարհը մեր դէմ է» յերյիւրանքին տակ:
Դաշնակիցները հեռացնելով՝ Թրամփ ամերիկացիներու աչքին կը բեմադրէ ինքնիրականացող
մարգարէութիւն մը, ուր աշխարհը դարձեալ դուրս կու գայ Ամերիկայի դէմ, ու ինք կը ներկայանայ որպէս միակ ղեկավարը, որ կրնայ պաշտպանել երկիրը արտաքին սպառնալիքներէն:
Այս մօտեցումը կը նմանի բռնարար յարաբերութեան մը (abusive relationship) տինամիզմին. բռնարարը նախ՝ զոհը
(ամերիկեան հասարակութիւնը) կը մեկուսացնէ իր օժանդակ համակարգէն (դաշնակիցներէն), ապա՝
ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս միակ պաշտպանը արտաքին վտանգներէն: Որքան Եւրոպան եւ աւանդական
գործընկերները դժգոհին Ամերիկայէն, այնքան աւելի դիւրին կը դառնայ Թրամփի համար
խմբել ամերիկացիները
իր շուրջը՝ «բոլորը մեր դէմ են, բայց ե՛ս միայն կրնամ սա լուծել» ուղերձով:
Արժեզրկելով ՆԱԹՕ-ն՝ Թուլցնել Անդրատլանտեան
Կապերը
Թրամփի արտաքին քաղաքական խոսոյթի բաղադրիչներէն մէկը ՆԱԹՕ-ի նկատմամբ թշնամականութիւնն է, զոր կ՛արծարծէ
ամէն առիթով: Թրամփ բազմիցս կասկածի տակ դրաւ դաշինքին արժէքը, սպառնաց դուրս բերել ԱՄՆ-ը անորմէ եւ նոյնիսկ ակնարկեց,
թէ կրնայ մղել Ռուսիան յարձակելու ՆԱԹՕ-ի անդամներուն վրայ, որոնք չեն կատարեր բաւարար պաշտպանական ծախսեր: Այս պնդումները
պոռոտախօսութիւն չեն, այլ մտածուած են՝ ծառայելու համար յստակ
նպատակներու։
ՆԱԹՕ-ի նկատմամբ Ամերիկայի յանձնառութիւնը հարցականացնելով ՝ Թրամփ կը սերմանէ անհամաձայնութիւն
եւրոպացի դաշնակիցներուն միջեւ, ստիպելով անոնց հարցնելու, թէ արդեօք կրնա՞ն ապաւինիլ ԱՄՆ-ին: Սա կը թուլցնէ դաշինքը եւ Եւրոպան կը մղէ դէպի այլընտրանքային
անվտանգութեան միջոցառումներ՝ առանց ամերիկեան մասնակցութեան:
Երբ Թրամփ հրապարակաւ կը նախատէ եւրոպացի ղեկավարները պաշտպանական
ծախսերը բաւարար մեծութեամբ չկատարալեու
կամ պարզ ըսած՝ ժլատութեան համար, ան ոչ միայն
ճնշում կը գործադրէ անոնց վրայ, այլեւ կը սնուցանէ դառնութիւն: Եւրոպացի քաղաքական
գործիչներ եւ քաղաքացիներ աւելի ու աւելի կը դիտեն ԱՄՆ-ը որպէս անվստահելի գործընկեր, անգամ՝ թշնամական տրամադրուած երկիր:
Եթէ Եւրոպան սկսի հեռանալ ԱՄՆ-էն՝ ի պատասխան Թրամփի հռետորաբանութեան,
Թրամփ կրնայ, յաչս ամերիկացիներուն, ցոյց տալ այս
հեռացումը որպէս ապացոյց, որ դաշնակիցները անշնորհակալ են, եւ որ Ամերիկան պէտք է մինակ գործէ:
Թրամփի առեւտրական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը աւելի սրեց լարուածութիւնը Եւրոպական միութեան հետ: Անոր վարչակազմը տուրքեր դրաւ եւրոպական
պողպատի եւ ալիւմինիոմի վրայ, սպառնաց
զանազան արտադրութիւններու նկատմամբ յաւելելալ
տուրքերով եւ բազմիցս յարձակեցաւ ԵՄ-ի վրայ՝ զայն որպէս տնտեսական
«թշնամի» ներկայացնելով:
Այս քայլերը ներկայացուեցան «Նախ՝ Ամերիկան»
մօտեցման հիմնաւորումով, բնականաբար՝ ամբոխահաճոյ, սակայն անոնք ունեցան նաեւ այլ ազդեցութիւններ. այդպէս՝ Թրամփի քայլերը յառաջացուցին եւրոպական
հակազդեցութիւն։ ԵՄ-ն հաստատեց պատասխան-տուրքեր ամերիկեան ապրանքներուն դէմ, վնասելով
ամերիկեան արդիւնաբերողներուն, խորացնելով
տնտեսական լարուածութիւնը եւ գրգռելով
եւրոպատեաց տրամադրութիւնները։ Երբ Եւրոպան կը պատասխանէ այս կերպ, Թրամփ միշտ կրնայ
պնդել, թէ եւրոպացիք «կը շահագործեն» ԱՄՆ-ը, ամրապնդելով իր փաստարկը եւ յառաջ մղելով
սեփական պատմասացութիւնը այն մասին, թէ կարելի չէ վստահիլ դաշնակիցներուն, մինչ, միւս
կողմէ, տուրքերու հաստատումին բերումով Եւրոպայի մէջ գրգռուած հակա-ամերիկեան տրամադրութիւններու մթնոլորտին մէջ, եւրոպացի ղեկավարներն ու գործարարներ
աւելի ու աւելի կը դիտեն ԱՄՆ-ը որպէս անկանխատեսելի տնտեսական հակառակորդ՝ ոչ գործընկեր:
Թրամփի յակումը դէպի իշխանակեդրոն ղեկավարներ՝ Ռուսիոյ Վլատիմիր Փութինը, Հունգարիոյ Վիքթոր Օրպանը կամ Թուրքիոյ Էրտողանը (անոր վրայ աւելցած՝ սերտ գործակից Էլոն Մասքի միջամտութիւնները ի նպաստ գերմանական
ծայրայեղ աջին), կտրուկ հակադրութեան մէջ է անոր անտարբեր վերաբերմունքին հետ ժողովրդավարի համբաւ ունեցող դաշնակիցներու
նկատմամբ, ինչպէս Ֆրանսայի Էմանուէլ
Մաքրոնը: Սա ոչ միայն անձնական նախընտրութիւն մըն է, այլ կը ծառայէ ռազմավարական յստակ նպատակի մը։
Ժողովրդավար նկարագրով
յայտնի դաշնակիցները հեռացնելով ու վիրաւորելով եւ բռնապետական յակումով ծանօթ ղեկավարները գովաբանելով՝ Թրամփ կ՛ազդարարէ, որ ԱՄՆ-ը այլեւս չի գնահատեր ատլանտեան միասնութիւնը, որուն գլխաւոր
յատկանիշը ազատութիւն-ժողովրդավարութիւնն էր: Սա դարձեալ կը ստիպէ Եւրոպան հարցնելու, թէ արդեօք այս գործընկերութիւնը կայուն
է, մինչ անդին՝ հակա-ամերիկեան ուժերը կ՛ուժեղանան։ Փութինի պէս ղեկավարներ կ՛օգտուին Արեւմտեան աշխարհի բաժանումէն:
Թրամփի գործողութիւնները՝ Ուքրանիայի ռազմական
օգնութիւնը դադրեցնելէն մինչեւ
ՆԱԹՕ-ն պախարակելը, ուղղակիօրէն
կ'օգնեն Մոսկուային, խախտելով Եւրոպայի կայունութիւնը:
Թրամփ ստեղծած է ու կը գործարկէ «մենք ընդդեմ անոնց» տինամիզմը։ Ուղղուած
իր հիմնական նպատակին՝ ան որքան կը մօտենայ իշխանակեդրոններուն ու ԱՄՆ-ը կը հեռացնէ
ժողովրդավար դաշնակիցներէն, այնքան աւելի կրնայ աշխարհի քննադատութիւնը յաչս ամերիկացիներուն ներկայացնել որպէս
Ամերիկայի դէմ ուղղուած յարձակում:
Ի վերջոյ, եկէք տեսնենք
հոգեբանական գործիքը թրամփեան
խաղին մէջ․ անիկա կը կոչուի մեկուսացում եւ վերահսկողութիւն։
Թրամփի ռազմավարութիւնը կը գործէ նմանողութեամբը բռնարար յարաբերութեան մը մեթոտներուն.
1. Մեկուսացում. Թրամփ
համակարգաբար կը խախտէ Ամերիկայի յարաբերութիւնները դաշնակիցներուն հետ՝ թողլով ԱՄՆ-ը աւելի ու աւելի
մեկուսացած:
2. Ուղեղալուաց․ Ան իր գործողութիւններուն արտաքին դիմադրութիւնը կը ներկայացնէ որպէս ապացոյց,
որ աշխարհը անարդար է Ամերիկայի նկատմամբ ու իր համակիրներուն եւ ընդհանրապէս Ամերիկայի քաղաքացիներու միտքերը կը մշակէ՝
արտաքին քննադատութիւնները
դիտելու որպէս անօրինական կամ թշնամական մօտեցում Ամերիկայի նկատմամբ։
3. Կախեալութիւն. Թուլցնելով դաշնակիցները՝ ան ԱՄՆ-ը աւելի խոցելի կը դարձնէ, ապա ինքզինք
կը ներկայացնէ որպէս միակը, որ կրնայ պաշտպանել երկիրը:
Թրամփի ուզածը Ամերիկա
մըն է, որ կը զգայ պաշարուածութիւն, կը կասկածի արտաքին աշխարհէն եւ կը դառնայ առ Թրամփ՝ որպէս իր ամենայուսալի ու քաջ պաշտպան: Ահաւասիկ այս իրականութիւնն է, որ երրորդ անգամ նախագահութեան
յաւակնելու Թրամփի ցանկութիւնը կը դարձնէ լուրջ։
Ամփոփելու համար, կը
կրկնեմ համոզումս այն մասին, որ Եւրոպայի նկատմամբ Թրամփի քաղաքականութիւնը բծախնդրօրէն հաշուարկուած ջանք
մըն է՝ խզելու դաշնակցութիւնները,
հակառակութիւն ստեղծելու Ամերիկայէն դուրս՝
ընդդէմ Ամերիկային եւ ապա օգտագործելու այդ հակառակութիւնը՝ իշխանութիւնը կեդրոնացնելու համար որպէս «փրկութեան» միջոց։ Որքան Եւրոպան ու աւանդական գործընկերները հիասթափուին ԱՄՆ-էն, այնքան
Թրամփի համար աւելի դիւրին կը դառնայ ամերիկացիներուն ըսելը՝ «Աշխարհը մեր դէմ է, բայց ե՛ս միայն կրնամ լուծել խնդիրը»։
Եթէ այս ռազմավարութիւնը յաջողի, Ամերիկայի համաշխարհային դիրքին պատճառուած վնասը անդառնալի կրնայ ըլլալ: Եւ երբ ԱՄՆ-ը ամբողջութեամբ մեկուսացած ըլլայ, հասարակութիւնը թերեւս ուրիշ ընտրութիւն չունենայ, քան ապաւինիլ նոյն այն ղեկավարին, որ այդ մեկուսացումը ստեղծեց:
1 Մայիս 2025
(հրատարակուած է Պայքար շաբաթաթերթին մէջ, Մայիս 2025)

Comments
Post a Comment