Ռասգոլնիգովի մենախօսութիւնը



Կը յիշեմ սենեակը
Որ կը հսկէր շնչառութեանս․
Իւրաքանչիւր միտք կը քերթէր անոր պատերը,
Ու ծեփը գետնին կը թափէր՝
Փռուելով առջեւս
Կարմիր գորգի պէս։

Սովը չէր,
Որ կը կրծէր զիս ներսէն․
Այն միտքն էր,
սարսափելի միտքը,
որ որոշ մարդիկ կը ծնին հրամայելու,
իսկ միւսները` ոչնչացուելու համար:
Ո՞րն էի ես այդ աշխարհին մէջ։

Ծեր կինը,
այդ անօգուտ բացիլը․․․
ի՞նչ էր ան իրականին մէջ
բացի կողպէքէ մը,
որ պէտք է կոտրուէր․
պատասխանը, որ ինծի կը սպասէր՝
Արիւնոտ շեմէն անդին էր։

Եւ այնուամենայնիւ,
երբ հոսեցաւ արիւնը՝
ափերուս մէջ նոյն կարմիր գոյնն էր
զոր տեսած էին ինձմէ առաջ
բազում մարդասպաններ:
Հասարակ։
Նայեցայ անոր մէջ
եւ տեսայ դողացող դէմք մը,
որ կ՛երդուէր ինք իրեն՝
«դուն վախկոտ մը չես»։

Ես փորձեցի բանավիճիլ Աստուծոյ հետ,
բայց Ան չէր վիճեր:

Զիս մարդասպան կ՛անուանեն,
Բայց ես ոչինչ կը փնտրէի
Բացի ապացոյց մը,
որ ես սովորական չեմ:

․․․մինչդեռ, ապացոյցը տառապանքին մէջ է․
Աշխարհը միասին կը պահուի աչքերէ հեռու թափող
արցունքներով։

Իմս խաւարն է,
Որմէ ետք կարմիր պիտի ըլլայ ամէն լուսաբաց՝
Եթէ գայ։

13․10․2025


Comments

Ամենաընթերցուածք

Տանըլտ Թրամփ՝ Ռուսական Գործակա՞լ

Երբ Ցաւն ու Կորուստի Յիշատակումը Կը Դառնան Գործիք

Մենք առանձին չենք