Իգնատիոս Մալոյեան. Առաքինութեան կեանք մը
Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ՝ Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իգնատիոս արք․ Մալոյեանի սրբադասման առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Վատիկանի մէջ, Լեւոն ԺԴ պապին հանդիսապետութեամբ։
Ամէն դարաշրջանի մէջ Քրիստոնէական եկեղեցին որոշ անհատներ կը ճանչնայ իբր քրիստոնէական կեանքի օրինակներ՝ ոչ միայն իրենց մահուան, այլեւ՝ ապրած կեանքին համար։ Սուրբերը այն անձերն են, որոնք կը մարմնաւորեն երանութիւնները․ անոնք Քրիստոսը կը ճառագայթեն՝ իրենց առաքինութեամբ, խոնարհութեամբ, քաջութեամբ եւ սիրով։ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի պարագային, նահատակութիւնը արդէն իսկ խոր սրբութեամբ նշուած կեանքի մը պսակն էր։
Ինչպիսի՞ն էր Մալոյեանի
ներաշխարհը՝ իր առաքինութիւնները, հոգեւոր կազմաւորումը եւ այն առօրեայ ընտրութիւնները,
որոնք զինք դարձուցին ոչ միայն քաջ նահատակ մը, այլեւ իսկական սուրբ մը՝ իր սպանութենէն շատ առաջ։
Խոնարհութեան
ծածկուած զօրութիւնը
Մալոյեանի ամենէն յատուկ գիծերէն մէկը իր խոնարհութիւնն էր։ Չնայած
իր պարտականութիւններուն եւ հոգեւոր հեղինակութեան, ան շարունակ կը կոչէր ինքզինք
«անարժան» ու «աննշան»։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն առաջ, ինքնակենսագրական նամակի մը
մէջ գրած էր․ «Ցաւօք, ես իմ կեանքիս մէջ երբեք յիշարժան բան մը չէի կատարած...»։
Ասոնք կեղծ համեստութեան
խօսքեր չէին։ Անոնք կը բացայայտեն Աւետարանով խորապէս սնուած հոգի մը՝ Քրիստոսի խոնարհութեամբ
ձեւաւորուած մարդ մը, որ իր առաքելութիւնը չէր նկատեր իբր փառք կամ յաղթանակ, այլ՝
իբր հաւատարիմ ծառայութիւն։
Աղօթք,
նուիրում եւ պարզութիւն
Մանկութեան առաջին շրջանէն իսկ Մալոյեան ցուցաբերած էր աղօթքի եւ պատարագի հանդէպ
խոր սէր մը։ Ամէն առաւօտ, դպրոցէն առաջ,
կը մասնակցէր Ս. Պատարագին, կը ծառայէր
խորանին եւ ժամերով անձնական աղօթքի մէջ կ՚անցընէր։ Հետագային՝ իբր ժառանգաւոր եւ քահանայ, անոր օրերը արմատաւորուած էին աստուածային պաշտամունքի,
խորհրդածութեան, Սուրբ Վարդարանին եւ հոգեւոր ընթերցումներու մէջ։
Մալոյեանը ճանչցած մարդիկ կը վկայեն,
որ ան խոր սիրով մը կապուած էր Սուրբ Աստուածածնայ
հետ,
զոր կը կոչէր «իմ երկնային մայրս»։
Իր նամակներուն մէջ, ան Զըմմառի դպրեվանական
իր խուցը կը նկարագրէ իբր «յոյսի պարտէզ», իսկ վանքը՝ իբր
«ազգի միակ յոյսը»։
Իր պարզութիւնը թէ՛ անձնական էր եւ թէ՛ հոգեւոր։ Ապրած է համեստ կեանքով,
զբաղած է ճգնաւորութեամբ․ իր որոշումները կը հիմնուէին ոչ թէ յարմարութեան, այլ իր
հօտին բարօրութեան վրայ։ Եւ եպիսկոպոս եղած ատենն իսկ, նախընտրած է ոտքով ճամբորդել
գիւղերէ գիւղ, պարծենալու փոխարէն ուտել պարզ ճաշեր ու հանդիպիլ հասարակ ժողովուրդին
հետ՝ անկեղծ եւ անմիջական շփումներով։
Քաջութիւն՝
անարդարութեան դիմաց
Թէեւ խոնարհ եւ խաղաղասէր՝ Մալոյեան, երբեք չէ հրաժարած ըլլալու արդարութեան
կողմնակից։ Երբ 1915 թուականին օսմանեան-իթթիհատական
իշխանութիւնները սկսան հետապնդել հայերն ու այլ
քրիստոնեաները՝
բռնագրաւելով եկեղեցիներու ունեցուածքը եւ ձերբակալելով անմեղ քաղաքացիներ, Մալոյեան
իր ձայնը բարձրացուց հալածանքներուն
դէմ։ Կը գրէր բողոքներ պետական պաշտօնեաներուն, կը մերժէր անարդար մեղադրանքները
եւ չէր վախնար սպառնալիքներէ։
Իր ձերբակալութեան եւ խոշտանգումներու ժամանակ անոր բարոյական քաջութիւնը
չսասանեցաւ։ Երբ անոր ստիպեցին իսլամը ընդունիլ, ան հանգիստ եւ վճռականութեամբ պատասխանեց․ «Երբեք։ Ես երբեք չեմ ուրանար Յիսուս Քրիստոսս՝ իմ Փրկչս»։
Չխօսեցաւ զայրոյթով կամ ատելութեամբ, այլ՝ անկոտրում վստահութեամբ
եւ խաղաղութեամբ։ Իր տառապանքը կը դիտէր իբր միջոց՝ Քրիստոսին աւելի մօտենալու. կը
կրկնէր Սուրբ Պօղոսի խօսքերը․ «Այլեւս ես չեմ ապրիր, այլ Քրիստոսն է որ կ՚ապրի իմ մէջ» (Գաղատացիներ Բ․20)։
Հովուական
ողորմութիւն
Մալոյեանի առաքինութիւնները կը պայծառանային իր հովուական սիրով։ Ան իսկական հովիւ մըն
էր․ մշտապէս կ՛այցելէր
դպրոցներ, կը մատուցէր խորհուրդներ, կ՚ամրապնդէր կրթութիւնը եւ կը քաջալերէր իր քահանաները՝
ապրելու սրբութեան ու պարզ քարոզչութեան կեանքով։
Առիթով մը ըսած է․ «Իմ միակ հոգս այն է, որ քահանաները ոգեշնչեմ խորհրդածելու Խօսքին վրայ, ապրիլ զոհողութեամբ եւ ըլլալ օրինակ իրենց հաւատացեալներուն համար»։
Նոյնիսկ երբ զինք կը տանին մահուան, Մալոյեանի ուշադրութիւնը կը մնար ուրիշներուն վրայ։ Տիարպեքիրի ճամբուն վրայ, կարճ դադարի մը ընթացքին, մատուցեց
վերջին Պատարագը։ Օգտագործելով հացի փշրանքներ, բանտարկեալներուն Սուրբ Հաղորդութիւն
մատուցեց՝ օրհնելով իւրաքանչիւրը։ Ականատեսները կը նկարագրէին գերբնական խաղաղութիւն
եւ լուսաւոր ամպ մը, որ շրջապատած էր ամբողջ խումբը․ սարսափին մէջ՝ Աստուծոյ ներկայութեան նշան։
Իր մօր ուղղուած
վերջին խօսքերը երկիւղով չէին լի, այլ՝ հաւատքով․ «Մի՛ վշտանար ինծի համար։ Աղօթէ՛ ինծի համար։ Եւ ըսէ՛ մեր հարազատներուն, որ միշտ հաւատարիմ մնան
իրենց հաւատքին»։
Թշնամիներու
ներողամտութիւն եւ սէր
Քրիստոնէութեան ամենադժուար եւ Քրիստոսանման առաքինութիւնը ներողամտութիւնն
է։ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան, նոյնիսկ դաւաճանութեան, դաժանութեան եւ խոշտանգումներու
դիմաց, իր սրտին մէջ ատելութիւն չունէր։ Ականատեսները կը վկայեն, թէ ան աղօթած է իր
հալածիչներուն համար եւ մերժած է անիծել զիրենք։
Իր ամբողջ կեանքը կեդրոնացած էր սիրոյ, եւ ոչ՝ վրէժխնդրութեան վրայ։ Նոյնիսկ իր նահատակութիւնը
չդիտեց իբր քաղաքական կեցուածք կամ ընդդիմութիւն, այլ իբր աստուածային սիրոյ վկայութիւն՝
զոհաբերութիւն մը, որ կը մատուցուէր հոգիներու փրկութեան համար, ներառեալ՝ նոյնինքն
անոնց, որոնք կը փորձէին զինք ոչնչացնել։
Ցեղասպանութեան միջավայրին մէջ, այս ներողամտութեան ոգին իր սրբութեան
ամենազօրաւոր վկայութիւններէն մէկն է։ Անոր սրբադասումը կը հրաւիրէ բոլոր քրիստոնեաները՝
չարին չպատասխանելու աւելի մեծ
ատելութեամբ, այլ՝ ճշմարտութեամբ, սիրով եւ ողորմածութեամբ։
Հաւատարմութիւն
մինչեւ վերջ
Մալոյեանը ամենաշատ բնորոշող առաքինութիւնը, թերեւս, հաւատարմութիւնն է։ Իր հաւատարմութիւնը Քրիստոսին,
Եկեղեցւոյ, իր ժողովրդին եւ հայկական ինքնութեան երբեք չէր սասանած։ Իր պատմութիւնը
մարմնացումն է Քրիստոսի խօսքին․ «Հաւատարիմ մնա՛ մինչեւ մահ, եւ քեզ կու տամ կեանքին պսակը» (Յայտնութիւն Յովհաննու Բ․10)։
Մալոյեանի համար հաւատարմութիւնը հաստատամտութիւն չէր միայն, առաւել եւս՝ յամառութիւն։ Ան ներշնչուած էր ներքին զօրութեամբ
մը՝ աղօթքով, խոնարհութեամբ եւ ծառայութեամբ կերտուած ամբողջ կեանքի մը ընթացքին։
Ան գիտէր, որ կը պատկանի Քրիստոսին։
Եւ այդ պատճառով՝ ո՛չ կայսրութիւն, ո՛չ բանտ, ո՛չ սպառնալիք կրնային զինք սասանել։
Առաքինութեան
ժառանգութիւն մը՝ այսօրուան
Եկեղեցւոյ
Մալոյեանի սրբադասումով Եկեղեցին ոչ միայն կը մեծարէ բարի ապրած մարդու
մը մահը։ Ան կը բարձրացնէ քրիստոնէական կեանքի մը վառ օրինակը՝ մասնաւորաբար մեր ներկայ
դարաշրջանին, որ յաճախ կը փնտռէ յարմարութիւնը՝ համոզումի փոխարէն եւ զիջումը՝ քաջութեան
փոխարէն։
Իր կեանքը մեզի կը սորվեցնէ ունենալ
– Հաւատարմութիւն՝ փոքր բաներուն
մէջ։
– Հաստատակամութիւն՝ փորձութեան
դիմաց։
– Ողորմութիւն՝ թշնամիներուն
հանդէպ։
– Եւ ամէնօրեայ յանձնում՝ Աստուծոյ կամքին։
Մալոյեանի մէջ կը տեսնենք
սրբութեան յաւիտենական առաքինութիւնները՝ խոնարհութիւն, քաջութիւն, մաքրութիւն, բարեգործութիւն
եւ ուրախութիւն տառապանքին մէջ։
Մալոյեան՝ աւելի քան նահատակ մը
Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը միայն հալածանքի զոհ մը չէր։ Ան սրբութեան
փարոս մըն էր՝ իր մահուան վերջին պահերէն շատ առաջ։ Անոր սրբադասումը՝ 2025 թուականի
19 Հոկտեմբերին, կը հաստատէ, որ սրբութիւնը փառքի, հրաշքներու
կամ զգայացունց դէպքերու մասին չէ։ Անիկա կը վերաբերի
առաքինութեան, որ կ՚ապրուի առօրեայ կեանքին մէջ, կը ձեւաւորուի աղօթքով եւ կը մատուցուի
Աստուծոյ։

Comments
Post a Comment