Արժանապատւութիւն․ մարդու եւ ընկերութեան գոյատեւումին յենարանը


Միքելանճելոյի հանրայայտ գործին մէջ, Ադամը թոյլ, անօգնական արարած մը չէ, այլ կենսունակ եւ լիովին կազմաւորուած մարդը։ Հաւասար ըլլալով Աստուծոյ իր չափերով եւ մարմնական տեսքով, ան ուղիղ կը նայի Արարիչի աչքերուն՝ բանականութեան շնորհիւ։ Ափ մը հող՝չէ՝ կը փոխանցէ անսահման ներուժի, հանգիստ ինքնավստահութեան եւ մարդկային արժանապատւութեան զգացում գաղափար մը, զոր շեշտած են բազմաթիւ արուեստաբաններ Միքելանճելոյի գործի մեկնաբանութեանց մէջ։ Վերածնունդի մարդոց համար, վերջնական մարդկայնութիւնը այն է, երբ հոգին կը ձգտի վեր՝ դէպի Աստուած։ Միքելանճելոյի համար դէպի Աստուած դառնալը կը նշանակէ դառնալ մարդ։ Մարդկային արժանապատւութիւնը Աստուծոյ դիմելու ազատութիւնն ու կարողութիւնն է։


Տղաս, կ’ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր աշխարհը կը փորձէ մոռնալ մարդուն բուն էութիւնը։ Ընկերութիւնը պիտի փորձէ համոզել քեզ, որ դուն ընդամէնը վիճակագրական տուեալ մըն ես, շուկայական միաւոր մը, կամ աւելի գէշ՝ պարզ գործիք մը՝ ուրիշներու նպատակներուն ծառայող։ Ուրիշներուն համար արժէքդ պիտի չափուի յաջողութիւններովդ, դիրքովդ կամ այն օգտակարութեամբ, որ կրնաս բերել իրենց «երազանքին»։ Այս օգտապաշտական-մրցակցային վազքին մէջ, արժանապատուութեանդ տէր ըլլալը ռազմավարական գոյատեւումիդ հիմնական երաշխաւորն է։

Արժանապատուութիւնը սովորական կամ անցողիկ զգացում մը չէ. այն անտեսանելի, բայց շատ իրական ուղեւորութիւն մըն է, որ կը կատարուի մեր ներաշխարհին մէջ։ Մինչ արտաքին աշխարհը կը փորձէ մարդկային արժէքը ամրակապել արտադրողականութեան եւ նիւթական արդիւնքի հետ, մենք պարտաւոր ենք վերլուծել այն ներքին իրականութիւնը, որ կախեալ չէ որեւէ արտաքին ձեռքբերումէ։ Երբ կը գիտակցիս ներյատուկ արժէքիդ, կը դադրիս ըլլալէ պարզ միջոց մը եւ կը դառնաս ինքնիշխան անձ մը։ Այս ուղեւորութիւնը կ՛առաջնորդէ մեզ դէպի մեր մարմնի ամենախոր շերտերը, ուր նոյնիսկ մեր կենսաբանութիւնը կը հանդիսանայ արժանապատուութեան առաջին եւ առարկութիւն չհանդուրժող փաստաբանը։

Տղաս, մարդկային մարմինը ունի իր սեփական, գրեթէ նախնական իմաստութիւնը, որ կը կանխէ որեւէ փիլիսոփայական տեսութիւն։ Երբ մէկը կը փորձէ նուաստացնել քեզ կամ երբ արժանապատուութիւնդ կը վիրաւորուի, ուղեղդ հոգեբանական հարուածին կը վերաբերի այնպէս՝ ինչպէս ֆիզիքական բռնութեան։ Ուղեղի այն հատուածները, որոնք կ’արձագանգեն մարմնական ցաւին, կը գրգռուին նոյն կերպ, երբ մարդ կ’ենթարկուի անարգանքի։ Մեր մարմինը նուաստացումը կ’ընկալէ որպէս սպառնալիք իր կենսաբանական գոյութեան Սա ճչացող իրականութիւն մըն է՝ կենսաբանական մակարդակի վրայ։ Ու պէտք է ընդունիլ․ մեր ջղային համակարգը աւելի լաւ կը հասկնայ անձին հանդէպ յարգանքին կարեւորութիւնը, քան ընկերութեան մէջ տիրապետող քաղաքական-տնտեսական, մշակութային եւ հոգեւոր վերնախաւերու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ՝ մեր շուրջն ու հեռուն։

Այս կենսաբանական արձագանգը, մէկ անձի համար իր կարեւորութենէն անդին, կ՛ապահովէ մեր ընկերային կառոյցներուն հիմնաքարը։ Երբ ընկերութիւնը կը զլանայ յարգել այս իրականութիւնը, ընկերային յարաբերութիւններու կը վերածուին վայրագութեան. երբ չկայ փոխադարձ գիտակցութիւն անձի արժէքին մասին, մարդիկ կը սկսին զիրար տեսնել որպէս առարկաներ կամ խոչընդոտներ, ինչ որ լայնօրէն կը բանայ բռնութեան դռները՝ իրարու նկատմամբ։ Ընկերութիւնը կը փլուզուի, երբ անոր մէջ արժանապատուութիւնը կը դառնայ սակարկելի, կը վերանայ վստահութիւնը եւ համակեցութեան հիմքերը կը սկսին քայքայուիլ՝ վերածելով ամէն ինչ շահերու բախման դաշտի։ Կը ծաղկին հակամարտութիւնները․ տես՝ աշխարհի բոլոր մեծ բախումներուն եւ պատերազմներուն օրօրոցը վիրաւորուած արժանապատուութիւնն է։ Երբ մարդիկ կը զգան, որ իրենց հետ կը վարուին որպէս անարժէք գործիքի, ընդվզումը կը դառնայ ոչ միայն բնական, այլեւ անխուսափելի։ 

Էմանուէլ Քանթ առաջիններէն մէկն էր, որ խորութեամբ ընկալեց այս իրականութիւնները եւ դրաւ հիմնաքարը արդարութեան ժամանակակից ընկալումին։ Քանթ կառուցեց բարոյական ամրոց մը, փիլիսոփայական պատուար մը՝ վայրենութեան դէմ։ Անոր հիմնական պատգամը յեղափոխական էր. իւրաքանչիւր մարդ արարած պէտք է դիտուի որպէս նպատակ մը՝ ինքնին եւ ինքն իր մէջ եւ երբեք՝ որպէս լոկ միջոց կամ գործիք ուրիշին ձեռքը։ Սա մեր բարոյական ինքնավարութեան ամենակարեւոր եւ թերեւս ալ միակ երաշխիքն է։ Եթէ մենք հեռանանք այս սկզբունքէն, ընկերութիւնը կը վերածուի սպանդանոցի, ուր հզօրները կ’օգտագործեն տկարները իրենց փառասիրութեան համար։ 

Քանթի գաղափարը կը յենի գաղափարական չորս անկիւնաքարերու վրայ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կենսական է մեր բարոյական ապահովութեան համար։ Առաջին՝ իւրաքանչիւր անձ ունի բացարձակ արժէք, որ կախեալ չէ անոր դիրքէն, հարստութենէն կամ օգտակարութենէն։ Առանց այս ճանաչումին, մարդկային կեանքը կը դառնայ շուկայական ապրանք, զոր կարելի է գնել կամ ծախել։ Երկրորդ՝ մարդը որպէս նպատակ դիտելը կը նշանակէ յարգել անոր՝ սեփական ընտրութիւններ կատարելու եւ իր ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը։ Առանց այս ինքնավարութեան, մենք կը վերածուինք ուրիշի կամքին ենթակայ խամաճիկներու։ Երրորդ՝ եթէ մարդը նպատակ է, ապա կարելի չէ զայն օգտագործել որպէս պարզ առարկայ ուրիշներու ցանկութիւնները գոհացնելու համար։ Սա է այն բարոյական պատնէշը, որ կը կանխէ ամէն տեսակի ստրկացում՝ ըլլայ ֆիզիքական, տնտեսական, թէ բարոյական։ Եւ չորրորդ՝ առանց այս սկզբունքին, մարդկային իրաւունքները կը դառնան պարապ ձեւականութիւններ։ Եթէ մարդը հաւասար արժէք ունեցող «նպատակ» չէ, ապա չկայ որեւէ տրամաբանական հիմք՝ արդարութիւն կամ պաշտպանութիւն պահանջելու պետութիւններէն կամ վերնախաւերէն։

Քանթի միտքը ժամանակի ընթացքին զգեցաւ իրաւական մարմին․ ան վերածուեցաւ միջազգային օրէնքի։ Կառավարութիւններու եւ տիրապետող վերնախաւերու՝ այս հասկացութիւններուն հանդէպ խոր անարգանքն ու անոնց լայնածաւալ շահագործումը ոչինչ կը պակսեցնեն անոնց ռազմավարական էականութենէն՝ մարդու եւ ընկերութեան գոյապայքարի պաշտպանութեան մէջ։

Հիմա, ունինք այն, ինչ որ ունինք։ Ինչին ալ որ հասեր ենք զարգացումի ուղղութեամբ՝ ձեռք չէ բերուած դիւրութեամբ, իսկ ձախողութիւններուն համար կրնանք ողբալ բոլորով։ Մարդկութեան պատմութիւնը սարսափելի հակասութիւն մըն է։ Մէկ կողմէն տեսած ենք ու կը տեսնենք ոճիրներ, որոնք կը ստիպեն հարց տալ, թէ արդեօք մարդը պարզապէս քաղցկեղ մը չէ՞ այս մոլորակին վրայ։ Միւս կողմէն՝ նոյն այդ խաւարին, յուսաբեկութեան եւ յայտնութենական իրականութեան մէջ, իւրաքանչիւր օր կը յայտնաբերենք մեր ներյատուկ արժէքին վեհ գաղափարը՝ այլոց փորձառութիւններով եւ այդ փորձառութիւնները ներայնացնելով։ Բռնութեան եւ զրկանքի սպանող պայմաններուն մէջ, ուր անհատը կը ներկայանայ զրկուած՝ իր ճակատագիրը տնօրինելու ուժէն, իւրաքանչիւր օր կը բարձրանայ այն հրաշալի համոզումը, որ իւրաքանչիւրս կը կրենք «աստուածային կայծ» մը։

Այս «աստուածային կայծը» մարդկութեան մեծագոյն յայտնագործութիւնն է։ Հեռու անցեալին, ան մեթաֆիզիքական հասկացութիւն մըն էր (ու տակաւին է՝ հարիւր միլիոնաւորներու համար), որ դարձաւ ընկերային անհրաժեշտութիւն։ Առանց այս հասկացութան, եթէ կ՛ուզես՝ հաւատքին, արդարութիւնը կը դառնայ պարզապէս սնամէջ բառ մը։ Այս «կայծը» այն կամուրջն է, որ թոյլ տուաւ մարդկութեան անցնիլ վայրագութենէն դէպի իրաւական ընկերակարգ, ուր ուժը չէ միակ չափանիշը, այլ մարդկային էութեան սրբութիւնը։

Այսօր արժանապատուութիւնը ընդամէնը աստուածաբանական կամ փիլիսոփայական նիւթ մը չէ. այն թեքսթաւորուած իրականութիւն մըն է, որուն հետ պարտին հաշուի նստիլ բոլորը։ Աշխարհի պետութիւններու կէսէն աւելի իրենց սահմանադրութիւններուն մէջ ամրագրած են արժանապատուութիւնը որպէս բարձրագոյն արժէք։ Մեթաֆիզիքական «կայծը» ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ իրաւական «տարադրամի»- բոլոր «գործառնութիւնները» պէտք է կատարուին անո՛ր արժէքին համաձայն։ Այս սկզբունքը ռազմավարական զրահ մըն է, զոր իւրաքանչիւր անհատ կը կրէ՝ անկախ իր տնտեսական վիճակէն։ Նախատեսուած է, որ այն գործէ նոյնիսկ ամենածանր պայմաններուն մէջ։ Մենք պէտք է տէ՛ր կանգնինք այդ իրականութեան, հակառակ անոր դէմ գործուող ամենօրեայ յարձակումներուն։

Սակայն, տղաս, արժանապատուութիւնը ունի նաեւ աւելի անձնական, հոգեբանական դերակատարութիւն մը։ Ան մեր ներքին ինքնիշխանութեան պատուարն է։ Մեզ կը պաշտպանէ ներքին փլուզումէն, ամօթէն եւ մեղքի զգացումէն, զոր աշխարհը կը փորձէ փաթթել մեր վիզին։ Երբ կը գիտակցիս ներյատուկ արժէքիդ, արտաքին ձախողութիւնները կամ ուրիշներու քննադատութիւնները չեն կրնար քանդել հոգիիդ կառոյցը։

Մենք բարոյական սրբազան պարտաւորութիւն մը ունինք մեզի վերաբերելու՝ որպէս արժէքաւոր էակներու, նոյնիսկ երբ կը բախինք մեր սեփական թերութիւններուն։ Այս ինքնայարգանքը այն հիմնաքարն է, որուն վրայ կը կառուցուին իմաստալից յարաբերութիւնները։ Եթէ չես յարգեր քեզ որպէս նպատակ, երբեք չես կրնար դիմացինը տեսնել որպէս այդպիսին։ Միայն սեփական արժանապատուութեան գիտակից մարդը կրնայ ստեղծել ազնիւ կապեր, ուր դիմացինը չի ներկայանար որպէս գործիք, այլ յարգելի ուղեկից։

Արժանապատուութիւնը վերացական չէ նաեւ նիւթական իմաստով։ Ան սերտօրէն շաղկապուած է ընկերային-տնտեսական իրաւունքներուն հետ։ Երբ մարդիկ կը պահանջեն սնունդ, բնակարան կամ բժշկական խնամք՝ անոնք պարզապէս ողորմութիւն չեն խնդրեր, այլ կը պաշտպանեն իրենց արժանապատուութիւնը։ Առանց այս տարրական պայմաններուն, մարդը կը վերածուի պարզապէս գոյատեւող կենսաբանական էակի մը, ինչը կը հակասէ մեր էութեան։ Իսկական արդարութիւնը կը սկսի այնտեղ, ուր ընկերութիւնը կ’ընդունի, որ աղքատութիւնը արժանապատուութեան դէմ ուղղուած հարուած մըն է։

Տղաս, պատուէ արժանապատուութիւնը թէ՛ քու մէջդ եւ թէ՛ իւրաքանչիւր մարդու մօտ, որուն կը հանդիպիս։ Սա միակ ուղին է, որ մեզ կը տանի դէպի իրական արդարութիւն։ Երբեք թոյլ մի՛ տար, որ աշխարհի աղմուկը կամ նիւթական շահի մրցավազքը մոռցնել տան ներյատուկ արժէքդ։ Յիշէ՛, որ արժանապատուութիւնը մեր հաւաքական գոյատեւման միակ յենարանն է։ Քալէ՛ միշտ ճակատաբաց եւ հպարտ, գիտնալով, որ դուն նպատակ մըն ես՝ արժէքաւոր, անկրկնելի եւ անփոխարինելի, եւ տիեզերքի որեւէ ուժ չի կրնար քեզմէ խլել այդ մէկը ։


x

Comments

Ամենաընթերցուածք

Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը»

Պուրճ Համուտէն Ապիճան․ Վարսայարդար Կարօ Հացպանեանի կէսդարեայ ոգեշնչող վերելքը

Կեանք մը՝ գրուած մինչեւ վերջին ժամը