Զէնք` յանուն ինչի
Բարի գալուստ Հայկական ռազմական ակադեմիա, ուր գոյութենական սպառնալիքները, ըստ երեւոյթին, լաւագոյնս կը լուծուին… «flower power»ով ☮️։
Այո, բարեկամներ, սա Վուտսթոքը չէ, եւ 1969 թուականը չէ։ Սա լուրջ հնչող՝ «Մշակոյթը զէնք» անունով միջոցառում մըն է ՀՀ ռազմական ակադեմիային մէջ քանի մը օր առաջ ՝ Եռագոյնին վրայ հիփփիական խաղաղութեան խորհրդանիշով, որ կը գոռայ՝ «make love, not war»... մինչդեռ զինուորները կը մարզուին պատերազմելու, երբ պատերազմ կը պարտադրուի իրենց երկրին։
Միթէ՞ ակադեմիային մէջ չեն գիտեր, որ ժամանակին, ☮️-ը խորհրդանիշն էր ամերիկացի ուռռող տղաներու եւ աղջիկներու շարժման` գլխաւորաբար այն ջահելներուն, որոնք կ՛ուզէին խուսափիլ զoրակոչէն (թէ ինչպիսի ընկերային-քաղաքական պայմաններու մէջ՝ չի վերաբերիր հայ սպաներուն)։
Ի՞նչ է յաջորդը․ աքուսթիք կիթառներով տրուած հրամաննե՞ր։ Թշնամիի անօդաչուներ, որոնք կը չեզոքացուին շուրջպարերո՞վ։
Եկէք ըլլանք պարզ. մշակոյթը կրնայ զէնք ըլլալ (ինչ ալ որ ակադեմիայի ղեկավարութիւնը հասկցած է «մշակոյթ» ըսելով)։ Բայց խառնել մշակոյթը խաղաղասիրական խորհրդանիշներու հետ ռազմական ակադեմիային մէջ, որ պէտք է պատրաստէ մարդը իր պետութեան գոյութեան պաշտպանութեան, կը նմանի հրշէջներուն սորվեցնել, թէ ինչպէս մարել կրակը՝ այրուածքի դէմ քսուքներով։ Սա հակամշակութային բան մըն է ըստ էութեան։
Եթէ Հայաստանը իսկապէս կանգնած է գոյութեան սպառնացող վտանգներու առջեւ, իսկ Հայաստանը կանգնած է, ապա ռազմական ղեկավարութիւնը պէտք է մէկ կողմ նետէ շփոթեցնող «message»-ները, որոնք կը ծնին Վուտսթոքեան այս խորհրդանիշին պէս բաներէն։
Սա «խաղաղութեան հնարաւորութիւն մը տալը» չէ։
Սա կը գոռայ՝ «կոմպետենտութեան հնարաւորութիւն մը տալ ռազմական ակադեմիային մէջ"։

Comments
Post a Comment