Քարամազով մը



Ալյոշան

Կը քալէ ձիւնին մէջէն
կարծես աշխարհը ըլլար աղօթք մը
Կէսը` շշուկով,
Կէսը` մոռցուած։

Եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը
Տանկ տանկ
Իմ եւ քու գիտցած խորհրդանիշները չեն,
Այլաբանութիւններ չեն,
Մէկ` այսպէս ու մէկ` այնպէս
Պատմուած,
Այլ վէրքերն աղօթքին՝
Կը կանչեն զինք հեռուէն,
Հակառակ որ օդը ցուրտ է
Հարցականներով:

Հաւատքը անոր համար
ամրոց մը չէ, ուր պատսպարուի,
Պաշտպանուի
Կամ ամրանայ խոստացուած
Դրախտին համար։
Ալյոշան…
Հաւատքը անոր համար
դողացող բոց մըն է
սենեակի մը մէջ` առանց պատերու,
Եւ Վանիայի ծիծաղը
քամին է, որ կրնայ
Մարել զայն։

Ան կը սիրէ մեղաւորը,
ոչ թէ որովհետեւ կը հաւատայ մեղքին,
այլ որովհետեւ կը տառապի
Շնորհքի
Մինակութեան մէջ:

Ալյոշան…
Անոր աչքերը
մաքուր են ինչպէս ջուրը, որ երբեք չ’ընտրեր
Զով արտացոլալցնել իր մէջ.
Աչքերը կը կրեն իւրաքանչիւր մարդու պատկերը
եւ իւրաքանչիւր մարդու յուսաբեկումը`
Խորքին:

Երբ ան ծունկի կու գայ`
ծունկի կու գայ ոչ թէ
Սրբապատկերներուն,
այլ սեփական ցաւին առջեւ:

Երբ ան կը կայնի`
Կը կայնի ոչ թէ յաղթական մէկուն պէս,
այլ գութի եւ ողորմածութեան մէջ`
Պզտիկցած:

Այդպէս` ան տերեւ մըն է,
Որ կը դողայ
տերեւի պէս,
Առկախ`
երկինքին եւ
Տիղմին
միջեւ։

12.10.2025

Comments

Ամենաընթերցուածք

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը