Թէ ինչու Սուրիոյ մէջ քրտական պետութիւն մը կը մնայ անհնարին

 


Արդեօ՞ք հնարաւոր է Քիւրտիստան-պետութեան մը ծնունդը Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած կարեւոր փոփոխութիւններուն լոյսին տակ: Աշխարհի մէջ պետականութեան հարցերով հետաքրքրուող ամէն մարդ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ քրտական հարցին, որովհետեւ անիկա թէ՛ պատմականօրէն, թէ՛ այժմէականօրէն իր մէջ կը կրէ կարեւոր հարցադրումներ ու մարտահրաւէրներ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքին եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, որոնք, քրտական հարցի պարունակին մէջ, անգամ մը եւս յայտնուած են աշխոյժ բախման տինամիզմի մը մէջ՝ յատկապէս հաշուի առնելով Հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ շուրջ աշխարհաքաղաքական զարգացումները։

Ինչպէս նշուած է միշտ, քիւրտերը կը նկատուին աշխարհի ամենամեծ ժողովուրդը որ չունի իր անկախ ազգային պետութիւնը: Քրտական համայնքները (սփիւռքը` չհաշուած) տարածուած են Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Ամենամեծ համայնքը Թուրքիոյ մէջ է, սակայն մեծ համայնքներ կան նաեւ Հիւսիսային Իրաքի, Հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ, Իրանի եւ Հայաստանի մէջ: Թէեւ անկախութեան համար ամենամեծ շարժումը աւանդաբար Թուրքիոյ մէջ եղած է, պետութիւններու հիմնական ուշադրութիւնը իրականութեան մէջ կեդրոնացած է Հիւսիսային Իրաքի վրայ, հաշուի առնելով անոր ռազմավարական նշանակութիւնը Իրան-Թուրքիա-Իրաք սահմաններուն վրայ իր դիրքով։

Կը կարծեմ, որ Սուրիական քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին քրտական de facto ինքնավար տարածքին ստեղծումը Հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ այս կացութեան մէջ չ՛առաջացուց մեծ փոփոխութիւն, մինչ շատեր կը մտածէին ու դեռ կը մտածեն, թէ այդ տարածքը, որ ծանօթ է Ռոժավա անունով, հաւանաբար կրնար ու տակաւին կրնայ անջատուիլ եւ դառնալ անկախ քրտական պետութիւն:

Քիւրտերուն դիմագրաւած մեծ խնդիրը եղած է քրտական պետութեան ստեղծման գաղափարին հանդէպ միջազգային համայնքին զգալի դժկամութիւնը: Պետութիւնները իրականութեան մէջ չեն սիրեր անջատումները - անոնք չեն սիրեր երբ այլ պետութիւններ կը բաժնուին եւ նոր տարածքներ կը յառաջանան: Անոնք կը մտահոգուին որ նոյնը կրնայ իրենց պատահիլ: Ընդհանուր առմամբ, որոշ բացառութիւններով, միջազգային համայնքը իսկապէս չի սիրեր տարածքներու անջատումը պետութիւններէն։

Այս եղած է, եթէ կ՚ուզէք, Քիւրտիստանի անէծքը: Քրտական պետութեան մը յառաջացման թոյլտուութեան հանդէպ ծայրայեղ դժկամութիւն մը կայ, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէր գոյութիւն ունեցող պետութիւններու սահմաններուն եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտում, ըլլայ այդ Թուրքիա, Հայաստան, Իրան, Իրաք թէ Սուրիա:

Մարդիկ շատ յստակօրէն տեսան այս 1991-ի Ծոցի առաջին պատերազմէն ետք: Սատտամ Հուսէյնի կողմէ քիւրտ ժողովուրդին պատճառած բոլոր սարսափներէն ետք, հակառակ որուն, ան իշխանութեան վրայ մնաց, թռիչքի արգիլեալ գօտի մը ստեղծուեցաւ եւ Քրտական տարածաշրջանային կառավարութիւն մը հաստատուեցաւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Այնտեղ քիւրտերը ունէին իրենց ինքնավարութիւնը, բայց յստակ պատգամ մը տրուեցաւ իրենց՝ «դուք չէք կրնար ձեր սեփական պետութիւնը ունենալ»: Այս եղած է այն դիրքորոշումը, որ որդեգրուած է այդ ժամանակէն ի վեր: 2017-ին, Իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութիւնը ձեռնարկեց անկախութեան հանրաքուէի մը․ բնակիչներուն 92.73%-ը քուէարկեց անկախութեան օգտին, սակայն որպէս հակազդեցութիւն՝ իրաքեան զինուորական գործողութեան արդիւնքով, քրտական իշխանութիւնը չեղեալ յայտարարեց հանրաքուէն: Միջազգային հանրութիւնը, կարծէք, հանգստացաւ։

Ես կը կարծեմ, որ այս դիրքորոշումը շատ նման է այն գիծին, որ պիտի որդեգրուի նաեւ Հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ քրտական տարածքին վերաբերեալ: Ինչ որ մենք կը տեսնենք Սուրիոյ պարագային, Թուրքիոյ հիմնական եւ անզիջող ընդդիմութիւնն է քրտական պետութեան մը յառաջացման գաղափարին՝ ըլլայ այդ Հիւսիսային Իրաքի թէ Հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ: Թուրքիոյ քով կայ  համոզում մը, որ նման պետութիւն մը կրնայ դառնալ հիմք երկրի քրտական համայնքին համար, մասնաւորապէս հարաւ-արեւելեան մասին մէջ, որպէսզի անոնք միանան եւ ստեղծեն աւելի մեծ Քիւրտիստան մը:

Բացի այն իրողութենէն, որ բազմաթիւ այլ երկիրներ պիտի չուզեն տեսնել Սուրիոյ մասնատումը, եթէ քրտական պետական միաւորի մը ստեղծման ուղղութեամբ որեւէ նշանակալից քայլ առնուի (անկախ, թէ որուն աջակցութեամբ) ՝ մենք շատ հաւանաբար պիտի տեսնենք Թուրքիոյ կողմէ հնարաւոր ամենազօր միջոցներու գործադրումը եւ ամենաբուռն հակադարձութիւններ – ներխուժում՝ Ռոժավա, նոյնիսկ գրաւում – նման բան մը կանխարգիլելու համար:

Մինչ այն ինչ որ մենք կը տեսնենք Սուրիոյ մէջ անկասկած որոշիչ պահ մըն է Միջին Արեւելքի մէջ եւ շատ նշանակալից պիտի ըլլայ տարածաշրջանի ապագայ ուղղութեան սահմանման համար, ես չեմ տեսներ որ անիկա պիտի յանգի քրտական պետութեան մը ստեղծման: Շատերու մտքին մէջ քրտական պետութեան մը համար հզօր փաստարկներ կան, սակայն այս մօտեցումը կը բախի հիմնական իրաւական եւ քաղաքական խնդիրներու, եւ, իհարկէ, Թուրքիոյ հիմնական ընդդիմութեան, որ զայն շատ անհաւանական կը դարձնէ, գոնէ ինչպէս ես կը տեսնեմ:

Արդեօ՞ք Ասատի անկումէն ետք Իսրայէլի աննախընթացօրէն հուժկու միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ քրտական հարցին, որ արտայայտուեցաւ վարչապետ Նեթանիահուի եւ բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնատարներու բերնով՝ ի նպաստ քրտական ինքնավարութեան եւ քրտական շահերուն, կրնայ յանգիլ յարաբերական այս սթաթուս քո-ի շրջումին։

Իսրայէլ երկար տարիներ աջակցած է քրտական ձգտումներուն՝ քիւրտերը նկատելով ռազմավարական հակակշիռ շրջանի թշնամական վարչակազմերուն, յատկապէս Իրանին եւ, որոշ ժամանակաշրջաններու, նաեւ Իրաքին ու Սուրիոյ։ Այս մօտեցումը համահունչ է իսրայէլեան աւանդական այն քաղաքականութեան, որ կը ձգտի դաշինքներ հաստատել շրջանին մէջ ոչ-արաբ կամ  լուսանցքայնացուած համայնքներու հետ՝  արաբական պետութիւններու գերակայութիւնը սահմանափակելու իր ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ։ Վերջին շրջանին, նկատի ունենալով Նեթանեահուի արտայայտած տեսլականը Միջին Արեւելքի վերաձեւաւորման մասին՝ Կազայի եւ Լիբանանի պատերազմներուն ընդմէջէն, Իսրայէլի ներգրաւումը քրտական հարցին մէջ, յատկապէս Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ, կրնայ ընդարձակ ռազմավարական հետեւանքներ ունենալ։ 

Մինչեւ անցեալ տարի, Իսրայէլ քրտական վերահսկողութեան տակ գտնուող Սուրիոյ շրջանները կը դիտարկէր գլխաւորաբար իբրեւ բնական պատնէշ Սուրիոյ մէջ Իրանի արմատաւորման դէմ։ Ասատի տապալումին բերումով Սուրիոյ մէջ Իրանի ազդեցութեան էական նուազումէն ետք, ներկայիս, կը թուի, որ անոր ուշադրութեան կեդրոնին ստեղծուած նոր իրավիճակն է, ուր կեդրոնական ուժը Դամասկոսի մէջ ձեւաւորուող նոր իշխանութիւնն է՝ արաբական ու արեւմտեան զգալի աջակցութեամբ։

Նեթանեահուի «Նոր Միջին Արեւելք»ի տեսլականը կը թուի ներառել ոչ միայն գոյութիւն ունեցող ուժային յարաբերութիւններու խախտումը, որ արտայայտուեցաւ Կազայի ու Լիբանանի մէջ պատերազմներով, Իրանի, Եմէնի հութիներուն եւ Իրաքի փրօ-իրանեան ուժերուն հետ ճակատումներով եւ Սուրիական բանակի գրեթէ ամբողջ ենթակառուցուածքի քանդումով՝ օրերու ընթացքին, այլեւ սահմաններու վերաձեւաւորումը։ Հետեւաբար, քրտական ինքնավարութեան կամ անկախութեան աջակցիլը համահունչ է այդ տեսլականին, մանաւանդ եթէ անիկա կը թուլացնէ Իսրայէլի հակառակորդ երկիրները։ 

Եթէ Իսրայէլը օգտագործէ ներկայ տագնապները՝ տարածաշրջանին մէջ նոր քաղաքական պայմանաւորուածութիւններ ստեղծելու համար, այդ կրնայ նախադէպ դառնալ քրտական ինքնավարութեան օրինականացման։ Արեւմուտքը հաւանաբար դարձեալ խուսափի քրտական անկախութեան բացայայտ աջակցութենէն, սակայն Արեւմտեան ուժերու քով Թուրքիոյ նկատմամբ վերապահութիւնները կրնան ի վերջոյ որոշ չափով նպաստել քրտական կառավարական կառոյցներու ամրապնդման։ 

Միւս կողմէ, քրտական հարցը Իսրայէլի զինանոցին մէջ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու միջոց մըն է։ Թուրքիա Իսրայէլի համար հակասական խաղցող մը եղած է՝ երբեմն հակառակորդ, երբեմն ալ գործընկեր։ Եթէ Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան բերումով իր դիրքերը մեծապէս զօրացուցած Թուրքիան շարունակէ Իսրայէլի դէմ թշնամական դիրքորոշումը, ապա Նեթանեահուն կրնայ էապէս խորացնել իր աջակցութիւնը Սուրիոյ քրտական ուժերուն, զորս Անգարան կը նկատէ ահաբեկչական կազմաւորումներ։ նման պարագայի, Իսրայէլ-քրտական ուղիղ համագործակցութիւնը կամ քրտական պետութեան մը հիմնադրութեան ուղղութեամբ նկատուած որեւէ նշանակալի քայլ կրնայ դրդել Թուրքիան, ինչպէս նշեցինք, նոր ռազմական արշաւներ սկսելու Սուրիոյ եւ Իրաքի քրտաբնակ շրջաններուն դէմ։ Իրանը, հակառակ իր թուլացած դիրքերուն, կրնայ միանալ Թուրքիոյ ջանքերուն, կոշտ քայլերու դիմելով Իսրայէլի դէմ, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Իրաքի մէջ։ 

Կը մնայ սպասել, թէ ինչպիսի ուղղութեան քաջալեր պիտի հանդիսանայ Միացեալ Նահանգները։ Կը կարծեմ, որ անիկա կանգ պիտի առնէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքին վրայ՝ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորելու յանձնառութեամբ։ Քրտական անկախ պետութեան մը ստեղծումը թշնամութիւն է ոչ միայն ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ, այլ անհամատեղելի կրնայ ըլլալ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու աւելի լայն ռազմավարական հաշիւներուն հետ։ 


5 Փետրուար 2025

(հրատարակուած է Պայքար շաբաթաթերթին մէջ)

Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք