Մանուկներու սեռական չարաշահումը յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ
Մանուկներու սեռական չարաշահման կամ մանկապղծութեան թեման քննարկելը միշտ ալ ծանր է եւ զգացական առումով՝ դժուար: Երեւոյթը հին է՝ հաւանաբար մարդկութեան չափ։ Ժամանակակից վերաբերմունքն է, որ պէտք է էապէս փոխուի՝ թէ զոհերուն եւ թէ ոճրագործներուն նկատմամբ։ Պէտք է փոխուի գնահատականը՝ ոճիրին մասին։ Հաշուի առնելով ջղագիտութեան նորագոյն բացայայտումները, ոճիրին ընկերային ազդեցութեան չափերը եւ պատմական իրաւական նախադէպերը, մանուկներու սեռական չարաշահումը այլեւս պէտք է դիտարկուի ոչ թէ որպէս սոսկալի արարք կամ սովորական օրինազանցութիւն, այլ որպէս յանցագործութիւն՝ ուղղուած մարդկութեան դէմ: Մանուկներու չարաշահման իրական ծանրութիւնը հասկնալու համար նախ պէտք է դիտարկենք անոր գիտականօրէն ապացուցուած կենսաբանական ազդեցութիւնը զարգացող անձին վրայ: Կը պարզուի, որ վնասը պարզապէս հոգեբանական չէ, այլեւ ֆիզիքական, որ կը ձգէ հետքեր մինչեւ կեանքի վերջ։ Ջղագիտական ուսումնասիրութիւնները անառարկելիօրէն ցոյց կու տան, որ երբ մանուկներ մեծնան տեւական վախի եւ չարաշահման պայմաններու մէջ, անոնց ուղեղին կառուցուածքը ակնյա...