Հայրիշխանութեան մթին խորքը


Քաղաքականութեան, գործարարութեան, ընտանեկան յարաբերութիւններուն, կրօնքին, թէ պատերազմին մէջ՝ ամբողջ աջակողմեան աշխարհայեացքը ի մի բերող եւ ամրապնդող ընդհանուր շաղախը հնազանդութեան գաղափարն է։ Հիմնական գաղափարը այն է, որ միշտ պէտք է գոյութիւն ունենայ գերիշխող ու վճռող հեղինակութիւն մը՝ սովորաբար տղամարդ, որ կը ղեկավարէ, մինչ բոլորը պէտք է ենթարկուին անոր։ Եթէ չես ենթարկուիր՝ պիտի կրես հետեւանքները։ Ուղերձը աքլորավարի է եւ յստակ՝ հնազանդի՛ր հօրը… թէ ոչ․․․։

 Այս մտածելակերպը նոր չէ։ Հին Հռոմի մէջ ընտանիքի հայրը, որ կը կոչուէր pater familias, ամբողջական իշխանութիւն ունէր իր կնոջ ու զաւակներուն վրայ։ Իրաւական տեսակէտով իսկ, ան կրնար որոշել, թէ արդեօք անոնք պիտի ապրին, թէ ոչ։ Ընտանիքը չէր նկատուէր որպէս անձերու խումբ մը՝ իրենց սեփական իրաւունքներով, այլ իբրեւ մէկ տղամարդու անձնական գոյք։

 Հայրիշխանութեան այս ծայրայեղ կիրարկումը սահմանափակուած չմնաց ընտանեկան շրջանակներու մէջ։ Ան դարձաւ աւելի մեծ իշխանական համակարգերու օրինակ։ Թագաւորը դարձաւ «հայրենիքին հայրը» (pater patriae), իսկ Աստուած՝ գերագոյն Հայրը (deus pater)։ Այս տրամաբանութեամբ՝ մարդոց սորվեցուցին հաւատալ, որ ամբողջ իշխանութիւնը վերէն կու գայ, եւ իշխանութեան ենթարկուիլը բնական է, բարոյական եւ անշուշտ՝ աստուածահաճոյ։ Ըստ այդմ, պէտք է հնազանդիս թէ՛ հօրդ, թէ՛ ղեկավարիդ, թէ՛ քահանայիդ, թէ՛ նախագահիդ, թէ՛ Աստուծոյ ։

 Հայրիշխանութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ պարզապէս տղամարդոց իշխանութիւն։ Հայրիշխանութիւնը նաեւ կը վերահսկէ տղամարդիկը։ Անոր ենթարկուողներու կարեւոր մէկ մասը տղամարդիկ են, որոնք յարմարելով «կանոններուն»՝ կը պայքարին դրութեան մէջ աւելի բարձր տեղի համար, ու կը ձգտին  տեւականացնել զայն, յուսալով, որ կրնան դառնալ բարձրագոյնը։ Իրականութեան մէջ, հայրիշխանութեան կողմէ տղամարդոցմէ պահանջուած բռնութեան «հիմնադիր» դրսեւորումը կիներու նկատմամբ բռնութիւնը չէ։ Փոխարէնը, ան կը պահանջէ բոլոր տղամարդոցմէ, որ ներգրաւուին հոգեկան ինքնախեղման գործողութիւններու մէջ, որպէսզի սպանեն իրենց յուզական մասը։ Եթե անհատը չի յաջողիր յուզականօրէն խեղել ինքզինք, ապա օգնութեան կը հասնին «կարեկից ընկերները» պատմութեան եւ առօրեայ կեանքի մէջ ծանօթ են այն բազմապիսի ծէսերը, որոնք ի գործ կը դրուին «դաստիարակելու» «թոյլ» տղամամարդիկը, գլխաւորաբար թիրախաւորելով անձի սեփական ինքնագնահատականը։

 Անշուշտ, հայրիշխանութիւնը կը վերաբերի կիներու ու մանուկներու, եւ յատկապէս վերարտադրութեան նկատմամբ վերահսկողութեան։ Այս համակարգին մէջ, կնոջ արժէքը կը չափուի իր ծննդաբերելու կարողութեամբ, իսկ զաւակները կը դաստիարակուին ոչ թէ քննադատաբար վերաբերելու իշխանութեան, այլ զայն վերարտադրելու՝ եկող սերունդին նկատմամբ։ Իշխանութեան մէջ եղող մարդուն նպատակը միմիայն վերահսկելը չէ, այլ յաւերժութիւն ձեռք բերելը, անմահանալը՝ իր պատկերը ապագայ սերունդներուն փոխանցելու ձեւով։

 Ահա թէ ինչո՛ւ այս տեսակ աշխարհայեցողութեան մէջ հիւանագին վարքագիծերը յաճախ չեն ընկալուիր իբրեւ խնդիր, այլ կը գովերգուին, նոյնիսկ կը վարձատրուին։ Տղամարդիկ, որոնք կը բռնանան իրենց ընտանիքներուն մէջ, կը դաւաճանեն իրենց կիներուն, կը շահագործեն իրենց զաւակները կամ կը գործածեն իրենց իշխանութիւնը ուրիշները վերահսկելու համար, յաճախ կը դիտուին ոչ թէ իբրեւ յանցագործներ, այլ «ուժեղ առաջնորդներ»։ Անոնք կը նուիրականացնեն «ալֆա տղամարդ»ու դերակատարութիւնը այս աղաւաղուած գաղափարախօսութեան մէջ, ալֆա տղամարդը ոչ միայն կանոնները չի խախտեր, այլ ինքն է կանոններու հեղինակը։

 Բազմիցս տեսած ենք այս իրականութիւնը։ Յանկարծ կը յայտնուի բռնութիւններու համար մեղադրուող մոլագար մը, որուն շուրջ կը ստեղծուի երկրպագուներու համայնք մը։ Կը յիշեմ պարագան տղամարդու մը, որ սպաննած էր իր կինն ու որդին Ամերիկեան Հարաւին մէջ, բայց որ ընկերային ցանցերու աստղ դարձաւ իր իբր հմայիչ ժպիտին համար։ Ինչքան պաշտպանողներ ունեցաւ ամերիկացի այն բժիշկը, որ գաղտնի կերպով տասնեակներու հայրը դարձած էր՝ բուժման համար իրեն դիմած կիները առանց անոնց իմացութեան բեղմնաւորելով, քանի որ կը կարծէր, թէ իր ծիները լաւագոյնն են ու պէտք է փոխանցուին առատօրէն։ Հանրայայտ Ճէֆրի Էփսթէյն կը վաճարէր երիտասարդ աղջիկներ, մինչեւ իսկ հիւրընկալելով ազդեցիկ այրեր իր մեղքերու կղզիին վրայ։ Հին բայց երբեք չմոռցուող պատմութիւն՝ Տէյվիտ Քորէշ ունէր անչափահասներու հարեմ մը եւ համոզած էր հարիւրաւոր հետեւորդներ, թէ ինք իրենց մարգարեն էր։ Արաբական արեւելքին ու Հայաստանի մէջ, նման պատմութիւններ առօրեական են, սովորական եւ բարձր գնահատուած։ Այս բոլոր տղամարդիկ համակարգէն դուրս չեն եղած անոնք պարզապէս հայրիշխանութեան տրամաբանութիւնը հասցուցած են իր ծայրայեղ ձեւերուն, որոնք, ինչ որ դատական բացայայտումի բերումով, յայտնուած են հասարակութեան հետաքրքրութեան լոյսին տակ։ Անոնք բացառիկութեան այլ յատկանիշ չունին, բացի մամուլի հրապարակումներու առարկայ եղած ըլլալը։

 Այս բոլոր պարագաներուն, «հզօր տղամարդիկը» միացնողը ոչ միայն իրենց յանցանքներն են, այլ իրենց ունեցած «իրաւունքի» զգացումը՝ այն համոզումը, թէ քանի որ տղամարդ են եւ յաճախ՝ ազդեցիկ, իրաւունք ունին ուրիշներու մարմիններն ու կեանքը տնօրինելու։ Մշակոյթներու մէջ, ուր իշխանութիւնը կը փոխանցուի հօրմէ որդի եւ ուր «պատիւը» կամ «սկզբունքայնութիւնը» աւելի վեր դասուած են ինքնիշխանութենէն, այս վարքագիծը սխալ չի նկատուիր։ Ան համակարգի մէկ յատկութիւնն է։

 Ամենատհաճը այն է, թէ որքան սովորական դարձած է այս ամէնը։ Հայրիշխանական դրութիւնը այնքան խոր հիւսուած է մեր ընկերութեան եւ անոր զանազան բաղադրիչներուն մէջ (ընտանիք, գործատեղի, կառավարական ու կրօնական հաստատութիւններ), որ շատեր հազիւ կը զգան անոր առկայութիւնը։ Զայն սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն՝ փաթեթաւորուած իբրեւ աւանդութիւն, բարոյականութիւն եւ նոյնիսկ՝ անմնացորդ սէր։

Ամերիկացի բնիկ մտածող մը այս համակարգը բնորոշած է իբրեւ մտային հիւանդութիւն մը՝ վարակ մը, որ տարածուեցաւ գաղութատիրութեամբ եւ կայսրութիւններով, վարակելով մշակոյթները այն համոզումով, որ գերիշխանական վարքը կարգ ու կանոն է, իսկ զաւթումը՝ քաղաքակրթութիւն։ Այս աշխարհայեացքը սորվեցուց մարդիկը հնազանդիլ, երկրպագել ուժին եւ վերահսկողութիւնը շփոթել հոգատարութեան հետ։

Բայց մենք կրնանք ընտրել՝ տեսնելու իրերը այնպէս ինչպէս որ են սուտը իբրեւ սուտ եւ ճշմարիտը իբրեւ ճշմարիտ։ Մենք ի վիճակի ենք հաստատելու, որ իրական զօրութիւնը գերիշխանութեան մէջ չէ, այլ կարեկցանքի։ Իրական առաջնորդութիւնը վերահսկողութեան մէջ չէ, այլ հասկացողութեան։ Իսկ իսկական ընտանիք մը հիմնուած է ոչ թէ վախի, այլ փոխադարձ յարգանքի վրայ։

 

Եթէ կ'ուզենք աւելի լաւ աշխարհ մը, պէտք է դադրինք հնազանդիլ «հօրը»… եւ սկսինք լսել զիրար։

(հրապարակուած է Գեղարդ առցանց ժուռնալին մէջ, այստեղ՝ https://shorturl.at/e3hXW որոշ խմբագրումներով)

Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք