Պատմութիւնը իբրեւ Զէնք․Պատմական վերաքննականութեան համաշխարհային վերածնունդը
«Պատմաբանները ազգայնականութեան համար այն են, ինչ օփիումի կակաչ ցանողները Փաքիստանի մէջ՝ հերոյինի մոլիներուն համար. Պատմաբանները կը մատակարարեն (ազգայնական) շուկային անհրաժեշտ հում նիւթը»:
Էրիք Հոպսպաում
Հոպսպաումի գրգռիչ փոխաբերութիւնը կ՛արտացոլացնէ ճշմարտութիւն մը, որ միաժամանակ մշտապէս արդիական է ու աւելի ու աւելի հրատապ․ պատմութիւնը՝ հեռու անցեալի դէպքերուն մասին չեզոք արձանագրութիւն մը ըլլալէն աւելի, կը ծառայէ իբր հում նիւթ, որ կը հնձուի եւ կը գործածուի ազգային եւ գաղափարական ծրագիրներու համար։ Ինչպէս օփիումի կակաչը կը մշակուի, որպէսզի գոհացնէ օփիումի մոլիներուն անկուշտ պահանջքը, նոյնպէս ալ անցեալը կը մշակուի, կը մեկնաբանուի եւ յաճախ կը խեղաթիւրուի՝ ազգային ինքնութեան սովը կշտացնելու համար։ Այս իմաստով, պատմաբանը ոչ անմեղ է, ոչ ալ կրաւորական դիտորդ մը։ Պատմասացութիւններու արտադրութիւնը, արխիւներու զգոյշ ընտրութիւնն ու մեկնաբանութիւններու ձեւաւորումը անխուսափելիօրէն խարսխուած են ներկայի քաղաքական ու գաղափարական հոսանքներուն մէջ։ Հոպսպաումի խօսքը մեզ կը ստիպէ դիմագրաւել ժամանակակից պատմագրութեան հիմնական եւ կեդրոնական տարաբանութիւնը․ նոյն աշխատանքը, որ միտուած է հետապնդելու ճշմարտութիւնը, կրնայ նաեւ՝ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, մատակարարել հում նիւթ՝ քաղաքական ու հասարակական մոլութեանց համար։
Ներկայիս, այս երեւոյթը դարձած է աւելի ցայտուն։ Պատմական վերաքննականութիւնը այլեւս սահմանափակուած չէ մեկուսացած պետութիւններու կամ գիտնականներու շրջանակին մէջ․ ան դարձած է համաշխարհային երեւոյթ մը։ Ռուսիոյ մէջ, օրինակ, «Մեծ Հայրենական Պատերազմ»ի փառաւորումը եւ խորհրդային պատմութեան համակարգուած վերանայումը կը ծառայեն միաժամանակ ներքին օրինականութեան եւ աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան նպատակներու իրագործման համար։ Թուրքիոյ մէջ՝ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգութիւնը եւ հայոց պատմութեան ձեւաւորումը վերակառուցուած են այնպէս, որ խուսափին պատասխանատուութենէ եւ ամրապնդեն ազգային հպարտութիւնը։ Չինաստանը նոյնպէս կը մանիբիւլացնէ «հարիւրամեայ ստորացման» յիշողութիւնը՝ ներքին համախմբումը զօրացնելու եւ արտաքին յարձակողականութիւնը արդարացնելու համար։ Բոլոր այս պարագաներուն մէջ, պատմաբանները, մանկավարժները եւ մշակութային հաստատութիւնները կը մատակարարեն հում նիւթը՝ փաստաթուղթերը, լուսանկարները, պատմասացութիւնները եւ ընտրովի մեկնաբանութիւնները, զորս ազգային նախագիծերը կը սպառեն։ Պատմաբանը անցեալի մշակողն է, որուն մէկ մասը անխուսափելիօրէն կը մաքրագործուի, կը ոճաւորուի կամ կը պարզացուի՝ ներկայի գաղափարական պահանջներուն համապատասխանելու համար։
Այս գործընթացին հետեւանքներուն ազդեցութիւնը մտաւորական շրջանակներուն մէջ չէ, որ կ’երեւի միայն․ ան նաեւ խորապէս քաղաքական է։ Երբ պատմութիւնը կը վերածուի զէնքի, հասարակութիւնները կը վարժուին ընդունելու պարզացուած պատմասացութիւններ, որոնք կը գործածուին արդարացնելու համար քաղաքական ընթացիկ որոշումները կամ ամրապնդելու համար ինքնութեան սահմանները։ Պատմական վերաքննականութիւնը կը դառնայ կառավարման գործիք մը, որ կը ձեւաւորէ հերոսութեան, զոհի մտայնութեան մէջ մնալու կամ օրինականութեան ընկալումները։ Ազգայնականութիւնը մոլի կը դառնայ այդ մշակուած անցեալին՝ անկարող գործելու առանց անոր։ Պատմաբանին աշխատանքը, նոյնիսկ երբ արդար եւ խղճամիտ է, վտանգն ունի ծառայելու գաղափարական մեքենայի մը, որ փաստացի ճշմարտութեանց փոխարէն կը նախընտրէ ինքնութեան կառուցումը՝ ըստ իր պատկերացումին։
Փոքր պետութիւններու եւ վիճարկուած տարածքներու պարագային՝ վտանգը աւելի սուր է։ Հայկական օրինակը այս բոլորը ցայտուն կերպով կը մարմնաւորէ։ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, անկախութեան պատմասացութիւնները եւ Արցախի շուրջ պատմագրութիւնը այն ոլորտներն են, ուր պատմութիւնը կը գործէ միաժամանակ իբր վահան եւ զէնք։ Սփիւռքեան համայնքները, իրենց կարգին, կը դիմագրաւեն պատմական ճշմարտութիւնը պահպանելու մարտահրաւէրը՝ առանց զայն ծառայեցնելու քաղաքական նպատակներու, որոնք կը գերագնահատեն կամ կը շեշտեն անցեալի որոշ կողմերը։ Հոպսպաումի տեսլականը կը տրամադրէ շեշտակի դիտանկիւն մը․ պատմաբանները կը մատակարարեն նիւթը, համայնքներն ու պետութիւնները կը սպառեն զայն, իսկ այդ փոխադարձ յարաբերութիւնը կը ձեւաւորէ ինքնութիւն, քաղաքականութիւն եւ միջհասարակական կապեր։
Թուային մամուլի եւ հասարակական ցանցերու վերելքը այս երեւոյթը աւելի խորացուցած է։ Պատմական պատմասացութիւնները այսօր կը տարածուին, կը վերամշակուին եւ կը բազմապատկուին աննախադէպ չափերով եւ ընթացքով։ Հասարակական ցանցերը, «բովանդակութեան գործարանները» եւ viral տեսանիւթերը թոյլ կու տան պատմական վերաքննականութեան, որ ակնթարթօրէն հասնի համաշխարհային լսարաններու։ Այս արագ տարածումը կը նպաստէ, որ ազգայնական պատմասացութիւնները տարածուին ազգային սահմաններէն անդին՝ ազդելով միջազգային ընկալումներու եւ արտաքին քաղաքականութեան ձեւաւորման վրայ։ Այս միջավայրին մէջ պատմաբանին դերը կը դառնայ աւելի կարեւոր, բայց նաեւ նոյնքան խոցելի․ ալկորիթմային ժամանակաշրջանին մէջ, հում նիւթը պէտք է ոչ միայն ճշգրիտ ըլլայ, այլ նաեւ դիմացկուն՝ աղաւաղումի եւ պարզեցման դէմ։
Այնուամենայնիւ, վտանգը գիտնալը պատմաբանները պատասխանատուութենէ չ՛ազատեր։ Հոպսպաումի փոխաբերութիւնը ուսուցողական է, որովհետեւ ան կը շեշտէ պատմաբանի աշխատանքին բարոյական կողմը։ Հում նիւթ մատակարարելը անխուսափելի է, բայց պատմաբանը կրնայ ընտրել՝ արդեօ՞ք կը ծառայէ գաղափարական մոլութեան, թէ՞ քննադատական ըմբռնման։ Հայոց պարագային, ցեղասպանութեան ժխտումին դիմադրելը, հաւաքական յիշողութեան ջնջումին հակազդելը եւ վիճարկուած պատմութիւններուն հանդէպ քննադատական մօտեցում ունենալը կը կազմեն քաղաքական ու մտաւոր հոգատարութեան ձեւեր։ Պատմութիւնը, երբ անոր կը մօտենանք խստապահանջութեամբ եւ քաջութեամբ, կը դադրի ըլլալ հերոյին՝ ազգային մոլութեան համար, եւ կը դառնայ գործիք՝ յստակեցումի, մտորումի եւ վերջապէս՝ քաղաքական պատասխանատուութեան համար։
Պատմական վերաքննականութիւնը, հետեւաբար, միաժամանակ անխուսափելի եւ բախտորոշ է։ Անխուսափելի՝ որովհետեւ հասարակութիւնները անցեալը միշտ կը մեկնաբանեն ներկային իմաստ տալու համար, եւ բախտորոշ՝ որովհետեւ այդ մեկնաբանութիւնը կը ձեւաւորէ քաղաքական, մշակութային եւ բարոյական իրականութիւնները։ Հոպսպաումի դիտարկումը մեզ կը զգուշացնէ, որ պատմաբանին աշխատանքը երբեք մեկուսացած չէ․ ան կը մտնէ գաղափարախօսութեան, իշխանութեան եւ ինքնութեան հոսանքներուն մէջ, եւ երբ կը տարածուի աշխարհին մէջ, կը սպառուի, կը վերաձեւուի եւ յաճախ կը դառնայ զէնք։ Հայկական պատմութեան պարագային, ինչպէս եւ համաշխարհային պատմագրութեան մէջ, մարտահրաւէրը յստակ է․ պատմաբանին աշխատանքը պէտք է դիմադրէ պարզ սպառման եւ խթանէ ներգրաւում, քննադատութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Ճշմարիտ հասկցուած պատմութիւնը պէտք է լուսաւորէ ու հարցադրէ՝ ոչ թէ հաճոյանայ կամ քնացնէ։ Ազգայնականութեան վերածնունդին եւ յիշողութիւններու վիճարկման այս դարաշրջանին մէջ՝ սա է պատմաբանին ամենահրատապ առաքելութիւնը։
Էտուարտ Թաշճեան
Պէյրոյթ, Լիբանան
Հրատարակուած Պայքար շաբաթաթերթին մէջ, Նոյեմբեր 2025

Comments
Post a Comment