Posts

Կիզակէտին

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Image
Գրեց ՝  Էտուարտ Թաշճեա ն Վերջերս, Փղոսկրեայ Ափունքի մայրաքաղաք Ապիճանի կեդրոնական փողոցներէն մէկը կոչուեցաւ ծնունդով լիբանանահայ, Ափրիկեան եւ Եւրոպական ցամաքամասերուն մէջ վարսայարդարի տարածուն համբաւ մը ստեղծած Կարօ Հացպանեանի անունով: Սա ափրիկեան այդ երկրի կառավարութեան կողմէ շնորհուած հազուագիւտ եւ խորիմաստ մեծարում մըն է, որ պաշտօնապէս կը վաւերացնէ պարոն Հացպանեանի տասնամեակներու ներդրումը երկրի մշակութային կեանքին մէջ։ Առիթը ունեցայ քանի մը անգամ հանդիպելու պարոն Հացպանեանին հետ, Պուրճ Համուտի իր ծնողական բնակարանին մէջ, զրուցելու համար իր գործունէութեան եւ անցած կեանքի ճանապարհին մասին, զոր արտակարգ որակելը կը թուի քիչ։ Նախ եւ առաջ, Կարօ Հացպանեանի կեանքը ցոյց կու տայ, թէ տաղանդին միացած հաստատակամութիւնը, կարգապահութիւնը եւ աշխատանքին նկատմամբ կիրքը որքան հեռու կրնան տանիլ մարդը` իրագործումներու աստիճաններն ի վեր: Պուրճ Համուտի խճողուած փողոցներէն՝ Կիլիկիա թաղամասէն մինչեւ Ապիճանի գեղեցկութեան սրահները եւ Փարիզի փառատօներու դահլիճները, պարոն Հացպանեանին պատմութիւնը կը...

Դատաստանի ենթարկուող լրագրողը եւ հայերը Թուրքիոյ մէջ․Ի՞նչ կրնանք ընել

Image
3 Դեկտեմբեր 2025-ին սկսաւ թրքական Bianet լրատուական կայքի աշխատակից Թուղչէ Եըլմազի դատավարութիւնը, ու նոյն օրն իսկ յետաձգուեցաւ մօտ հինգ ամիսով․ ան կը մեղադրուի Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով՝ թուրք ազգը եւ պետութիւնը վիրաւորելու մէջ: Մեղադրանքը կը բխի լրագրողին՝ մօտ մէկուկէս տարի առաջ հայ երիտասարդներու հետ կատարած հարցազրոյցէն, ուր արծարծուած էին Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած խնդիրներ: Եըլմազ քրէական հետապնդման կ՛ենթարկուի գրութեան մը համար, որ պարզապէս կ՛արտացոլացնէ հայ երիտասարդներուն ապրումները Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալուն մասին: Անոր դէմ յարուցուած դատը մէկ լրագրողի դէմ պարագայական հալածանք մը չէ, այլ մտածուած եւ ռազմավարական յարձակումի մը մէկ քայլը Թուրքիոյ մէջ մամուլի ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն դէմ ու հերթական դրուագը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսող ձայները լռեցնելու պետական ահաբեկչական քաղաքականութեան։ Բոլորը գիտեն, որ երեւոյթը նոր չէ, սակայն կը սիրէ կրկնուիլ․ դեռ մէկ տարի առաջ, Թուրքիոյ լրատուամիջոցները կարգաւորող մարմինը (RTUK) վերջնականապ...

Մանուկներու սեռական չարաշահումը յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ

Image
Մանուկներու սեռական չարաշահման կամ մանկապղծութեան թեման քննարկելը միշտ ալ ծանր է եւ զգացական առումով՝ դժուար: Երեւոյթը հին է՝ հաւանաբար մարդկութեան չափ։ Ժամանակակից վերաբերմունքն է, որ պէտք է էապէս փոխուի՝ թէ զոհերուն եւ թէ ոճրագործներուն նկատմամբ։ Պէտք է փոխուի գնահատականը՝ ոճիրին մասին։ Հաշուի առնելով ջղագիտութեան նորագոյն բացայայտումները, ոճիրին ընկերային ազդեցութեան չափերը եւ պատմական իրաւական նախադէպերը, մանուկներու սեռական չարաշահումը այլեւս պէտք է դիտարկուի ոչ թէ որպէս սոսկալի արարք կամ սովորական օրինազանցութիւն, այլ որպէս յանցագործութիւն՝ ուղղուած մարդկութեան դէմ: Մանուկներու չարաշահման իրական ծանրութիւնը հասկնալու համար նախ պէտք է դիտարկենք անոր գիտականօրէն ապացուցուած կենսաբանական ազդեցութիւնը զարգացող անձին վրայ: Կը պարզուի, որ վնասը պարզապէս հոգեբանական չէ, այլեւ ֆիզիքական, որ կը ձգէ հետքեր մինչեւ կեանքի վերջ։ Ջղագիտական ուսումնասիրութիւնները անառարկելիօրէն ցոյց կու տան, որ երբ մանուկներ մեծնան տեւական վախի եւ չարաշահման պայմաններու մէջ, անոնց ուղեղին կառուցուածքը ակնյա...

Պատմութիւնը իբրեւ Զէնք․Պատմական վերաքննականութեան համաշխարհային վերածնունդը

Image
  « Պատմաբանները ազգայնականութեան համար այն են, ինչ օփիումի կակաչ ցանողները Փաքիստանի մէջ՝ հերոյինի մոլիներուն համար. Պատմաբանները կը մատակարարեն (ազգայնական) շուկային անհրաժեշտ հում նիւթը»:  Էրիք Հոպսպաում Հոպսպաումի գրգռիչ փոխաբերութիւնը կ՛արտացոլացնէ ճշմարտութիւն մը, որ միաժամանակ մշտապէս արդիական է ու աւելի ու աւելի հրատապ․ պատմութիւնը՝ հեռու անցեալի դէպքերուն մասին չեզոք արձանագրութիւն մը ըլլալէն աւելի, կը ծառայէ իբր հում նիւթ, որ կը հնձուի եւ կը գործածուի ազգային եւ գաղափարական ծրագիրներու համար։ Ինչպէս օփիումի կակաչը կը մշակուի, որպէսզի գոհացնէ օփիումի մոլիներուն անկուշտ պահանջքը, նոյնպէս ալ անցեալը կը մշակուի, կը մեկնաբանուի եւ յաճախ կը խեղաթիւրուի՝ ազգային ինքնութեան սովը կշտացնելու համար։ Այս իմաստով, պատմաբանը ոչ անմեղ է, ոչ ալ կրաւորական դիտորդ մը։ Պատմասացութիւններու արտադրութիւնը, արխիւներու զգոյշ ընտրութիւնն ու մեկնաբանութիւններու ձեւաւորումը անխուսափելիօրէն խարսխուած են ներկայի քաղաքական ու գաղափարական հոսանքներուն մէջ։ Հոպսպաումի խօսքը մեզ կը ստիպէ դիմագրաւել ...

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը

Image
Ի նչ-որ խորապէս իմաստալից բան մը կայ կոչումի մը լիակատար նուիրուածութեամբ ապրուած կեանքի մը մէջ, եւ ինչ-որ արտասովոր բան մը , երբ այդ նուիրուածութիւնը կը շարունակուի անխախտ, մինչեւ վերջին շունչը: Արմենակ Եղիայեան իր կեանքը անցուց որպէս հայոց լեզուի պահապան: Ըրածը վ արձատրութեան համար չէր եւ ոչ ալ վասն ճանաչումի, այլ մաքուր սէրէ մղում մը ՝ հանդէպ իր ժողով ու րդի ն պատմութիւնը, գրականութիւնը եւ հոգին կրող բառերուն: Երկար ժամանակ   աշխատակցելէ ետք մամուլին ու շարք մը դասագիրքեր, ուղեցոյցներ եւ մենագրութիւններ հրապարակելէ ետք,  վերջին տարիներուն  ան կը ղրկէր լեզուաբանական նամակներ, քանի մը տարբեր խորագիրներու տակ, ընկերներուն, բարեկամներուն, ուսուցիչներու, հայ մամուլի եւ հաստատութիւններու աշխատողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքէին լսել․ անոնք հայոց լեզուի ն մասին ուշադիր եւ մտածուած նամակնե ր էին, ամէն մէկը՝ ուսուցումի, պահպանումի եւ առատաձեռնութեան արարք մը ։ Տոքթ․ Եղիայեան 12 Ն ոյեմբեր 2025-ին,  առաւօտեան ժամը 5։41-ին,   ուղարկեց իր վերջին նամակը՝ 50-ր...

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Image
Աւետելով Միջին Արեւելքի մէջ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու նոր շրջանի մը մասին  Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ (USJ) պաշտօնապէս բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոն»ը՝ 27 Հոկտեմբեր 2025-ին համալսարանի պատմական Bibliotheque Orientale-ին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:  Բարերար Փիթըր Հրեշտակեանի նիւթական ներդումին շնորհիւ ամբիոնը կը պատուէ անոր հանգուցեալ հայրը` յայտնի գործարար Արա Հրեշտակեանը, որ «աշխարհին ուշադիր մտաւորական» մըն էր, ինչպէս զայն բնութագրեց բարերարը՝ իր արտասանած խօսքին մէջ։ Նախաձեռնութիւնը կը վերակենդանացնէ USJ-ի մէջ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու երկար տասնամեակներէ ի վեր դադրած աւանդոյթը` ամբիոնի նախագահ նշանակելով յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, իսկ գործադիր տնօրէն` պատմաբան դոկտ․ Վահէ Թաշճեանը: Դոկտ․ Թաշճեան ծնունդով լիբանանահայ պատմաբան է, որ մասնագիտացած է Օսմանեան կայսրութեան հայերու, Միջին Արեւելքի մէջ գաղթականութեան եւ Կիլիկիոյ, Սուրիոյ ու Լիբանանի ֆրանսական գրաւման երեւոյթներու հետազօտման մէջ: Ան իր դոկտորակ...

Պաշտօնաւոր բանավէճը վերադարձնել դպրոց

Image
80-ականներու կէսերուն, անդամակցածս պատանեկան միութեան մէջ, Այնճար, Լիբանան, մեր վարիչները տարին քանի մը անգամ կը կազմակերպէին «վիճաբանական ասուլիս»ներ բոլոր պատանիներուս մասնակցութեամբ: Նստած կ՛ըլլայինք մէկ տեղ՝ ակումբի սրահին մէջ, մեր հերթական հանդիպումներու օրը՝ Շաբաթ երեկոյեան, միջինը՝ մօտ 100 հոգի։ Կ՛ունենայինք երկու զեկուցող, դարձեալ՝ պատանեկանի շարքերէն, որոնք պէտք է ներկայացնէին հակադիր թէզերը քննարկուելիք խնդրին վերաբերեալ։ Բաժնուած կ՛ըլլայինք երկու խումբի․ զեկուցումներու աւարտին, եւ ըստ կազմակերպողի յանձնարարութեան, իւրաքանչիւր խումբ պէտք է պաշտպաներ թէզերէն մէկը կամ միւսը։ Բանավէճի առանձնայատկութիւնը այն էր, որ մասնակիցները պարտաւոր էին պաշտպանել իրենց բաժին ինկած թէզը, կարծիքը եւ տրամաբանութիւնը՝ ԱՆԿԱԽ անձնական համոզումներէն կամ նախասիրութիւններէն ։ Կրնայիր համոզումներով դուն քեզ զգալ հակադիր խումբին մէջ , սակայն այդ պահուն պարտականութիւնդ հակառակը պնդելն էր՝ ներկայացնելով ամենազօրեղ փաստարկները, զորս միտքդ կրնար գոյացնել։ Շատ ետքն էր, որ գիտցայ, որ մեր «վիճաբանական ա...