Ինչպէս Ընկերային Ցանցերը Սպառեցին Մարդու Հոգին
Երբ ընկերային ցանցերը առաջին անգամ յայտնուեցան, անոնք հետերնին բերին խորապէս գրաւիչ խոստում մը․ 21-րդ դարու լուսաբացին, Facebook-ը, Twitter-ը, եւ աւելի ուշ Instagram-ը, TikTok-ը եւ անթիւ ուրիշ հարթակներ ներկայացան իբրեւ մարդոց նոր տեսակի միութեան եւ կապի դարպասներ։ Անոնք խոստացան մեզ միացնել ծովերով ու մայրացամաքներով բաժնուած մեր ընկերներուն ու հարազատներուն հետ եւ օգնել գտնելու այն միջավայրերը, ուր պիտի զգայինք ընդունուած եւ հասկցուած։ Պահ մը կարծես այդ խոստումը կ՛իրականանար։ Սակայն տարիներու ընթացքին փայլուն մակերեսը ճաքեցաւ եւ տարբեր իրականութիւն մը բացուեցաւ․ կապ, այո՛, գոյացաւ, բայց այնպիսի կապ մը, որ մեզ յոգնեցուց, բաժնեց եւ աւելի մեկուսացուց, քան առաջ։ Ընկերային ցանցերը խոստացան բարիք, բայց բերին մտքի եւ մարմնի սպառում։
Այս սպառումը
յաճախ կը յառաջանայ տեղեկութեան չափազանց առատութենէն։ Մարդուն միտքը ձեւաւորուած է փոքր
համայնքներու արարողութիւններուն, ծէսերուն եւ առօրեային համար, ուր լուրերը կը
տարածուէին դանդաղ եւ յարաբերութիւնները կը պահուէին առերես հանդիպումներու միջոցով։
Այսօր, համացանցը «թերթելու» ընթացքին, թէկուզ
արագօրէն, մարդ կրնայ
ենթարկուիլ հեռաւոր երկիրներու մէջ պատահած աղէտներու, անծանօթներու միջեւ ծաւալող
քաղաքական վէճերու եւ ծանօթներու՝ իբրեւ թէ կատարելութեան հասցուած կեանքի
պատկերներուն
ստեղծած ճնշումին․ եւ այս բոլորը՝ նախաճաշէն առաջ։ Իւրաքանչիւր տեղեկութիւն կը պահանջէ ուշադրութիւն, գնահատում կամ զգացական
արձագանգ։ Այս ձեւով, փոխանակ մտերմութիւն սերմանելու, անընդհատ յորդող
բովանդակութիւնը կը յառաջացնէ յոգնութիւն եւ կը սպառէ մարդը օրուան սկիզբին իսկ։
Բաւական յոգնեցուցիչ
է նաեւ performance-ի՝ բան
մը ընել-ցոյց տալու ճնշումը։ Ընկերային ցանցերուն վրայ, կապը հազիւ թէ չէզոք մնայ:
Մարդիկ սթաթուս
կը գրեն որ
հաւանում հաւաքէ․ անոնց տեսանիւթերը պէտք
է դիտուին
եւ ինչու ոչ՝ դառնան viral: Նպատակը երեւիլն
է, իսկ երեւիլ կը նշանակէ հաւնուիլ։ Այս
մօտեցումը յարաբերութիւնները բնական հաղորդակցութենէն կը փոխակերպէ հանրային ներկայացման։
Մարդիկ կը մաքրազարդեն իրենց ինքնութիւնն ու թերութիւնները եւ կը ներկայանան իբրեւ
սպառողական ապրանքանիշեր։ Ասոր գինը իրականութեան եւ իրաւութեան կորուստն է։ Ամէն ժպտուն լուսանկարին ետեւ կայ
մտահոգութիւն մը՝ արդեօք այս լուսանկարը պիտի
համընկնի՞ ալկորիթմին ու ընկերներուն նախասիրութիւններուն․ քանի՞ հոգի պիտի
տեսնէ, քանի հոգի պիտի լայքէ՞․․․Այսպիսով,
ընկերային ցանցերը մարդկային կապը կը վերածեն կեղծիքի եւ ինքնահաստատման միջավայրի․ մարդիկ մուտք կը
գործեն փնտռտուքի յաւերժական շրջան մը, որուն մէջ հանգստանալու տեղ չկայ։
Մտաւոր սպառումը կու գայ նաեւ այն փաստէն, որ ընկերային հարթակներու ճարտարապետութիւնը
նախագծուած է ոչ թէ կապ պահպանելու, այլ ուշադրութիւնը գրգռելու համար։ Մարդ որքան երկար կը թերթէ ցանցերը, այնքան աւելի գովազդ կը տեսնէ,
այնքան աւելի տեղեկութիւն «կ՛ամբարէ»։ Ալկորիթմները առաջնահերթութիւնը կու տան մարդոց ուշադրութիւնը
գրաւելուն, ոչ թէ անոնց բարօրութեան։
Արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ բարկութիւն, վախ եւ նախանձ առթող տեսանիւթերը վեր կը
բարձրանան տեղեկատուական ալիքին վրայ ու կը գրաւեն առաջնահերթ
դիտելիութեան դիրքերը։
Մարդիկ կը ներգրաւուին բեւեռացուած վէճերու մէջ, կը դառնան մոլի՝ դժբախտութեանց մասին
լուրերու կամ կը համեմատեն իրենք զիրենք
ուրիշներու՝
իբրեւ թէ կատարեալ կեանքերուն հետ։ Ամէն համեմատութիւն ուրիշի կեանքին հետ՝ փոքր վէրքեր կը ձգէ։
Այն, ինչ պէտք է դառնար կամուրջ, կը վերածուի մրցուղիի մը, ուր բոլորը պէտք է շարժին արագ ու անվերջ։ Դադարը ֆեյսպուքցիին կը հաղորդէ մեղքի
կամ բացթողումի զգացում․ «ախ, վրանէս գնաց»։ Այսպէս, սպառումը այլեւս
երկրորդական կամ պատահական հետեւանք մը չէ, այլ անխուսափելի արդիւնքը համակարգի մը, որ ստեղծուած է կախեալութիւն
յառաջացնելու համար։
Հակասութիւնը այն է, սակայն, որ կապի խոստումը որոշ չափով արդէն իսկ իրականացած է։ Այսօր
կարելի է վայրկեաններու մէջ տեսազանգ կատարել սիրելիներու հետ, որոնք կը բնակին
հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու։ Կարելի է միանալ համաշխարհային զրոյցներու, գաղափարներ տարածել անմիջականօրէն կամ անդամակցիլ համայնքներու, որոնք անհասանելի պիտի մնային
առանց համացանցին։
Մանաւանդ լուսանցքայնացուած ձայներուն համար, ընկերային ցանցերը տուած են
հարթակներ՝
պատմելու, միանալու, դիմադրելու։ Բայց այս կապերն իսկ յաճախ կը խաթարուին
յոգնածութեան մեղքով, որովհետեւ անոնք տեղի կ’ունենան միջավայրերու մէջ, ուր
լռութիւնը
տեղ չունի։ Այնտեղ, ուր կապը պէտք է սնուցաներ, ան յաճախ կը գերյագեցնէ։ Այն բանը,
ուր պէտք է պատկանելիութիւն պարգեւէր, կը սրէ մենութիւնը՝ յիշեցնելով մեզի այն կապերուն մասին, որոնք չունինք
ուրիշներու համեմատ։
Այս
յոգնածութիւնն ու մտաւոր սպառումը ոչ միայն անձնական է, այլ նաեւ ընկերային։ Հանրային
քննարկումները կ՛ընթանան ոչ թէ մտածուած երկխօսութեամբ, այլ զգայացունց, հապճեպ,
բեւեռամիտ եւ անգամ անյօդաբաշխ արտայայտութիւններով, յատկապէս ու յայտնապէս բորբոքելու համար «զրուցակիցները»։ Նոյնիսկ ընկերային-քաղաքական աքթիվիզմը իր նկարագիրը կը կորսնցնէ,
երբ կատարուածը պարզապէս կարգախօս մը կամ հեշթեկ մը տարածելն է․ սա կը ստեղծէ կապի եւ
համերաշխութեան պատրանք մը, առանց պահանջելու գործուն
մասնակցութիւն ի խնդիր այս կամ այն դատին։ Մնայուն ներկայութիւն
պահպանելու այս մշակոյթը՝ անընդհատ երեւալու հարկադրանքը, անհատներն ու
հաստատութիւնները կ՛ենթարկէ յոգնութեան եւ սպառումի։
Այդուհանդերձ,
այս սպառումին մէջ կը մնայ պահուած հնարաւորութիւն մը՝ վերաիմաստաւորելու կապի
հասկացութիւնը։ Թերեւս այն
յոգնածութիւնը, զոր կը զգանք, ապացոյց մը չէ, թէ կապը անկարելի է, այլ որ
ընկերային ցանցերուն
առաջարկած տարբերակն է, որ թերի է։ Իրական կապը կը պահանջէ դանդաղութիւն,
ուշադրութիւն եւ բացուածութիւն՝ սեփական վախերով, կասկածներով եւ այդ կարգի բոլոր
«թերութիւններով» հանդերձ․ սակայն, կը տեսնենք, որ այս բնութիւնները չեն համընկնիր
պատկերամոլ եւ արագընթաց հարթակներու աշխարհին հետ։ Կապը կ՛աճի բառերուն միջեւ դադարներուն
ընթացքին, ընկերոջ մը լռութեան մէջ, անոր ներկայութեան մէջ, մարդու մը հետ, որ կը լսէ առանց ներկայացում խաղալու։
Եթե ընկերային ցանցերը բան մը սորվեցուցին մեզի, ապա անիկա այն է, թէ որքան կարօտ ենք
այդպիսի միջավայրերու։
Այսուհետեւ,
մարտահրաւէրը ոչ թէ ընկերային ցանցերը լքելն է, այլ մարդկային կապերուն վերատիրանալը՝ մեր պահանջը ետ խլելը ցանցերէն։ Կարելի է դնել օգտագործման սահմաններ, զարգացնել անմիջական յարաբերութիւններ
կամ որոնել առցանց տարածքներ, ուր խորութիւնն է առաջնահերթութիւն եւ ոչ թէ դիւրաւ
հասանելիութիւնը։ Կարելի է դիմադրել կատարողականութեան գայթակղութեան․ պէտք է
հասկնալ, որ կապը չի չափուիր հետեւորդներով կամ հաւանումներով, այլ այն յարաբերութիւններով,
որոնք կը պահեն մեզ, երբ սքրինները կը մթննան։
Ընկերային
ցանցերը ստեղծեցին աշխարհ մը, ուր ամէն պահ կը միջնորդուի notification-ով մը, ամէն շարժում ենթակայ է տեսաքննութեան եւ ամէն փոխազդեցութիւն կը
վերածուի մրցակցութեան՝ ուշադրութեան շուկային մէջ։ Արդիւնքը սպառումն է․ ոչ թէ
որովհետեւ մարդ արարածը կապի անկարող
է, այլ որովհետեւ կը ստիպեն մեզ
կապուիլ այնպիսի ձեւերով, որոնք կ՛անտեսեն մեր մտքի ու սրտի սահմանները։ Դէպի առջեւ ճամբան՝ կապը մերժելը պէտք չէ ըլլայ, այլ զայն վերագտնելը։ Պէտք է կրկին սորվինք, թէ կապուիլ
կը նշանակէ ոչ թէ անվերջ թերթել կամ անդադար ցոյց տալ, այլ կիսել կեանքը ուրիշներու
հետ այնպիսի ձեւերով, որոնք կը վերականգնեն մեզ, եւ ոչ թէ կը սպառեն։ Միայն այդ ատեն կապի խոստումը պիտի
դադրի ըլլալ յոգնութեան աղբիւր եւ պիտի դառնայ զօրութեան աղբիւր։

Comments
Post a Comment