Քահանաները Ռոմանթիք Սիրոյ Իրաւունք Ունին


Բոլորին համար յստակ է արդէն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վարած եկեղեցական օրակարգը, իր բոլոր փուլերով եւ դրսեւորումներով, քաղաքական է, այլ ոչ բարեփոխական, ձեւաւորուած գլխաւորաբար Հայաստանի շուրջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներով կամ, ինչ-որ տեղ, ՔՊ կուսակցութեան ու Եկեղեցւոյ միջեւ իշխանութեան համար մղուող պայքարով՝ այս տարուան Յունիսին կայանալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ։ Գարեգին Բ․ի դէմ Փաշինեանի պայքարը, անշուշտ, կրնայ նաեւ անձնական երանգ կամ նոյնիսկ հիմնապատճառ մը ունենալ, սակայն այդ եւս ոչինչ կը փոխէ իրականութենէն։

Բարձրաստիճան հայ եկեղեցականներու դէմ՝ կուսակրօնութեան երդումը խախտելու վերաբերեալ հնչեցուցած շարունակական մեղադրանքներու ծիրին մէջ, Փաշինեան կատարած է յայտարարութիւն մը, ըստ որուն «կուսակրօն հոգեւորականները չեն կարող ունենալ անձնական կեանք»։ Իմաստը պարզորոշ էր. հոգեւորականներուն արտօնուած չէ այն, ինչ որ կրնայ ամենաթանկագինը ըլլալ ուրիշներու՝ «անձերուս» համար։

Ես չեմ ընդունիր Փաշինեանը որպէս եկեղեցական բարեփոխումներու արժանաւոր ձայն մը, եւ այդ տեսանկիւնէն, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու մասին անոր յայտարարութիւնները, դրական թէ ժխտական, կը նկատեմ անյարիր՝ բարեփոխութեան գաղափարին։ Կը համարեմ, որ եկեղեցական հարցերու շուրջ իր բոլոր ըսածները ծառայութեան մէջ են այլ՝ ոչ-հոգեւոր նպատակներու։ Փաշինեանի մեղադրանքները, մանաւանդ կուսակրօնութեան ենթադրեալ խախտումներուն վերաբերեալ, ընտրողական են, կողմնապաշտ եւ շահախնդիր։ Այդ պատճառով, նաեւ, ես շահագրգռուած չեմ  հակաճառելու անոր՝ որպէս «բարեփոխիչ»։ Փաշինեանի ճառաբանութիւնը սկիզբէն իսկ դատարկ է՝ եկեղեցւոյ բարեփոխութեան գաղափարներու դիտանկիւնէն։ Ինչպէս ըսի, անիկա սկզիբ կ՛առնէ ուրիշ ակերէ եւ կ՛երթայ որոգելու այլ դաշտեր։

Ահա թէ ինչու այս յօդուածիս նպատակը Փաշինեանի վերոնշեալ յայտարարութեան («կուսակրօն հոգեւորականները չեն կարող ունենալ անձնական կեանք ») ուղղակի հակադարձելը չէ։ Փոխարէնը, ես պիտի օգտագործեմ այդ պահը՝ մարտահրաւէր նետելու այն ենթադրութեան, որ կը գտնուի այդ խօսքերուն հիմքին եւ որ ունի խոր արմատներ հասարակութեան մէջ։ Այդ ենթադրութիւնն այն է, որ, կուսակրօնութեան բերումով, հոգեւորականներէն կը սպասուի, որ անոնք զրկուին իրենց անձնական, յուզական եւ սիրային կեանքէն։

Այս ենթադրութիւնը կեղծ է, վտանգաւոր եւ խորապէս անմարդկային։ Եւ ճիշդ այն պատճառով, որ կարելի է զայն զէնքի վերածել եկեղեցականներուն եւ եկեղեցւոյ դէմ, պէտք է անմիջապէս մերժուի։ Պէտք չէ տրուիլ խարդավանանքին, որուն կ՛ենթարկուի հասարակութիւնը, երբ որ կը բացայայտուի կամ «կը խօսուի», թէ հոգեւորական մը սիրային կապի մէջ է․ եւ պէտք է առաջքը առնել կատարելապաշտ տրամաբանութեան, որ կը մերժէ հոգեւորականներուն մարդկայնութիւնն ու անհատականութիւնը։

Իւրաքանչիւր մարդ իրաւունք ունի ռոմանթիք սիրոյ: Կարծէք՝ սա պէտք է ինքնին ակնյայտ ճշմարտութիւն մը ըլլար։ Սակայն հանրային բանավէճերուն մէջ, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի հոգեւորականներուն, անիկա աւելի ու աւելի կը մեկնաբանուի որպէս սադրանք։

Հասարակութիւնը չ՛ուզեր ընդունիլ, որ քահանան գործառոյթ մը չէ։ Ան ներքին կեանքէ զուրկ խորհրդանիշ մը չէ։ Ան անձ մըն է։ Ան մարդ է։ Եւ իւրաքանչիւր մարդու պէս, իրաւունք ունի յուզական մտերմութեան, կապուածութեան, ցանկութեան եւ փոխադարձ յարաբերութեան։ Այս իրաւունքը մերժելը բարոյական խստութիւն չէ անիկա բարոյականութեան աղաւաղումն է։

Կուսակրօնութիւնը, անկախ այն բանէն թէ աստուածաբանական ինչ իմաստ կը տրուի անոր եկեղեցական իշխանութիւններուն կողմէ, չի կրնար տրամաբանական կամ բարոյական կերպով չեղարկել ռոմանթիք սիրոյ իրաւունքը։ Առաւելագոյնը, անիկա ամուսնութիւնը եւ օրինական ընտանիքի ձեւաւորումը կարգաւորող հաստատութենական կանոն մըն է։ Պատմականօրէն, նման կանոններ ծնած են գործնական պատճառներով՝ նիւթական ժառանգութիւն կամ սեփականութիւն չփոխանցել սերունդներուն, չհովանաւորել զանոնք դիրքերու կամ պաշտօններու համար, ապահովել հաստատութենական կարգապահութիւն եւ այլն։ Անոնք երբեք փորձեր չեն եղած վերացնելու սէրը, ցանկութիւնը կամ յուզական կապերը։ Հակառակը ենթադրելը կը նշանակէ շփոթել հաստատութեան մը կառավարումը մարդաբանութեան հետ։

Ռոմանթիք սէրը հաստատութիւններու կողմէ շնորհուած արտօնութիւն մը չէ, զոր կարելի է սառեցնել կամ չեղարկել։ Ան մարդկային գոյութեան հիմնարար չափումներէն մէկն է, եթէ ոչ՝ ամենահիմնականը։ Պահանջել, որ քահանան ապրի առանց անոր, չի նշանակեր զոհողութիւն խնդրել, այլ՝ խեղու՛մ պահանջել։

Եկէք ըլլանք ճշգրիտ։ Քահանային ռոմանթիք եւ սեռական կեանքը, այնքան ատեն, որ անիկա համաձայնեցուած է եւ շահագործող չէ, ուրիշ ոչ մէկուն գործն է։ Անիկա չի պատկանիր պետութեան, մամուլին, քաղաքական ղեկավարներուն եւ եկեղեցա-հանրային բամբասանքին ու սալոնա-փողոցային դատավճիռներուն ։ Անիկա օրինական հանրային մտահոգութիւն մը կը դառնայ միայն այն պարագային, երբ կը ներառէ բռնութիւն, հարկադրանք, իշխանութեան չարաշահում կամ վնաս՝ բռնաբարութիւն, մանկապղծութիւն, շահագործում։ Ասոնցմէ դուրս, մտերմութիւնը հանրային գայթակղութեան վերածելը ինքնին գայթակղութիւն մըն է եւ բարոյա-հոգեբանական չարաշահում մը։

Սիրոյ դէմ թշնամանքը ունի պատմական խոր արմատներ։ Ադամի եւ Եւայի պատմութենէն սկսեալ՝ հրեա-քրիստոնէական աւանդութիւնը ցանկութիւնը սահմանեց որպէս մեղքի դարպաս, իսկ գիտելիքը՝ որպէս մեղքի գիտակցութիւն։ Սեռական արբունքը կապուեցաւ ամօթի հետ, սէրը՝ անկումի ու խախտումի։  Դարերու ընթացքին այս խորհրդանշական շրջանակը կարծրացաւ աստուածաբանութեան, ապա կարգապահութեան եւ վերջապէս՝ թապուներու մէջ։ Սէրը սկսաւ հանդուրժուիլ միայն ամուսնութեան մէջ, կասկածուիլ՝ անկէ դուրս եւ համարուիլ գայթակղութիւն, երբ դուրս կու գար հաստատութիւններու կանոնական սահմաններէն։ Պէտք էր միայն վախնալ մարմինէն ալ ուր մնաց, որ մարմինը համարուէր մարդկային սիրոյ անօթ։

Քրիստոնէական հաստատութիւնները շատ արագ սորվեցան, որ սիրոյ եւ սեռականութեան վերահսկումը մարդոց վերահսկողութեան արդիւնաւէտ միջոց մըն է։Ռոմանթիք կապուածութիւնը կը ստեղծէ հաւատարմութիւններ, ներքին աշխարհներ եւ խոցելիութիւններ, որոնք կը դիմադրեն ամբողջական վերահսկումին եւ հաստատութենական ամբողջատիրութեան։ Կուսակրօնութիւնը, երբ անձնական հոգեւոր կարգապահութենէն վերածուեցաւ պարտադրուած բարոյական իտէալի, դարձաւ հսկողութեան համակարգ մը մարդու կեանքի ամենաանձնական ոլորտներուն նկատմամբ։ Կուսակրօն քահանան այլեւս պարզապէս չամուսնացած մէկը չէր ան պէտք էր անսէր թուար։

Այս սպասումը ո՛չ հոգեւոր է, ո՛չ ալ իրատեսական։ Անիկա կը ստեղծէ գաղտնիութիւն՝ ազնուութեան փոխարէն եւ լռութիւն՝ հոգե-մտաւոր հասունութեան փոխարէն։ Միեւնոյն ժամանակ անիկա իտէալական պայմաններ կը ստեղծէ կեղծաւորութեան համար հոգեւորականներուն քով սէրը պէտք է թաքցուի, մերժուի կամ ստուի, մինչդեռ անոր ներկայութիւնը, որ անխուսափելի է, կրնայ վերածուիլ զէնքի՝ նուաստացումի, շանթաժի կամ քաղաքական ճնշումի գործիք։

Ահա թէ ինչու Փաշինեանի հնչեցուցած՝ խնդրոյ առարկայ արտայայտութիւնը վտանգաւոր է՝ անկախ անոր թիրախէն։ Նման արտայայտութիւններ կը նորմալացնեն այն գաղափարը, թէ կուսակրօն քահանան զրկուած է իր անձնական, յուզական կեանքի իրաւունքէն։ Թէ սէրը ինքնին խախտում մըն է։ Թէ մտերմութիւնը մարդը կը զրկէ արժանապատուութենէն։ Նոյնպէս կը մտածեն (աւելի ճիշդ՝ կը ձեւացնեն հաւատալ) բազմաթիւ ուրիշներ հայ ընկերութեան մէջ՝ վարէն մինչեւ վեր։

Այս տրամաբանութիւնը պարզապէս չի բարոյազրկեր կղերականութիւնը։ Անիկա կը վերարտադրէ անոր ամենավատ բնազդները՝ «աշխարհիկ» ձեւով։ Օրինակները ցաւալիօրէն շատ են ամէն տեղ։

Թոյլ տուէք՝ ըլլամ յստակ։ Այս թեքսթը որեւէ հոգեւորականի պաշտպանութիւնը չէ, ներառեալ Գարեգին Բ.-ը, որուն անձնական վարքագիծը քննարկման նիւթ չէ այստեղ։ Խնդիրը սկզբունքային է։ Այն հաստատութիւնները, որոնք անսէր կեանք կը պահանջեն որպէս առաքինութեան ապացոյց, անխուսափելիօրէն կը խորտակուին սինիզմին մէջ, որովհետեւ անոնք մարդոցմէ կը պահանջեն այն, որ ոչ մէկ մարդ կրնայ տալ։

Բարեփոխումի արժանի եկեղեցի մը (եթէ «բարեփոխում» բառը ընդհանրապէս բան մը կը նշանակէ) պէտք է սկսի պարզ ճշմարտութենէ մը քահանաները մարդիկ են, ոչ թէ վերացականութիւններ։ Անոնք կը մտածեն, կը ցանկան, կը տառապին եւ կը սիրեն։ Կուսակրօնութիւնը կրնայ կարգաւորել ամուսնութիւնը, բայց չի կրնար ջնջել մարդու ռոմանթիք սիրոյ իրաւունքը, ուր բացառուած է բռնութեան գործադրութիւնը անձին նկատմամբ։

Սէրը գայթակղութիւն մը չէ։ Իսկական գայթակղութիւնը այն համոզումն է, թէ սրբութիւնը կը պահանջէ յուզական դատարկութիւն։

Իւրաքանչիւր մարդ ռոմանթիք սիրոյ իրաւունք ունի։ Որեւէ հաստատութիւն կամ պետութիւն եւ անձ, որ կը մոռնայ այս ճշմարտութիւնը, չի պաշտպաներ բարոյականութիւնը։ Ան կը դաւաճանէ մարդկութեան՝ կոխել-անցնելով տարրական կրթուածութեան եւ մարդասիրութեան վրայէն։

Վարդան Թաշճեան

19 Յունուար 2026

x

Comments

  1. Լեւ Տոլստոյը մի ազնգուկական պատվածք ունի ՚՛Հայր Սերգի՚՚։ Հենց այս մասին է։ Խորհուրդ կտամ կարդաք։ Նայեւ ֆիլմը կա, 1978 թվականի նկարահանումը խորհուրդ կտամ նայեք, իհարկե պատմվածքը կարդալուց հետո։

    ReplyDelete
    Replies
    1. Շնորհակալ եմ: Անպայման կը կարդամ

      Delete

Post a Comment

Ամենաընթերցուածք

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը