Մանուկներու սեռական չարաշահումը յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ


Մանուկներու սեռական չարաշահման կամ մանկապղծութեան թեման քննարկելը միշտ ալ ծանր է եւ զգացական առումով՝ դժուար: Երեւոյթը հին է՝ հաւանաբար մարդկութեան չափ։ Ժամանակակից վերաբերմունքն է, որ պէտք է էապէս փոխուի՝ թէ զոհերուն եւ թէ ոճրագործներուն նկատմամբ։ Պէտք է փոխուի գնահատականը՝ ոճիրին մասին։ Հաշուի առնելով ջղագիտութեան նորագոյն բացայայտումները, ոճիրին ընկերային ազդեցութեան չափերը եւ պատմական իրաւական նախադէպերը, մանուկներու սեռական չարաշահումը այլեւս պէտք է դիտարկուի ոչ թէ որպէս սոսկալի արարք կամ սովորական օրինազանցութիւն, այլ որպէս յանցագործութիւն՝ ուղղուած մարդկութեան դէմ:

Մանուկներու չարաշահման իրական ծանրութիւնը հասկնալու համար նախ պէտք է դիտարկենք անոր գիտականօրէն ապացուցուած կենսաբանական ազդեցութիւնը զարգացող անձին վրայ: Կը պարզուի, որ վնասը պարզապէս հոգեբանական չէ, այլեւ ֆիզիքական, որ կը ձգէ հետքեր մինչեւ կեանքի վերջ։

Ջղագիտական ուսումնասիրութիւնները անառարկելիօրէն ցոյց կու տան, որ երբ մանուկներ մեծնան տեւական վախի եւ չարաշահման պայմաններու մէջ, անոնց ուղեղին կառուցուածքը ակնյայտօրէն կը փոխուի: Մանկութեան ժամանակաշրջանին, երբ տեղի կ’ունենայ ջղային համակարգի նոր աճ, այս փորձառութիւնները կը ստիպեն, որ ուղեղը վերաձեւաւորուի՝  նախապատրաստելով ենթակաները այն բանին, թէ ինչպիսին է աշխարհը: Եթէ այդ աշխարհը դաժան է եւ վտանգաւոր, ուղեղը կը յարմարի գոյատեւման ռեժիմին՝ ստեղծելով աշխարհայեացք մը, որ հիմնուած է վախի եւ անվստահութեան վրայ: Այս փոփոխութիւնները պարզապէս յիշողութիւններ չեն․ անոնք ջղային-ուղեղային կառուցուածքային վերափոխումներ են, որոնք կ՛ազդեն անհատի կեանքին վրայ մինչեւ վերջ։

Այսպիսով, անհատին՝ կենսաբանական մակարդակի վրայ հասցուած աւերը դուրս կ’ելլէ անձնական ողբերգութեան սահմաններէն՝ դառնալով լայն ընկերային խնդիր: Այս փոխանցիկ ազդեցութիւնը հասկնալու համար պէտք է գիտակցիլ, թէ ինչ դերակատարութիւն ունի դաստիարակութիւնը մարդկային զարգացման մէջ:

Մարդկային ներուժի իրացման համար մեծ նշանակութիւն ունին ժառանգականութեան երկու ձեւերը՝ ծինաբանականը եւ մշակութայինը: Մինչ մեր ծիները կը ստեղծեն մարդ ըլլալու հնարաւորութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնը (այն ինչ որ մեզ կը սորվեցնեն եւ այն ինչ որ կը դիմագրաւենք ամէն օր) կու տայ այդ ներուժը իրացնելու հնարաւորութիւնը: Այս ժառանգութեան կարեւորութիւնը այնքան մեծ է, որ անոր բացակայութեան պարագային մարդ չի զարգանար կապիկներէն աւելի բարձր մակարդակի: Այս եզրահանգումը կը հաստատուի Մոկլիի ծանօթ պատմութեան նման դէպքերով, ուր երեխաներ գազաններու կողմէ պահուած են, զրկուած՝ մարդկային մշակոյթէն․ անոնք չեն կրցած խօսիլ եւ չեն ցուցաբերած մարդկային բարձր մտաւոր կարողութիւններ:

Մանուկներու չարաշահման փոխանցիկ հետեւանքները ցնցող են․ Ամերիկայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, բանտարկուած տղամարդոց քառորդը եւ կիներուն կէսը յայտնած են մանկութեան սեռական բռնութեան ենթարկուած ըլլալու մասին: Ծանր մանկական չարաշահում տեսած անձերուն քով ընկճախտի հաւանականութիւնը աւելի մեծ է մօտ հինգ անգամ։ Անոնց կեանքը կը կրճատուի միջինը մինչեւ 20 տարիով:

Հակառակ վնասին մասին առկայ հաւաստի գիտական տուեալներուն, իրաւական եւ արդարադատական համակարգերը յաճախ չեն արձագանգեր անհրաժեշտ խստութեամբ: Այս համակարգային ձախողումը յաճախ թոյլ կու տայ յանցագործներուն խուսափիլ պատշաճ պատիժէ՝ շարունակելով իրենց ոճրային գործունէութիւնը:

Այս երեւոյթի նորագոյն եւ ամենավառ օրինակներէն մէկն է Ամերիկայի մէջ լայն հնչեղութիւն ստացած Էփշտէյնի դէպքը: Մանկապղծութեան վերաբերեալ ոստիկանութեան ներկայացուցած բազմաթիւ ապացոյցներուն առ ի պատասխան, դատախազները գործը ձեւակերպեցին մեղմ յօդուածներով, փաստերուն մէջէն «ընտրեցին» աննշան զանցանքներ՝ թոյլ տալով, որ յանցագործը ստանայ ցնցող չափով մեղմ պատիժ: Այս համակարգային ձախողումը աւելի ակնյայտ կը դառնայ, երբ նկատի առնենք, որ ոստիկանութիւնը Էփշտէյնի՝ հիւանդագին մանկապիղծ ըլլալուն մասին տեղեկութիւնները ունեցած էր ձերբակալութենէն գրեթէ 14 տարի առաջ, եւ այդ ամբողջ ընթացքին ան շարունակած է իր յանցագործութիւնները:

Նման պարագաներ պէտք է շրջէ մեր ուշադրութիւնը դէպի հիմնական հարցում մը․ արդեօք՞ իշխանաւորները եւ քաղաքական վերնախաւի բանալի անձնաւորութիւնները «գնուած» են եւ կը գործեն անձնական շահերէ մղուած, թէ բարոյապէս պիղծ են եւ չեն գիտակցիր անչափահասներու սեռական շահագործման լրջութիւնը: Այս հարցին պատասխանը վճռորոշ է, որովհետեւ ան կը վերաբերի ոչ միայն մանուկներու ապահովութեան, այլեւ ընկերային կայունութեան եւ մեր արժէքային համակարգին:

Ոճիրներու նկատմամբ անգործութեան, անհոգութեան կամ իրականութիւնները կոծկելու վերաբերեալ մեղադրանքներէն անմասն չեն ընկերութեան մէջ հիմնաւոր ներկայութիւն ու դերակատարութիւն ունեցող հաստատութիւնները, ինչպէս եկեղեցիները։ Կաթոլիկ եկեղեցին ցնցած պատմութիւնները ծանօթ են բոլորին։ Շատերուն ծանօթ է ծնունդով լիբանանահայ Հրայր Եզեկէլեանի պարագան․ մօտ տաս տարի առաջ, մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ այդ մարդու յայտարարութիւններուն, ուր ան յականէ անուանէ ամբաստանեց Երուսաղէմի հայկական միաբանութեան անդամ երեք հոգեւորականներ, որոնք բռնաբարած են զինք, իր՝ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի սան եղած օրերուն, 11-14 տարեկան հասակին։ Հոգեւորականներէն մէկը, մահուան սնարին մէջ, ընդունեց իր յանցանքը եւ ներողութիւն խնդրեց զոհէն։ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան Մանուկեան եւ վարչական մարմինները, մամուլի եւ դատական հայցերու ճնշումին տակ, ի վերջոյ ընդունեցին ստեղծել յանձնաժողով մը՝ քննելու համար հարցը: Ըսին, որ քննութեան աւարտէն ետք պատրիարքարանը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ մը: Ինծի չյաջողեցաւ գտնել նման յայտարարութեան որեւէ հետք համացանցին վրայ։ Կամ լուրջ քննութիւն տեղի չունեցաւ, կամ ալ չուզեցին հրապարակել արդիւնքները։ Անոնք որ հետաքրքրուած են այս պատմութեամբ, կրնան կարդալ Պոլսոյ ԱԿՕՍ թերթին յօդուածը՝ այստեղ https://www.agos.com.tr/en/article/14880/child-abuse-everywhere

Մանուկներու սեռական չարաշահումը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտարկելը կու տայ աւելի գիտակցուած պատկեր մը անոր իրական ծաւալին մասին: Այս պարագային կարեւոր է անդրադառնալ «մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն» հասկացութեան:

Մանուկներու չարաշահման աւերիչ ազդեցութիւնը մարդկային ներուժին եւ ընկերային կառուցուածքին վրայ բաւարար է զայն դիտարկելու որպէս յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ: 

Կարեւոր է տարբերել այս հասկացութեան խիստ իրաւական եւ աւելի լայն բարոյական սահմանումները: Միջազգային իրաւունքը կը նախանշէ, որ արարք մը որպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն որակելու համար, ան պէտք է ըլլայ կազմակերպուած, համակարգուած եւ կապուած՝ ոճիրը իրականացնող կազմակերպութեան հիմնական նպատակներուն հետ: Որոշ պարագաներուն, աղանդաւորական անունով ծանօթ պաշտամունքային խումբեր կրնան ներառնուիլ այս սահմանումին մէջ: Թէեւ մանուկներու սեռական շահագործման որոշ դէպքեր կրնան մօտենալ այս չափանիշներուն (ինչպէս կը կարծուի ըլլալ, օրինակ, Էփշտեյնի պարագան՝ իր մեղքերու կղզիին վրայ կազմակերպուած յանցագործութիւններով), միշտ չէ, որ անոնք կը համապատասխանեն խիստ իրաւական այս պահանջներուն:

Այնուամենայնիւ, բարոյական հիմնական փաստարկը կը մնայ անսասան․ մանուկներու չարաշահման աւերիչ ազդեցութիւնը մարդկային ներուժին եւ ընկերային կառուցուածքին վրայ բաւարար է զայն դիտարկելու որպէս յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ: Ի վերջոյ, իրաւական սահմանումները ծնած են բարոյական ըմբռնումէն, եւ ոչ թէ հակառակը։

Իսկ ինչ կ՛ըսէ պատմութիւնը։ Մանուկներու պաշտպանութիւնը, իբրեւ ընկերութեան հիմնարար պարտականութիւն, նոր երեւոյթ մը չէ, այլ հնագոյն սկզբունք մը, որ կը համարուէր անհրաժեշտ՝ հաւաքական գոյատեւման եւ քաղաքակրթութեան զարգացման համար: Հին հասարակութիւնները կը գիտակցէին, որ մանկապղծութիւնը, կրկնուող գողութիւնը կամ անմեղ մարդու սպանութիւնը սպառնալիք են համայնքին, եւ յանցագործը պէտք է արժանանայ ամենախիստ պատիժին: Համուրապիի օրէնսգիրքը (ՔԱ 1750 թուական) կը վկայէ այս մասին. «Եթէ մարդ մը մանուկ մը որդեգրէ եւ վնաս պատճառէ անոր, այդ մարդը պէտք է ենթարկուի մահապատիժի »: Այս հին իմաստութիւնը կտրուկ կը հակադրուի ժամանակակից իրաւական համակարգերու յաճախ ցուցաբերած մեղմ վերաբերմունքին, ու նաեւ՝ ընկերութեան անտարբերութեան։

Սակայն միայն պատիժը բաւարար չէ․ կանխարգիլումը նոյնպէս կենսական է: Բազմաթիւ մանկապիղծներ իրենք ալ ժամանակին զոհ եղած են: Հետեւաբար, տուժած մանուկներու վերականգնման ծրագիրներու մէջ ներդրումներ կատարելը կենսական է՝ փորձելու համար կտրել բռնութեան այս արատաւոր շղթան:

Մանկապղծութեան դէպքերը տարածուած են ամենափոքր ընկերային օղակներէն մինչեւ մեծ հաստատութիւններ՝ ընտանիքէն ու փողոցէն սկսեալ մինչեւ գործատեղեր, դպրոցներ եւ մանկապատանեկան կազմակերպութիւններ․ բոլոր տեղերը, ուր պատրաստի ոճրագործ մը կայ՝ զոհեր հետապնդող։ Մենք պէտք է պահանջենք, որ իրաւապահ մարմինները հետապնդեն յանցագործները անհրաժեշտ եռանդով եւ հրատապութեամբ: Քաղաքական, տնտեսական, կրօնական, մշակութային եւ ընկերային վերնախաւի ներկայացուցիչները պէտք է գիտակցին, որ խնդրոյ առարկայ է մեծ բան մը․ ընկերութեան ամենախոցելի անդամներուն պաշտպանութիւնը եւ, ի վերջոյ, մեր քաղաքակրթութեան ապագան:

(Պայքար շաբաթաթերթ, 30 Նոյեմբեր 2025)

Comments

Ամենաընթերցուածք

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը