Posts

Showing posts from August, 2025

ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿԸ․ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ( մաս առաջին)

Image
Ա․ մաս․ Իգնատիոս Մալոյեան․ երանացումէն սրբադասում 2025 թուականի Հոկտեմբեր 19-ին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, համայն կաթոլիկ աշխարհը եւ հայ ազգը պիտի դառնան ականատեսը հոգեւոր ու պատմական մեծ կարեւորութիւն ունեցող իրադարձութեան մը․ Երանելի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեան պիտի սրբադասուի որպէս համայն կաթոլիկ եկեղեցւոյ սուրբ։ Այս իրադարձութիւնը կ՚ամբողջացնէ հաւատքի մէջ խորապէս արմատաւորուած ճանապարհորդութիւն մը՝ կնքուած նահատակութեամբ ու սերունդներու նուիրումով, որոնք ականատեսը եղած են ժողովուրդի մը տառապանքին ու հովիւի մը սրբութեան, որ նախընտրեց մահը՝ Քրիստոսէն հրաժարուելու փոխարէն։ Երանացման ուղին Մալոյեանի սրբութեան ուղին սկսաւ Եկեղեցւոյ կողմէ անոր նահատակութեան պաշտօնական ճանաչումով, իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ։ Ծնած՝ Մարտին, 1869-ին, աւազանի անունով՝ Շուքրալլա եւ ձեռնադրուած իբրեւ քահանա՝ Իգնատիոս անունով, Մալոյեան Մարտինի Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս կարգուեցաւ 1911-ին։ 1915 թուականի Յունիսին, Մեծ Եղեռնի մութ օրերուն, ան ձերբակալուեցաւ, խոշտանգուեցաւ ու մահապատիժի ենթարկուեցաւ Իթթիհատական ...

Հայրիշխանութեան մթին խորքը

Image
Ք աղաքականութեան, գործարարութեան, ընտանեկան յարաբերութիւններուն, կրօնք ին , թէ պատերազմ ին մէջ՝ ա մբողջ աջակողմեան աշխարհայեացքը ի մի բերող եւ ամրապնդող ընդհանուր շաղախը հնազանդութեան գաղափարն է։ Հիմնական գաղափարը այն է, որ միշտ պէտք է գոյութիւն ունենայ գերիշխող ու վճռող հեղինակութիւն մը՝ սովորաբար տղամարդ, որ կը ղեկավարէ, մինչ բոլորը պէտք է ենթարկուին անոր ։ Եթէ չես ենթարկուիր՝ պիտի կրես հետեւանքները։ Ուղերձը աքլորավարի է եւ յստակ՝ հնազանդի՛ր հօրը… թէ ոչ ․․․ ։   Այս մտածելակերպը նոր չէ։ Հին Հռոմի մէջ ընտանիքի հայրը, որ կը կոչուէր pater familias, ամբողջական իշխանութիւն ունէր իր կնոջ ու զաւակներուն վրայ։ Իրաւական տեսակէտով իսկ, ան կրնար որոշել, թէ արդեօք անոնք պիտի ապրին, թէ ոչ։ Ընտանիքը չէր նկատու է ր որպէս անձերու խումբ մը՝ իրենց սեփական իրաւունքներով, այլ իբրեւ մէկ տղամարդու անձնական գոյք։   Հայրիշխանութեան այս ծայրայեղ կիրարկումը սահմանափակուած չմնաց ընտանեկան շրջանակներու մէջ։ Ան դարձաւ աւելի մեծ իշխանական համակարգերու օրինակ։ Թագաւորը դարձաւ «հայրենիքին հայրը» (pater...