Երբ «TikTok»ը չի հակասեր տաճարին. միակողմանի վերլուծութեան սահմանափակութիւնը


Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի «TikTok-էն տաճար վերադառնալու ժամանակն է» յօդուածը (տեսնել այստեղ) իմաստալից խորհրդածութիւն մըն է մարդու հոգեւոր կարիքներուն եւ այդ կարիքներուն դիմաց ժամանակակից թուային մշակոյթին անկարողութեան մասին։ Սակայն, TikTok անունով ընդհանրացուած` թուային յարաբերութեան նոյն կարգի միջոցներու բացառապէս ու խիստ ժխտական երեսը դիտարկելով, յօդուածը միակողմանի պատկեր մը կը ներկայացնէ անոնց մասին առանց անդրադառնալու այդ գործիքներու բազմանշանակութեան, բազմակողմանիութեան ու դրական կողմերուն։

Ստորեւ կը ներկայացնեմ քննադատական մօտեցում մը այս մասին՝ քանի մը կէտերով։ TikTok բառը պիտի չակերտաւորեմ՝ հաւատարիմ մնալու համար զայն որպէս ընդհանրացուած միջավայր մը ներկայացնելու հեղինակի մօտեցումին։

Հեղինակը «TikTok»ը կը բնորոշէ որպէս «բթացնող» եւ «անզգայացնող» միջավայր մը, որ կը փոխարինէ աղօթքն ու ազնուութիւնը՝ «փափուկ բառերով եւ մշուշոտ խոստումներով»։ Այս վերլուծութիւնը սակայն, կը մերժէ «TikTok»-ի իրական բազմազանութիւնը։ Գոյութիւն ունին բազում էջեր ու օգտատէրեր, որոնք կը տարածեն հոգեւոր մտածումներ, փիլիսոփայական զրոյցներ, մտաւոր առողջութեան մասին խորհուրդներ եւ կրթական բովանդակութիւն՝ գիտական, պատմական եւ լեզուական թեմաներով։

Այս բոլորը կը մատուցուին մատչելի լեզուով, յաճախ՝ գրաւիչ ու ոգեւորող ձեւերով։ Ուրեմն «TikTok»ը ինքզինք չի սահմանափակեր որպէս «դատարկութիւն» տարածող գործիք։

«TikTok»-ը որպէս ալկորիթմային ճնշում ներկայացնելը միակողմանի մեկնաբանութիւն մըն է։ Հեղինակը կը նշէ, թէ նոր սերունդը «ժառանգած է ոչ թէ իմաստ, այլ ալկորիթմեր»։ Բայց արդեօ՞ք կարելի է ամբողջ սերունդ մը յատկանշել միայն ալկորիթմային աճով։ Ճիշդ է, որ «TikTok»ի ալկորիթմը կը վերլուծէ, թէ որուն ինչ կը հետաքրքրէ։ Բայց օգտագործողը ունի ընտրութիւն՝ հետեւելու օգտակար եւ իմաստալից էջերու։ «TikTok» ալկորիթմը կրնայ նոյնքան ճշգրտօրէն մարդը տանիլ դէպի հոգեւոր թեմաներ, եթէ հետաքրքրութիւն ցոյց տայ այդ ուղղութեամբ։ Ուրեմն, մեղքը միայն գործիքինը չէ, այլ գործածութեան ձեւին։

«TikTok»-ը կրնայ ծառայել եկեղեցւոյ նպատակին՝ փոխանակ մրցելու անոր հետ։ Սակայն յօդուածը կարծէք «TikTok»ը կը տեսնէ իբրեւ եկեղեցւոյ հակադիր բեւեռ։ Բայց արդեօ՞ք եկեղեցին չի կրնար օգտուիլ այս պատուհանէն՝ նոր սերունդներուն հետ հաղորդակցելու համար։ Այսօր արդէն կան եկեղեցականներ, որոնք «TikTok»ի մէջ քարոզներ կը տարածեն, ուրիշներ կը կիսուին հոգեւոր երաժշտական, խորհրդածական կամ բարոյախօսական տեսանիւթեր ու հոգեւոր զարգացման խորհուրդներ։

Այս պարագային, «TikTok»ը կը դառնայ ոչ թէ «փայլուն կեղեւ առանց հոգիի», այլ կամուրջ մը՝ նոր սերունդին հետ կապ հաստատելու։

Յօդուածին մէջ խստօրէն կը բանեցուի «սեւ ու սպիտակ»ի հակադրութիւնը՝ համապարփակ դիտանկիւնէն փոխարէն։

Թուային մշակոյթը ոչ միայն «դատարկութեան», «կեղծիքի» ու «բամբասանքի» աղբիւր է, այլ նաեւ արտայայտման ազատութեան միջավայր եւ ստեղծագործութեան դաշտ։ Բնաւ պէտք չէ անտեսել անոր էականօրէն դրական նշանակութիւնը բնաւորութեամբ ինքնամփոփ եւ կեանքի պայմաններուն բերումով մինակ ապրող անհատներուն համար։ Եթէ եկեղեցին իսկապէս «բաբախող սիրտ» մըն է, ան պէտք է սորվի լսել նոր սերունդը՝ նաեւ այն հարթակներուն մէջ, որոնք անոնք կը գործածեն։

Դոկտ․ Չիլինկիրեանի ուղերձը ուժեղ է. մարդը կարիքը ունի արմատներու, լռութեան, աղօթքի ու հոգեւոր խոկումի։ Բայց TikTok-ի եւ ընդհանրապէս թուային մշակոյթին հանդէպ մօտեցումը՝ իբրեւ «բթացնող թմրութիւն» միայն, միակողմանի է։ Նոյն գործիքը կրնայ դառնալ մխիթարող, շինիչ, հոգեւոր աճի եւ գեղարուեստական վայելքի տարածք՝ եթէ կարենանք անոր մօտենալ ճիշդ ձեւով եւ գործածել մարդկայնական տեսլականով մը։

«TikTok»ը կարելի է տեսնել ոչ թէ «տաճարին հակառակող», այլ, որոշ պարագաներու, «դէպի տաճար տանող» ճանապարհ։

Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք